Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր ժողովները ինչո՞ւ կարեւոր են

Մեր ժողովները ինչո՞ւ կարեւոր են

«Անոնք կը շարունակէին. . . իրարու հետ ընկերակցիլ» (ԳՈՐԾՔ 2։42, ՆԱ

ԵՐԳԵՐ. 20, 119

1-3. ա) Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ցուցուցած են որ անհամբեր կ’ուզեն իրարու հետ հաւաքուիլ (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

ԵՐԲ Գորինան միայն 17 տարեկան էր, իր մայրը ձերբակալուեցաւ եւ սովետական տաժանակրութեան ճամբար մը ղրկուեցաւ։ Ետքը, Գորինան ինք ղրկուեցաւ Սիպերիա, որ իր տունէն հազարաւոր քիլոմեթրներ անդին էր։ Հոն, անոր հետ ստրուկի մը պէս կը վարուէին, եւ ատեններ կը ստիպէին որ շատ պաղ օդին՝ դուրսը աշխատի առանց լաւ հագուած ըլլալու։ Հակառակ այս դժուար պայմաններուն, Գորինան եւ ուրիշ քոյր մը մտքերնին դրած էին որ ժողովի մը ներկայ ըլլան։

2 Ան կը պատմէ. «Իրիկունը, մեր գործը ձգեցինք եւ քալելով գացինք շոգեկառքի կայան մը, որ 25 քիլոմեթր անդին էր։ Շոգեկառքը առտուան ժամը երկուքին ճամբայ ելաւ եւ վեց ժամ քշեց։ Ետքը, 10 քիլոմեթր քալեցինք եւ հասանք ժողովի վայրը»։ Կ’արժէ՞ր այսքան ճամբորդութիւն ընել։ Գորինան կ’ըսէ. «Ժողովին, Դիտարան–ը սերտեցինք եւ Թագաւորութեան երգեր երգեցինք։ Շատ շինիչ եւ հաւատք զօրացնող փորձառութիւն մըն էր մեզի համար»։ Ագարակին պատասխանատուն նոյնիսկ չզգաց որ Գորինան եւ իր ընկերակիցը բացակայ էին, հակառակ որ երեք օր գործի չեկան։

3 Եհովային ծառաները միշտ անհամբեր սպասած են որ միասին հաւաքուին։ Քրիստոնէական ժողովքը կազմուելէն անմիջապէս ետք, Յիսուսի հետեւորդները սկսան «իրարու հետ ընկերակցիլ» (Գործք 2։42, ՆԱ)։ Շատ հաւանաբար դուն ալ իրենց պէս կ’ուզես կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ ըլլալ։ Սակայն բոլոր քրիստոնեաները իրենց առջեւ դժուարութիւններ ունին։ Ատեններ դիւրին չէ որ ժողովի երթանք, քանի որ կ’աշխատինք, շատ զբաղած կամ յոգնած կ’ըլլանք։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ մեր ամէն կարելին ընենք որ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ ըլլանք [1]։ Աստուածաշունչի մեր աշակերտներուն եւ ուրիշներուն ինչպէ՞ս կրնանք օգնել որ տեսնեն թէ ժողովներու երթալը կարեւոր է։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք ութ պատճառ որ ժողովի երթանք։ Այդ պատճառները կրնանք երեք մասի բաժնել. դո՛ւն ինչպէս կ’ազդուիս, ուրիշնե՛ր ինչպէս կ’ազդուին եւ Եհովա՛ն ինչպէս կ’ազդուի [2]։

ՄԵ՛ՆՔ ԻՆՉՊԷՍ Կ’ԱԶԴՈՒԻՆՔ

4. Իրարու հետ հաւաքուիլը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ Եհովայի մասին սորվինք։

