Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մազօրէթները ուշադրութեամբ ընդօրինակեցին Սուրբ Գրութիւնները

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ

Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ՝ իր պատգամը փոխելու փորձերէ

Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ՝ իր պատգամը փոխելու փորձերէ

ՎՏԱՆԳԸ։ Դուրսի վտանգները, ինչպէս՝ փտութիւնն ու հակառակութիւնը, չեն կրցած Սուրբ Գիրքը ոչնչացնել։ Բայց անդին, կարգ մը ընդօրինակողներ եւ թարգմանիչներ փորձած են Սուրբ Գիրքին պատգամը փոխել։ Անոնք շատ մը առիթներով փորձած են Սուրբ Գիրքը յարմարցնել իրենց վարդապետութիւններուն, փոխանակ իրենց վարդապետութիւնները յարմարցնելու Սուրբ Գիրքին։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

  • Պաշտամունքի տեղ։ Ք.Ա. 4–էն 2–րդ դարերուն ընթացքին, Սամարական Հնգամատեանը գրողները Ելից 20։17–էն ետք աւելցուցին այս բառերը. «Գարիզին լեռը։ Եւ հոն պէտք է զոհասեղան մը շինես»։ Այսպիսով, սամարացիները այնպէս մը ըրին, որ Սուրբ Գրութիւններուն հիման վրայ շինած էին իրենց տաճարը Գարիզին լերան վրայ։

  • Երրորդութեան վարդապետութիւնը։ Սուրբ Գիրքը ամբողջովին գրուելէն 300 տարի չանցած, երրորդութեան հաւատացող գրող մը Ա. Յովհաննէս 5։7–ին մէջ աւելցուց այս բառերը. «Երկնքի մէջ. . . Հայրը, Բանը ու Սուրբ Հոգին եւ այս երեքը մէկ են»։ Բուն գրութեան մէջ այս նախադասութիւնը չկար։ Աստուածաշունչի ուսումնական Պրուս Մէցկըր կ’ըսէ, թէ «վեցերորդ դարէն սկսեալ»՝ այս բառերը «երթալէն աւելի յաճախ սկսան երեւիլ Հին լատիներէն–ի եւ Վուլկաթա–յի ձեռագիրներուն մէջ»։

  • Աստուծոյ անունը։ Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանիչներ որոշեցին Աստուծոյ անունը հանել Սուրբ Գիրքէն, կռնակ առնելով հրէական նախապաշարումէ մը։ Անոնք անունին տեղ դրին տիտղոսներ, ինչպէս՝ «Աստուած» կամ «Տէր», որոնք Սուրբ Գիրքին մէջ կը կիրարկուին ոչ միայն Արարիչին, այլեւ՝ մարդոց, սուտ կրօնքի իրերու եւ նոյնիսկ Սատանային (Յովհաննէս 10։34, 35. Ա. Կորնթացիս 8։5, 6. Բ. Կորնթացիս 4։4) *։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ։ Առաջին, թէեւ կարգ մը ընդօրինակողներ անհոգ եւ նոյնիսկ խաբեբայ էին, բայց բազմաթիւ ուրիշներ շատ վարպետ եւ բծախնդիր էին։ Ք.Ե. 6–էն 10–րդ դարերուն ընթացքին, մազօրէթները Եբրայերէն Գրութիւնները ընդօրինակեցին եւ իրենց գործը կոչուեցաւ՝ մազօրէթական բնագիր։ Կ’ըսուի թէ անոնք բառերն ու գիրերը կը համրէին, որպէսզի վստահ ըլլային որ սխալ մը չեղաւ։ Երբ տեսնէին թէ գլխաւոր գրութեան մէջ սխալներ կան, զանոնք լուսանցքին մէջ կը նշէին։ Մազօրէթները չէին ուզեր Սուրբ Գիրքին խօսքերուն հետ խաղալ։ Փրոֆէսոր Մոշէ Կոշըն–Կոթցդայն գրեց. «Իրենց համար, դիտմամբ ատոր մէջ փոփոխութիւններ մտցնելը ամէնէն գէշ ոճիրն էր»։

