Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարդկային ծիներու մէջ փոփոխութիւններ մտցնելով գիտցուեցա՞ւ երկար կեանք ունենալու գաղտնիքը

Կեանքը երկարելու փորձեր

Կեանքը երկարելու փորձեր

«Տեսայ այն զբաղումը, որ Աստուած մարդոց որդիներուն տուաւ, որպէս զի անով զբաղին։ Անիկա ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ» (Ժողովող 3։10, 11

ՍՈՂՈՄՈՆ թագաւորին այդ խօսքերը ճշգրտօրէն կը նկարագրեն կեանքին նկատմամբ մարդոց զգացումները։ Որովհետեւ կեանքը կարճ է եւ մահը անխուսափելի է, մարդիկ դարերու ընթացքին միշտ զօրաւոր փափաք ունեցած են աւելի երկար ապրելու։ Բազմաթիւ պատմութիւններ ու առասպելներ կը նկարագրեն մարդուն ձգտումը երկար կեանքի։

Օրինակ, սումերացի թագաւորին՝ Կիլկամէշի կեանքին մասին բազմաթիւ առասպելներ ըսուած են։ Անոնցմէ մէկը՝ «Կիլկամէշի դիւցազներգութիւնը» կը պատմէ, թէ ան ինչպէս վտանգաւոր ճամբորդութիւն մը ըրաւ, որպէսզի գիտնայ մահէն խուսափելու միջոցը։ Բայց ան չյաջողեցաւ։

Միջնադարեան ալքիմիկոս մը իր աշխատանոցին մէջ

Ք.Ա. չորրորդ դարուն, Չինաստանի մէջ ալքիմիկոսներ փորձեցին հեղուկ մը պատրաստել, որ կրնայ կեանքը երկարել։ Եւ ինչ որ պատրաստեցին կը պարունակէր քիչ քանակով սնդիկ (mercury) եւ զառիկ (arsenic)։ Կ’ըսուի որ այդ հեղուկը խմելով, քանի մը չինացի կայսրեր մեռան։ Իսկ միջնադարեան Եւրոպայի մէջ (Ք.Ե. շուրջ 500-1500), կարգ մը ալքիմիկոսներ ջանացին ոսկին մարսելի դարձնել, հաւատալով որ անոր չժանգոտիլը կրնայ երկարատեւ կեանքի նպաստել։

Ներկայիս, կարգ մը կենսաբաններ ու սերնդագէտներ կը ջանան գիտնալ, թէ ինչո՛ւ մարդ արարածը կը ծերանայ։ Անոնց ջանքերը ցոյց կու տան, թէ տակաւին մարդիկ նոյն մեծ յոյսը ունին, որ գիտնան թէ ինչպէ՛ս կրնան չծերանալ ու չմեռնիլ։ Բայց այս փնտռտուքին արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

ԱՍՏՈՒԱԾ «ՄԱՐԴՈՒՆ ՄՏՔԻՆ ՄԷՋ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՓԱՓԱՔԸ ԴՐԱՒ» (ԺՈՂՈՎՈՂ 3։10, 11)

ԾԵՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐ

Գիտնականներ, որոնք մարդկային բջիջը կը սերտեն, աւելի քան 300 տեսութիւն տուած են, բացատրելու համար թէ ինչո՛ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Վերջին տարիներուն, անոնք կրցած են ծիներուն եւ բնասպիտներուն (protein) մէջ փոփոխութիւններ մտցնել եւ այսպէս տարրալուծարանի անասուններու եւ մարդկային բջիջին կեանքը երկարել։ Այսպիսի յառաջդիմութեան ի տես, կարգ մը մեծահարուստներ գումարներ տրամադրած են, որպէսզի գիտնականները ջանան մահուան պատճառը գիտնալ։ Անոնք ի՞նչ ջանքեր թափած են։

