ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Յոյս կա՞յ որ 2024–ը լաւ տարի մը ըլլայ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
Շատեր կը կարծեն, որ աշխարհի խնդիրները պիտի չլուծուին 2024–ին։ Բայց կրնա՛նք ապագային նկատմամբ յուսահատ չըլլալ։ Ինչպէ՞ս։
Սուրբ Գիրքը յոյս կու տայ
Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ, որ Աստուած պիտի լուծէ այն խնդիրները, որոնք մեզ կը յուսահատեցնեն։ Մօտ ատենէն, Աստուած մեր «աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։4)։
Ապագային նկատմամբ Սուրբ Գիրքին խոստումներուն մասին աւելին գիտնալու համար, կարդա՛ «Իսկական յոյս՝ աւելի լաւ ապագայի մը մասին» յօդուածը։
Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս հիմա կրնայ օգնել քեզի
Սուրբ Գիրքը ապագային նկատմամբ յոյս կու տայ քեզի, որպէսզի լաւատես ըլլաս (Հռովմայեցիս 15։13)։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքին գործնական խրատները կրնան քեզի օգնել, որ հիմակուան խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլես. օրինակ՝ աղքատութիւնը, անարդարութիւնը եւ հիւանդութիւնը։
Տե՛ս թէ Սուրբ Գիրքին տուած յոյսը ինչպէ՛ս մէկու մը օգնեց, որ խաղաղ եւ ուրախ զգայ, հակառակ որ աղքատութեան մէջ մեծցած էր։ Դիտէ՛ Խուան Փապլօ Զերմենօ. Եհովան իմաստ ունեցող կեանք մը տուաւ ինծի վիտէոն։
Նկատէ թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել, երբ յանցաւոր, տխուր ու մտահոգ կը զգաս եւ երբ սիրելիներէդ մէկը մեռնի։ Կարդա՛ «Աստուածաշունչին մէջ մխիթարական խօսքեր կրնա՞մ գտնել» յօդուածը (արաբ.)։
Տե՛ս թէ նախկին զինուոր մը, որ ըսած է թէ երբ զինուոր էր՝ «իր աչքին առջեւ ամէն բան սեւցած էր եւ ուրիշներով հետաքրքրուած չէր», ինչպէ՛ս ապագային նկատմամբ յոյս ունեցաւ Աստուածաշունչին շնորհիւ։ Դիտէ՛ Զէնքս մէկ կողմ դրի վիտէոն (արաբ.)։
Ջանք թափէ որ 2024–ը լաւ տարի մը ըլլայ քեզի եւ ընտանիքիդ համար։ Ինչպէ՞ս։ Տե՛ս թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել։ Փորձէ մեր ձրի Սուրբ Գիրքի դասընթացքը։ Տե՛ս թէ Աստուած ինչպէ՛ս կրնայ խաղաղութիւն տալ քեզի հիմա, ինչպէս նաեւ՝ լաւ «ապագայ մը եւ յոյս մը» (Երեմիա 29։11)։