Երբ բնական աղէտ մը հարուածէ
ԵԹԷ բնական աղէտէ մը վերապրած ես, կրնաս ըմբռնել թէ վերապրողները ի՛նչ բաներէ կ’անցնին. անոնք կը ցնցուին, եղածը կ’ուրանան, շուարած վիճակ կ’ունենան, չափէ դուրս կը մտահոգուին եւ գէշ երազներ կը տեսնեն։ Եւ շատ մը վերապրողներ այնքա՛ն կը յուսահատին եւ ուժասպառ կ’ըլլան, որ չեն փափաքիր ջանալ ետ ոտքի կենալ եւ շարունակել կեանքը։
Եթէ աղէտի պատճառաւ կեանքդ քանդուած է, դուն ալ թերեւս զգաս որ ա՛լ չես կրնար այսքան ճնշումի տոկալ։ Թերեւս նոյնիսկ սկսիս զգալ որ կեանքդ իմաստ չունի։ Սակայն, Սուրբ Գիրքը պատճառներ կու տայ, թէ ինչո՛ւ կ’արժէ ապրիլ եւ ինչո՛ւ կրնաս աւելի լաւ ապագայի մը յուսալ։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶԻ ՅՈՅՍ ԿՈՒ ՏԱՅ
Ժողովող 7։8–ը կ’ըսէ. «Բանի մը վախճանը սկիզբէն աղէկ է»։ Երբ դեռ աղէտէ մը նոր կը սկսիս ապաքինիլ, կեանքը կրնայ անյոյս թուիլ։ Բայց մինչ համբերութեամբ ջանք կը թափես որ կեանքդ վերականգնես, պարագաներդ ժամանակի ընթացքին կը բարելաւուին։
Սուրբ Գիրքը կը խօսի ժամանակի մը մասին, երբ «անգամ մըն ալ լացի ձայն ու ողբի ձայն պիտի չլսուի» (Եսայի 65։19)։ Ասիկա պիտի իրականանայ, երբ երկիրը դրախտի վերածուի Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ (Սաղմոս 37։11, 29)։ Բնական աղէտները բնա՛ւ պիտի չպատահին։ Տխուր յիշատակները եւ երկարատեւ ֆիզիքական կամ զգացական ցաւերը յաւիտեան պիտի անհետանան, քանի որ Ամենակալ Աստուածը կը խոստանայ. «Առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Եսայի 65։17)։
Մէյ մը մտածէ. Ստեղծիչը կարգադրութիւններ ըրած է, որ քեզի ‘ապագայ մը եւ յոյս մը տայ’. ուրիշ խօսքով՝ խաղաղ կեանք մը իր կատարեալ իշխանութեան ներքեւ (Երեմիա 29։11)։ Չե՞ս կարծեր որ այս ճշմարտութիւնը գիտնալով կեանքդ նպատակ կ’ունենայ։ Նախորդ յօդուածին մէջ նշուած Սէլին կ’ըսէ. «Երբ դուն քեզի յիշեցնես այն բոլոր հոյակապ բաները, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ապագային մեզի համար պիտի ընէ, պիտի կարենաս անցեալին պատահած գէշ բաներուն վրայ չկեդրոնանալ եւ ներկայ պարագաներուդ տոկալ»։
Քեզ կը քաջալերենք որ մարդկութեան համար Աստուծոյ Թագաւորութեան ընելիքներուն մասին աւելին գիտնաս։ Այդպէս ընելով վստահ պիտի ըլլաս, որ հակառակ պատահած աղէտին, տակաւին կ’արժէ ապրիլ եւ սպասել ապագայի մը, երբ աղէտներ պիտի չըլլան։