Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս կայ

Մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս կայ

Բոլորս մահուան խիստ ցաւը կը զգանք, բայց արդեօք մահը ամէն բանի վերջ կը դնէ՞։ Մեռած անհատները յաւիտեան մոռցուա՞ծ են։ Իսկ անոնց համար յոյս մը կա՞յ։

ՆԿԱՏԷ ԹԷ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Ի՛ՆՉ Կ’ԸՍԷ.

ՄԵՌԵԼՆԵՐԸ ՉԵՆ ՄՈՌՑՈՒԱԾ

«Բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները. . . դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29

Աստուած մեռելները կը յիշէ. անոնք՝ որոնք իր յիշողութեան մէջ են, ետ պիտի ապրին։

ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

«Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15

Միլիառաւորներ ետ կեանքի պիտի բերուին, յոյս ունենալով որ խաղաղութեամբ յաւիտեան ապրին։

ԿԱՐԵԼԻ՛ Է ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍԻՆ ՀԱՒԱՏԱԼ

«[Աստուած] աստղերուն թիւը կը համրէ, անոնց ամէնքն ալ իրենց անուններովը կը կանչէ» (Սաղմոս 147։4

Աստուած, որ բոլոր աստղերը իրենց անուններովը կը կանչէ, կրնա՛յ յիշել անոնք՝ որոնց յարութիւն պիտի տայ։