Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատարիմ ըլլալը կ’առաջնորդէ Աստուծոյ հաճութեան

Հաւատարիմ ըլլալը կ’առաջնորդէ Աստուծոյ հաճութեան

«Նմանեցէք անոնց՝ որոնք հաւատքով եւ համբերութեամբ կը փորձեն Աստուծոյ խոստումը ժառանգել» (ԵԲ. 6։12, ՆԹ

ԵՐԳԵՐ. 86, 54

1, 2. Յեփթայէ եւ իր աղջիկը ի՞նչ դժուար հարց մը ունեցան։

ՊԷՏՔ չկայ այլեւս սպասելու։ Երբ երիտասարդուհին կը տեսնէ թէ իր հայրը ողջ–առողջ վերադարձաւ պատերազմէն, քէֆ ընելով կը վազէ որ զինք դիմաւորէ, քանի որ մեծ յաղթանակ տարած է։ Սակայն հայրը փոխանակ իրեն հետ երգելու եւ պարելու, իր լաթերը կը պատռէ եւ կ’ըսէ. «Ո՜հ, աղջի՛կս, դուն զիս բոլորովին նկուն ըրիր»։ Ետքը ան կ’ըսէ բան մը, որ աղջկան կեանքը բոլորովին կը փոխէ, եւ ջուրը կը նետէ անոր երազները եւ յոյսը որ բնական կեանք մը ունենայ։ Բայց աղջիկը անմիջապէս գեղեցիկ պատասխան մը կու տայ, իր հայրը քաջալերելով որ Եհովային տուած իր խօսքը կատարէ։ Իր խօսքերը կը ցուցնեն իր մեծ հաւատքը։ Ան վստահ է որ Եհովան ի՛նչ որ ալ խնդրէ, իր լաւագոյն շահին համար է (Դատ. 11։34-37)։ Իր հայրը կը պարծենայ իրմով, քանի որ իր յօժարակամ ըլլալը Եհովան կ’ուրախացնէ։

2 Յեփթայէ եւ իր աստուածավախ աղջիկը վստահեցան հարցերը ձեռք առնելու Եհովային կերպին, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելը իրենց համար դժուար էր։ Անոնք համոզուած էին թէ կ’արժէ որեւէ զոհողութիւն ընել Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալու համար։

3. Յեփթայէի եւ իր աղջկան օրինակը ինչո՞ւ կրնայ օգտակար ըլլալ մեզի։

3 Գիտենք որ միշտ դիւրին չէ Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Իրականութիւնը այն է՝ որ պէտք է ‘պայքարինք հաւատքին համար’ (Յուդա 3, ԱԾ)։ Այս բանին մէջ մեզի կ’օգնէ նկատի առնելը, թէ Յեփթայէ եւ իր աղջիկը ինչպէ՛ս գլուխ ելան դժուարութիւններու հետ։ Անոնք ինչպէ՞ս հաւատարիմ մնացին Եհովային։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱԼ՝ ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

4, 5. ա) Երբ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտան, Եհովան իրենց ի՞նչ հրամայեց։ բ) Ըստ 106–րդ սաղմոսին, իսրայէլացիներուն անհնազանդութեան պատճառով ի՞նչ պատահեցաւ իրենց։

4 Յեփթայէ եւ իր աղջիկը ամէն օր կրնային իրենց աչքովը տեսնել, թէ ի՛նչ են Եհովային անհաւատարիմ ըլլալու հետեւանքները։ Գրեթէ 300 տարի առաջ, Եհովան իսրայէլացիներուն հրամայած էր որ Աւետեաց երկրին մէջ բոլոր հեթանոս բնակիչները մեռցնեն (Բ. Օր. 7։1-4)։ Իսրայէլացիներէն շատեր չհնազանդեցան եւ քանանացիներուն մեղաւոր ճամբաներուն հետեւեցան, եւ այսպիսով սկսան չաստուածներ պաշտել եւ անբարոյ կեանք վարել (կարդա՛ Սաղմոս 106։34-39

