Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեղմ ըլլալը իմաստութիւն է

Մեղմ ըլլալը իմաստութիւն է

Թոնի անունով վարպետ խնամատար երիտասարդուհի մը զանգը զարկաւ, եւ շուրջ 50 տարեկան կին մը դուռը բացաւ։ Կինը աւրեց ձգեց զինք, քանի որ աւելի կանուխ չեկաւ իր ծեր մօր հոգ տանելու համար։ Թէեւ Թոնին չէր ուշացած, բայց ան հանդարտօրէն ներողութիւն խնդրեց սխալ հասկացողութեան համար։

ՅԱՋՈՐԴ այցելութեան, կինը նորէն բերանը եկածը խօսեցաւ։ Լաւ, Թոնին ի՞նչ ըրաւ։ Ան կը խոստովանի. «Շատ դժուար կացութիւն մըն էր։ Անոր վիրաւորական խօսքերը արդարացի չէին»։ Բայց Թոնին նորէն ներողութիւն խնդրեց եւ կնոջ ըսաւ որ կը հասկնար թէ որքա՜ն կը չարչարուէր։

Եթէ Թոնիին տեղը ըլլայիր, ի՞նչ կ’ընէիր։ Կը փորձէի՞ր մեղմ ըլլալ։ Պիտի կարենայի՞ր դուն քեզ զսպել։ Խօսք չ’ուզեր թէ այսպիսի պարագայի մը մէջ դիւրին չէ հանդարտ մնալ։ Երբ ճնշումի տակ ըլլանք կամ մէկը մեր ջիղերու թելերուն վրայ խաղայ, իսկապէս դժուար է մեղմ մնալ։

Բայց Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ քրիստոնեաները որ մեղմ ըլլան։ Աստուծոյ Խօսքը նոյնիսկ մեղմ կամ հեզ ըլլալը կը կապէ իմաստութեան հետ։ Յակոբոս կը հարցնէ. «Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ. թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով» (Յակ. 3։13)։ Մեղմ ըլլալը ի՞նչ կերպով կը փաստէ թէ անձը իմաստուն է։ Եւ ի՞նչ բաներ մեզի կ’օգնեն որ մեղմ ըլլանք։

ՄԵՂՄ ԱՆՁԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

Մեղմութիւնը լարուածութիւնը կը տանի։ «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ» (Առ. 15։1

Բարկութեամբ վարուիլը վիճակը աւելի գէշ կը դարձնէ, քանի որ կրակին վրայ պենզին կը թափէ (Առ. 26։21)։ Ասոր հակառակը, մեղմ պատասխանը ընդհանրապէս կը հանդարտեցնէ դիմացինը եւ նոյնիսկ կրնայ իր թշնամական կեցուածքը կակուղցնել։

Թոնիին հետ ասիկա պատահեցաւ։ Կինը ազդուեցաւ Թոնիին մեղմ ըլլալէն եւ լացաւ։ Ան բացատրեց թէ անձնական եւ ընտանեկան խնդիրներու մէջ ինկած էր։ Թոնին լաւ վկայութիւն տուաւ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատեց։ Իր հանդարտ եւ խաղաղ վարուելակերպը որքա՜ն լաւ դեր մը խաղցաւ։

Մեղմ ըլլալը մեզի ուրախութիւն կու տայ։ «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատ. 5։5

Մեղմ եղողները ինչո՞ւ ուրախ են։ Երբ կռուազան եղողները մեղմ դառնան՝ ուրախ կ’ըլլան, քանի որ իրենց կեանքը աւելի լաւ կը դառնայ եւ կը գիտնան թէ իրենց առջեւ կայ հոյակապ ապագայ մը (Կող. 3։12)։ Սպանիոյ մէջ Ատոլֆօ անունով շրջանային տեսուչ մը կը յիշէ թէ իր կեանքը ինչպէ՛ս էր առաջ որ ճշմարտութեան գայ։

Ան կ’ըսէ. «Կեանքս նպատակ չունէր։ Ջղայնութեանս գերին դարձած էի այն աստիճան, որ նոյնիսկ բարեկամներէս ոմանք կը վախնային երբ ինքզինքս տեսնելով եւ վայրագութեամբ վարուէի։ Բայց վերջապէս բան մը եղաւ որ կեանքս փոխեց։ Կռիւի մը ընթացքին, դանակի վեց հարուած կերայ եւ քիչ մնաց որ մեռնէի»։

Բայց հիմա Ատոլֆոն թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով կը սորվեցնէ ուրիշներուն որ մեղմ ըլլան։ Իր քաղցր եւ հաճելի բնաւորութիւնը ուրիշները կը քաշէ։ Ան կ’ըսէ թէ ուրախ է որ կրցած է փոփոխութիւններ ընել, եւ Եհովային երախտապարտ է որ իրեն օգնեց մեղմ անձ մը դառնալու։

Մեղմ ըլլալը Եհովան կ’ուրախացնէ։ «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ» (Առ. 27։11

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Եհովան «երկայնամիտ» կամ բարկանալու մէջ դանդաղ է, հակառակ որ ամէն պատճառ ունի որ Սատանային՝ իր գլխաւոր թշնամիին անարգանքներուն վրայ շատ բարկանայ (Ել. 34։6)։ Երբ ջանք կը թափենք որ Աստուծոյ պէս մեղմ եւ բարկանալու մէջ դանդաղ ըլլանք, ան շատ կ’ուրախանայ մեր իմաստուն կեցուածքով (Եփ. 5։1

Շատ թշնամական աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք։ Թերեւս հանդիպինք անձերու որ «ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ. . . բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ» են (Բ. Տիմ. 3։2, 3)։ Բայց ասիկա պատճառ չէ որ քրիստոնեան մեղմ չըլլայ։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կը յիշեցնէ թէ ‘վերին իմաստութիւնը խաղաղարար ու հեզ է’ (Յակ. 3։17)։ Խաղաղարար եւ հեզ ըլլալով կը ցուցնենք թէ իմաստուն ենք, եւ այս իմաստութիւնը մեզ պիտի մղէ որ մեղմ ըլլանք երբ մէկը մեր ջիղերու թելերուն վրայ խաղայ, եւ մեզ աւելի պիտի մօտեցնէ Եհովային՝ անսահման իմաստութեան Աղբիւրին։