Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Մա՞րդը մէջտեղ բերած է կրօնքը։

ՈՄԱՆՔ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ թէ մարդը հնարած է կրօնքը։ Ուրիշներ կը կարծեն որ Աստուած կրօնքը կը գործածէ, որպէսզի մարդոց օգնէ որ իրեն մօտենան։ Դուն ի՞նչ կը կարծես։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

Կա՛յ «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւն» կամ կրօնք (Յակոբոս 1։27)։ Մաքուր կամ ճշմարիտ կրօնքը Աստուծմէ կու գայ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Կրօնք մը պէտք է Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան վրայ հիմնուած ըլլայ, որպէսզի Աստուած ատոր հաճի (Յովհաննէս 4։23, 24

  • Այն կրօնքները որ մարդոց գաղափարներուն վրայ հիմնուած են, անօգուտ են (Մարկոս 7։7, 8

Կարեւո՞ր է որ կրօնքի մը պատկանինք։

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՍ

  • Այո

  • Ոչ

  • Կախում ունի

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

«Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք» (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Ուրեմն, Աստուած կ’ուզէ որ զինք պաշտողները միասին հաւաքուին որպէս կազմակերպուած խումբ մը։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Անոնք որոնք միասին կը պաշտեն Աստուած, պէտք է նոյն հաւատալիքները ունենան (Ա. Կորնթացիս 1։10, 11

  • Այն անհատները որոնք Աստուծոյ հաճած կրօնքին կը պատկանին, համաշխարհային եղբայրութիւն մը կը կազմեն (Ա. Պետրոս 2։17