5 Այդ անհնազանդութեան պատճառաւ իսրայէլացիները Աստուծոյ հաճութիւնը եւ պաշտպանութիւնը կորսնցուցին (Դատ. 2։1-3, 11-15. Սաղ. 106։40-43)։ Այդ դժուար տարիներուն ընթացքին, աստուածավախ ընտանիքներուն համար որքա՜ն դժուար ըլլալու էր հաւատարիմ մնալ Եհովային։ Սակայն Աստուածաշունչը կը ցուցնէ թէ հաւատարիմ մարդիկ կայի՛ն, ինչպէս՝ Յեփթայէ եւ իր աղջիկը, նաեւ Եղկանան, Աննան ու Սամուէլ, որոնք իրենց միտքը դրած էին Աստուած ուրախացնել (Ա. Թագ. 1։20-28. 2։26

6. Ներկայիս աշխարհին մէջ ի՞նչ ազդեցութիւններ կան, եւ մենք ի՞նչ պէտք է ընենք։

6 Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ քանանացիներուն պէս կը մտածեն ու կը գործեն։ Անոնց կեանքը սեռային յարաբերութեան, բռնութեան եւ դրամին շուրջ կը դառնայ։ Եհովան մեզի յստակ զգուշացումներ կու տայ։ Ան կ’ուզէ մեզ պաշտպանել, ճիշդ ինչպէս որ ուզեց իսրայէլացիները պաշտպանել գէշ ազդեցութիւններէն։ Իսրայէլացիներուն սխալներէն պիտի սորվի՞նք (Ա. Կոր. 10։6-11)։ Պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք, որպէսզի աշխարհի մտածելակերպէն հեռու մնանք (Հռով. 12։2)։ Այս ուղղութեամբ ջանք թափա՞ծ ենք։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱԼ՝ ՀԱԿԱՌԱԿ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

7. ա) Յեփթայէի ժողովուրդը իրեն ի՞նչ ըրաւ։ բ) Յեփթայէ ինչպէ՞ս վարուեցաւ։

7 Յեփթայէի օրերուն, իսրայէլացիները գերի դարձան փղշտացիներուն եւ ամմոնացիներուն, քանի որ Եհովային չհնազանդեցան (Դատ. 10։7, 8)։ Սակայն Յեփթայէ ոչ միայն թշնամի ազգերէ դժուարութիւններ քաշեց, այլեւ՝ իր եղբայրներէն եւ իսրայէլի առաջնորդներէն։ Որովհետեւ անոնք կը նախանձէին եւ կ’ատէին Յեփթայէն, անարդարութեամբ վարուեցան իրեն հետ եւ զինք ստիպեցին որ երկրէն հեռանայ, եւ այսպիսով զինք զրկեցին այն ժառանգութենէն, որ որպէս անդրանիկ իր իրաւունքն էր (Դատ. 11։1-3)։ Յեփթայէ թոյլ չտուաւ որ իրենց այս անգութ վարուելակերպը իր կեցուածքին վրայ ազդէ։ Երբ ազգին ծերերը իրեն աղաչեցին որ իրենց օգնէ, ան օգնութեան վազեց (Դատ. 11։4-11)։ Ի՞նչ բան թերեւս Յեփթայէն մղեց որ հոգեւոր անձի պէս վարուի։

8, 9. ա) Մովսիսական օրէնքին ո՞ր սկզբունքները թերեւս Յեփթայէին օգնեցին։ բ) Յեփթայէի համար ամէնէն կարեւոր բանը ի՞նչ էր։

8 Յեփթայէ հզօր ռազմիկ մըն էր եւ իսրայէլին պատմութիւնն ու Մովսիսական օրէնքը շատ լաւ գիտէր։ Իր ժողովուրդին հետ Եհովային վարուած կերպը Յեփթայէի սորվեցուց, թէ Եհովային աչքին ի՛նչ բան ճիշդ էր եւ ի՛նչ բան սխալ (Դատ. 11։12-27)։ Աստուածային սկզբունքները անոր մտածելակերպին եւ սրտին ազդեցին։ Ան գիտէր թէ Եհովան ոխ պահելը կը մերժէր. փոխարէն, Ան կ’ուզէր որ իր ժողովուրդը զիրար սիրեն։ Օրէնքը նաեւ սորվեցուց որ անձ մը պէտք չէ ուրիշներուն պէտքերուն երես դարձնէ, նոյնիսկ եթէ զինք ‘կ’ատեն’ (կարդա՛ Ելից 23։5. Ղեւտացւոց 19։17, 18