4 Ժողովները մեզի գիտելիքներ կու տան։ Ամէն ժողով մեզի կ’օգնէ որ մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի մասին սորվինք։ Օրինակ, վերջերս ժողովքներուն մեծամասնութիւնը սերտեց Եհովայի մօտեցիր գիրքը՝ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Եհովայի հանդէպ եղբայրներուն սէրը չաւելցա՞ւ, երբ Աստուծոյ յատկութիւնները սերտեցին եւ ներկաներուն սրտաբուխ պատասխանները լսեցին։ Նաեւ Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ կը գիտնանք, երբ ուշի–ուշով մտիկ կ’ընենք դասախօսութիւնները, ցուցադրութիւնները եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնները (Նէ. 8։8)։ Պահ մը մտածէ այն հոգեւոր գանձերուն մասին, որ ամէն շաբաթ կը գտնես մինչ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան աչքառու կէտերը կը պատրաստես եւ ժողովի ատեն կը լսես։

5. Ժողովները ինչպէ՞ս քեզի օգնած են, որ Աստուածաշունչէն սորվածներդ կիրարկես եւ աւելի լաւ կերպով քարոզես։

5 Ժողովները մեզի կը սորվեցնեն, որ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործածենք (Ա. Թես. 4։9, 10)։ Օրինակ՝ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը կու տայ ի՛նչ որ Աստուծոյ ծառաները պէտք ունին։ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւն մը քեզ մղա՞ծ է որ նպատակակէտերդ աչքէ անցընես, եղբօր մը կամ քրոջ մը ներես կամ աղօթքներուդ որակը բարելաւես։ Միջշաբաթային ժողովը մեզ ծառայութեան կը պատրաստէ։ Կը սորվինք ինչպէ՛ս բարի լուրը քարոզել եւ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի սկզբունքները ազդուօրէն ուսուցանել (Մատ. 28։19, 20

6. Ժողովները ինչպէ՞ս կը քաջալերեն մեզ եւ կ’օգնեն որ զօրաւոր մնանք։

6 Ժողովները մեզ կը քաջալերեն։ Սատանային աշխարհը կրնայ մեզ տկարացնել մտային, զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ։ Անդին՝ ժողովները կը քաջալերեն եւ կը զօրացնեն մեզ (կարդա՛ Գործք 15։30-32)։ Շատ անգամներ, ժողովի ընթացքին նկատի կ’առնենք թէ մարգարէութիւնները ինչպէ՛ս կատարուած են։ Ասիկա մեզ ա՛լ աւելի կը համոզէ, թէ ի՛նչ որ Եհովան կը խոստանայ ապագային նկատմամբ՝ պիտի իրականանայ։ Անշուշտ, միայն ամպիոնէն խօսողները չեն որ կը քաջալերեն մեզ. հապա այն եղբայրներն ու քոյրերն ալ որ պատասխան կու տան եւ սրտանց կ’երգեն (Ա. Կոր. 14։26)։ Եւ երբ ժողովներէն առաջ կամ վերջ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ կը խօսինք, ոյժ կ’առնենք եւ կապուած կը զգանք իրենց (Ա. Կոր. 16։17, 18

7. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ ժողովի երթանք։

7 Ժողովները սուրբ հոգիին ազդեցութեան տակ կը բերեն մեզ։ Յիսուս ըսաւ. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն» (Յայտ. 2։7)։ Յիսուս սուրբ հոգիին միջոցաւ կ’առաջնորդէ ժողովքները։ Մենք սուրբ հոգիին օգնութեան պէտք ունինք, որպէսզի փորձութեան դէմ դնենք, համարձակութեամբ քարոզենք եւ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Լաւ, պէտք չէ՞ մեր ամէն կարելին ընենք, որ ժողովներուն ներկայ ըլլալով Աստուծոյ սուրբ հոգին ստանանք։

ԻՆՉՊԷՍ ՈՒՐԻՇՆԵ՛Ր Կ’ԱԶԴՈՒԻՆ

8. Երբ եղբայրները ժողովին մեզ տեսնեն եւ մեր պատասխանները ու երգելը լսեն, ասիկա ինչպէ՞ս կ’օգնէ իրենց (նաեւ տե՛ս «Միշտ աւելի հանգիստ տուն կ’երթայ» շրջանակը)։

