Ամէն հոգդ Եհովային վրայ ձգէ
«Ձեր ամէն հոգը [Եհովային] վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. ՊԵՏ. 5։7)։
1, 2. ա) Ինչո՞ւ մտահոգութիւններ կ’ունենանք (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ մեր կեանքը չափէ դուրս ճնշուած է։ Բանսարկու Սատանան շատ բարկացած է եւ «մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ» (Ա. Պետ. 5։8. Յայտ. 12։17)։ Ասոր համար, չենք զարմանար որ Աստուծոյ ծառաներն ալ ատեններ կը մտահոգուին։ Օրինակ՝ Դաւիթ թագաւորը որոշ առիթներով մտահոգ էր (Սաղ. 13։2)։ Նաեւ Պօղոս առաքեալ «բոլոր եկեղեցիներուն հոգը» ունէր (Բ. Կոր. 11։28)։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել երբ մտահոգութիւնները մեզ կը խեղդեն։
2 Անցեալին, մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը իր ծառաներուն օգնեց որ մտահոգութիւններէն հանգստանան, եւ ան կ’ուզէ որ ներկայիս ալ օգնէ մեզի։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ. «Ձեր ամէն հոգը [կամ մտահոգութիւնը] անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. Պետ. 5։7)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա ընել։ Նկատի պիտի առնենք չորս կերպեր. 1) սրտանց աղօթել, 2) Աստուծոյ Խօսքը կարդալ եւ ատոր վրայ խոկալ, 3) Եհովայէն սուրբ հոգին խնդրել եւ 4) վստահելի անհատի մը պատմել քու զգացումներդ։ Մինչ այս չորս կերպերը նկատի կ’առնենք, փորձէ տեսնել թէ ինչ գործնական քայլեր կրնաս առնել։
«ՔՈՒ ՀՈԳԴ ՏԷՐՈՋԸ ՎՐԱՅ ՁԳԷ՛»
3. Ինչպէ՞ս կրնաս ‘հոգդ Տէրոջը վրայ ձգել’։
3 Առաջին քայլն է՝ հոգդ Եհովային վրայ ձգել սրտագին աղօթքով։ Երբ նեղութիւններ, վախեր կամ մտահոգութիւններ ունենաս, սիրտդ բաց սիրալիր երկնաւոր Հօրդ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ Եհովային աղաչեց. «Ո՛վ Աստուած, ականջ դիր իմ աղօթքիս»։ Նոյն սաղմոսին մէջ ան նաեւ ըսաւ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ» (Սաղ. 55։1, 22)։ Խնդիր մը լուծելու համար ձեռքէդ եկածը ընելէն ետք, սրտանց աղօթելը աւելի պիտի օգնէ քեզի, քան՝ հոգ ընելը։ Բայց աղօթքը ինչպէ՞ս քեզի կ’օգնէ որ մտահոգութիւններուն մէջ չխեղդուիս (Սաղ. 94։18, 19)։
4. Աղօթելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է երբ մտահոգ ըլլանք։
4 Կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7։ Եհովան ի՞նչ կ’ընէ երբ յարատեւաբար եւ սրտանց աղօթենք։ Մեզի կու տայ ներքին հանգստութիւն, որ կրնայ գէշ մտածումներն ու զգացումները հեռացնել մեզմէ։ Շատեր այս հանգստութիւնը վայելած են։ Աստուած օգնած է որ մտահոգութեան տեղ անոնք ունենան ներքին խոր խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն։ Դուն ալ կրնաս նոյնը զգալ։ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» կրնայ քեզի օգնել որ որեւէ դժուարութեան հետ գլուխ ելլես։ Կրնաս լման վստահիլ Եհովայի խոստումին. «Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ» (Եսա. 41։10)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ՆԵՐՔԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ
5. Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս կրնայ ներքին խաղաղութիւն տալ քեզի։
