Աստղաբաշխութիւնը եւ բախտագուշակութիւնը ապագան կը յայտնե՞ն
ԱՍՏՂԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ
Աստղաբաշխութիւնը գուշակութեան տեսակ մըն է, որ կ’ըսէ թէ աստղերը, լուսինը եւ մոլորակները մեծապէս կ’ազդեն մարդոց կեանքին։ Աստղաբաշխները կ’ըսեն թէ մէկու մը ծնած ժամանակ, այս երկնային մարմիններուն դիրքը կ’ազդէ իր անձնաւորութեան եւ ապագային։ Թէեւ աստղաբաշխութիւնը երկա՜ր տարիներ առաջ Բաբելոնի մէջ սկիզբ առած է, բայց տակաւին հանրածանօթ է։ 2012–ին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ մարդոց հարցուեցաւ աստղաբաշխութեան մասին, եւ անոնց մէկ երրորդը ըսաւ որ ատիկա «որոշ չափով գիտական է», եւ 10 առ հարիւրը ըսաւ որ «շատ գիտական է»։ Իրապէ՞ս այդպէս է։ Ո՛չ։ Տեսնենք թէ ինչո՛ւ։
-
Մոլորակները եւ աստղերը չեն արձակեր ոյժ մը, որ մարդոց կրնայ ազդել, ինչպէս որ աստղաբաշխները կ’ըսեն։
-
Շատ անգամ, ըսուած ենթադրութիւնները այնքան ընդհանուր կ’ըլլան, որ ոեւէ անձի կրնան կիրարկուիլ։
-
Մեր օրերուն, աստղաբաշխական հաշիւները կ’ըլլան հիմնուելով այն հին հաւատալիքին վրայ, թէ մոլորակները երկրին շուրջ կը դառնան։ Բայց իրականութեան մէջ, մոլորակները արեւո՛ւն շուրջ կը դառնան։
-
Ամէն մէկ աստղաբաշխ նոյն անձին մասին տարբեր ենթադրութիւն կու տայ։
-
Ըստ աստղաբաշխութեան, ամէն մէկ անձ կը պատկանի զոտիաքի 12 նշաններէն մէկուն, հիմնուելով իր ծննդեան թուականին վրայ։ Եւ իւրաքանչիւր նշան կոչուած է աստղերու խումբի մը անունով։ Բայց քանի որ դարերու ընթացքին, աստղերու խումբերուն նկատմամբ երկրին դիրքը փոխուած է, զոտիաքի նշաններուն առնչուող թուականները այլեւս չեն համապատասխաներ այն ժամանակին, երբ արեւը նոյն աստղերու խումբերէն կ’անցնի (երկրէն դիտուած)։
Կ’ըսուի թէ զոտիաքի նշանները կը յայտնեն անհատին անձնաւորութիւնը։ Բայց իրականութեան մէջ, նոյն թուականին ծնած անհատները նոյն բնաւորութիւնը չունին։ Մէկու մը ծնած թուականը բան մը չ’ըսեր իր անձնաւորութեան մասին։ Աստղաբաշխները կարգ մը ենթադրութիւններ ընելով կ’որոշեն, թէ մարդոց բնաւորութիւնը ի՛նչ է եւ վարուելակերպը ի՛նչ պիտի ըլլայ, մինչ անոնց իսկական անձնաւորութիւնը չեն գիտեր։ Ասիկա նախապաշարում չէ՞։
ԲԱԽՏԱԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆ
Հինէն ի վեր մարդիկ դիմած են բախտագուշակներու, որոնք իմաստներ կը փնտռէին որոշ բաներու մէջ։ Օրինակ, կը վերլուծէին կենդանիներուն եւ մարդ արարածին ներքին անդամները կամ այն կերպը, որով աքլորը կը կտցահարէ հունտը։ Ուրիշներ գուշակումներ կ’ընէին նայելով թէյի կամ սուրճի գաւաթին։ Ներկայիս, բախտագուշակները կը գործածեն բախտի քարտեր, բիւրեղեայ գունդեր, զառեր եւ ուրիշ բաներ, որպէսզի մէկու մը ապագան «կարդան»։ Բախտագուշակութիւնը ապագան գիտնալու վստահելի՞ կերպ մըն է։ Ո՛չ։ Տեսնենք թէ ինչո՛ւ։
Ապագան գիտնալու ամէն մէկ մեթոտ տարբեր բան մը կ’ըսէ ապագային մասին։ Նոյնիսկ նոյն մեթոտը գործածող բախտագուշակները կրնան իրարմէ տարբեր գուշակումներ ընել։ Օրինակ, եթէ մէկը ապագային մասին նոյն հարցումը հարցնէ երկու բախտագուշակներու, որոնք նոյն քարտերը «կը կարդան», տրամաբանօրէն պէտք է նոյն պատասխանը տան։ Բայց շատ անգամ նոյն պատասխանը չեն տար։
Շատեր կը կասկածին թէ բախտագուշակներուն գործածած մեթոտները կամ շարժառիթները ճիշդ են։ Ոմանք կ’ըսեն որ քարտերը կամ բիւրեղեայ գունդերը պարզապէս տեսք են, եւ թէ բախտագուշակը անհատին հակազդեցութիւնները սերտելով է որ եզրակացութիւններու կը հասնի, եւ ոչ թէ այդ առարկաներուն միջոցաւ։ Օրինակ, վարպետ բախտագուշակ մը ընդհանուր հարցումներ կը հարցնէ եւ ուշի–ուշով կը նայի, թէ անհատին ըսածը կամ շարժուձեւը ի՛նչ կրնայ յայտնել։ Այսպիսով, յաճախորդը առանց գիտնալու տեղեկութիւններ կու տայ, իսկ բախտագուշակը կը ձեւացնէ որ ի՛նք գիտցաւ զանոնք։ Կարգ մը բախտագուշակներ յաճախորդներուն վստահութիւնը շահելով կրցած են անոնցմէ մեծ գումարներ առնել։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ ՄԵԶԻ
Ըստ աստղաբաշխութեան եւ բախտագուշակութեան, մեր ապագան կանխաւ որոշուած է։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ մենք կարողութիւն ունինք, որ ընտրենք թէ ինչի հաւատանք կամ ինչ ընենք, եւ թէ մեր ընտրութիւնները կ’ազդեն մեր ապագային (Յեսու 24։15)։
Ասկէ զատ, Աստուած պաշտողները կը մերժեն աստղաբաշխութիւնը եւ բախտագուշակութիւնը, քանի որ Աստուած գուշակութեան բոլոր տեսակները կը դատապարտէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ. . . բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ. նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի. վասն զի ով որ այս բաները ընէ, Տէրոջը առջեւ գարշելի կ’ըլլայ» (Բ. Օրինաց 18։10-12)։