Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Աստուծոյ կողմէ իւրաքանչիւր օծեալ քրիստոնեայ ի՞նչ «գրաւ» (կամ՝ «գրաւական») եւ ‘կնքում’ կը ստանայ (Բ. Կոր. 1։21, 22)։
Գրաւական. Ըստ աշխատասիրութեան մը, այն յունարէն բառը որ «գրաւ» կամ գրաւական թարգմանուած է Բ. Կորնթացիս 1։22–ի մէջ, «օրինական եւ առեւտրական արտայայտութիւն մըն է», որուն իմաստն է՝ «առաջին հաստատում, կանխիկ, կանխավճար, երաշխիք, որ հաշիւին մէկ մասը սկիզբէն կը վճարէ, եւ այսպիսով կ’ապահովէ ապրանքին վրայ օրինական իրաւունքը, կամ ալ համաձայնագիր մը վաւերական կը դարձնէ»։ Օծեալներուն պարագային, Եհովան իրենց ստանալիք վարձատրութեան գրաւականը տուած է իրենց։ Անոնց լման հաշիւը, կամ վարձատրութիւնը, Բ. Կորնթացիս 5։1-5–ի մէջ նկարագրուած է որպէս՝ երկնային անապական մարմին հագնիլ։ Վարձատրութիւնը նաեւ կը պարփակէ անմահութեան պարգեւը ստանալ (Ա. Կոր. 15։48-54)։
Արդի յունարէնին մէջ, նման արտայայտութիւն մը կը գործածուի նշանտուքի մատանիին համար։ Ասիկա տեղին նկարագրութիւն մըն է անոնց համար, որոնք Քրիստոսին այլաբանական կնոջ մէկ մասը պիտի ըլլան (Բ. Կոր. 11։2. Յայտ. 21։2, 9)։
Կնքում. Անցեալին, կնիքը իբրեւ ստորագրութիւն կը գործածուէր, որպէսզի հաստատէ սեփականութիւնը, վաւերականութիւնը եւ համաձայնութիւնը։ Օծեալներուն պարագային, անոնք սուրբ հոգիով այլաբանօրէն «կնքուած» կամ դրոշմուած են որպէս Աստուծոյ ունեցուածքը (Եփ. 1։13, 14)։ Սակայն այս կնքումը մնայուն կ’ըլլայ միայն՝ անհատին հաւատարմօրէն մահանալէն ժամանակ մը առաջ, կամ ալ մեծ նեղութիւնը սկսելէ առաջ (Եփ. 4։30. Յայտ. 7։2-4)։