Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»

«Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»

«Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը, որպէսզի կատարեալ եւ ամբողջ ըլլաք, եւ ոչինչ պակսի ձեզի» (ՅԱԿ. 1։4, ԱԾ

ԵՐԳԵՐ. 135, 139

1, 2. ա) Գեդէօնի եւ իր 300 մարդոց համբերութենէն ի՞նչ կրնաք սորվիլ (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Ըստ Ղուկաս 21։19–ի, համբերութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ շատ յոգնեցուցիչ էր։ Իսրայէլացի ռազմիկները Գեդէօն դատաւորի առաջնորդութեամբ կը պատերազմէին իրենց թշնամիներուն դէմ։ Ամբողջ գիշերը Գեդէօն եւ իր մարդիկը հետապնդեցին մադիանացիները եւ անոնց դաշնակիցները շուրջ 32 քիլոմեթր։ Աստուածաշունչը կը պատմէ թէ ետքը ի՛նչ եղաւ. «Գեդէօն եւ իրեն հետ եղող երեք հարիւր մարդիկը եկան Յորդանանի մօտ ու անցան գետը. . . անոնք յոգնած էին»։ Սակայն տակաւին յաղթած չէին, քանի որ դեռ պէտք էր պատերազմէին գրեթէ 15,000 զինուորի դէմ։ Այս թշնամիները տարիներով ճնշած էին իսրայէլացիները, ուստի հիմա յանձնուելու ժամանակը չէր։ Հետեւաբար, անոնք «շարունակեցին հետապնդել» իրենց թշնամիները եւ վերջապէս յաղթեցին անոնց (Դատ. 7։22. 8։4, ՆԱ, 10, 28)։

2 Այսօր մենք ալ յոգնեցուցիչ պատերազմի մէջ ենք։ Մեր թշնամիներէն են՝ Սատանան, իր աշխարհը եւ մեր անձնական անկատարութիւնները։ Մեզմէ ոմանք տարիներով պատերազմած են, եւ Եհովային օգնութեամբ յաղթանակներ տարած ենք։ Բայց ատեններ կը յոգնինք մեր թշնամիներուն դէմ պայքարելէն եւ այս աշխարհի վերջին սպասելէն։ Տակաւին վերջնականապէս չենք յաղթած։ Յիսուս մեզ զգուշացուց որ վերջին օրերուն ընթացքին խիստ փորձութիւններու եւ անգութ հալածանքի առջեւ պիտի ըլլայինք։ Բայց ան նաեւ ըսաւ, որ եթէ համբերենք կրնանք յաղթել (կարդա՛ Ղուկաս 21։19)։ Ի՞նչ է համբերութիւնը։ Ի՞նչ բաներ մեզի պիտի օգնեն որ համբերենք։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ անոնցմէ որ համբերեցին։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ տալ որ ‘համբերութիւնը ունենայ իր կատարեալ գործը’ (Յակ. 1։4, ԱԾ

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՀԱՄԲԵՐԵԼ

3. Ի՞նչ կը նշանակէ համբերել։

3 Աստուածաշունչին մէջ, համբերելը՝ փորձութիւններու կամ դժուար պարագաներու դիմանալէ աւելի է։ Ատիկա կը պարփակէ մեր միտքն ու սիրտը, այսինքն՝ ինչպէ՛ս կը հակազդենք դժուարութիւններու։ Համբերող անձը քաջ եւ հաստատ կ’ըլլայ։ Համբերութիւնը «այն հոգին է որ կրնայ խնդիրներու տոկալ, ոչ թէ պարզապէս համակերպելով, այլ, բոցակէզ յոյսով», կ’ըսէ աշխատասիրութիւն մը։ «Անիկա այն յատկութիւնն է, որ մարդը ոտքի կը կեցնէ, իր երեսը ընդդէմ հովին։ Անիկա այն առաքինութիւնն է, որ ամենադժուար փորձութիւնը՝ փառքի կը փոխէ, քանի որ ցաւերէն անդին կը տեսնէ նպատակը»։

4. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ սէ՛րն է որ մեզ կը մղէ համբերելու։

4 Սէրը մեզ կը մղէ որ համբերենք (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 13։4, 7)։ Եհովային հանդէպ մեր սէրը կը մղէ, որ համբերենք բոլոր այն բաներուն որ ինք թոյլ կու տայ (Ղուկ. 22։41, 42)։ Եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը կ’օգնէ որ համբերենք իրենց անկատարութեան (Ա. Պետ. 4։8)։ Մեր կողակիցին հանդէպ մեր սէրը կ’օգնէ որ համբերենք այն «նեղութեան», որ նոյնիսկ ուրախ ամուսնութիւն ունեցողները կ’ունենան, եւ զօրացնենք մեր ամուսնութիւնը (Ա. Կոր. 7։28