8 Ժողովները առիթներ են, որ մեր եղբայրներուն ցուցնենք թէ զիրենք կը սիրենք։ Խորապէս մտածէ թէ կարգ մը եղբայրներ եւ քոյրեր ի՛նչ դժուարութիւններէ կ’անցնին։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Իրարու հոգ տանինք»։ Ապա ան բացատրեց թէ իրարու հոգ կը տանինք, երբ ‘մէկտեղ հաւաքուիլը չենք թողուր’ (Եբ. 10։24, 25)։ Ժողովներու երթալով կը յայտնես թէ եղբայրներդ արժանի են քու ժամանակիդ եւ հոգատարութեանդ։ Ասկէ զատ, եղբայրները կը քաջալերուին քու սրտագին պատասխաններովդ եւ երգելովդ (Կող. 3։16

9, 10. ա) Բացատրէ թէ Յովհաննէս 10։16–ի Յիսուսի խօսքերը ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնեն հասկնալու, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ մեր եղբայրներուն հետ ժողվուինք։ բ) Եթէ կանոնաւորաբար ժողովներու կ’երթանք, ինչպէ՞ս կրնանք օգնել անձի մը որ իր ընտանիքին կողմէ մերժուած է։

9 Ժողովները ժողովքի անդամները իրարու կը միացնեն (կարդա՛ Յովհաննէս 10։16)։ Յիսուս ինքզինք հովիւի նմանցուց, եւ իր հետեւորդները՝ ոչխարներու հօտի։ Պահ մը մտածէ. եթէ երկու ոչխարներ բլուրի մը վրայ են, երկու ոչխարներ ձորի մը մէջ են, եւ ոչխար մը դաշտը կը պտըտի, կրնա՞նք այս հինգ ոչխարները մէկ հօտ նկատել։ Ընդհանրապէս, հօտին ոչխարները միասին կը մնան եւ հովիւին կը հետեւին։ Նմանապէս, չենք կրնար մեր Հովիւին հետեւիլ, եթէ դիտմամբ ժողովներու չգանք եւ եղբայրներէն հեռու մնանք։ Պէտք է հաւատակիցներուն հետ մէկտեղ հաւաքուինք, որպէսզի ըլլանք «մէկ հօտ» եւ հետեւինք «մէկ հովիւ»ի։

10 Ժողովները մեզի կ’օգնեն որ սիրալիր ընտանիքի մը պէս միացած ըլլանք (Սաղ. 133։1)։ Ժողովքին մէջ ոմանք իրենց ընտանիքի անդամներուն կողմէ մերժուած են։ Բայց Յիսուս խոստացաւ որ այսպիսի անհատներու պիտի տայ հոգեւոր ընտանիք մը, որ զիրենք պիտի սիրէ եւ հոգ տանի (Մար. 10։29, 30)։ Եթէ կանոնաւորաբար գաս ժողովներուն, կրնաս այսպիսի անհատներու համար ըլլալ հայր մը, մայր մը, եղբայր մը կամ քոյրիկ մը։ Ասիկա մեզ չի՞ մղեր, որ մեր լաւագոյնը ընենք՝ բոլոր ժողովներուն ներկայ ըլլալու համար։

ԵՀՈՎԱ՛Ն ԻՆՉՊԷՍ Կ’ԱԶԴՈՒԻ

11. Ժողովներու երթալը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ Եհովային տանք այն ի՛նչ որ արժանի է ստանալու։

11 Ժողովներուն ներկայ գտնուելով Եհովային կու տանք այն ի՛նչ որ արժանի է ստանալու։ Որովհետեւ Եհովան մեր Ստեղծիչն է, ան արժանի է փառաբանութեան, փառքի, շնորհակալութեան եւ պատիւի (կարդա՛ Յայտնութիւն 7։12)։ Երբ ժողովներուն ընթացքին կ’աղօթենք, կ’երգենք եւ Եհովայի մասին կը խօսինք, իրեն կը մատուցանենք մեր պաշտամունքը,– բան մը որ ինք մեծապէս արժանի է ստանալու։

12. Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ իր պատուէրին հնազանդելով ժողովներու երթանք։

12 Եհովան նաեւ մեր հնազանդութեան արժանի է։ Ան մեզի պատուիրած է որ շարունակենք միասին հաւաքուիլ, մանաւանդ այս վերջին օրերուն մէջ։ Եհովան կ’ուրախանայ երբ այս պատուէրին հնազանդինք (Ա. Յովհ. 3։22)։ Ան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ այն ջանքը որ կը թափենք բոլոր ժողովներուն ներկայ ըլլալու (Եբ. 6։10

13, 14. Ժողովներուն մէջ ինչպէ՞ս Եհովային եւ Յիսուսին կը մօտենանք։

13 Երբ ժողովներու կ’երթանք, Եհովային կը ցուցնենք թէ կ’ուզենք իրեն եւ իր Որդիին մօտենալ։ Ժողովներուն մէջ, «Մեծ Ուսուցիչ»ը մեզ կ’առաջնորդէ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ (Եսա. 30։20, 21, ՆԱ)։ Նոյնիսկ մեր ժողովներուն եկող անհաւատները կրնան անդրադառնալ, թէ «իրաւցնէ Աստուած [մեր] մէջ է» (Ա. Կոր. 14։23-25)։ Եհովան իր սուրբ հոգիով կ’օրհնէ ժողովները եւ հոն մեր ստացած գիտելիքները իրմէ կու գան։ Ուստի ժողովներուն մէջ Եհովային ձայնը մտիկ կ’ընենք եւ կը զգանք թէ սիրալիրօրէն մեզ կը հոգայ։ Այսպիսով իրեն կը մօտենանք։

14 Յիսուս ըսաւ. «Ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ» (Մատ. 18։20)։ Սկզբունքով, Յիսուսին ըսածը կը կիրարկուի մեր ժողովներուն։ Յիսուս Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքներուն «միջեւ կը պտըտի», քանի որ ժողովքին Գլուխն է (Յայտ. 1։20–2։1)։ Պահ մը մտածէ. ժողովներուն մէջ, Եհովան եւ Յիսուսը մեզի հետ են եւ մեզ կը զօրացնեն։ Քու կարծիքովդ, Եհովան ի՞նչ կը զգայ երբ տեսնէ թէ ամէն կարելիդ կ’ընես, որպէսզի իրեն եւ իր Որդիին մօտենաս։

15. Ժողովներու ներկայ գտնուիլը ինչպէ՞ս Եհովային ցոյց կու տայ թէ կ’ուզենք իրեն հնազանդիլ։

15 Երբ ժողովներուն ներկայ գտնուինք, Եհովային կը ցուցնենք թէ կ’ուզենք իրեն հնազանդիլ։ Թէեւ Եհովան մեզի կը պատուիրէ որ ժողովներու երթանք, բայց մեզ չի ստիպեր (Եսա. 43։23)։ Ուստի մեզի կ’իյնայ Եհովային ցուցնել որ խորապէս կը սիրենք զինք եւ կը հաւատանք որ ինք իրաւունք ունի մեզի ըսելու թէ ի՛նչ ընենք (Հռով. 6։17)։ Օրինակ՝ թերեւս մեր գործատէրը մեզ ստիպէ որ կանոնաւորաբար ժողովներու չերթանք, որպէսզի աշխատինք։ Կրնայ ըլլալ որ կառավարութիւնը մեզի հակառակելով ըսէ, թէ եթէ ժողվուինք Եհովան պաշտելու համար, տուրք պիտի վճարենք, պիտի բանտարկուինք կամ աւելի գէշ պատիժ մը պիտի առնենք։ Կամ թերեւս ժողովի երթալու տեղ՝ ժամանցի ժամանակ տալու փորձութեան առջեւ ըլլանք։ Բոլոր այս պարագաներուն մէջ առջեւնիս ընտրութիւն մը կայ. որո՞ւն պիտի ծառայենք (Գործք 5։29)։ Ամէն անգամ որ ընտրենք Եհովային հնազանդիլ, իր սիրտը կ’ուրախացնենք (Առ. 27։11

