Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ապագան գիտնալ

Ապագան գիտնալ

Երբեք մտածա՞ծ ես որ քու եւ ընտանիքիդ ապագան ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Հարո՞ւստ պիտի ըլլաս, թէ ոչ աղքատ պիտի ըլլաս։ Փնտռած սէրդ պիտի գտնե՞ս, թէ ոչ մինակ պիտի մնաս։ Կեանքդ երկա՞ր պիտի ըլլայ, թէ ոչ՝ կարճ։ Մարդիկ հազարաւոր տարիներէ ի վեր այսպիսի հարցումներ կը հարցնեն։

Մեր օրերուն, մասնագէտներ կը սերտեն մարդոց ընթացքը ու աշխարհին ընդհանուր զարգացումները եւ ապագային մասին ենթադրութիւններ կ’ընեն։ Թէեւ ատոնցմէ ոմանք իրականացած են, բայց ուրիշ ենթադրութիւններ ձախողած են։ Օրինակ, 1912–ին, անթել հեռագիրի մը հնարողը՝ Կուլիէլմօ Մարգոնին ապագային մասին ըսաւ. «Երբ անթել գիւտերը զարգանան, այլեւս պատերազմներ պիտի չըլլան»։ Իսկ Տէգգա ձայնագրութեան ընկերութեան մէկ ներկայացուցիչը, որ 1962–ին մերժեց Պիթլզը, կը հաւատար որ կիթառ նուագող խումբերուն աստղը մարելու վրայ էր։

Շատեր ապագան գիտնալու համար գերբնական միջոցներուն կը դիմեն։ Կարգ մը մարդիկ աստղաբաշխներէն խրատ կ’ուզեն, եւ այս պատճառով շատ մը պարբերաթերթերու եւ լրագիրներու մէջ միշտ կը ներկայացուի «Ի՞նչ կ’ըսեն աստղերը» բաժինը։ Ուրիշներ կը փնտռեն բախտագուշակներու կամ ոգեմիջնորդներու խրատը, որոնք կ’ըսեն թէ բախտի քարտերուն, թիւերուն կամ անհատին ափի գիծերուն միջոցաւ կրնան ապագան «կարդալ»։

Հին ժամանակներուն, ոմանք ապագան գիտնալու համար դիմեցին պատգամախօսներու, այսինքն՝ քահանաներու կամ քահանայուհիներու, որոնք իրենց աստուծոյն կողմէ տեղեկութիւններ կը փոխանցէին։ Օրինակ, կ’ըսուի թէ Լիդիայի Կրեսոս թագաւորը շատ արժէքաւոր նուէրներ ղրկեց Յունաստանի Դելփի սրբարանին պատգամախօսին, որպէսզի իրեն ըսէ թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը, եթէ պատերազմի Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորին դէմ։ Պատգամախօսը ըսաւ որ Կրեսոս «մեծ կայսրութիւն մը» պիտի կործանէ, եթէ Կիւրոսին դէմ պատերազմի։ Կրեսոս պատերազմեցաւ, վստահ ըլլալով որ պիտի յաղթէր, բայց այն մեծ կայսրութիւնը որ կործանեցաւ, ի՛ր կայսրութիւնն էր։

Պատգամախօսին անորոշ ենթադրութիւնը անարժէք էր. ո՛ր կողմն ալ ըլլար յաղթողը, իր ըսածը ճիշդ պիտի ելլէր։ Այս պակաս տեղեկութիւնը սուղի նայեցաւ Կրեսոսին եւ ցաւալի արդիւնք ունեցաւ։ Իսկ մեր օրերուն, արդեօք ապագան գիտնալու հանրածանօթ մեթոտներուն դիմողները աւելի՞ յաջող ճամբայ բռնած են։