Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը
Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Ի՞նչ կ’ընէ։ Եւ ինչո՞ւ պէտք է անոր համար աղօթենք։
Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորն է։
Ղուկաս 1։31-33. «Անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։
Թագաւորութիւնը գլխաւոր նիւթն էր, որուն մասին Յիսուս քարոզեց։
Մատթէոս 9։35. «Յիսուս կը պտըտէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ»։
Յիսուս իր աշակերտներուն նշան մը տուաւ, իրենց օգնելու որ գիտնան, թէ Թագաւորութիւնը ե՛րբ պիտի գայ։
Մատթէոս 24։7. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։
Յիսուսի աշակերտները այժմ աշխարհի տարածքին Թագաւորութեան մասին կը քարոզեն։
Մատթէոս 24։14. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։