Երկրորդ, այսօր մեծ թիւով ձեռագիրներ կան, որոնք Աստուածաշունչի ուսումնականներուն կ’օգնեն որ սխալները գտնեն։ Օրինակ՝ կրօնական առաջնորդները դարեր շարունակ սորվեցուցին, որ իրենց ունեցած լատիներէն Աստուածաշունչերուն գրութիւնը ճշգրիտ է։ Բայց անոնք Ա. Յովհաննէս 5։7–ին մէջ աւելցուցած էին վերը նշուած արտայայտութիւնը։ Այս սխալը անցած է հայերէն թարգմանութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ը։ Բայց երբ ուրիշ ձեռագիրներ գտնուեցան, ի՞նչ մէջտեղ ելաւ։ Պրուս Մէցկըր գրեց. «[Ա. Յովհաննէս 5։7–ի] աւելցուած արտայայտութիւնը չի գտնուիր բոլոր հին թարգմանութիւններուն մէջ (ասորերէն, ղպտերէն, հայերէն, եթովպերէն, արաբերէն, սլաւոներէն), բացի լատիներէնէն»։ Այս պատճառով, այժմ կան Սուրբ Գիրքեր՝ որոնց մէջ հանուած է այդ արտայայտութիւնը, ինչպէս՝ Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն (Անթիլիաս, 2001)։

Չէսթըր Պիթի P46, պապիրոս մը՝ որուն վրայ Աստուածաշունչի գրութիւն կայ, գրուած շուրջ Ք.Ե. 200–ին

Աւելի հին ձեռագիրները կը փաստե՞ն որ Սուրբ Գիրքին պատգամը նոյնը մնացած է։ Երբ 1947–ին Մեռեալ ծովու մագաղաթները գտնուեցան, ուսումնականները վերջապէս կրնային եբրայերէն մազօրէթական բնագիրը բաղդատել՝ իրմէ աւելի քան 1000 տարի առաջ գրուած մագաղաթներու հետ։ Մեռեալ ծովու մագաղաթներուն խմբագրական յանձնախումբի անդամներէն մէկը եզրակացուց, որ մէկ մագաղաթ «անհերքելիօրէն կը փաստէ, որ հրեայ ընդօրինակողները ծայրաստիճան հաւատարմութեամբ եւ ուշադրութեամբ փոխանցած են Աստուածաշունչի գրութիւնը, աւելի քան հազար տարուան ընթացքին»։

Իրլանտայի մայրաքաղաքին՝ Տապլինի մէջ, Չէսթըր Պիթիի գրադարանը կը ցուցադրէ պապիրոսներու հաւաքածոյ մը, որ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն գրեթէ բոլոր գիրքերը կը ներկայացնէ, մէջը ըլլալով՝ Ք.Ե. երկրորդ դարուն պատկանող ձեռագիրներ,– այսինքն՝ ամբողջ Սուրբ Գիրքը գրուելէն միայն շուրջ 100 տարի ետք։ Բառարան մը կ’ըսէ. «Թէեւ պապիրոսները շատ մը նոր տեղեկութիւններ կ’աւելցնեն գրութեան մանրամասնութիւններուն վրայ, բայց ատոնք նաեւ կը փաստեն որ Աստուածաշունչին գրութիւնը հոյակապ կայունութեամբ փոխանցուած է պատմութեան ընթացքին» (The Anchor Bible Dictionary

«Վստահութեամբ կրնանք ըսել, որ չկայ ուրիշ որեւէ հին գրութիւն որ այսքա՛ն ճշգրտութեամբ փոխանցուած է»

ԱՐԴԻՒՆՔԸ։ Սուրբ Գիրքի գրութիւնը ժամանակի ընթացքին ընդօրինակուելով աւելի լաւ եղած է՝ փոխանակ աւրուելու։ Սըր Ֆրետերիք Քէնյըն Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մասին գրեց. «Չկայ ուրիշ հնօրեայ գիրք մը որ այսքան հին եւ շատ վկայութիւն ունի իր գրութեան մասին։ Եւ չկայ չնախապաշարուած ուսումնական մը, որ կրնայ ուրանալ թէ մեր ձեռքերուն հասած գրութիւնը իրապէս վնասուած չէ»։ Իսկ Ուիլիամ Հենրի Կրին ուսումնականը Եբրայերէն Գրութիւններուն մասին ըսաւ. «Վստահութեամբ կրնանք ըսել, որ չկայ ուրիշ որեւէ հին գրութիւն որ այսքա՛ն ճշգրտութեամբ փոխանցուած է»։

^ պարբ. 6 Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին «Աստուծոյ անունը. այդ անուան գործածութիւնն ու նշանակութիւնը» յաւելուածը։ Ատիկա նաեւ կը գտնուի մեր կայքին մէջ՝ www.pr418.com/hy-latn։