Այս բաժնուած աշխարհին մէջ չէզոքութիւնդ պահէ
«Զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (ՄԱՏ. 22։21)։
1. Ինչպէ՞ս կրնանք թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ մարդկային կառավարութիւններուն հնազանդիլ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ մեզի կ’ըսէ որ մարդկային կառավարութիւններուն հնազանդինք, բայց նաեւ կը սորվեցնէ, որ միշտ պէտք է Աստուծոյ հնազանդինք (Գործք 5։29. Տիտ. 3։1)։ Ասիկա կարելի՞ է։ Յիսուս բացատրեց սկզբունք մը, որ մեզի կ’օգնէ գիտնալու թէ որո՛ւն պէտք է հնազանդինք։ Ան ըսաւ. «Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (Մատ. 22։21) [1]։ Ինչպէ՞ս կը հետեւինք Յիսուսի ուղղութեան։ ‘Կայսրինը՝ Կայսրին կու տանք’՝ կառավարութեան օրէնքներուն հնազանդելով, կառավարական պաշտօնեաները յարգելով եւ տուրքերը վճարելով (Հռով. 13։7)։ Սակայն, եթէ կառավարութիւնը մեզի ըսէ որ Աստուծոյ անհնազանդ ըլլանք, յարգանքով կը մերժենք ասիկա ընել։
2. Ինչպէ՞ս կը ցուցնենք թէ աշխարհի քաղաքականութեան մէջ կողմ չենք բռներ։
2 Որոշ չափով Աստուծոյ կու տանք իր իրաւունքը, եթէ այս աշխարհին քաղաքական հարցերուն մէջ չէզոք մնանք (Եսա. 2։4)։ Մինչեւ այն ատեն որ Եհովան կառավարութիւններուն թոյլ տուած է որ իշխեն, մենք ատոնց դէմ չենք ելլեր։ Նաեւ չենք մասնակցիր որեւէ հայրենասիրական կամ ազգայնական գործունէութեան (Հռով. 13։1, 2)։ Չենք փորձեր կառավարութիւնները փոխել կամ կառավարիչներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնել։ Չենք մասնակցիր քաղաքական քուէարկութիւններու, ոչ ալ քաղաքագէտներ կ’ըլլանք։
3. Ինչո՞ւ պէտք է չէզոք մնանք։
3 Շատ մը պատճառներ կան, թէ Աստուած ինչո՛ւ մեզմէ կ’ուզէ որ չէզոք մնանք։ Օրինակ՝ մենք կը հետեւինք Յիսուսին, որ ‘աշխարհէն չէր’։ Ան քաղաքականութեան մէջ կամ պատերազմներու մէջ կողմ չբռնեց (Յովհ. 6։15. 17։16)։ Նաեւ պէտք է չէզոք մնանք, որպէսզի հաւատարիմ ըլլանք Աստուծոյ Թագաւորութեան, թէ ոչ՝ չենք կրնար մաքուր խղճով բարի լուրը քարոզել, ըսելով որ միա՛յն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ մարդկութեան խնդիրները լուծել։ Ասկէ զատ, քանի որ չէզոք ենք, աշխարհի չորս կողմը եղող եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ միութեան մէջ ենք։ Ասիկա տարբեր է սուտ կրօնքներէն, որոնք քաղաքականութեան մասնակցելով՝ մարդիկը իրարմէ կը բաժնեն (Ա. Պետ. 2։17)։
4. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ չէզոք մնալը աւելի դժուար պիտի ըլլայ ապագային։ բ) Ինչո՞ւ համար հիմակուընէ պէտք է պատրաստուինք չէզոք մնալու։
4 Թերեւս կ’ապրինք տեղ մը, ուր մարդիկ մեզմէ չեն ակնկալեր որ քաղաքականութեան մէջ կողմ բռնենք։ Բայց Սատանայի աշխարհին վերջը որքա՛ն աւելի մօտենայ, այնքան աւելի դժուար պիտի ըլլայ չէզոք մնալ։ Աշխարհը լեցուն է «անհաշտ» եւ «յանդուգն» մարդոցմով, ուստի անիկա երթալէն աւելի պիտի բաժնուի (Բ. Տիմ. 3։3, 4)։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեր եղբայրները արդէն իսկ դժուարութիւններ ունեցած են չէզոքութիւն պահելու, քանի որ յանկարծ քաղաքական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են։ Կը տեսնե՞ս թէ ինչու կարեւոր է, որ հիմակուընէ՛ պատրաստուինք չէզոք մնալու։ Եթէ սպասենք մինչեւ որ դժուար պարագայի մը առջեւ ըլլանք, կրնայ ըլլալ որ տեղի տանք եւ չէզոք չմնանք։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք պատրաստուիլ, որ այս բաժնուած աշխարհին մէջ չէզոքութիւն պահենք։ Նկատի առնենք չորս բաներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ յաջողինք։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՉՔՈՎ ԴԻՏԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
5. Եհովան ինչպէ՞ս կը դիտէ մարդկային կառավարութիւնները։
5 Առաջին՝ կառավարութիւնները Եհովային աչքով դիտելը կ’օգնէ որ չէզոք մնանք։ Թէեւ կարգ մը կառավարութիւններ կ’երեւին որ արդար են, սակայն երբեք Եհովային նպատակը չէր որ մարդ մը մարդու վրայ իշխէ (Եր. 10։23)։ Կառավարութիւնները հայրենասիրական ոգին կը քաջալերեն, ինչ որ մարդիկը իրարմէ կը բաժնէ։ Նոյնիսկ ամէնէն լաւ կառավարիչները չեն կրնար բոլոր խնդիրները լուծել։ Ասկէ զատ, կառավարութիւնները թշնամի դարձած են Աստուծոյ Թագաւորութեան, որ 1914–ին սկսաւ իշխել։ Շատ մօտ ատենէն, ատիկա բոլոր կառավարութիւնները պիտի կործանէ (կարդա՛ Սաղմոս 2։2, 7-9)։
6. Կառավարութեան մէջ հեղինակութիւն ունեցողներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք։
6 Աստուած թոյլ կու տայ որ կառավարութիւնները մնան, քանի որ ատոնք որոշ չափով կը պահպանեն խաղաղութիւնը եւ կարգուկանոնը։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզենք (Հռով. 13։3, 4)։ Աստուած նոյնիսկ մեզմէ կ’ուզէ որ հեղինակութիւն ունեցողներուն համար աղօթենք, մանաւանդ երբ անոնց որոշումները կրնան մեր պաշտամունքին ազդել (Ա. Տիմ. 2։1, 2)։ Երբ անարդարութեան հանդիպինք, իշխանութիւններուն օգնութիւնը կը խնդրենք, ճիշդ ինչպէս որ Պօղոս ըրաւ (Գործք 25։11)։ Թէեւ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ կառավարութիւնները Սատանային ձեռքին տակն են, սակայն չ’ըսեր թէ իւրաքանչի՛ւր կառավարիչ իր ձեռքին տակն է (Ղուկ. 4։5, 6)։ Ուստի պէտք չէ ուրիշին հասկցնենք որ կառավարական որոշ պաշտօնեայ մը Սատանային կողմէ կը ղեկավարուի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ պէտք չէ մէկը անարգենք (Տիտ. 3։1, 2)։
7. Ի՞նչ մտածում պէտք չէ ունենանք։
7 Աստուծոյ հնազանդած կ’ըլլանք, երբ որոշ քաղաքագէտ մը կամ կուսակցութիւն մը չենք նախասիրեր, նոյնիսկ եթէ ատոր գաղափարները կամ կարծիքները մեր շահին կրնան ըլլալ։ Ատեններ ասիկա դիւրին չ’ըլլար։ Օրինակ՝ հաշուէ թէ մարդիկ կ’ըմբոստանան որոշ կառավարութեան մը դէմ, որ ժողովուրդը շատ չարչարած է, ներառեալ՝ Եհովայի վկաները։ Ճիշդ է որ ըմբոստներուն հետ ցոյցի պիտի չելլենք, սակայն կրնա՞յ ըլլալ որ ոգիով իրենց հետ ըլլանք (Եփ. 2։2)։ Պէտք է ոչ միայն խօսքով ու գործով, հապա՝ սրտով ալ չէզոք մնանք։
«ԽՈՐԱԳԷՏ» ԵՒ «ՄԻԱՄԻՏ» ԱԼ ԵՂԷՔ
8. Երբ չէզոք մնալը դժուար ըլլայ, ինչպէ՞ս կրնանք «խորագէտ» եւ «միամիտ» կամ անմեղ ըլլալ։
