Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երեւակայութիւնդ իմաստութեամբ կը գործածե՞ս

Երեւակայութիւնդ իմաստութեամբ կը գործածե՞ս

Ի՞ՆՉ է այն բանը որ միայն գրեթէ 1,4 քկ. է, բայց «մեր տիեզերքին մէջ ցարդ երեւան հանուած ամէնէն բարդ բանը» կը նկատուի։ Մեր ուղե՛ղը։ Ատիկա իսկապէս հոյակապ բան մըն է։ Որքա՛ն աւելի սորվինք ատոր մասին, այնքան աւելի պիտի գնահատենք Եհովային «զարմանալի» գործերը (Սաղ. 139։14)։ Նկատի առ մեր ուղեղին կարողութիւններէն մէկը. երեւակայութիւնը։

Երեւակայութիւնը ի՞նչ է։ Բառարան մը այսպէս կը սահմանէ. «Այն կարողութիւնը որ նոր եւ խանդավառ բաներու, կամ ալ քեզի հետ չպատահած բաներու մասին պատկերներ կամ գաղափարներ ստեղծես մտքիդ մէջ»։ Այս սահմանումը մտքիդ մէջ ունենալով, չե՞ս համաձայնիր որ երեւակայութիւնդ շատ անգամներ կը գործածես։ Օրինակ՝ երբեք կարդացա՞ծ ես կամ լսա՞ծ ես տեղի մը մասին, ուր բնաւ չես գացած։ Կրցա՞ր զայն մտապատկերել։ Իսկապէս, երբոր մտածենք բանի մը մասին, որ չենք կրնար տեսնել, լսել, համտեսել, դպնալ, կամ հոտոտալ, մեր երեւակայութիւնը գործի վրայ կ’ըլլայ։

Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ հասկնալու, որ մարդը Աստուծոյ պատկերով ծրագրուած եւ ստեղծուած է (Ծն. 1։26, 27)։ Ասիկա ըսել չէ՞ որ Եհովան ալ առումով մը ունի երեւակայութիւն։ Քանի որ ան յարմար տեսաւ որ այս կարողութեամբ ստեղծէ մեզ, ուրեմն տրամաբանական է որ մեզմէ կ’ակնկալէ զայն գործածել իր կամքը հասկնալու (Ժող. 3։11)։ Ինչպէ՞ս կրնանք իմաստութեամբ գործածել մեր երեւակայութիւնը այս նպատակին համար, եւ ինչպիսի՞ գործածութիւններէ պէտք է խուսափինք։

ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՄԻՏ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1) Սխալ ժամանակ կամ սխալ բաներու մասին բաց աչքով երազել։

Բաց աչքով երազելը ինքնին սխալ չէ։ Իրականութեան մէջ, փաստուած է որ ատիկա օգտակար կրնայ ըլլալ։ Սակայն, Ժողովող 3։1–ը մեզի կ’օգնէ որ հասկնանք, թէ քանի որ «ամէն գործի ժամանակը» կայ, ուրեմն կարելի է որ սխալ ժամանակին ընենք կարգ մը բաներ։ Օրինակ՝ եթէ ձգենք որ մեր միտքը ցրուի ժողովներու կամ անձնական ուսումնասիրութեան ատեն, մեր երեւակայութիւնը ի՞նչ դեր խաղցած կ’ըլլայ։ Օգտակա՞ր թէ վնասակար։ Յիսուս զգուշացուց որ վտանգաւոր է մեր ուղեղին թոյլ տալ որ սխալ բաներու մասին մտածէ, ինչպէս՝ անբարոյ նիւթեր (Մատ. 5։28)։ Թերեւս մենք մեզի թոյլ տանք որ երեւակայենք կարգ մը բաներ, որ կրնան նեղացնել Եհովան։ Անբարոյ երեւակայութիւնները կը տանին անբարոյ արարքներու։ Միտքդ դիր որ բնա՛ւ թոյլ չտաս որ երեւակայութիւնդ քեզ Եհովայէն հեռացնէ։