9 Յովսէփին օրինակը շատ հաւանաբար օգնեց Յեփթայէի։ Ան գիտէր թէ Յովսէփ ինչպէ՛ս ողորմեցաւ իր եղբայրներուն, հակառակ անոր որ զինք «ատեցին» (Ծն. 37։4. 45։4, 5)։ Այսպիսի օրինակներու վրայ խոկալը կրնայ ըլլալ Յեփթայէի օգնեց, որ Եհովան հաճեցնող ձեւով մը վարուի։ Անկասկած իր եղբայրներուն ըրածները զինք խորապէս ցաւցուցին, բայց ան թոյլ պիտի չտար որ ատոնց պատճառաւ վազ անցնի Եհովային եւ Իր ժողովուրդին ծառայելէ (Դատ. 11։9)։ Յեփթայէի համար աւելի կարեւոր էր Եհովային անուան համար կռուիլը, քան՝ իր ունեցած անձնական բախումները։ Ան միտքը դրած էր Եհովային հաւատարիմ մնալ, եւ ասոր համար թէ՛ ինք եւ թէ ուրիշներ Եհովային օրհնութիւնը վայելեցին (Եբ. 11։32, 33

10. Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ տալ որ Աստուածաշունչի սկզբունքները մեզի օգնեն իբրեւ քրիստոնեաներ վարուելու։

10 Յեփթայէի օրինակէն պիտի սորվի՞նք։ Թերեւս կարգ մը եղբայրներ յուսախաբ ըրած են մեզ կամ լաւ կերպով չեն վարուած մեզի հետ։ Պէտք չէ թոյլ տանք որ այսպիսի դժուարութիւններու պատճառաւ ժողովներու չերթանք կամ Եհովային չծառայենք։ Թող որ Յեփթայէի օրինակին հետեւինք եւ Եհովային հնազանդինք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ, որ դժուար պարագաներու հետ գլուխ ելլենք եւ ուրիշներուն լաւ օրինակ ըլլանք (Հռով. 12։20, 21. Կող. 3։13

ՅՕԺԱՐԱԿԱՄ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԸ ՑՈՒՑՆԵՆ

11, 12. Յեփթայէ ի՞նչ ուխտ ըրաւ, եւ ատիկա ի՞նչ կը նշանակէր։

11 Յեփթայէ գիտէր որ իսրայէլացիները ամմոնացիներուն ձեռքէն ազատելու համար՝ Աստուծոյ օգնութեան պէտք ունէր։ Ան Եհովային խոստացաւ որ եթէ յաղթէ, երբ պատերազմէն տուն վերադառնայ, զինք դիմաւորելու ելլող առաջին անձը որպէս «ողջակէզ պիտի մատուցան[է]» (Դատ. 11։30, 31)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէր։

12 Յեփթայէ ըսել չէր ուզեր որ բառացիօրէն անձ մը պիտի զոհէր, քանի որ Եհովան կ’ատէ մարդ զոհելը (Բ. Օր. 18։9, 10)։ Մովսիսական օրէնքին մէջ, ողջակէզը ամբողջովին Եհովային կը նուիրուէր։ Ուստի Յեփթայէ ըսել կ’ուզէր որ այն անձը որ Եհովային պիտի նուիրէր, մինչեւ կեանքին վերջը խորանին մէջ պիտի ծառայէր։ Եհովան Յեփթայէի ըսածը ընդունեց եւ օգնեց որ յաղթէ (Դատ. 11։32, 33)։ Բայց ո՞վ պիտի ըլլար այն անհատը, որ որպէս «ողջակէզ» պիտի տրուէր։

