Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խոստումներ որոնք պիտի կատարուին

Խոստումներ որոնք պիտի կատարուին

Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզուի ամբողջ աշխարհին մէջ, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս մարգարէացաւ (Մատթէոս 24։14)։ Դանիէլ գիրքը մեզի կ’ըսէ որ այս Թագաւորութիւնը Աստուծոյ կողմէ կառավարութիւն մըն է։ Դանիէլ 2–րդ գլուխին մէջ կայ մարգարէութիւն մը, որ կը նշէ թէ որոշ մարդկային կառավարութիւններ, կամ թագաւորութիւններ, իրարու պիտի յաջորդէին՝ Բաբելոնէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը։ 44–րդ համարը կը մարգարէանայ, ըսելով.

«Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։

Սուրբ Գիրքին այս մարգարէութիւնը եւ ուրիշ մարգարէութիւններ կ’ըսեն, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային իշխանութեան տեղը պիտի առնէ եւ կայունութիւն ու կարգուկանոն պիտի բերէ երկրի վրայ։ Կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ։ Նկատի առնենք կարգ մը հիանալի խոստումներ, որոնք մօտ ատենէն պիտի կատարուին։

  • ԱՅԼԵՒՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ

    Սաղմոս 46։9. «[Աստուած] պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ»։

    Երեւակայէ աշխարհ մը, ուր մարդիկ իրենց կարողութիւնները եւ գիտութիւնը կը գործածեն մարդոց օգտակար դառնալու, փոխանակ՝ զէնքեր հնարելու։ Այս խոստումը պիտի կատարուի Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ։

  • ԱՅԼԵՒՍ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ

    Եսայի 33։24. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։

    Մտածէ աշխարհի մը մասին, ուր ո՛չ մէկը սիրտի հիւանդութիւն, քաղցկեղ, շաքարախտ կամ ուրիշ հիւանդութիւն մը ունի։ Այլեւս հիւանդանոցներ եւ դեղեր պիտի չըլլան։ Մարդիկ կատարեա՛լ առողջութիւն պիտի ունենան։

  • ԱՅԼԵՒՍ ՍՈՎԵՐ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՆ

    Սաղմոս 72։16. «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ՝ լեռներուն գլուխը»։

    Երկիրը բոլորին բաւարար ուտելիք պիտի արտադրէ, եւ ամէն մարդ ուտելիք պիտի ունենայ։ Այլեւս անօթութիւն եւ սնունդի պակաս պիտի չըլլան։

  • ԱՅԼԵՒՍ ՑԱՒ, ՉԱՐՉԱՐԱՆՔ ԵՒ ՄԱՀ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՆ

    Յայտնութիւն 21։4. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։

    Ասիկա կը նշանակէ որ մարդիկ կատարեալ պիտի ըլլան եւ յաւիտեան պիտի ապրին դրախտային երկրի մը վրայ։ Մեր սիրալիր Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած, ասիկա խոստացած է։

«ԱՆՍՈՒՏՆ ԱՍՏՈՒԱԾ»

Այս բոլորը անհաւատալի կը թուի՞ն։ Թէեւ մարդոց մեծամասնութիւնը կ’ուզէ Սուրբ Գիրքին խոստացածին եւ նկարագրածին պէս կեանք մը ապրիլ, բայց շատերու համար դժուար է ըմբռնել յաւիտեան ապրելու գաղափարը։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ չկայ մէկը որ այդպիսի կեանք մը ապրած է եւ կրնայ ատոր մասին պատմել մեզի։

Մարդկութիւնը ա՛յնքան երկար ժամանակ մեղքին ու մահուան գերի եղած է եւ տառապած է, որ շատեր համոզուած են թէ հիմակուան կեանքը բնական է։ Բայց ասիկա մեր Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ, նպատակը չէ մարդկութեան նկատմամբ։

Որպէսզի մեզ վստահեցնէ որ բոլոր իր խոստումները պիտի կատարուին, Աստուած իր ըսած խօսքին մասին նշեց. «Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի» (Եսայի 55։11

Սուրբ Գիրքին մէջ, Եհովան նկարագրուած է որպէս «անսուտն Աստուած» (Տիտոս 1։2)։ Եւ քանի որ ինքն է որ ապագային նկատմամբ բոլոր այս հոյակապ բաները խոստացած է, իմաստութիւն է որ մտածենք. ‘Իրապէս կարելի՞ է որ մարդիկ յաւիտեան ապրին խոստացուած երկրային Դրախտին մէջ։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Աստուծոյ խոստումէն օգտուինք’։ Յաջորդ յօդուածները պիտի պատասխանեն այս հարցումներուն։