Ի՞ՆՉ ԲԱՆԵՐ ՔԵԶԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԵՆ ՈՐ ՀԱՄԲԵՐԵՍ

5. Ինչո՞ւ Եհովան գիտէ թէ ճիշդ ինչպէ՛ս մեզի պիտի օգնէ որ համբերենք։

5 Եհովայէն զօրութիւն խնդրէ։ Եհովան «համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուած»ն է (Հռով. 15։5)։ Միայն ինքն է որ լման կը հասկնայ մեր խնդիրները, եւ թէ ինչպէ՛ս մեր վրայ կ’ազդեն մեր միջավայրը, զգացումները եւ նոյնիսկ մեր ժառանգական գիծերը։ Ուստի ան գիտէ թէ ճիշդ ինչի՛ պէտք ունինք որ համբերենք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք» (Սաղ. 145։19)։ Բայց երբ աղօթքով Աստուծմէ զօրութիւն խնդրենք որ համբերենք, ան ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէ։

6. Ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ խոստացուած է, Եհովան ինչպէ՞ս դժուարութիւններու ատեն «ազատութեան միջոց մը» պիտի տայ մեզի։

6 Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։13։ Երբ Եհովայէն խնդրենք որ դժուարութիւններուն մէջ մեզի օգնէ, ան «ազատութեան միջոց մը» պիտի տայ մեզի։ Ինչպէ՞ս։ Ատեններ ան դժուարութիւնը կը վերցնէ։ Սակայն ընդհանրապէս մեզի զօրութիւն կու տայ, որպէսզի փորձութեան ատեն «ուրախութեամբ համբերող եւ համբերատար» ըլլանք (Կող. 1։11, ԱԾ)։ Եւ քանի որ ան շատ լաւ գիտէ մեր ֆիզիքական, մտային եւ զգացական սահմանափակումները, բնա՛ւ թոյլ պիտի չտայ որ պարագան այն աստիճան գէշ ըլլայ որ չկարենանք հաւատարիմ մնալ։

7. Բացատրէ թէ համբերելու համար ինչո՛ւ հոգեւոր սնունդի պէտք ունինք։

7 Հոգեւոր սնունդով զօրացուր հաւատքդ։ Աշխարհի ամէնէն բարձր լեռը եղող Էվերեսթին վրայ, մագլցող մը օրական 6000 ջերմուժ կը սպառէ։ Ասիկա շատ աւելի է, քան՝ ինչ որ մարդիկ ընդհանրապէս պէտք ունին։ Որպէսզի մագլցողները դիմանան եւ իրենց նպատակին հասնին, պէտք է կարելի եղածին չափ շատ ջերմուժ առնեն։ Նմանապէս, որպէսզի դիմանանք, համբերենք եւ մեր նպատակին հասնինք, պէտք է կարելի եղածին չափ շատ հոգեւոր սնունդ առնենք։ Պէտք է մտքերնիս դնենք որ ժամանակ տրամադրենք կարդալու, սերտելու եւ ժողովներու երթալու։ Այս գործունէութիւնները մեզի պէտք եղած բաները պիտի տան, որ մեր հաւատքը զօրաւոր պահենք (Յովհ. 6։27

8, 9. ա) Ըստ Յոբ 2։4, 5–ին, երբ փորձութեան առջեւ ըլլանք, ո՞ր հարցը պարփակուած կ’ըլլայ։ բ) Փորձութիւններու ատեն ո՞ր տեսարանը կրնաս երեւակայել։

