Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս Աստուծոյ հոգատարութենէն

Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս Աստուծոյ հոգատարութենէն

Աստուած մարդ արարածին մարմինը այնպէս մը ստեղծած է, որ կարողութիւնը ունի հիանալի կերպով ինքզինք բժշկելու։ Երբ մեր մարմինը որեւէ կերպով վիրաւորուի, «խրթին գործողութիւններու շարք մը կը սկսի՝ բուժելու համար թէ՛ խոր եւ թէ մակերեսային վէրքերը» (Johns Hopkins Medicine)։ Մարմինը անմիջապէս գործի կ’անցնի՝ արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու, վէրքը բուժելու եւ հիւսկէնը (tissue) զօրացնելու համար։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ։ Եթէ Ստեղծիչը մեր մարմինը բառացի վէրքեր բուժելու կարողութեամբ ստեղծած է, չե՞նք կրնար վստահ ըլլալ որ ան մեզի պիտի օգնէ որ մեր զգացական վէրքերէն ալ բուժուինք։ Սաղմոս գրողներէն մէկը գրեց. «Սրտով կոտրածները կը բժշկէ ու անոնց խոցերը կը փաթթէ» (Սաղմոս 147։3)։ Ուրեմն, եթէ զգացակա՛ն գետնի վրայ կը չարչարուիս եւ հոգեկանդ գետինն է, ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովա Աստուած քու խոցերդ կամ վէրքերդ ալ պիտի փաթթէ թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԻՐՈՅՆ ՄԱՍԻՆ

Աստուած կը խոստանայ. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ» (Եսայի 41։10)։ Այն անձը որ գիտէ, թէ Եհովա Աստուած իրեն կը հոգայ, մտքի խաղաղութիւն կ’ունենայ եւ կրնա՛յ գլուխ ելլել տարբեր դժուար պարագաներու հետ։ Պօղոս առաքեալ այս ներքին խաղաղութիւնը կոչեց՝ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է»։ Ետքը Պօղոս աւելցուց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փիլիպպեցիս 4։4-7, 9, 13

Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ որ հաւատք կերտենք մարդոց նկատմամբ Եհովա Աստուծոյ կատարուելիք խոստումներուն մասին։ Օրինակ, Յայտնութիւն 21։4, 5–ը կ’ըսէ որ Աստուած ի՛նչ պիտի ընէ եւ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ ան ատոնք պիտի ընէ՛.

  • Մարդոց աչքերէն «բոլոր արցունքները պիտի սրբէ»։ Եհովա Աստուած մեր բոլոր չարչարանքներուն եւ մտահոգութիւններուն վերջ պիտի դնէ, նոյնիսկ ատոնք՝ որոնք չնչին կ’երեւին ուրիշներուն աչքին։

  • Երկնաւոր փառքին մէջ ‘աթոռին վրայ նստողը’՝ ամբողջ ստեղծագործութեան Ամենակարող Թագաւորը, իր ուժը եւ հեղինակութիւնը պիտի գործածէ, որ այլեւս չչարչարուինք եւ պէտք եղած օգնութիւնը ստանանք։

  • Եհովա Աստուած մեզի կը վստահեցնէ, որ իր խոստումները «ճշմարիտ ու հաւատարիմ» են։ Աստուծոյ անունը եւ համբաւը ինքնին երաշխիք են, որ ան իր խոստումները պիտի կատարէ՛։

«‘Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան’։ Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’ ու ըսաւ ինծի. ‘Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են’» (Յայտնութիւն 21։4, 5

Տիեզերքը եւ Աստուածաշունչը մեր երկնաւոր Հօր յատկութիւնները կը յայտնեն։ Ստեղծագործութիւնը կարծես ընդհանուր հրաւէր է մեզի, որ Աստուած ճանչնանք մտերիմ բարեկամի պէս։ Իսկ Աստուածաշունչը մեզի ուղղակի այս հրաւէրը կու տայ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8Գործք 17։27–ն կ’ըսէ. «Մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ»։

Մինչ ժամանակ կը տրամադրես որ Աստուած ճանչնաս, երթալով պիտի համոզուիս, որ ան ‘քեզի համար կը հոգայ’ (Ա. Պետրոս 5։7)։ Լաւ, գործնական գետնի վրայ ինչպէ՞ս կ’օգտուիս, եթէ Եհովա Աստուծոյ վստահիս։

Նկատի առ Թորուին պարագան, որ Ճափոնէն է։ Հակառակ անոր որ իր քրիստոնեայ մայրը զինք մեծցուց, Թորուն ճափոնական մաֆիայի (yakuza) վայրագ աշխարհին մէկ անդամը դարձաւ։ Ան կը պատմէ. «Ես կը կարծէի թէ Աստուած զիս կ’ատէ եւ թէ շուրջիններուս,– մանաւանդ սիրելիներուս,– մահը ինծի պատիժ էր»։ Թորուն կը խոստովանի որ այս քանդիչ միջավայրին մէջ, «անսիրտ եւ անզգամ» դարձաւ։ Ան կը յիշէ. «Ուզեցի որ ինձմէ աւելի նշանաւոր մէկը սպաննելէ ետք՝ երիտասարդ տարիքիս մեռնիմ եւ անուն շինեմ»։

Բայց Թորուն եւ իր կինը՝ Հաննան, Աստուածաշունչը սերտելէ ետք, Թորուն սկսաւ մեծ փոփոխութիւններ մտցնել իր կեանքին եւ հայեցակէտին մէջ։ Հաննան կ’ըսէ. «Տեսա՛յ ինչպէս ամուսինս փոխուեցաւ»։ Այսօր, Թորուն վստահութեամբ կ’ըսէ. «Կա՛յ Աստուած մը, որ ամէն մէկովս հետաքրքրուած է։ Ան չ’ուզեր որ մէկը մեռնի եւ պատրաստ է ներելու զղջացողներուն։ Ան կը լսէ՛ երբ իրեն ըսենք բաներ, որոնք ուրիշներուն չենք կրնար ըսել կամ որոնք ուրիշներ չեն հասկնար։ Մօտ օրէն Եհովա Աստուած բոլո՛ր խնդիրներուն, չարչարանքին եւ ցաւին վերջ պիտի դնէ։ Նո՛յնիսկ հիմա, ան մեզի կ’օգնէ աներեւակայելի կերպերով։ Ան մեզի համար կը հոգայ եւ մեզի կ’օգնէ, երբ մեր հոգեկանը գետինը ըլլայ» (Սաղմոս 136։23

Ինչպէս որ Թորուին փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, երբ գիտնանք թէ Աստուած կրնա՛յ ամէն տեսակ նեղութեան վերջ դնել եւ մեր բոլոր արցունքները սրբել եւ թէ շուտով ասիկա պիտի ընէ, ոչ միայն պայծառ յոյս կ’ունենանք ապագային նկատմամբ, հապա նաեւ աւելի լաւ կեանք կ’ունենանք հիմա՛։ Այո՛, մենք նոյնիսկ հիմա՝ չարչարանքով լեցուն աշխարհի մը մէջ, կրնանք Աստուծոյ սիրալիր հոգատարութենէն օգտուիլ։