Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մենք ստեղծուած ենք յաւիտեան ապրելու

Մենք ստեղծուած ենք յաւիտեան ապրելու

ՄԵԶՄԷ ո՞վ չ’ուզեր երկար եւ երջանիկ կեանք ապրիլ։ Մտածէ թէ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ անվերջ կեանք եւ կատարեալ առողջութիւն ունենայինք։ Կրնայինք աւելի ժամանակ անցընել մեր սիրելիներուն հետ, ամբողջ աշխարհը պտըտիլ, նոր հմտութիւններ զարգացնել, աւելի իմաստուն դառնալ եւ մեզ հետաքրքրող բանին մասին լիովին սերտել։

Այս փափաքը անբնակա՞ն է։ Բնաւ երբեք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Աստուած այս փափաքը մեր մէջ դրած է (Ժողովող 3։11)։ Նաեւ կ’ըսէ որ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Տրամաբանակա՞ն է որ սիրալիր Աստուած մը մեզ ստեղծէ յաւիտեան ապրելու փափաքով, եւ միեւնոյն ատեն անկարելի դարձնէ որ զայն իրականացնենք։

Բնական է որ մէկը չ’ուզեր մեռնիլ։ Իրականութեան մէջ, Սուրբ Գիրքը մահը կը նկարագրէ որպէս «թշնամի» (Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Ոմանք կանուխ կը մեռնին, իսկ ուրիշներ՝ աւելի ուշ։ Բայց ուշ կամ կանուխ, ամէն անհատ պիտի մեռնի։ Ոմանք նոյնիսկ կը վախնան մտածելու մահուան մասին։ Այս թշնամին երբեք պիտի ոչնչանա՞յ։ Ասիկա իրապէս կարելի՞ է։

ՅՈՅՍ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌ ՈՒՆԻՆՔ

Կը զարմանա՞ս եթէ գիտնաս որ բնա՛ւ Աստուծոյ նպատակը չէր որ մարդիկ մեռնին։ Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքը ապացոյցներ կու տայ, թէ Աստուծոյ նպատակն էր որ մարդիկ յաւիտեան ապրին երկրի վրայ։ Եհովա * Աստուած մեծ խնամք տարաւ, որ երկիրը մարդ արարածին բնակութեան համար պատրաստէ։ Ետքը, առաջին մարդը՝ Ադամը ստեղծեց եւ զինք դրաւ դրախտի մէջ՝ Եդեմի պարտէզը։ Անկէ ետք, «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր» (Ծննդոց 1։26, 31

Աստուած Ադամը կատարեալ ստեղծեց՝ իր պատկերով (Բ. Օրինաց 32։4)։ Ադամի կինը՝ Եւան, նոյնպէս կատարեալ էր՝ թերութիւն մը չունէր իր մտքին ու մարմնին մէջ։ Աստուած անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք» (Ծննդոց 1։28

Երկիրը իրենց սերունդով լեցնելը ժամանակ պիտի առնէր։ Եւան զաւակներ պիտի բերէր, անոնք ալ իրենց կարգին զաւակներ պիտի բերէին, մինչեւ որ երկիրը ամբողջութեամբ լեցուէր, ինչպէս որ Աստուած մտադրած էր (Եսայի 45։18)։ Տրամաբանակա՞ն է որ Աստուած Ադամին ու Եւային այդ հեռանկարը տար, եթէ անոնք պիտի ապրէին միայն իրենց զաւակները եւ թերեւս թոռները տեսնելու չափ։

Մտածէ նաեւ անասուններուն տիրապետելու պատուէրին մասին։ Ադամին ըսուեցաւ որ անասուններուն անուններ դնէ, եւ ասիկա ժամանակ պիտի առնէր (Ծննդոց 2։19)։ Բայց անոնց տիրապետելու համար, հարկ պիտի ըլլար որ զանոնք սերտէր եւ հասկնար ինչպէ՛ս անոնց հոգ տանիլ։ Եւ ասիկա անուն դնելէն շա՜տ աւելի ժամանակ պիտի առնէր։

Ուստի Աստուծոյ տուած ուղղութիւնները, որ երկիրը լեցնեն եւ անասուններուն տիրապետեն, ցոյց կու տան որ Ադամն ու Եւան ստեղծուած էին, որպէսզի երկա՜ր ժամանակ ապրէին։ Իրողութիւնը այն է, որ Ադամ իրապէս երկար ժամանակ ապրեցաւ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ԵՐԿՐԱՅԻՆ ԴՐԱԽՏԻ ՄԷՋ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԱՊՐԻՆ

ԱՆՈՆՔ ՇԱ՜Տ ԵՐԿԱՐ ԱՊՐԵՑԱՆ

Ադամ՝ 930 տարի

Մաթուսաղա՝ 969 տարի

Նոյ՝ 950 տարի

Այսօր՝ 70-80 տարի

Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, որ ատեն մը մարդիկ շա՜տ երկար կ’ապրէին։ Անիկա կ’ըսէ. «Ադամին կեանքին բոլոր օրերը ինը հարիւր երեսուն տարի եղան»։ Ետքը, կը թուէ վեց տղամարդիկ,– Սէթ, Ենովս, Կայնան, Յարեդ, Մաթուսաղա եւ Նոյ,– որոնք աւելի քան 900 տարի ապրեցան։ Անոնք ապրեցան Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն առաջ, իսկ Նոյ 600 տարեկան էր, երբ Ջրհեղեղը եկաւ (Ծննդոց 5։5-27. 7։6. 9։29)։ Ինչպէ՞ս կարելի էր որ մարդիկ ա՛յսքան երկար ապրէին։

Անոնք մարդկային կատարելութեան մօտ էին, քանի որ ծնան՝ Ադամ ու Եւա իրենց կատարեալ կեանքը կորսնցնելէն շատ չանցած։ Հաւանաբար այդ պատճառով է որ այդքան երկար ապրեցան։ Բայց կատարեալ ըլլալը ի՞նչ կապ ունի երկար ապրելուն հետ։ Եւ մահը ինչպէ՞ս վերջ պիտի գտնէ։ Այս հարցումներուն պատասխանները գիտնալու համար, նա՛խ պէտք է հասկնանք, թէ ինչո՛ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։

^ պարբ. 6 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, Աստուծոյ անունը «Եհովա» է (Սաղմոս 83։18