Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութեան պէտք ունինք
Մարդկային պատմութեան սկիզբը, մեր Ստեղծիչը՝ որուն անունը Եհովա է, միակ Կառավարիչն էր։ Ան սիրալիր կերպով կ’իշխէր։ Մարդոց համար շինեց գեղեցիկ տուն մը՝ Եդեմի պարտէզը, եւ առատ ուտելիք հայթայթեց։ Ասկէ զատ, ան մարդոց իմաստալից գործ տուաւ (Ծննդոց 1։28, 29. 2։8, 15)։ Մարդկութիւնը խաղաղութիւն պիտի վայելէր, եթէ Աստուծոյ սիրալիր իշխանութեան ներքեւ մնար։
Աստուածաշունչը կը յայտնէ որ ըմբոստ հրեշտակ մը, որ յետագային Բանսարկու Սատանայ կոչուեցաւ, Աստուծոյ իշխելու իրաւունքը հարցականի տակ դրաւ։ Ան հասկցուց որ մարդիկ առանց Աստուծոյ առաջնորդութեան ու իշխանութեան, աւելի ուրախ պիտի ըլլան։ Ցաւօք սրտի, մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան, Սատանայի օրինակին հետեւեցան եւ Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան (Ծննդոց 3։1-6. Յայտնութիւն 12։9)։
Որովհետեւ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ իշխանութիւնը մերժեցին, իրենց դրախտային տունը եւ կատարեալ առողջութեամբ յաւիտեան ապրելու յոյսը կորսնցուցին (Ծննդոց 3։17-19)։ Անոնց որոշումը նաեւ ազդեց իրենց սերունդին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Ադամին անհնազանդութեան պատճառաւ, «մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Մեղքը ուրիշ գէշ հետեւանք մըն ալ բերաւ. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9)։ Ուրիշ խօսքով, երբ մարդիկ կ’իշխեն, միշտ խնդիրներ պիտի ըլլան։
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ
Աստուածաշունչին մէջ նշուած առաջին մարդկային կառավարիչը Նեբրովթն էր։ Եւ ան Եհովայի իշխանութեան դէմ ըմբոստացաւ։ Անոր օրերէն ի վեր, հեղինակաւոր մարդիկ իրենց դիրքը չարաչար գործածած են։ Շուրջ 3000 տարի առաջ, Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Տեսայ. . . զրկուածներուն աչքը արցունք կար, բայց անոնք մխիթարող չունէին. անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար» (Ժողովող 4։1)։
Ներկայիս բան մը չէ փոխուած։ 2009–ին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ լոյս տեսած հրատարակութիւն մը նշեց, թէ վատ իշխանութիւնը երթալով աւելի կը նկատուի որպէս «մեր ընկերութիւններուն մէջ ամէն չարութեան գլխաւոր մէկ պատճառը»։
ԳՈՐԾԻ ԼԾՈՒԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Աշխարհը պէտք ունի աւելի լաւ կառավարիչներու եւ աւելի լաւ կառավարութեան մը, եւ մեր Ստեղծիչը ճիշդ ասիկա խոստացած է։
Աստուած հաստատած է Թագաւորութիւն մը, կամ կառավարութիւն մը, որ բոլոր մարդկային իշխանութիւններուն տեղը պիտի առնէ, եւ միայն ինք «յաւիտեան պիտի մնայ» (Դանիէլ 2։44)։ Ասիկա այն Թագաւորութիւնն է, որուն համար միլիոնաւորներ շարունակ կ’աղօթեն (Մատթէոս 6։9, 10)։ Բայց Աստուած այս կառավարութիւնը անձամբ պիտի չղեկավարէ։ Փոխարէնը, ան Կառավարիչ նշանակած է մէկը, որ ատեն մը մարդ էր։ Աստուած ո՞վ ընտրած է։