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷՔ ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ԸՆԿԵՐԱԿՑԻԼ

16, 17. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ առաջին դարու քրիստոնեաներուն համար ժողովները շատ կարեւոր էին։ բ) Եղբայր Ճորճ Կանկըս ինչպէ՞ս կը զգար ժողովներուն հանդէպ։

16 Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, քրիստոնեաները կանոնաւորաբար իրարու հետ ժողվուեցան, որպէսզի Եհովան պաշտեն։ «Անոնք կը շարունակէին առաքեալներէն սորվիլ ու իրարու հետ ընկերակցիլ» (Գործք 2։42, ՆԱ)։ Երբ հռոմէական կառավարութիւնը եւ հրեայ կրօնական առաջնորդները հալածեցին քրիստոնեաները, անոնք շարունակեցին ժողովներու երթալ, հակառակ որ ասիկա դիւրին չէր։

17 Ներկայիս ալ Եհովայի ծառաները շատ կը գնահատեն ժողովները եւ հաճոյքով ներկայ կ’ըլլան։ Ճորճ Կանկըս, որ աւելի քան 22 տարի Կառավարիչ մարմինին մէկ անդամն էր, ըսաւ. «Ինծի համար, եղբայրներուն հետ հաւաքուիլը կեանքիս մեծագոյն հաճոյքներէն մէկն է եւ քաջալերութեան աղբիւր մըն է։ Եթէ կարելի ըլլայ, կը սիրեմ Թագաւորութեան սրահ առաջին հասնողներէն եւ վերջին մեկնողներէն ըլլալ։ Երբ Աստուծոյ ծառաներուն հետ կը խօսիմ, ներքին ուրախութիւն մը կը զգամ։ Երբ անոնց հետ ըլլամ, կը զգամ թէ ընտանիքիս հետ եմ, հոգեւոր դրախտի մը մէջ»։ Ան աւելցուց. «Ճիշդ ինչպէս որ կողմնացոյցը միշտ դէպի հիւսիս կը ցուցնէ, այնպէս իմ ներքին մտածումս եւ փափաքս է որ ժողովներու երթամ»։

18. Ժողովներուն հանդէպ ի՞նչ կը զգաս, եւ ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Ժողովներուն հանդէպ նոյն բանը կը զգա՞ս։ Եթէ այո՛, շարունակէ ամէն կարելիդ ընել, որպէսզի ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիս։ Այսպիսով կը ցուցնես, թէ Դաւիթ թագաւորին պէս կը զգաս, որ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, սիրեցի քու տանդ բնակութիւնը» (Սաղ. 26։8

^ [1] (պարբերութիւն 3) Կարգ մը եղբայրներ կարողութիւն չունին կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ ըլլալու, կամքէ անկախ պատճառներով, ինչպէս՝ լուրջ հիւանդութիւն մը։ Անոնք կրնան վստահ ըլլալ որ Եհովան կը հասկնայ իրենց պարագան եւ մեծապէս կը գնահատէ իրենց ջանքերը որ զինք պաշտեն։ Երէցները կրնան այսպիսի անհատներու օգնել որ օգտուին հոգեւոր յայտագիրներէ։ Օրինակ՝ երէցները կրնան կարգադրել որ անոնք ժողովները մտիկ ընեն հեռաձայնի միջոցով կամ ձայնագրութիւններով։

^ [2] (պարբերութիւն 3) Տե՛ս «Ժողովներու երթալու պատճառներ» շրջանակը։