8 Յիշէ Եհովային հանդէպ քու հաւատարմութիւնդ։ Երբ փորձութիւններ ունենանք, նեղութիւն կը քաշենք։ Բայց ասկէ զատ ուրիշ բան մըն ալ կայ։ Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը փորձի տակ կ’ըլլայ։ Փորձութիւններուն հակազդելու մեր կերպը կը ցուցնէ, թէ արդեօք Եհովան տիեզերքի Գերիշխանը կը նկատե՛նք կամ ոչ։ Սատանան, որ Եհովային թշնամին է եւ Իր իշխանութեան դէմ կը կենայ, զինք ծաղր ընելով ըսաւ. «Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ։ Բայց հիմա ձեռքդ երկնցուր ու [Յոբի] ոսկորին ու մարմնին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ» (Յոբ 2։4, 5)։ Ըստ Սատանային, ամէն մարդ Եհովային կը ծառայէ իր անձնական շահերուն համար։ Սատանան ասիկա ըսելէն ի վեր փոխուա՞ծ է։ Բնա՛ւ երբեք։ Երբ դարեր ետք երկնքէն վար նետուեցաւ, Սատանան տակաւին կը կոչուէր՝ «մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը. . . որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր» (Յայտ. 12։10)։ Ներկայիս, ան դեռ կ’ըսէ թէ մարդիկ անձնասէր նպատակներով Աստուած կը պաշտեն։ Ան անհամբեր կ’ուզէ տեսնել, թէ մենք Աստուծոյ գերիշխանութիւնը կը մերժենք եւ այլեւս Իրեն չենք ծառայեր։

9 Ուստի երբ նեղութեան ենթարկուած ես, այս տեսարանը երեւակայէ։ Երկու կողմ կայ. մէկ կողմը կան՝ Սատանան եւ իր դեւերը, իսկ միւս կողմը կան՝ Եհովան, մեր Թագաւորը՝ Յիսուս, յարուցեալ օծեալները եւ բիւրաւոր հրեշտակներ։ Սատանային կողմինները կը դիտեն թէ ի՛նչ պիտի ընես եւ կ’ըսեն, թէ ճնշումին չդիմանալով պիտի յանձնուիս։ Իսկ Եհովային կողմինները քեզ կը քաջալերեն եւ կ’ուրախանան որ օրը օրին կը համբերես եւ Եհովային հաւատարիմ կը մնաս։ Ետքը, կը լսես որ Եհովան քեզի կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ» (Առ. 27։11

10. Ինչպէ՞ս կրնաս Յիսուսին նմանիլ, կեդրոնանալով վարձատրութիւններուն վրայ։

10 Վարձատրութիւններուն վրայ կեդրոնացիր։ Հաշուէ թէ ճամբորդութեան մէջ ես եւ երկար փապուղիէ մը (թիւնել) կ’անցնիս։ Փապուղիին կէսին կը կենաս եւ շուրջդ կը նայիս. ամէն տեղ մութ է։ Բայց դուն վստահ ես որ եթէ մինչեւ վերջ երթաս, լոյսը նորէն պիտի տեսնես։ Նմանապէս, ատեններ մեր խնդիրները անտանելի կը դառնան։ Նոյնիսկ Յիսուս թերեւս այդպէս զգաց. ան անարգուեցաւ, ‘մեղաւորներ իրեն դէմ հակառակ խօսեցան’ եւ փայտի մը վրայ ցաւ քաշելով մեռաւ։ Ասիկա վստահաբար իրեն համար ամէնէն մութ ժամանակն էր։ Բայց ան այդ բոլորին դիմացաւ, «իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար» (Եբ. 12։2, 3)։ Յիսուս վարձատրութիւններուն վրայ կեդրոնացաւ, եւ ամէնէն կարեւորը՝ թէ ինչ դեր պիտի խաղայ Աստուծոյ անունը սրբացնելուն մէջ եւ Աստուծոյ իշխելու իրաւունքին թիկունք կանգնելուն մէջ։ Ան գիտէր թէ փորձութիւնները ժամանակաւոր էին, բայց երկնքի մէջ իր ստանալիք վարձատրութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլար։ Ներկայիս, թերեւս ունեցած փորձութիւններդ ցաւ կը պատճառեն քեզի, կամ նոյնիսկ անտանելի կը դառնան։ Բայց յիշէ որ փորձութիւններդ ժամանակաւոր են եւ դուն դէպի յաւիտենական կեանք տանող ճամբուն վրայ ես։

«ՀԱՄԲԵՐՈՂՆԵՐԸ»

11. Ինչո՞ւ պէտք է նկատի առնենք «համբերողներուն» փորձառութիւնները։

11 Պէտք չունինք առանձին համբերելու։ Պետրոս առաքեալ, որպէսզի քրիստոնեաները քաջալերէ որ Սատանային փորձութիւններուն համբերեն, գրեց. «Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն» (Ա. Պետ. 5։9)։ «Համբերողներուն» փորձառութիւնները մեզի կը սորվեցնեն հաւատարիմ մնալ, մեզի կը վստահեցնեն որ կրնա՛նք յաջողիլ եւ մեզի կը յիշեցնեն որ հաւատարիմ մնալով պիտի վարձատրուինք (Յակ. 5։11)։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ [1]։