2) Կարծել որ նիւթական հարստութիւնը մնայուն ապահովութիւն կու տայ։

Նիւթական բաները կարեւոր եւ օգտակար են։ Սակայն եթէ սկսինք երեւակայել որ ատոնք իսկական ապահովութիւն ու երջանկութիւն կը բերեն, վստահաբար յուսախաբ պիտի ըլլանք։ Իմաստուն Սողոմոն ըսաւ. «Հարուստին ստացուածքը իր ամուր քաղաքն է ու անոր երեւակայութեանը մէջ բարձր բերդի պէս է» (Առ. 18։11)։ Օրինակ՝ նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ սեպտեմբեր 2009–ին՝ Ֆիլիփիններու Մանիլա քաղաքի աւելի քան 80 տոկոսը տեղատարափ անձրեւներու ջուրերով լեցուեցաւ։ Նիւթականով լաւ եղող անձերը չվնասուեցա՞ն։ Հարուստ մարդ մը որ շատ բաներ կորսնցուց, ըսաւ. «Ջրհեղեղը բոլորին նոյնպէս ազդեց եւ դժուարութիւն ու տառապանք պատճառեց թէ՛ հարուստին եւ թէ աղքատին»։ Դիւրին է երեւակայել թէ նիւթական բաները իսկական պաշտպանութիւն եւ ապահովութիւն կը բերեն։ Բայց իրականութիւնը հակառակն է։

3) Անտեղիօրէն մտահոգուիլ բաներու մասին, որ թերեւս բնա՛ւ չպատահին։

Յիսուս մեզ խրատեց որ չափէ դուրս մտահոգ չըլլանք (Մատ. 6։34)։ Մեր երեւակայութիւնը մեծապէս կ’աշխատի, երբ ամէն ատեն կը մտահոգուինք։ Դիւրութեամբ կրնանք շատ ոյժ սպառել, երբ կը մտահոգուինք երեւակայական խնդիրներու վրայ, այսինքն՝ խնդիրներ որ չունինք կամ թերեւս բնա՛ւ չունենանք։ Աստուածաշունչը կը ցուցնէ թէ այսպիսի մտահոգութիւն կրնայ վհատեցնել կամ ընկճել մեզ (Առ. 12։25)։ Որքա՜ն կարեւոր է որ Յիսուսի խրատին հետեւելով չափազանց չմտահոգուինք եւ ամէն օրուան բերած հոգերուն ճարը գտնենք՝ օրը օրին։

ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1) Նախատեսել վտանգաւոր պարագաներ եւ անոնցմէ խուսափիլ։

Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ խորագէտ ըլլանք եւ կանխաւ մտածենք (Առ. 22։3)։ Մեր երեւակայութիւնը գործածելով կրնանք մտածել մեր առնելիք որոշումներուն հետեւանքներուն մասին։ Օրինակ՝ եթէ ընկերային առիթի մը հրաւիրուած ես, երեւակայութիւնդ ինչպէ՞ս կրնայ օգնել քեզի որ որոշես թէ պիտի երթաս կամ ոչ։ Նա՛խ նկատի առ այսպիսի կէտեր. ուրիշ որո՞նք հրաւիրուած են, որքա՞ն մեծ հաւաքոյթ մըն է, եւ ո՞ւր ու ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Ետքը, մտածէ. ‘Շատ հաւանաբար ի՞նչ պատահի հոն’։ Տրամաբանական ըլլալով կ’երեւակայե՞ս որ շինիչ հաւաքոյթ մը ըլլայ, որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ համաձայն է։ Այս բաներուն մասին մտածելը քեզի կրնայ օգնել որ մտքիդ մէջ պատկերես առիթը։ Իմաստուն որոշումներ առնելու համար երեւակայութիւնդ գործածելով պիտի կարենաս հոգեւորապէս վնասակար պարագաներէ խուսափիլ։

2) Մտքով փորձել դժուար պարագաներու հետ գլուխ ելլելու կերպեր։

Երեւակայութիւնը նաեւ կը պարփակէ՝ «խնդիրի մը հետ երես–երեսի գալու եւ ատոր հետ գլուխ ելլելու կարողութիւնը»։ Հաշուէ թէ ժողովքին մէջ մէկու մը հետ անհասկացողութիւն ունեցած ես։ Ինչպէ՞ս կը մօտենաս եղբօրդ կամ քրոջդ, որպէսզի խաղաղութիւնը պահպանես։ Շատ մը բաներ նկատի պէտք է առնես։ Ան ի՞նչ ոճով կը խօսի։ Ե՞րբ է ամէնէն յարմար ժամանակը, որ խնդրին մասին խօսինք։ Լաւագոյն ո՞ր բառերը եւ թոնը պէտք է գործածեմ։ Երեւակայութիւնդ գործածելով, կրնաս մտքով փորձ ընել խնդրին հետ գլուխ ելլելու շատ մը կերպեր, եւ ետքը ընտրել այն մէկը որ կը զգաս թէ ամէնէն ազդուն եւ գործի ծառայողը պիտի ըլլայ (Առ. 15։28)։ Այս քայլերը պիտի օգնեն որ ժողովքին խաղաղութիւնը պահպանես։ Ասիկա վստահաբար երեւակայութիւնը գործածելու լաւ կերպ մըն է։