8 Երկրորդ՝ դժուարութիւններու ատեն «օձերու պէս խորագէտ. . . եւ աղաւնիներու պէս միամիտ» կամ անմեղ ըլլալով կրնանք չէզոք մնալ (կարդա՛ Մատթէոս 10։16, 17)։ Խորագէտ կ’ըլլանք՝ վտանգները սկիզբէն տեսնելով, եւ անմեղ կը մնանք՝ թոյլ չտալով որ այդ վտանգներուն պատճառաւ տեղի տանք։ Նկատի առնենք կարգ մը դժուար պարագաներ, եւ թէ ի՛նչ կրնանք ընել չէզոք մնալու։
9. Ի՞նչ բանէ պէտք է զգոյշ ըլլանք, երբ ուրիշներուն հետ կը խօսինք։
9 Խօսակցութիւններ։ Երբ քաղաքական նիւթեր բացուին, պէտք է զգոյշ ըլլանք։ Օրինակ՝ երբ Թագաւորութեան պատգամը կու տաս, ո՛չ գովէ ոչ ալ քննադատէ քաղաքական որոշ խումբ մը կամ կառավարիչ մը։ Տանտէրին հետ հասարակաց գետին մը հաստատէ, կեդրոնանալով խնդրին վրայ եւ ոչ թէ որեւէ քաղաքական լուծումի վրայ։ Ետքը, Աստուածաշունչէն ցուցուր որ Աստուծոյ կառավարութիւնը լման եւ վերջնականապէս պիտի լուծէ խնդիրը։ Եթէ միասեռական ամուսնութեան կամ վիժումի պէս նիւթեր բացուին, Աստուծոյ չափանիշները պաշտպանէ եւ բացատրէ թէ ինչպէ՛ս անոնց կը հետեւինք մեր կեանքին մէջ։ Այսպիսի խօսակցութիւններու ընթացքին, վերջին ծայր չէզոք մնա քաղաքական գետնի վրայ։ Կողմ չենք բռներ թէ ի՛նչ օրէնքներ պէտք է ելլեն կամ փոխուին, ոչ ալ ուրիշները կը ստիպենք որ մեր կարծիքին համաձայնին։
10. Ինչպէ՞ս կրնանք չէզոք մնալ, երբ հաղորդամիջոցներուն միջոցաւ բան մը կը դիտենք կամ կը կարդանք։
10 Հաղորդամիջոցներ։ Ատեններ լուր մը անանկ մէկ կը ներկայացուի, որ հարցի մը մէջ կողմնակցութիւն կը ցուցնէ։ Ասիկա նամանաւանդ ճիշդ է այն երկիրներուն մէջ, ուր լուրերը կառավարութեան ձեռքին տակն են։ Եթէ լուրեր հաղորդող հաստատութիւնները կամ լրագրողները կողմ բռնեն, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ իրենց մտածելակերպէն չազդուինք։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Որոշ լրագրողի մը կը սիրե՞մ մտիկ ընել, քանի որ կը համաձայնիմ իր քաղաքական կարծիքներուն’։ Եթէ այո՛, ուրեմն մի՛ դիտեր կամ կարդար այն լուրերը, որոնք քաղաքական հարցերու մէջ կողմ կը բռնեն։ Փոխարէն, փորձէ գտնել լուրերու աղբիւրներ, որոնք կողմ չեն բռներ, եւ լսածդ միշտ բաղդատէ Աստուածաշունչին «ողջամիտ խօսքերուն օրինակ»ին հետ (Բ. Տիմ. 1։13)։
11. Չէզոք մնալը ինչպէ՞ս կրնայ դժուար ըլլալ, երբ մեր ստացուածքները մեզի համար շատ կարեւոր են։
11 Նիւթապաշտութիւն։ Եթէ մեր ստացուածքներուն կապուած ենք, վտանգ կայ որ չէզոք չմնանք երբ փորձութեան մէջ ըլլանք։ Մալաուիի մէջ Ռութ անունով քոյր մը տեսաւ, որ կարգ մը Վկաներ չէզոք չմնացին, երբ 1970–ականներուն հալածանքի տակ էին։ Ան կ’ըսէ. «Անոնք չկրցան իրենց հանգիստ կեանքէն վազ անցնիլ։ Ոմանք մեզի հետ աքսորուեցան, բայց յետոյ Եբ. 10։34)։
կուսակցութեան միացան եւ տուն վերադարձան, քանի որ չուզեցին ճամբարին անհանգստութիւնները ապրիլ»։ Ասոր հակառակը, Աստուծոյ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը չէզոք մնացած է, նոյնիսկ երբ ասիկա իրենց դրամին կամ ունեցուածքին հաշւոյն եղած է (12, 13. ա) Եհովան ի՞նչ աչքով կը դիտէ մարդկութիւնը։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ, եթէ սկսած ենք անտեղիօրէն հպարտանալ մեր երկրով։