13, 14. Դատաւորաց 11։35–ի մէջ Յեփթայէի խօսքը ի՞նչ կը յայտնէ անոր հաւատքին մասին։

13 Այս յօդուածին սկիզբը նշուած տեսարանը աչքիդ առջեւ բեր։ Երբ Յեփթայէ պատերազմէն կը վերադառնայ, առաջին անձը որ կ’ելլէ զինք դիմաւորելու, իր սիրելի աղջիկն է՝ իր միածին զաւակը։ Ահա ասիկա է փորձը։ Ան իր խօսքին տէրը պիտի ելլէ՞ եւ իր աղջիկը նուիրէ, որ մինչեւ կեանքին վերջը խորանին մէջ ծառայէ։

14 Այս անգամ ալ Աստուծոյ Օրէնքին սկզբունքները Յեփթայէի օգնած ըլլալու էին, որ ճիշդ որոշումը առնէ։ Թերեւս ան Ելից 23։19–ի խօսքը յիշեց, որ Աստուծոյ ժողովուրդին կ’ըսէր որ յօժարութեամբ իրենց լաւագոյնը տան Եհովային։ Օրէնքը նաեւ կ’ըսէր որ եթէ մէկը ուխտ մը ընէ, անպայման պէտք է զայն կատարէ. «Եթէ մարդ մը Տէրոջը ուխտ ընէ. . . իր խօսքը պարապ թող չհանէ, բոլոր իր բերնէն ելածին պէս թող ընէ» (Թուոց 30։2)։ Հաւատարիմ Աննային պէս, որ հաւանաբար իր ժամանակ ապրեցաւ, Յեփթայէ պէտք էր որ իր խօսքը կատարէր, հակառակ որ գիտէր թէ ատիկա ի՛նչ կը նշանակէր իր եւ իր աղջկան ապագային համար։ Ան ուրիշ զաւակ չունէր։ Իր աղջիկը իր միակ յոյսն էր, որ զաւակ բերելով իր անունը եւ ժառանգութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցէ Իսրայէլին մէջ (Դատ. 11։34)։ Ասով հանդերձ, Յեփթայէ հաւատարմօրէն ըսաւ. «Բերանս բացի Տէրոջը ու չեմ կրնար ետ դարձնել» (Դատ. 11։35)։ Ան սուղ գին վճարելով հաւատարիմ մնաց, եւ այսպիսով Աստուծոյ օրհնութիւնը շահեցաւ։ Դուն նոյն ընտրութիւնը կ’ընէի՞ր։

15. Մեզմէ շատեր ի՞նչ ուխտ ըրած են, եւ ինչպէ՞ս կրնանք փաստել որ հաւատարիմ ենք։

15 Երբ Եհովային նուիրուեցանք, ուխտ ըրինք որ ամէն գնով իր կամքը պիտի ընենք։ Գիտէինք որ այս խոստումին տէրը ըլլալու համար թերեւս ատեններ պէտք ունենանք զոհողութիւններ ընելու։ Բայց ի՞նչ կ’ընենք երբ մեզմէ խնդրուի ընել բաներ որ չենք սիրեր։ Երբ այսպիսի զոհողութիւններ ընենք եւ Եհովային ծառայելու համար մեր հանգիստը մէկ կողմ դնենք, մեր հաւատարիմ ըլլալը կը փաստենք։ Որքա՛ն ալ ցաւ պատճառող զոհողութիւններ ընենք, մեր ստացած օրհնութիւնները միշտ ատոնցմէ շատ աւելի են (Մաղ. 3։10)։ Լաւ, Յեփթայէի աղջիկը ի՞նչ ըրաւ։

Ինչպէ՞ս կրնանք Յեփթայէի եւ իր աղջկան հաւատքը ընդօրինակել (տե՛ս պարբերութիւն 16, 17)

16. Յեփթայէի աղջիկը իր հօր խոստումին նկատմամբ ի՞նչ ըրաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։

