Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս թշնամի մահուան յաղթել

Ինչպէ՞ս թշնամի մահուան յաղթել

ՃԻՇԴ է որ Ադամին ու Եւային անհնազանդութեան պատճառաւ իրենց սերունդը մեղքն ու մահը ժառանգեց, սակայն մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը չփոխուեցաւ։ Իր գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ, Աստուած կրկին անգամ կը հաստատէ որ իր նպատակը չէ փոխուած։

  • «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29

  • «Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ» (Եսայի 25։8

  • «Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է» (Ա. Կորնթացիս 15։26

  • «Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։4

Աստուած ինչպէ՞ս ‘մահը բնաջինջ պիտի ընէ’։ Վերը յստակօրէն նշուեցաւ, որ ‘արդարները յաւիտեան երկրի մէջ պիտի բնակին’։ Բայց Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ, որ «երկրի վրայ չկայ արդար մարդ՝ որ. . . երբեք չմեղանչէ» (Ժողովող 7։20, ԱԾ)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ մահուան վերջ դնելու համար, Աստուած իր չափանիշը փոխելով թոյլ պիտի տայ որ մեղաւորները յաւիտեան ապրին։ Ո՛չ։ Ան այսպիսի բան մը պիտի չընէ, քանի որ «անսուտն Աստուած» է (Տիտոս 1։2)։ Ուստի, ան ի՞նչ պիտի ընէ որ մարդկութեան նկատմամբ իր սիրալիր նպատակը իրագործէ։

ԱՍՏՈՒԱԾ «ՄԱՀԸ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԲՆԱՋԻՆՋ ՊԻՏԻ ԸՆԷ» (ԵՍԱՅԻ 25։8)

ՓՐԿԱՆՔ ՎՃԱՐԵԼՈՎ ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԱՂԹԵԼ

Եհովա Աստուած սիրալիր կարգադրութիւն մը ըրաւ մարդկութիւնը մահէն ազատելու համար. ան փրկանք վճարեց։ Երբ Սուրբ Գիրքը կը խօսի փրկանքի մասին, կ’ակնարկէ այն գինին որ կը վճարուի վնաս մը գոցելու կամ արդարութեան պահանջին գոհացում տալու համար։ Որովհետեւ բոլոր մարդիկը մեղաւոր են եւ մահուան դատապարտուած են, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը, ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել, քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը, երբեք կարելի չէ գոհացնել» (Սաղմոս 49։7, 8

Երբ անկատար անձ մը մեռնի, միայն իր մեղքերուն տուգանքը կրնայ վճարել. չի կրնար ինքզինք փրկել, ոչ ալ կրնայ ուրիշի մը մեղքերուն համար վճարել (Հռովմայեցիս 6։7)։ Մենք պէտք ունէինք որ կատարեալ եւ անմեղ անձ մը իր կեանքը տար մեր մեղքերուն համար (Եբրայեցիս 10։1-4

Աստուած ճիշդ ասիկա կարգադրեց։ Ան իր Որդին՝ Յիսուսը, երկինքէն երկիր ղրկեց, որ ծնի որպէս կատարեալ եւ անմեղ մարդ (Ա. Պետրոս 2։22)։ Յիսուս ըսաւ որ ինք եկաւ «իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու» (Մարկոս 10։45)։ Ան մեռաւ որպէսզի մեր մեղքերուն տուգանքը վճարելով մեզ մահէն ազատէ (Յովհաննէս 3։16

ՄԱՀԸ Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹՈՒԻ

Ներկայիս, Աստուածաշունչի մարգարէութեան առ ի կատարում, «դժուար ժամանակներ» կը տեսնենք, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ այս չար աշխարհի «վերջին օրերուն» մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմոթէոս 3։1, ՆԹ)։ Վերջին օրերը իրենց գագաթնակէտին պիտի հասնին՝ «դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» (Բ. Պետրոս 3։3, 7)։ Բայց Աստուած սիրող մարդիկը այդ կորստեան օրէն, այսինքն՝ կործանումէն, պիտի վերապրին եւ «յաւիտենական կեանք»ով պիտի օրհնուին (Մատթէոս 25։46

Յիսուս եկաւ «իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու» (Մարկոս 10։45)

Ուրիշ միլիոնաւորներ յաւիտենական կեանքը ստանալու առիթը պիտի ունենան, երբ յարութիւն առնեն։ Յիսուս ոմանց յարութիւն տուաւ։ Օրինակ, երբ Նային քաղաքը այցելեց, այրիի մը մէկ հատիկ տղան մեռած էր։ Ան ‘խղճալով մօր վրայ’, տղան ետ կեանքի բերաւ (Ղուկաս 7։11-15)։ Նաեւ, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Յոյս ունիմ առ Աստուած. . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ Այս ամուր յոյսը հոյակապ կերպով կ’ապացուցանէ մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սէրը (Գործք 24։15

Միլիառաւորներ կրնան յուսալ յաւիտեան ապրիլ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։ Այն ատեն, անոնք պիտի մխիթարուին՝ անձամբ շօշափելով Պօղոս առաքեալի խօսքին կատարումը. «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ» (Ա. Կորնթացիս 15։55)։ Մարդկութեան ահռելի թշնամին՝ մահը յաղթուած պիտի ըլլայ։