12. Եդեմի պարտէզի քերովբէներուն օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

12 Քերովբէները։ Անոնք բարձր աստիճանի հրեշտակներ են, եւ առաջին հոգեղէն արարածներն էին որ մարդոց երեւցան։ Անոնց ձգած օրինակը մեզի կը սորվեցնէ, որ մեր ունեցած դժուար նշանակումին մէջ համբերենք։ Եհովան «Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար» (Ծն. 3։24) [2]։ Վստահ ենք որ Եհովան քերովբէները այս նպատակին համար չէր ստեղծած, քանի որ գիտենք թէ մեղքը եւ ըմբոստութիւնը Աստուծոյ նպատակին մէկ մասը չէին։ Սակայն Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ տեղ գրուած է, թէ անոնք գանգատեցան կամ զգացին թէ այդ նշանակումը իրենց մակարդակին չէր։ Անոնք չձանձրացան եւ չյանձնուեցան. փոխարէն, հնազանդութեամբ իրենց նշանակումը կատարեցին եւ համբերեցին մինչեւ որ իրենց գործը վերջ գտաւ, թերեւս Ջրհեղեղին ժամանակ՝ աւելի քան 1600 տարի ետք։

13. Յոբ ինչպէ՞ս կրցաւ իր փորձութիւններուն համբերել։

13 Հաւատարիմ Յոբ։ Եթէ բարեկամ մը կամ ընտանիքի անդամ մը նեղացուցիչ խօսք մը ըսելով սիրտդ ցաւցուց, կամ լուրջ հիւանդութեամբ մը բռնուած ես, կամ ալ սիրելի մը կորսնցնելուն ցաւը կը զգաս, կրնաս Յոբին օրինակէն մխիթարուիլ (Յոբ 1։18, 19. 2։7, 9. 19։1-3)։ Ան չյանձնուեցաւ, հակառակ որ չէր գիտեր իր տառապանքին պատճառը։ Ինչո՞ւ։ Ամէնէն առաջ՝ քանի որ «աստուածավախ» էր (Յոբ 1։1)։ Ան ուզեց թէ՛ լաւ օրերուն եւ թէ գէշ օրերուն մէջ Եհովան հաճեցնել։ Աւելին, Եհովան Յոբին օգնեց որ խոկայ այն հոյակապ բաներուն վրայ որ սուրբ հոգիով ստեղծած էր։ Ասիկա աւելի համոզեց զինք, որ Եհովան յարմար ժամանակին իր փորձութիւններուն վերջ պիտի դնէր (Յոբ 42։1, 2)։ Եւ ճիշդ այդպէս ալ եղաւ։ «Տէրը գերութենէ ազատեց Յոբը. . . նաեւ Տէրը Յոբին բոլոր ստացուածքին կրկնապատիկը տուաւ»։ Ան «ծերացած ու օրերը լեցուած մեռաւ» (Յոբ 42։10, 17

14. Ըստ Բ. Կորնթացիս 1։6–ին, Պօղոսին համբերելը ինչպէ՞ս ուրիշներուն օգնեց։

14 Պօղոս առաքեալ։ Խիստ հակառակութեան կամ նոյնիսկ հալածանքի տա՞կ ես։ Ժողովքի երէց կամ շրջանային տեսուչ ըլլալով ծանր պատասխանատուութիւններուդ համար ճնշուած կը զգա՞ս։ Պօղոսին օրինակին վրայ խոկա՛։ Ան շատ մը «արտաքին նեղութիւններ» քաշեց եւ միշտ եղբայրներուն վրայ մտահոգուած էր (Բ. Կոր. 11։23-29)։ Բայց ան բնա՛ւ չյանձնուեցաւ եւ իր օրինակը ուրիշները զօրացուց (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։6)։ Երբ նեղութեան ատեն համբերես, յիշէ թէ քու օրինակդ շատ հաւանաբար ուրիշները կը քաջալերէ որ համբերեն։

‘ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԳՈՐԾԸ’ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱ՞Յ ՄԷՋԴ

15, 16. ա) Յակոբոս 1։4–ը ի՞նչ գործի մասին կը խօսի։ բ) Օրինակներ տուր, թէ ինչպէ՛ս թոյլ կու տանք որ ‘համբերութիւնը իր կատարեալ գործը ունենայ’։

