Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճիշդ ինչպէս որ գործատէր մը իր քարտուղարը կը գործածէ, իր անունով նամակ մը գրելու համար, Աստուած ալ կարգ մը հաւատարիմ մարդիկ գործածեց, Սուրբ Գրութիւնները գրելու համար

Ստեղծիչը ինչպէ՞ս կը յայտնէ իր խոստումները

Ստեղծիչը ինչպէ՞ս կը յայտնէ իր խոստումները

Մարդկութիւնը ստեղծելէն ի վեր, մեր Ստեղծիչը մարդոց հետ հաղորդակցած է հրեշտակներու եւ մարգարէներու միջոցաւ։ Ասկէ զատ, ան ուզեց որ իր պատգամն ու խոստացած օրհնութիւնները գրուին։ Աստուծոյ այս խոստումները ապագայիդ կ’ազդեն։ Ուստի, զանոնք ներկայիս ո՞ւր կրնաս գտնել։

Մեզի ուղղուած Աստուծոյ պատգամը կը գտնուի Սուրբ Գրութիւններուն մէջ (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Աստուած ինչպէ՞ս մարգարէները գործածեց, որ իր պատգամը գրեն։ Ան իր մտածումները դրաւ գրողներուն միտքին մէջ, որոնք ետքը զանոնք գրեցին (Բ. Պետրոս 1։21)։ Կրնանք արդի օրինակով մը բացատրել։ Եթէ գործատէր մը իր քարտուղարը կը գործածէ իր անունով նամակ մը գրելու համար, նամակին հեղինակը տակաւին գործատէրը կը սեպուի։ Նմանապէս, թէեւ Աստուած մարդիկ գործածեց, որ իր պատգամը գրեն, բայց ի՛նքն է Սուրբ Գրութիւններուն իսկական Հեղինակը։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ՄԱՏՉԵԼԻ Է

Աստուծոյ պատգամը այնքա՛ն կարեւոր է, որ ան կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկը զայն կարդան ու հասկնան։ Ներկայիս, իր տուած յաւիտենական բարի լուրը դիւրամատչելի է «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն» (Յայտնութիւն 14։6)։ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ օրհնութեամբ, Սուրբ Գրութիւնները՝ ամբողջութեամբ կամ մասամբ, մատչելի են աւելի քան 3000 լեզուներով,– որեւէ գիրքէ շա՜տ աւելի։