16 Յեփթայէի աղջիկին համար դիւրին չէր ընդունիլ իր հօր ուխտին հետեւանքները։ Իր պարագան տարբեր էր Աննային ուխտէն, որ իր տղան՝ Սամուէլը նուիրեց որ խորանին մէջ ծառայէ որպէս ուխտաւոր (Ա. Թագ. 1։11)։ Ուխտաւոր մը կրնար ամուսնանալ եւ ընտանիք կազմել։ Բայց Յեփթայէի աղջիկը լման «ողջակէզ» պիտի ըլլար, եւ այսպիսի ուրախութիւններ մէկ կողմ պիտի դնէր (Դատ. 11։37-40)։ Ան կրնար երկրին լաւագոյն տղամարդուն հետ ամուսնանալ, քանի որ իր հայրը Իսրայէլի մէջ առաջնորդ էր։ Բայց այժմ խորանին մէջ խոնարհ ծառայ մը պիտի ըլլար։ Երիտասարդուհին ի՞նչ ըրաւ։ Ան ցուցուց թէ Եհովային ծառայութիւնը առաջին տեղը դրած էր, ըսելով. «Ո՛վ հայր իմ, եթէ բերանդ Տէրոջը բացիր, բերնէդ ելածը ըրէ ինծի» (Դատ. 11։36)։ Եհովային ծառայելու համար ան զոհեց ամուսնանալու եւ զաւակ ունենալու իր փափաքները։ Ինչպէ՞ս կրնանք իր անձնազոհ ոգին ընդօրինակել։

17. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք Յեփթայէի եւ իր աղջկան հաւատքը ընդօրինակել։ բ) Եբրայեցիս 6։10-12–ի խօսքերը ինչպէ՞ս կը քաջալերեն քեզ որ անձնազոհ ըլլաս։

17 Հազարաւոր երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ յօժարութեամբ կը զոհեն ամուսնութիւնը եւ պզտիկ ունենալը, առնուազն հիմակուհիմա, որպէսզի կեդրոնանան Եհովային աւելի ծառայելուն վրայ։ Տարիքով աւելի մեծերէն շատեր ալ կը զոհեն այն ժամանակը, որ կրնան իրենց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն հետ անցընել, որպէսզի աշխատին շինարարական գործերու մէջ կամ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը երթան եւ ծառայեն հոն՝ ուր քարոզիչներու աւելի կարիք կայ։ Ուրիշներ իրենց անձնական բաները մէկ կողմ կը դնեն, որպէսզի Յիշատակատօնի շրջանին քարոզելու արշաւին մասնակցին։ Եհովան մեծապէս կ’ուրախանայ այսպիսի սրտանց ծառայութեամբ, եւ ան բնա՛ւ չի մոռնար անոնց ըրածը եւ սէրը (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։10-12)։ Դուն ալ կրնա՞ս զոհողութիւններ ընել, որպէսզի Եհովային աւելի ծառայես։

ՔԱՂԵԼԻՔ ԴԱՍԵՐ

18, 19. Յեփթայէէն եւ իր աղջիկէն ի՞նչ սորվեցանք, եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոնց նմանիլ։

18 Հակառակ որ Յեփթայէի կեանքը դժուարութիւններով լեցուն էր, ան Եհովային մտածելակերպը ունենալով՝ կեանքին մէջ ընտրութիւններ ըրաւ։ Ան իր չորս կողմի գէշ ազդեցութիւններէն հեռացաւ եւ Եհովային հաւատարիմ մնաց, նոյնիսկ երբ մարդոցմէ յուսախաբ եղաւ։ Իր եւ իր աղջկան ըրած յօժարակամ զոհողութիւնները օրհնութիւններ բերին, քանի որ Եհովան զիրենք գործածեց որ մաքուր պաշտամունքը յառաջ մղէ։ Յեփթայէի ժամանակ մարդիկ Եհովային չափանիշներուն չէին հետեւեր, բայց ան եւ իր աղջիկը անոնց կառչեցան։

19 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Նմանեցէք անոնց՝ որոնք հաւատքով եւ համբերութեամբ կը փորձեն Աստուծոյ խոստումը ժառանգել» (Եբ. 6։12, ՆԹ)։ Թող որ Յեփթայէի եւ իր աղջկան պէս ըլլանք, գիտնալով որ երբ հաւատարիմ մնանք, Եհովան մեզ պիտի օրհնէ։