15 Յակոբոս առաքեալը ներշնչումով գրեց. «Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»։ Ի՞նչ գործի մասին կը խօսի հոս։ Համբերութիւնը մեզի կ’օգնէ որ «կատարեալ եւ ամբողջ [ըլլանք], եւ ոչինչ պակսի [մեզի]» (Յակ. 1։4, ԱԾ)։ Փորձութիւնները շատ անգամներ մէջտեղ կը հանեն մեր տկար կողմերը, մեր անձնաւորութեան այն գիծերը՝ որոնց վրայ պէտք է աշխատինք։ Եթէ այդ փորձութիւններուն համբերենք, մեր քրիստոնէական անձնաւորութիւնը աւելի կատարեալ կ’ըլլայ։ Օրինակ՝ կրնանք աւելի երկայնամիտ, գնահատող եւ կարեկցող դառնալ։

Երբ փորձութիւններուն համբերենք, մեր քրիստոնէական անձնաւորութիւնը աւելի կատարեալ կը դառնայ (տե՛ս պարբերութիւն 15, 16)

16 Քանի որ համբերութիւնը մեզ աւելի լաւ քրիստոնեաներ կը դարձնէ, աստուածաշնչական սկզբունքներուն մէջ զիջումներ մի՛ ըներ, պարզապէս որպէսզի փորձութիւններէն դուրս ելլես։ Օրինակ՝ անմաքուր մտածումներու դէմ կը պայքարի՞ս։ Մի՛ յանձնուիր, հապա՝ աղօթէ ու մերժէ այսպիսի ցանկութիւններ։ Այսպիսով ինքնազսպումդ պիտի զօրացնես։ Ընտանիքիդ անհաւատ մէկ անդամը քեզի կը հակառակի՞։ Փոխանակ ճնշումին տակ տեղի տալու, միտքդ դիր որ պիտի շարունակես ամբողջ սրտով Եհովային ծառայել։ Այսպիսով Եհովային աւելի պիտի վստահիս։ Մի՛ մոռնար. պէտք է համբերենք, որպէսզի Եհովան մեզի հաճի (Հռով. 5։3-5. Յակ. 1։12

17, 18. ա) Բացատրէ թէ որքա՛ն կարեւոր է որ մինչեւ վերջը համբերենք։ բ) Մինչ վերջին աւելի կը մօտենանք, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

17 Պէտք է համբերենք մինչեւ վերջը, եւ ոչ թէ միայն ժամանակ մը։ Բացատրելու համար, երեւակայէ նաւ մը որ կը սկսի ընկղմիլ։ Ազատելու համար, ճամբորդները պէտք է դէպի ծովեզերք լողան։ Այն անձը, որ ծովեզերք չհասնելէն միայն քանի մը մեթր առաջ կը յանձնուի, եւ այն անձը, որ անկէ շա՜տ առաջ կը յանձնուի, նոյն բանին պիտի հանդիպին. պիտի խեղդուին։ Նմանապէս, մենք միտքերնիս դրած ենք, թէ մինչեւ որ նոր աշխարհը հասնինք՝ պիտի համբերենք։ Մեր կեանքը համբերելէն ու տոկալէն կախեալ է։ Պօղոս առաքեալին կեցուածքը ունենանք, որ ըսաւ՝ «չենք ձանձրանար» եւ «չենք վհատիր» (Բ. Կոր. 4։1, 16

18 Մենք Պօղոսին պէս շատ վստահ ենք, որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ մինչեւ վերջը համբերենք։ Ան գրեց. «Այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։ Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է» (Հռով. 8։37-39)։ Ճիշդ է որ ատեններ պիտի յոգնինք։ Բայց թող որ մինչեւ վերջը համբերենք, որպէսզի մեր մասին ըսուի՝ ինչ որ Գեդէօնին եւ իր մարդոց համար ըսուեցաւ. «Անոնք շարունակեցին հետապնդել» (Դատ. 8։4, ՆԱ

^ [1] (պարբերութիւն 11) Նաեւ պիտի քաջալերուիս կարդալով՝ Աստուծոյ այժմու ծառաներուն համբերութեան մասին։ Օրինակ՝ 1992–ի, 1999–ի եւ 2008–ի Տարեգիրք–երուն մէջ գրուած են Եթովպիայի, Մալաուիի եւ Ռուսիոյ մէջ մեր եղբայրներուն՝ հաւատք զօրացնող փորձառութիւններուն մասին (անգլերէն)։

^ [2] (պարբերութիւն 12) Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ քանի՛ քերովբէներ նշանակուած էին այս գործին։