Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երբ սիրելի մը մեռնի

Երբ սիրելի մը մեռնի

«Ձեռքս ոտքս կապուած զգացի, երբ մեծ եղբայրս անակնկալօրէն մեռաւ։ Նոյնիսկ ամիսներ ետք երբոր զինք յիշէի, խոր ցաւ կը զգայի. կարծես դանակ մը կը խոցէր սիրտս։ Երբեմն ալ կը բարկանայի. եղբայրս ինչո՞ւ պիտի մեռնէր։ Եւ յանցաւոր կը զգայի, որ իրեն հետ աւելի ժամանակ չանցուցի» (Վանեսսա, Աւստրալիա)։

ԵԹԷ սիրելի մը կորսնցուցած ես, թերեւս դուն ալ զանազան զգացումներ ունեցած ես. խոր վիշտ, մինակութիւն, անկարողութիւն, բարկութիւն, վախ եւ յանցաւորութիւն։ Թերեւս նոյնիսկ հարց տուած ես, թէ արդեօք կ’արժէ՛ շարունակել ապրիլ։

Վստահ եղիր որ սգալը սխալ չէ, նոյնիսկ եթէ երկար ժամանակ տեւէ։ Սգալը ցոյց կու տայ, որ մեռնողը շա՜տ կը սիրէիր։ Սակայն, կարելի՞ է որ որոշ չափով խոր վիշտդ թեթեւցնես։

ՏՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

Մինչ ցաւդ անվերջանալի կը թուի ըլլալ, հետեւեալ բաները ընելով կրնաս մխիթարուիլ.

ՍԳԱԼՈՒ ՄԻ՛ ՔԱՇՈՒԻՐ

Ամէն անձ նոյն կերպով եւ նոյնքան ժամանակ չի սգար։ Լալը կը ձգէ որ որոշ չափով հանգստութիւն գտնես։ Վանեսսան կ’ըսէ. «Միայն կու լայի. պէտք ունէի ցաւս արտայայտելու»։ Իսկ Սոֆիան, որուն քոյրը անակնկալօրէն մեռաւ, կ’ըսէ. «Պատահածին մասին կրկին մտածելը մեծ ցաւ կը պատճառէ ինծի. կարծես թարախոտ վէրք մը կը բանամ ու կը մաքրեմ։ Ցաւը հազիւ կրնաս տանիլ, բայց թոյլ կու տայ որ վէրքը բուժուի»։

ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒԴ ՈՒ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒԴ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԷ

Հասկնալի է որ երբեմն պիտի ուզես առանձին մնալ։ Բայց սգալը ծանր բեռ մըն է, որ դժուար է մինակդ կրել։ 17 տարեկան Ճարէտը, որ իր հայրը կորսնցուց, կը նշէ. «Զգացումներս ուրիշներուն արտայայտեցի։ Կը խորհիմ թէ ըսած բաներս շատ հասկնալի չէին, բայց հանգստութիւն գտայ՝ զգացումներս դուրս հանելով»։ Բացման յօդուածին մէջ նշուած Ճենիսը ուրիշ օգուտ մը կը նշէ. «Ուրիշներուն հետ խօսելով շա՜տ մխիթարուեցայ։ Նկատեցի որ անոնք զիս կը հասկնան, ինչ որ ձգեց որ այլեւս մինակ չզգամ»։

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԸՆԴՈՒՆԷ

Բժշկուհի մը կ’ըսէ. «Այն սգաւորները, որոնք թոյլ կու տան որ բարեկամներն ու ազգականները իրենց օգնեն սուգի առաջին հանգրուանին, աւելի դիւրութեամբ կ’անցընեն սուգի յաջորդ հանգրուանները»։ Բարեկամներուդ գիտցուր թէ ինչպէ՛ս կրնան քեզի օգնել. անոնք վստահաբար կ’ուզեն քեզի օգնել, բայց թերեւս չեն գիտեր ինչպէ՛ս (Առակաց 17։17

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՒԵԼԻ ՄՕՏԵՑԻՐ

Թինա անունով կին մը կ’ըսէ. «Երբ ամուսինս քաղցկեղի բռնուեցաւ եւ անակնկալօրէն մեռաւ, այլեւս չէի կրնար խնդիրներս, մտահոգութիւններս եւ զգացումներս իրեն պատմել, անոր համար ամէն բան Աստուծո՛յ կը պատմէի։ Օրս կը սկսէի Աստուծմէ խնդրելով որ ինծի օգնէ օրը լաւ անցընելու։ Աստուած բազմաթիւ կերպերով ինծի օգնեց»։ Թարշան, որ 22 տարեկան էր երբ իր մայրը մեռաւ, կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալով կը մխիթարուէի։ Քաջալերական միտքերու աղբիւր մը գտած էի»։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ

Թինան կը շարունակէ. «Սկիզբը յարութեան յոյսով չմխիթարուեցայ, քանի որ ա՛յդ ատեն պէտք ունէի ամուսինիս, եւ տղաքս՝ իրենց հօր։ Բայց հիմա՝ չորս տարի ետք, այս յոյսին կը կառչիմ։ Անիկա ինծի համար փրկարար պարան է։ Կ’երեւակայեմ որ զինք նորէն պիտի տեսնեմ, եւ ասիկա ինծի մե՜ծ ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն կու տայ»։

Հաւանաբար վիշտէդ անմիջապէս պիտի չհանգստանաս։ Բայց եւ այնպէս, Վանեսսային փորձառութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէ։ Ան կ’ըսէ. «Կը կարծես որ բնա՛ւ աւելի լաւ պիտի չզգաս, բայց լաւ օրեր պիտի տեսնե՛ս»։

Յիշէ որ մինչ անհատը կարօտնալէ պիտի չդադրիս, տակաւին կ’արժէ ապրիլ։ Աստուծոյ սիրալիր օգնութեամբ, կրնաս ջերմ բարեկամութիւններ վայելել եւ իմաստալից կեանք ունենալ։ Եւ մօտ օրէն, Աստուած մեռելներուն յարութիւն պիտի տայ։ Ան կ’ուզէ որ սիրած անհատիդ անգամ մը եւս փաթթուկ ընես։ Այն ատեն սիրտդ խոցող այդ ցաւը յաւիտեան պիտի բուժուի