Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք

Ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք

ԱՍՏՈՒԾՈՅ նպատակը չէր որ մարդիկ մեռնին։ Մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան, կատարեալ մտքով ու մարմնով ստեղծուեցան. անոնք կրնային մինչեւ այսօր ողջ ըլլալ։ Ասիկա յստակ է այն խօսքէն, որ Աստուած Ադամին ըսաւ որոշ ծառի մը նկատմամբ, որ Եդեմի պարտէզին մէջ կ’աճէր։

Աստուած Ադամին ըսաւ. «Այն օրը որ [ծառէն] ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծննդոց 2։17)։ Այս պատուէրը անիմաստ պիտի ըլլար, եթէ Ադամ ստեղծուած էր, որպէսզի ծերանար ու մեռնէր։ Ադամ գիտէր որ եթէ այդ ծառէն չուտէր՝ պիտի չմեռնէր։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆՊԱՏԱԿԸ ՉԷՐ ՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ՄԵՌՆԻՆ

Ադամն ու Եւան սնունդ առնելու համար պէտք չունէին այդ ծառին պտուղին. պարտէզը բազմաթիւ պտղատու ծառերով լեցուն էր (Ծննդոց 2։9)։ Ծառէն չուտելով, անոնք ցոյց պիտի տային որ իրենց Ստեղծիչին կը հնազանդին, ինչպէս նաեւ՝ կ’ընդունին թէ Աստուած իրաւունք ունի իրենց ըսելու ի՛նչ ընել։

ԱԴԱՄ ՈՒ ԵՒԱ ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵՌԱՆ

Հասկնալու համար թէ ինչո՛ւ Ադամ ու Եւա մեռան, պէտք է քննարկենք խօսակցութիւն մը, որ բոլորիս ազդած է։ Բանսարկու Սատանան օձի մը միջոցաւ չարամիտ սուտ մը խօսեցաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտի բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը, որ կնոջ ըսաւ. ‘Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ «Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք»’» (Ծննդոց 3։1

Եւան պատասխանեց. «Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել, բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար՝ Աստուած ըսաւ. ‘Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէս զի չմեռնիք’»։ Ասոր վրայ օձը կնոջ ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ Այսպէս Սատանան ակնարկեց, որ Եհովա Աստուած ստախօս է եւ լաւ բան մը կը պահէ Ադամէն ու Եւայէն (Ծննդոց 3։2-5

Եւան իր լսածին հաւատաց։ Ան ծառին նայեցաւ։ Իր աչքին շատ հաճելի ու փափաքելի երեւցաւ։ Ձեռքը երկարեց, անոր պտուղէն առաւ եւ սկսաւ ուտել։ Ետքը, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իր էրկանն ալ տուաւ եւ անիկա ալ կերաւ» (Ծննդոց 3։6

Աստուած Ադամին ըսաւ. «Այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (ԾՆՆԴՈՑ 2։17)

Աստուած որքա՜ն տխրած ըլլալու էր տեսնելով, որ իր սիրելի զաւակները դիտմամբ իրեն չհնազանդեցան։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Ադամին ըսաւ. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծննդոց 3։17-19)։ Այս պատճառաւ, «Ադամին կեանքին բոլոր օրերը ինը հարիւր երեսուն տարի եղան ու մեռաւ» (Ծննդոց 5։5)։ Ադամ երկինք չգնաց կամ չշարունակեց հոգեւոր ծիրի մէջ ապրիլ։ Աստուած զինք գետնի հողէն ստեղծելէն առաջ, ան գոյութիւն չունէր։ Ուստի երբ մեռաւ, իր կեանքը կորսնցուց եւ ետ հողի վերածուեցաւ։ Ան գոյութենէ դադրեցաւ։ Ի՜նչ ցաւալի բան։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՉԵՆՔ

Որովհետեւ դիտմամբ անհնազանդ գտնուեցան, Ադամն ու Եւան կորսնցուցին իրենց կատարելութիւնը եւ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը։ Անոնց մէջ ֆիզիքական փոփոխութիւն եղաւ. անկատար ու մեղաւոր դարձան։ Բայց անհնազանդութեան մեղքը միայն իրենց չազդեց։ Անոնք իրենց մեղաւոր վիճակը իրենց սերունդին փոխանցեցին։ Հռովմայեցիս 5։12–ը կը նշէ. «Ինչպէս մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։

Աստուածաշունչը մեղքն ու մահը կը նկարագրէ որպէս «բոլոր ժողովուրդներուն վրայ տարածուած ծածկոցը ու բոլոր ազգերուն վրայ փռուած վարագոյրը» (Եսայի 25։7)։ Այդ ծածկոցը մարդկութեան վրայ տարածուած է թունաւոր օդի պէս, որմէ ազատում չկայ։ Իրապէս «Ադամով ամէնքը կը մեռնին» (Ա. Կորնթացիս 15։22)։ Պարագան այս ըլլալով, Պօղոս առաքեալին պէս կրնանք հարցնել. «Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն»։ Կա՞յ մէկը (Հռովմայեցիս 7։24