Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Երկիր իր պտուղը պիտի տայ. ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ» (ՍԱՂՄՈՍ 67։6)

Մեր Ստեղծիչին օրհնութիւնները յաւիտեան վայելէ

Մեր Ստեղծիչին օրհնութիւնները յաւիտեան վայելէ

Աստուած Աբրահամ մարգարէին խոստացաւ, որ իր սերունդէն եղող անհատ մը «երկրի բոլոր ազգեր»ուն օրհնութիւններ պիտի բերէր (Ծննդոց 22։18)։ Ո՞վ էր ան։

Գրեթէ 2000 տարի առաջ, Աստուած հոյակապ հրաշքներ ընելու զօրութիւն տուաւ Յիսուսին, որ Աբրահամի սերունդէն էր։ Այդ հրաշքները ցոյց տուին, թէ Աբրահամին խոստացուած օրհնութիւնը ազգերուն պիտի գար Յիսուսին միջոցով (Գաղատացիս 3։14

Յիսուսի ըրած հրաշքները ականատեսներուն օգնեցին գիտնալու, թէ ինքն էր այն անձը, որ Աստուած ընտրած էր մարդկութիւնը օրհնելու համար։ Այդ հրաշքները նաեւ ցոյց տուին, թէ Աստուած ինչպէ՛ս Յիսուսը պիտի գործածէ մարդկութիւնը յաւիտեան օրհնելու համար։ Տե՛ս թէ Յիսուսի հրաշքները ինչպէ՛ս կը յայտնեն իր հրապուրիչ յատկութիւններէն ոմանք։

Քնքշութիւն. Յիսուս հիւանդները բժշկեց։

Օր մը, բորոտ մը Յիսուսին աղաչեց, որ զինք բժշկէ։ Յիսուս անոր դպաւ ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ»։ Անմիջապէս բորոտութիւնը անհետացաւ (Մարկոս 1։40-42

Առատաձեռնութիւն. Յիսուս անօթիները կերակրեց։

Յիսուս չուզեց որ մարդիկ անօթի մնան։ Մէկէ աւելի առիթներով, ան հազարաւորներ հրաշքով կերակրեց, քանի մը հաց ու քանի մը պզտիկ ձուկ գործածելով (Մատթէոս 14։17-21. 15։32-38)։ Ուտելէ ետք, բոլորը կշտացան եւ շատ ուտելիք աւելցաւ։

Կարեկցութիւն. Յիսուս մեռելներուն յարութիւն տուաւ։

‘Խղճալով’ Յիսուս յարուցանեց միակ զաւակը սգացող այրիի մը, որ ուրիշ մէկը չունէր որ իրեն հոգ տանէր (Ղուկաս 7։12-15