3) Աստուածաշունչի անձնական ընթերցումդ եւ ուսումնասիրութիւնդ ճոխացնել։

Շատ կարեւոր է որ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդանք։ Սակայն չի բաւեր որ օրական շատ էջեր կարդանք։ Պէտք է Աստուածաշունչէն գործնական դասեր քաղենք եւ ուզենք զանոնք կիրարկել մեր կեանքին մէջ։ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը պէտք է Եհովայի ճամբաներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցնէ։ Մեր երեւակայութիւնը գործածելը մեզի կ’օգնէ այս մարզին մէջ։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք գիրքը։ Այս գրքին պատմութիւնները մեզի կ’օգնեն որ մտապատկերենք ամէն անձի ենթահողը եւ ապրած տեղն ու ժամանակը, եւ այսպիսով կրնան մեր երեւակայութիւնը արթնցնել։ Կրնանք տեսարանները տեսնել, ձայները լսել, հոտերը շնչել եւ անհատներուն զգացումները հասկնալ։ Այս պատճառաւ, կրնանք հոյակապ դասեր քաղել եւ քաջալերական կէտեր գտնել այն պատմութիւններէն, որ կը կարծէինք թէ շատ լաւ գիտենք։ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան ատեն մեր երեւակայութիւնը այս կերպով գործածելը պիտի ճոխացնէ զայն։

4) Կարեկցութիւն մշակել եւ ցուցնել։

Կարեկցութիւնը գեղեցիկ յատկութիւն մըն է։ Ատիկա կը նշանակէ՝ «ուրիշին ցաւը մե՛ր սրտին մէջ զգալ»։ Քանի որ թէ՛ Եհովան եւ թէ Յիսուս կարեկից են, լաւ կ’ըլլայ որ զիրենք ընդօրինակենք (Ել. 3։7. Սաղ. 72։13)։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս յատկութիւնը ունենալ։ Ամէնէն զօրաւոր կերպերէն մէկը՝ մեր երեւակայութիւնը գործածելն է։ Թերեւս մեր եղբօր կամ քրոջ հետ պատահածը մեզի բնա՛ւ չէ պատահած։ Սակայն կրնաս դուն քեզի հարցնել. ‘Եթէ այս պարագային մէջ ըլլայի, ի՞նչ կը զգայի։ Ի՞նչ բանի պէտք կ’ունենայի’։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար մեր երեւակայութիւնը գործածելը, մեզի պիտի օգնէ որ աւելի կարեկից ըլլանք։ Իսկապէս, մեր կարեկից ըլլալը՝ ամէն կողմանէ օգտակար է մեր քրիստոնէական կեանքին, մէջը ըլլալով մեր ծառայութիւնը եւ եղբայրներուն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը։

5) Պատկերացնել թէ նոր աշխարհին մէջ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ։

Սուրբ Գիրքին մէջ մանրամասնօրէն նշուած է, թէ խոստացուած նոր աշխարհին մէջ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ (Եսա. 35։5-7. 65։21-25. Յայտ. 21։3, 4)։ Մեր հրատարակութիւններուն մէջ, այս նկարագրութիւններուն կողքին կան շատ մը գեղեցիկ պատկերներ։ Ինչո՞ւ։ Պատկերները մեր երեւակայութիւնը կը զօրացնեն եւ կ’օգնեն որ մենք մեզ պատկերացնենք, որ այդ օրհնութիւնները կը վայելենք։ Եհովան, որ երեւակայութիւնը Ստեղծողն է, ոեւէ մէկէ աւելի լաւ գիտէ, թէ ատիկա որքա՛ն զօրաւոր է։ Երբ մեր երեւակայութիւնը գործածենք որ Իր խոստումներուն վրայ խոկանք, աւելի վստահ կ’ըլլանք որ ատոնք պիտի իրականանան, եւ ասիկա մեզի կ’օգնէ որ հաւատարիմ մնանք, նոյնիսկ ներկայ կեանքի դժուարութիւններուն մէջ։

Եհովան սիրալիրօրէն մեզի տուած է երեւակայելու հոյակապ կարողութիւնը։ Ատիկա իրապէս կրնա՛յ մեզի օգնել որ մեր առօրեայ կեանքին մէջ հաւատարմօրէն իրեն ծառայենք։ Թող որ ցոյց տանք որ կը գնահատենք այս պարգեւը Տուողը, ամէն օր իմաստութեամբ գործածելով զայն։