5 Ներքին խաղաղութիւն ունենալու երկրորդ կերպն է՝ Սուրբ Գիրքը կարդալ եւ համարներուն վրայ խոկալ։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան գործնական եւ իմաստուն խրատներ մեր Ստեղծիչին կողմէ։ Բնաւ թեթեւի մի՛ առներ թէ Աստուծոյ Խօսքը որքա՜ն կրնայ օգնել եւ զօրացնել քեզ, երբ ամէն օր կարդաս եւ խորապէս մտածես ատոր վրայ։ Եհովան իր Խօսքը կարդալը կապեց ‘զօրանալուն ու քաջ ըլլալուն’ հետ, ինչպէս նաեւ՝ ‘չվախնալուն ու չզարհուրելուն’ հետ (Յես. 1։7-9)։
6. Յիսուսին խօսքերը ինչպէ՞ս կրնան քեզի ազդել։
6 Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը գտնենք Յիսուսի հանգստացուցիչ խօսքերը։ Անոր ըսածներն ու սորվեցուցածները կը թարմացնէին մարդիկը։ Մեծ խումբով մարդիկ իրեն մտիկ կ’ընէին, քանի որ կը հանգչեցնէր նեղութիւն ունեցողները, կը զօրացնէր տկարները եւ կը մխիթարէր ընկճուածները (կարդա՛ Մատթէոս 11։28-30)։ Ան սիրալիրօրէն կը հետաքրքրուէր ուրիշին հոգեւոր, զգացական եւ ֆիզիքական պէտքերով (Մար. 6։30-32)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս խոստացաւ իրեն հետ ճամբորդող առաքեալներուն օգնել, ան մեզի ալ պիտի օգնէ։ Պէտք չունիս իրեն հետ ըլլալու որպէսզի օգտուիս։ Յիսուս մեր երկնաւոր Թագաւորը ըլլալով՝ տակաւին կը շարունակէ մեզի հետ զգալ։ Այս պատճառով, երբ մտահոգ ըլլաս, ան քու կողքիդ պիտի ըլլայ եւ ճիշդ ատենին քեզի օգնէ։ Յիսուս յոյս եւ քաջութիւն կու տայ, ինչ որ մեզի կ’օգնէ որ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլենք (Եբ. 2։17, 18. 4։16)։
ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ԼԱՒ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԶԱՐԳԱՑՆԷ
7. Երբ Աստուծմէ սուրբ հոգին խնդրես եւ ան տայ, ինչպէ՞ս պիտի օգտուիս։
7 Յիսուս խոստացաւ որ երբ մեր երկնաւոր Հօրմէն սուրբ հոգին խնդրենք, Ղուկ. 11։10-13)։ Հոգիին պտուղը երրորդ կերպն է որ քեզի կ’օգնէ մտահոգութիւններդ թեթեւցնելու։ Սուրբ հոգին, կամ Աստուծոյ գործօն ուժը, քեզի կ’օգնէ որ ամենակարող Աստուծոյ ունեցած յատկութիւնները զարգացնես մէջդ (կարդա՛ Գաղատացիս 5։22, 23. Կող. 3։10)։ Երբ այս լաւ յատկութիւնները զարգացնես, ուրիշներուն հետ աւելի լաւ փոխյարաբերութիւն պիտի ունենաս, եւ պիտի չիյնաս շատ մը պարագաներու մէջ՝ որոնք մտահոգութիւն կը պատճառեն։ Տեսնենք թէ հոգիին պտուղը ինչպէ՛ս պիտի օգնէ քեզի։
ան պիտի տայ մեզի (8-12. Սուրբ հոգիին պտուղը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել։
8 «Սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն»։ Երբ ուրիշներուն հետ յարգանքով վարուիս, պիտի տեսնես թէ մտահոգութիւնդ պիտի թեթեւնայ։ Ինչպէ՞ս։ Երբ կը սիրենք, կը գուրգուրանք եւ կը պատուենք ուրիշները, չենք իյնար պարագաներու մէջ, որոնք մեզ կը բարկացնեն, յուսախաբ կ’ընեն եւ կը ճնշեն մեր վրայ։ Այսպիսով աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն ունենանք (Հռով. 12։10)։
9 «Երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն»։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու» (Եփ. 4։32)։ Երբ այս խրատը մտիկ ընես, ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն պիտի ունենաս, եւ ինքզինքդ պիտի չգտնես մտահոգութիւն պատճառող պարագաներու մէջ։ Նաեւ աւելի դիւրին պիտի լուծես այն խնդիրները որ մեր անկատարութիւններուն պատճառով կը ծագին։
10 «Հաւատք» (ՆԱ)։ Ներկայիս շատ անգամներ կը մտահոգուինք դրամի եւ նիւթական բաներու նկատմամբ (Առ. 18։11)։ Կրնանք այս մտահոգութեան հետ գլուխ ելլել, եթէ մտիկ ընենք Պօղոս առաքեալի խրատը, որ ‘բաւական սեպենք որչափ բան որ ձեռքերնիս կայ’։ Պէտք է զօրաւոր հաւատք ունենանք որ Եհովան սիրալիրօրէն պիտի հոգայ մեզ։ Ան խոստացած է. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։ Պօղոսին պէս կրնանք համարձակութեամբ ըսել. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ» (Եբ. 13։5, 6)։