12 Անտեղի հպարտութիւն։ Սովորաբար մարդիկ հպարտ կը զգան իրենց ցեղով, ազգով, մշակոյթով, քաղաքով կամ երկրով։ Բայց գիտենք որ երբ այս բաներով անտեղիօրէն հպարտանանք, Եհովային աչքով դիտած չենք ըլլար մարդկային իշխանութիւնը եւ մարդկութիւնը։ Անշուշտ, Աստուած մեզմէ չ’ակնկալեր որ մեր մշակոյթը ուրանանք. վերջ ի վերջոյ, ի՛նք մեզ իրարմէ տարբեր ըրաւ եւ մենք ասկէ հաճոյք կ’առնենք։ Բայց պէտք է յիշենք, թէ Աստուած բոլոր մարդիկը հաւասար կը նկատէ (Հռով. 10։12)։
13 Երբեք պէտք չէ անտեղիօրէն հպարտանանք մեր երկրով եւ կարծենք որ ատիկա միւսներէն աւելի լաւ է։ Եթէ այդպէս զգանք, չէզոք մնալը շատ դժուար կրնայ դառնալ։ Վտանգ կայ որ քրիստոնեաները այս հպարտութիւնը ունենան, ինչպէս որ առաջին դարուն՝ ոմանք զատողութիւն դրին եղբայրներուն միջեւ (Գործք 6։1)։ Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ, եթէ անտեղի հպարտութիւնը մեր մէջ արմատ կը կապէ։ Հաշուէ թէ ուրիշ երկրէ մը եղբայր մը կամ քոյր մը քեզի առաջարկ մը ըրաւ։ Կը մերժե՞ս ըսածը, շուտով մտածելով. ‘Հոս մենք աւելի լաւ կերպով կ’ընենք ասանկ բաներ’։ Փոխարէն, պէտք է այս կարեւոր խրատը կիրարկենք. «Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք» (Փլպ. 2։3)։
ԵՀՈՎԱՆ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ՔԵԶԻ
14. Աղօթքը մեզի ինչպէ՞ս կրնայ օգնել, եւ Աստուածաշունչի ո՞ր օրինակը կը փաստէ ասիկա։
14 Երրորդ՝ Եհովային ապաւինելով կրնաս չէզոք մնալ։ Աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ, որ կրնայ համբերութիւն եւ ժուժկալութիւն տալ քեզի։ Այս յատկութիւնները քեզի կ’օգնեն որ գիտնաս ինչպէ՛ս վարուիլ կառավարութեան մը հետ, որ անպարկեշտ կամ անարդար է։ Նաեւ կրնաս Եհովայէն խնդրել որ քեզի իմաստութիւն տայ, որպէսզի գիտնաս թէ ո՛ր պարագաներուն մէջ դժուար կ’ըլլայ որ չէզոք մնաս, եւ ինչպէ՛ս անոնց հետ գլուխ ելլել (Յակ. 1։5)։ Եթէ բանտարկուիս կամ ուրիշ կերպով մը պատժուիս, քանի որ Եհովային հաւատարիմ ես, աղօթէ որ զօրութիւնը ունենաս հաւատքիդ մասին համարձակութեամբ խօսելու եւ ունենալիք հալածանքներուդ դիմանալու (կարդա՛ Գործք 4։27-31)։
15. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ չէզոք մնանք (տե՛ս նաեւ «Աստուծոյ Խօսքը իրենց համոզումը զօրացուց» շրջանակը)։
15 Եհովան կրնայ քեզ զօրացնել իր Խօսքին միջոցաւ։ Խոկա՛ այն համարներուն վրայ, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ չէզոք մնաս փորձութեան մէջ։ Հի՛մա գոց սորվէ այդ համարները, որպէսզի եթէ յետագային Սուրբ Գիրք չունենաս, ատոնք քեզ զօրացնեն։ Աստուածաշունչը նաեւ կրնայ յոյսդ զօրացնել՝ Թագաւորութեան ապագայ օրհնութիւններուն նկատմամբ։ Կարեւոր է որ այս յոյսը ունենանք, որպէսզի հալածանքին դիմանանք (Հռով. 8։25)։ Զատէ համարներ որ կը խօսին այն օրհնութիւններուն մասին, որ շատ կ’ուզես ստանալ, եւ երեւակայէ թէ Դրախտին մէջ այդ օրհնութիւնները կը վայելես։
ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԾԱՌԱՆԵՐԷՆ ՕՐԻՆԱԿ ԱՌ
16, 17. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն, որոնք չէզոք մնացին (տե՛ս բացման պատկերը)։