Ներքին ժամացոյցը ետեւ տանիլ։ Կարգ մը կենսաբաններ կը հաւատան, որ ծերանալու գլխաւոր պատճառը կապ ունի թելոմէրին հետ, որ մեր երփնամարմինին (chromosome) վերջին մասն է։ Թելոմէրը բջիջին ծինային տեղեկութիւնները կը պահպանէ, մինչ բջիջը կը բաժնուի։ Բայց ամէն անգամ որ բջիջը բաժնուի, թելոմէրը կը կարճնայ։ Ի վերջոյ, բջիջները կը դադրին բաժնուելէ եւ ծերութիւնը կը սկսի։

Էլիզապէթ Պլէքպըրն եւ իր խումբը, որոնք 2009–ին Նոպէլեան մրցանակին արժանացան, բնորոշեցին ներխմոր մը (enzyme), որ թելոմէրին կարճնալը կ’ուշացնէ եւ առ ի արդիւնք՝ բջիջը աւելի ուշ կը ծերանայ։ Սակայն, անոնց տեղեկագիրը նշեց, որ թելոմէրը «հրաշալի կարողութիւն չունի կեանքը երկարելու. ան պատճառ չի դառնար որ ներկայ կեանքի սովորական տեւողութենէն աւելի երկար ապրինք»։

Բջիջներուն մէջ փոփոխութիւններ մտցնելով կը ջանան ծերանալու գէշ հետեւանքները կեցնել։ Երբ մեր բջիջները կը հասնին այն հանգրուանին, որ այլեւս չեն կրնար բաժնուիլ, կը ղրկեն մօտակայ վարակամերժ բջիջներուն (immune cell) սխալ նշաններ, պատճառելով բորբոքում, հիւանդութիւն եւ երկարատեւ ցաւ։ Վերջերս, Ֆրանսայի մէջ գիտնականներ կրցան շատ ծեր մարդոցմէ առնուած բջիջներու մէջ փոփոխութիւններ մտցնել, եւ բջիջները սկսան նորէն բաժնուիլ։ Փնտռտուք ընող խումբին առաջնորդը՝ փրոֆէսոր Ժան–Մարք Լըմեթրա, ըսաւ որ իրենց աշխատանքը ցոյց տուաւ, թէ բջիջներուն մէջ «ծերանալու ընթացքը» կարելի է յեղաշրջել։

ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱ՞Յ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ԵՐԿԱՐԵԼ

Շատ մը գիտնականներ կ’ըսեն, թէ թէեւ ծերութիւնը կասեցնող բազմաթիւ դարմանումներ կան, բայց մարդիկ պիտի չկարենան հիմակուան կեանքէն աւելի երկար ապրիլ։ Ճիշդ է որ 19–րդ դարէն ի վեր մարդ արարածին կեանքի միջին տեւողութիւնը երթալէն աւելցած է, բայց ասիկա գլխաւորաբար եղած է առ ի արդիւնք մաքրութեան, վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ առնուած յաջող քայլերուն ու պատուաստներու եւ մանրէասպան դեղերու գործածութեան։ Սերնդագէտներէն ոմանք կը հաւատան, որ մարդկային կեանքի տեւողութիւնը, քիչ թէ շատ, իր բնական սահմանին հասած է։

Շուրջ 3500 տարի առաջ, Սուրբ Գիրքի մէկ գրողը՝ Մովսէս նշեց. «Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է, վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին» (Սաղմոս 90։10)։ Հակառակ մարդոց ջանքերուն որ մեր կեանքի տեւողութիւնը աւելցնեն, մենք տակաւին ընդհանուր առմամբ կ’ապրինք Մովսէսին ըսածին պէս։

Միւս կողմէ, կարգ մը կրիաներ աւելի քան 150 տարի կ’ապրին, իսկ մայրի ծառը հազարաւոր տարիներ կ’ապրի։ Երբ մեր կեանքի տեւողութիւնը համեմատենք այդ եւ ուրիշ էակներու կեանքի տեւողութեան հետ, հարց չե՞նք տար. ‘Ա՞ս է կեանքը. միայն 70 կամ 80 տարի՞ ապրիլ’։