11 «Հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ Երբ հեզ ու ժուժկալ ըլլաս, գործնական կերպով որքա՜ն կ’օգտուիս։ Այս յատկութիւնները քեզի պիտի օգնեն որ չընես կամ չըսես բաներ, որոնք կրնան մտահոգութիւն պատճառել քեզի։ Ինչպէս նաեւ պիտի օգտուիս երբ մերժես «ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն» (Եփ. 4։31)։
12 Խոնարհութիւն պէտք է ունենաս, որպէսզի «Աստուծոյ հզօր ձեռքին» վստահիս եւ ‘ամէն հոգդ անոր վրայ ձգես’ (Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Խոնարհ անձը գիտէ ի՛նչ կրնայ ընել եւ ի՛նչ չի կրնար ընել։ Խոնարհ ըլլալով՝ Աստուծոյ պիտի վստահիս, փոխանակ դուն քեզի վստահելու (Միք. 6։8)։ Իսկ երբ Աստուծոյ սէրն ու օգնութիւնը տեսնես, մտահոգութիւնները պիտի չկրնան քեզ խեղդել։
ԲՆԱՒ «ՀՈԳ ՄԻ՛ ԸՆԷՔ»
13. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք»։
13 Մատթէոս 6։34–ի մէջ (կարդա՛) կը գտնենք Յիսուսի այս իմաստուն խրատը. «Հոգ մի՛ ընէք»։ Բայց թերեւս թուի թէ դժուար է որ այս խրատին հետեւինք։ Լաւ, ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Չի կրնար ըլլալ որ Յիսուս ըսել ուզեց թէ Եհովային ծառան բնա՛ւ պիտի չմտահոգուի։ Արդէն նկատի առինք որ Դաւիթ եւ Պօղոս որոշ առիթներով մտահոգուեցան։ Յիսուս իր աշակերտներուն կ’օգնէր որ հասկնան, թէ խնդիրները չեն լուծուիր անտեղի կամ չափազանց մտահոգուելով։ Իւրաքանչիւր օր ունի իր դժուարութիւնները։ Ուրեմն, քրիստոնեաները պէտք չէ անցեալի կամ ապագայի հոգերը աւելցնեն այսօրուան հոգերուն։ Յիսուսին խրատը ինչպէ՞ս կ’օգնէ քեզի որ չափազանց մտահոգութիւնը թեթեւցնես։
14. Եթէ անցեալդ մտահոգութիւն կը պատճառէ, ինչպէ՞ս կրնաս զայն թեթեւցնել։
14 Ատեններ, մէկու մը անցեալի սխալները մտահոգութիւն կը պատճառեն իրեն։ Ան կրնայ իր ըրածով չափազանց յանցաւոր զգալ, հակառակ որ տարիներ անցած են։ Դաւիթ թագաւոր երբեմն զգաց որ իր սխալները ‘իր գլուխէն վեր բարձրացան’։ Ան խոստովանեցաւ. «Սրտիս հեծութենէն մռնչեցի» (Սաղ. 38։3, 4, 8, 18)։ Դաւիթ այդ վիճակին մէջ ի՞նչ ըրաւ։ Ան վստահեցաւ Եհովային ողորմութեան եւ ներողամտութեան։ Ան համոզուած ըսաւ. «Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ» (կարդա՛ Սաղմոս 32։1-3, 5)։
15. ա) Ինչո՞ւ համար պէտք չէ այսօրուան վրայ մտահոգուիս։ բ) Ի՞նչ կրնաս ընել որպէսզի մտահոգութիւնդ թեթեւցնես (տե՛ս « Գործնական քայլեր՝ մտահոգութիւնը թեթեւցնելու» շրջանակը)։
15 Ատեններ ալ այսօրուան վրայ մտահոգուած կ’ըլլաս։ Օրինակ՝ երբ Դաւիթ 55–րդ սաղմոսը գրեց, իր կեանքին վրայ կը վախնար (Սաղ. 55։2-5)։ Բայց ան չձգեց որ մտահոգութիւնը քանդէ Եհովային հանդէպ իր վստահութիւնը։ Ան Եհովային աղաչեց որ իրեն օգնէ իր խնդիրներուն մէջ, բայց միեւնոյն ատեն գիտէր որ պէտք է անձամբ բան մը ընէ (Բ. Թագ. 15։30-34)։ Դաւիթէն դաս մը սորվէ։ Փոխանակ հոգերուդ մէջ խեղդուելու, ամէն կարելիդ ըրէ որ խնդիրը լուծես, իսկ մնացածը Եհովային վրայ ձգէ, վստահ ըլլալով որ քեզի հոգ պիտի տանի։
16. Աստուծոյ անուան իմաստը ինչպէ՞ս կրնայ հաւատքդ զօրացնել։