16 Չորրորդ՝ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն օրինակին վրայ խոկալը կ’օգնէ մեզի որ չէզոք մնանք։ Իրենցմէ կրնանք իմաստութիւն եւ զօրութիւն առնել Դանիէլ 3։16-18)։ Այս պատմութիւնը ներկայիս շատերու օգնած է որ քաջ ըլլան եւ մերժեն իրենց երկրին դրօշակը պաշտել։ Յիսուս ալ աշխարհի քաղաքական եւ ընկերային վէճերուն չմասնակցեցաւ։ Ան գիտէր թէ իր օրինակը պիտի օգնէր իր աշակերտներուն։ Ասոր համար, ան ըսաւ. «Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհ. 16։33)։
որ դիմանանք։ Օրինակ՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով մերժեցին պաշտել այն արձանը, որ Բաբելոնի կառավարութիւնը կը ներկայացնէր (կարդա՛17 Մեր օրերուն բազմաթիւ Վկաներ չէզոք մնացած են։ Ոմանք չարչարուած ու բանտարկուած են եւ նոյնիսկ իրենց հաւատքին համար մեռած են։ Անոնց օրինակները քեզի կրնան օգնել, ճիշդ ինչպէս որ Պարըշին օգնեցին, որ Թուրքիայէն է։ Ան ըսաւ. «Ֆրանց Ռայթըր երիտասարդ եղբայր մըն էր, որ մահապատիժի ենթարկուեցաւ, քանի որ չուզեց Հիթլերի բանակին մէջ ըլլալ։ Իր մահուան նախորդող գիշերը ան իր մօր նամակ մը գրեց, որ ցուցուց թէ որքա՜ն հաւատք եւ վստահութիւն ունէր Եհովային հանդէպ։ Ուզեցի ես ալ իրեն պէս վարուիլ, եթէ օր մը օրանց այդպիսի փորձութեան մէջ ըլլամ» [2]։
18, 19. ա) Ժողովքիդ անդամները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել որ չէզոք մնաս։ բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։
18 Ժողովքին եղբայրներն ու քոյրերն ալ կրնան քեզի օգնել։ Երէցներուն ըսէ թէ ի՛նչ փորձութիւններէ կ’անցնիս եւ անոնցմէ խնդրէ որ քեզի աստուածաշնչական խրատ տան։ Ժողովքի անդամները քեզ պիտի քաջալերեն, եթէ լուր ունենան թէ ի՛նչ դժուար պարագաներ ունիս։ Անոնցմէ խնդրէ որ քեզի համար աղօթեն։ Եթէ կ’ակնկալենք որ մեր եղբայրները մեզի օգնեն եւ մեզի համար աղօթեն, պէտք չէ՞ մենք ալ նոյնը ընենք իրենց համար (Մատ. 7։12)։ Մեր jw.org կայքին մէջ կայ յօդուած մը՝ «Իրենց հաւատքին համար բանտարկուած Եհովայի վկաներ. ըստ երկրի» խորագրով, որ կը գտնուի NEWSROOM > LEGAL DEVELOPMENTS–ի տակ։ Յօդուածը կրնայ քեզի օգնել որ մասնայատուկ բաներու մասին աղօթես, քանի որ ունի կապեր, որ մեզ կը տանին ցուցակներու, որոնց մէջ գրուած են ներկայիս բանտարկուած Վկաներուն անունները։ Կարգ մը անուններ զատէ եւ անոնց համար աղօթէ, որ քաջ եւ հաւատարիմ մնան (Եփ. 6։19, 20)։
19 Մինչ վերջին կը մօտենանք, պիտի չզարմանանք եթէ կառավարութիւնները երթալէն աւելի՛ ստիպեն մեզ որ կողմ բռնենք։ Ասոր համար կարեւոր է որ հի՛մա պատրաստուինք, որ չէզոք մնանք այս բաժնուած աշխարհին մէջ։
^ [1] (պարբերութիւն 1) Հոս Յիսուս կառավարութեան մասին կը խօսէր, երբ ըսաւ «կայսր» բառը։ Այդ ժամանակ, կայսրը ամէնէն բարձրաստիճան կառավարիչն էր։
^ [2] (պարբերութիւն 17) Տե՛ս Եհովայի վկաներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ գիրքը, էջ 662 (անգլերէն), եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛ գիրքին էջ 168–ի շրջանակը, «Ան Աստուծոյ փառքին համար մեռաւ»։