Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կատարուած մարգարէութիւններ

Կատարուած մարգարէութիւններ

Նախապէս խօսեցանք այն պատմութեան մասին, թէ Կրեսոս ինչպէ՛ս Դելփիի պատգամախօսին մտիկ ընելով պարտուեցաւ պարսիկներու թագաւորին կողմէ։ Անդին, Սուրբ Գիրքին մէջ պարսիկներու թագաւորին մասին աչքառու մարգարէութիւն մը գրուած է, որ իր բոլոր մանրամասնութիւններով կատարուեցաւ։

Առաջ որ պարսիկ Կիւրոս թագաւորը ծնի, եբրայեցի Եսայի մարգարէն զինք անունով նշեց եւ ըսաւ որ ան ինչպէ՛ս պիտի գրաւէր հզօր Բաբելոն քաղաքը, ինչ որ պատահեցաւ շուրջ 200 տարի ետք։

Եսայի 44։24, 27, 28. «Այսպէս կ’ըսէ Տէրը. . . ‘Անդունդին կ’ըսեմ թէ «Չորցի՛ր ու քու գետերդ պիտի ցամքեցնեմ»։ Եւ Կիւրոսին համար կ’ըսեմ՝ «Իմ հովիւս է ու իմ ամէն կամքս պիտի կատարէ»։ Ու Երուսաղէմին կ’ըսեմ թէ «Պիտի շինուիս» եւ տաճարին՝ թէ «Քու հիմերդ պիտի ձգուին»’»։

Ըստ յոյն պատմաբան Հերոդոտոսին, Կիւրոսին բանակը փոխեց Եփրատ գետին ուղղութիւնը, որ Բաբելոնին մէջէն կ’անցնէր, եւ անոր ջուրերը պակսեցան։ Այսպիսով, բանակը կրցաւ գետին մէջէն քալելով քաղաքը մտնել։ Քաղաքը գրաւելէն ետք, Կիւրոս ազատ արձակեց Բաբելոնին մէջ եղող հրեայ գերիները, եւ անոնց արտօնեց որ վերադառնան եւ վերաշինեն Երուսաղէմը, որ 70 տարի առաջ կործանած էր։

Եսայի 45։1. «Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ իր օծեալ Կիւրոսին, որուն աջ ձեռքը բռնեցի, որպէս զի ազգերը անոր առջեւ հնազանդեցնեմ, թագաւորներուն մէջքը թուլցնեմ, անոր առջեւ դռներուն փեղկերը բացուին, դռները բնաւ չգոցուին»։

Պարսիկները քաղաքը մտան պարիսպին կրկնակի դռներէն, որոնք բաբելոնացիները անհոգ գտնուելով բաց ձգած էին։ Եթէ անոնք գիտնային Կիւրոսի ծրագիրը, կրնային գոցել բոլոր այն դռները, որոնք գետին կողմն էին։ Բայց ատոնք բաց էին եւ քաղաքը անպաշտպան էր։

Սուրբ Գիրքին մէջ այս հիանալի մարգարէութենէն զատ բազմաթիւ մարգարէութիւններ կան, որոնք անսխալ կերպով կատարուեցան *։ Մարդոց գուշակութիւններուն հակառակը, որոնք շատ անգամ իրենց չաստուածներուն անունով կ’ընէին, Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւնները տրուեցան այն Անձին կողմէ որ ըսաւ. «Վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի» (Եսայի 46։10

Միայն ճշմարիտ Աստուածը, որուն անունը Եհովա է, կրնա՛յ այսպիսի բան մը ըսել (Սաղմոս 83։18)։ Ըստ կարգ մը ուսումնականներու, «Եհովա» անունը կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ», եւ կը ցուցնէ որ կարողութիւն ունի ապագայ դէպքերը գիտնալու եւ զանոնք իր կամքին համաձայն ուղղելու։ Ասիկա մեզ կը վստահեցնէ որ Եհովան անպայման իր բոլոր խոստումները կը կատարէ։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԿԱՏԱՐՈՒՈՂ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կ’ուզե՞ս գիտնալ թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ մարգարէութիւններ տուած է մեր օրերուն նկատմամբ։ Շուրջ 2000 տարի առաջ, Սուրբ Գիրքը ըսաւ որ «վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան»։ Ինչի՞ն վերջին օրերը։ Ո՛չ թէ երկրին կամ մարդկութեան վերջին օրերը, հապա՝ այն պայքարներուն, զրկանքներուն եւ չարչարանքներուն, որոնք հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը ճնշեն մարդկութիւնը։ Նկատի առնենք «վերջին օրեր»ուն վերաբերեալ կարգ մը մարգարէութիւններ։

Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. «Վերջին օրերը. . . մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են»։

Չե՞ս համաձայնիր որ ներկայիս մարդիկ երթալէն աւելի այդպէս կը վարուին։ Նկատի առա՞ծ ես որ մեր շուրջը կան լեցուն մարդիկ, որոնք իրենց անձը չափազանց կը սիրեն, դրամը կը սիրեն եւ հպարտ են։ Ուշադրութիւն ըրա՞ծ ես որ մարդիկ աւելի պահանջկոտ եղած են եւ շատ չեն ուզեր հաշտ ըլլալ ուրիշներուն հետ։ Վստահաբար կը նկատես որ ծնողներու անհնազանդ զաւակներ կան ամէն տեղ, եւ թէ ընդհանուր առմամբ մարդիկ աւելի կը սիրեն հաճոյքը քան՝ Աստուած։ Եւ վիճակները օրէ օր աւելի գէշ կ’ըլլան։

Մատթէոս 24։6, 7. «Պիտի լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր. . . ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ»։

Կարգ մը տեղեկագրութիւններ կ’ըսեն, որ 1914–էն ի վեր պատերազմներուն եւ զինեալ կռիւներուն պատճառով աւելի քան 100 միլիոն հոգի մեռած են։ Այս թիւը շատ աւելի է քան՝ բազմաթիւ երկիրներու բնակչութեան թիւը։ Երեւակայէ թէ այդ հսկայ թիւով մահերը որքա՜ն ցաւ, չարչարանք եւ արցունքներ պատճառած են։ Բայց երկիրները իրենց սխալներէն սորվելով կեցուցա՞ծ են պատերազմները։

Մատթէոս 24։7. «Սովեր. . . պիտի ըլլան»։

Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը ըսաւ. «Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր բոլոր մարդիկը կերակրելու բաւարար ուտելիք կ’արտադրենք, բայց տակաւին ամէն գիշեր՝ 815 միլիոն անհատ (այսինքն՝ մարդոց ամէն 9–էն 1–ը) իրենց ստամոքսը պարապ՝ անկողին կը մտնեն։ Ասկէ աւելին, մարդոց ամէն 3–էն 1–ը կը տառապի անբաւարար սննդառութեան պատճառով»։ Տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ, թէ ամէն տարի 3 միլիոն մանուկ անօթութեան պատճառով կը մեռնին։

Ղուկաս 21։11. «Մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։

Ամէն տարի, մարդիկ տեղի ունեցած երկրաշարժներէն մօտ 50,000–ը կը զգան, գրեթէ 100 երկրաշարժներ մեծ վնասներ կը հասցնեն շէնքերու եւ մէկ հատ շատ մեծ երկրաշարժ կը պատահի։ Ըստ տեղեկագրութեան մը, 1975–ի եւ 2000–ի միջեւ, 471,000 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցին երկրաշարժներու պատճառով։

Մատթէոս 24։14. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։

Աւելի քան ութ միլիոն եղող Եհովայի վկաները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն ամբողջ աշխարհին մէջ, 240 երկիրներու մէջ։ Անոնք կը քարոզեն ամէն տեղ՝ խճողուած քաղաքներու մէջ, հեռաւոր գիւղերու մէջ, անտառներու մէջ, լեռներու վրայ. . . ։ Մարգարէութիւնը կ’ըսէ թէ այս գործը Աստուծոյ ուզածին պէս ամբողջանալէ ետք, «վերջը պիտի գայ»։ Այսինքն ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Մարդկային իշխանութիւնը վերջ պիտի գտնէ եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի իշխէ երկրի վրայ։ Ատիկա ի՞նչ խոստումներ պիտի իրականացնէ։ Շարունակէ կարդալ որպէսզի գիտնաս։