16 Երբեմն քրիստոնեան անտեղիօրէն կը մտահոգուի, քանի որ կը մտածէ թէ ապագային ինչպիսի խնդիրներ կրնայ ունենալ։ Բայց պէտք չունիս մտահոգուելու բաներու վրայ, որոնց մասին ոչինչ գիտես։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատ անգամներ՝ մեր կարծածին չափ գէշ բաներ չեն պատահիր։ Ասկէ զատ, չկայ պարագայ մը որ Աստուծոյ կարողութենէն վեր է։ Իր անուան իմաստը՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»՝ մեզի կը վստահեցնէ, որ լման կարող է որ կատարէ մարդոց նկատմամբ իր նպատակները (Ել. 3։14)։ Կրնաս վստահ ըլլալ որ Աստուած պիտի օրհնէ իր հաւատարիմ ծառաները եւ անոնց պիտի օգնէ որ գլուխ ելլեն անցեալի, այսօրուան եւ ապագայի նկատմամբ իրենց մտահոգութիւններուն հետ։
ԽՕՍԷ ԱՆՀԱՏԻ ՄԸ ՀԵՏ՝ ՈՐՈՒՆ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻՍ
17, 18. Լաւ հաղորդակցութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ քեզի որ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլես։
17 Մտահոգութիւնը թեթեւցնելու չորրորդ Առ. 12։25)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին» (Առ. 15։22)։
կերպն է՝ զգացումներդ պատմել մէկու մը, որուն կը վստահիս։ Կողակիցդ, մտերիմ բարեկամ մը կամ երէց մը թերեւս կրնայ քեզի օգնել, որ պարագադ աւելի լաւ հասկնաս ու ատոր հետ գլուխ ելլես։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա» (18 Ժողովներն ալ կը թեթեւցնեն մտահոգութիւնները։ Ամէն շաբաթ ժողովներուն մէջ ժամանակ կ’անցընես եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ, որոնք քեզմով հետաքրքրուած են եւ կ’ուզեն քեզ քաջալերել (Եբ. 10։24, 25)։ Այսպիսի փոխադարձ ‘մխիթարութիւն’ մը քեզ պիտի զօրացնէ եւ օգնէ որ որեւէ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլես (Հռով. 1։12)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԴ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԴ Է
19. Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ պիտի զօրացնէ քեզ։
19 Քանատայի մէջ երէց մը սորվեցաւ, որ որքա՜ն կարեւոր է որ իր հոգը Եհովային վրայ ձգէ։ Ան կ’աշխատի որպէս ուսուցիչ եւ խրատատու, եւ այս գործը շատ ճնշում կը պատճառէ իրեն։ Ան նաեւ ջիղերու խանգարում ունի։ Լաւ, ան ինչպէ՞ս գլուխ ելած է իր խնդիրներուն հետ։ Ան կը բացատրէ. «Երբ շատ ջանք թափեմ որ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնս զօրացնեմ, ասիկա ինծի ամէնէն շատ կ’օգնէ որ զգացական դժուարութիւններուս հետ գլուխ ելլեմ։ Նաեւ պէտքը կը զգամ որ իսկական բարեկամներս ու հոգեւոր եղբայրները քովս ըլլան նեղութեանս ժամանակ։ Կնոջս անկեղծօրէն կը պատմեմ զգացումներս։ Երէցներն ու շրջանային տեսուչը ինծի մեծապէս օգնեցին որ ճիշդ աչքով նայիմ հարցերուն։ Նաեւ բժշկական օգնութիւն ստացայ, յայտագրիս մէջ փոփոխութիւններ մտցուցի եւ ժամանակ տրամադրեցի հանգիստ ընելու եւ մարզանքի մասնակցելու։ Երթալէն սկսայ զգալ որ հարցերը իմ ձեռքս են։ Երբ ըլլան բաներ որոնց նկատմամբ ձեռքէս բան մը չի գար, Եհովային կը յանձնեմ զանոնք»։
20. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հոգը Աստուծոյ վրայ ձգել։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
20 Այս յօդուածին մէջ տեսանք թէ որքա՜ն կարեւոր է որ մեր հոգը Աստուծոյ վրայ ձգենք, սրտանց աղօթելով իրեն եւ իր Խօսքը կարդալով ու ատոր վրայ խոկալով։ Նաեւ տեսանք թէ շատ կարեւոր է որ սուրբ հոգին խնդրենք, մեր զգացումները պատմենք մէկու մը՝ որուն կը վստահինք, եւ ժողովներու ներկայ ըլլանք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օգնէ մեզի, յոյս տալով որ մեզ պիտի վարձատրէ (Եբ. 11։6)։