ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
2022. Տակնուվրայ տարի մը. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
2022 տարուան ընթացքին, լուրերը անդադար խօսեցան պատերազմի եւ տնտեսական ու կլիմայական աղէտներու մասին։ Միայն Աստուածաշո՛ւնչը կը բացատրէ այս դէպքերուն իմաստը։
2022–ին տեղի ունեցած դէպքերուն իրական իմաստը
Անցեալ տարուան դէպքերը ա՛լ աւելի յստակ կը դարձնեն որ կ’ապրինք այն օրերուն մէջ, որ Աստուածաշունչը կը կոչէ՝ «վերջին օրեր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ Այդ օրերը սկսան 1914–ին։ Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս վերջերս տեղի ունեցած այս դէպքերը կը համապատասխանեն մեր օրերուն մասին Աստուածաշունչին նախատեսած դէպքերուն.
«Պատերազմներ» (Մատթէոս 24։6)։
«2022–ը այն տարին էր, երբ Եւրոպան նորէն պատերազմի գէշ հետեւանքները ապրեցաւ» a։
Տե՛ս «Ռուսիան կը յարձակի Ուքրանիոյ վրայ» յօդուածը։
«Սովեր» (Մատթէոս 24։7)։
«2022. Վախնալիք սովի տարի մը» b։
«Համաճարակներ» (Ղուկաս 21։11, ՆԱ)։
«Մանկական անդամալուծութիւնը (polio) վերադարձաւ, կապիկի ծաղիկը (monkeypox) մեծ խնդիր մը դարձաւ եւ ՔՈՎԻՏ–19 կը շարունակէ մեծ վնասներ հասցնել։ Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ վարակիչ հիւանդութիւնները որքա՜ն վտանգաւոր են եւ մարդիկ որքա՜ն դիւրաւ կրնան վարակուիլ» c։
Տե՛ս «6 միլիոն մարդ մեռաւ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակէն» յօդուածը։
«Սոսկալի բաներ» (Ղուկաս 21։11)։
«Չափազանց տաք օդ, չորութիւն, կրակներ եւ հեղեղներ։ 2022–ի ամառը վստահաբար պիտի չմոռցուի։ Անիկա մեծ վնասներ պատճառեց, հազարաւոր մարդոց մահուան պատճառ դարձաւ եւ միլիոնաւորներ անտուն ձգեց» d։
Տե՛ս «Օդը բնականէն աւելի տաք է ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ» յօդուածը։
«Խռովութիւններ» (Ղուկաս 21։9)։
«2022–ին, տնտեսական խնդիրները, մանաւանդ գլուխը առած–գացած սղութիւնը, պատճառ եղան որ բարկացած մարդիկ ճամբաները իջնեն եւ կառավարութիւններուն դէմ մեծ ցոյցեր ընեն» e։
Տե՛ս «Ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ սղութիւնը կ’աւելնայ» յօդուածը։
Գալ տարի ի՞նչ պիտի ըլլայ
Մէկը չի կրնար գիտնալ ի՛նչ պիտի ըլլայ 2023–ին։ Բայց գիտենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որ երկինքի մէջ կառավարութիւն մըն է, մօտ ատենէն շատ մեծ փոփոխութիւններ պիտի բերէ երկրի վրայ (Դանիէլ 2։44)։ Այդ կառավարութիւնը մարդոց չարչարանքին վերջ պիտի դնէ եւ վստահ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ կամքը կը կատարուի երկրի վրայ (Մատթէոս 6։9, 10)։
Քեզ կը քաջալերենք որ Յիսուս Քրիստոսի «Արթո՛ւն կեցէք» խրատը մտիկ ընես, տեսնելու համար որ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը կատարեն (Մարկոս 13։37)։ Հաճիս մեզի հետ կապ պահէ, գիտնալու համար թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս կրնայ հիմա քեզի օգնել եւ թէ ինչպէ՛ս քեզի եւ ընտանիքիդ համար աւելի լաւ ապագայ մը կը խոստանայ։
a AP News, «2022–ը այն տարին էր, երբ Եւրոպան նորէն պատերազմի գէշ հետեւանքները ապրեցաւ» (Ճիլ Լոլէսի կողմէ, 8 դեկտեմբեր 2022)։
b Սնունդի համաշխարհային ծրագիր, «Համաշխարհային ուտելիքի տագնապներ»։
c JAMA Health Forum, «Կ’ապրինք համաճարակներու դարու մը մէջ. ՔՈՎԻՏ–19–էն սկսեալ մինչեւ կապիկի ծաղիկը, մանկական անդամալուծութիւնը եւ X հիւանդութիւնը» (Լորընս Օ. Կոսթինի (JD) կողմէ, 22 սեպտեմբեր 2022)։
d Earth.Org, «2022–ի ամրան չափազանց տաք կլիմային պատճառները ի՞նչ են» (Մարթինա Իկինի կողմէ, 24 հոկտեմբեր 2022)։
e Carnegie Endowment for International Peace, «Տնտեսական խնդիրները համաշխարհային ցոյցեր պատճառեցին 2022–ին» (Թոմաս Քարոթըրզ եւ Պենճըմըն Ֆելտմընի կողմէ, 8 դեկտեմբեր 2022)։