Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնաս սիրալիր Աստուծոյ կողմէ յաւիտենական օրհնութիւններ վայելել

Կրնաս սիրալիր Աստուծոյ կողմէ յաւիտենական օրհնութիւններ վայելել
  • Կը փափաքի՞ս ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր պատերազմ, վայրագութիւն եւ խռովութիւն չկան։

  • Կը ցանկա՞ս որ այլեւս հիւանդութիւն, տառապանք ու մահ չըլլան։

  • Կ’ուզե՞ս մտահոգութիւն չունենալ։

  • Կը փափաքի՞ս ապրիլ շրջանի մը մէջ, որ բնական աղէտներէ պիտի չհարուածուի։

Մեր հոգատար Աստուածը՝ մեր գեղեցիկ մոլորակին Ստեղծիչը, խոստացած է մարդկութիւնը օրհնել, տալով յաւիտենական կեանք՝ խաղաղ ու երջանիկ պայմաններու մէջ։ Ասիկա երազ մը չէ։

Յաջորդ յօդուածներուն մէջ, հաճիս նկատի առ թէ՝

  • Մեր Ստեղծիչը մարդկութեան հանդէպ ի՛նչ կը զգայ

  • Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը մեզի ի՛նչ կը յայտնէ

  • Աստուծոյ մարգարէները իր խոստացած օրհնութիւններուն մասին ի՛նչ ըսին

  • Ի՛նչ կրնանք ընել, որ հիմա երջանիկ ըլլանք եւ Աստուծոյ որոշած ժամանակին յաւիտենական օրհնութիւններ վայելենք

Նախ քննենք Աստուծոյ տուած բաներէն ոմանք, որոնք ցոյց կու տան որ մեզ կը սիրէ։