Պիտի գա՞յ օր մը որ բռնութիւն չըլլայ?
Դուն կամ ընտանիքէդ մէկը երբեք բռնութեան հանդիպա՞ծ էք։ Պատճառ մը ունի՞ս վախնալու որ օր մը կրնաս անոր զոհը դառնալ։ Բռնութիւնը կոչուած է՝ «համայն աշխարհին մէջ երթալէն աւելի մեծցող խնդիր մը», որ մարդոց առողջութեան վնաս կը հասցնէ։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։
ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ՍԵՌԱՅԻՆ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆ։ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը կը տեղեկագրէ. «Ամէն երեք կիներէն մէկը իր կեանքին ընթացքին զոհ գացած է ֆիզիքական կամ սեռային բռնութեան, մօտիկ անձի մը կողմէ»։ Ցաւօք սրտի, «հաշիւ եղած է որ աշխարհի տարածքին ամէն հինգ կիներէն մէկը զոհ պիտի երթայ բռնաբարումի կամ պիտի փորձուի բռնաբարուիլ»։
ՓՈՂՈՑԻՆ ՄԷՋ ՈՃԻՐ։ Կ’ըսուի թէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, աւելի քան 30,000 վայրագ աւազակախումբեր ոճիրներ կը գործեն։ Լատին Ամերիկայի մէջ, ամէն երեք անհատներէն մէկը տեղեկագրած է որ վայրագ ոճիրի զոհը գացած է։
ՄԱՐԴԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ։ Հաշիւ եղած է որ գրեթէ կէս միլիոն անհատներ սպաննուեցան 2012–ին։ Այս թիւը պատերազմներուն մէջ սպաննուածներուն թիւէն աւելի էր։ Մարդասպանութիւնները ամէնէն շատ եղած են Ափրիկէի հարաւը (բնակչութեան ամէն 100,000–էն 30–ը) եւ Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ (բնակչութեան ամէն 100,000–էն 26–ը)։ Մէկ տարուան մէջ, Լատին Ամերիկայի մէջ սպաննուած են աւելի քան 100,000 հոգիներ, եւ միայն Պրազիլի մէջ՝ շուրջ 50,000 հոգիներ։ Լաւ, բռնութեան վերջնական լուծում մը կա՞յ։
ԲՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԳՏՆԷ՞
Ինչո՞ւ ամէն տեղ բռնութիւն կայ։ Շատ մը պատճառներով։ Օրինակ՝ ընկերային եւ տնտեսական գետնի վրայ հաւասարութիւն չըլլալով լարուածութիւններ մէջտեղ կու գան։ Պզտիկները մեծերուն վայրագութիւնը կը տեսնեն։ Շատեր ալքոլի եւ թմրեցուցիչի մոլի են։ Մարդիկ թեթեւի կ’առնեն ուրիշներուն կեանքը։ Նաեւ, ըստ երեւոյթին վայրագ ոճրագործները որոշ չափով անպատիժ կը մնան։
Իրականութեան մէջ, կարգ մը երկիրներու մէջ բռնութիւնը քիչցած է։ Օրինակ՝ տեղեկագրուած է որ Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ, ուր շատ բնակչութիւն կայ, մարդասպանութիւնը 80 առ հարիւր քիչցաւ վերջին 10 տարիներուն ընթացքին։ Բայց դեռ ամէն տեսակի վայրագ ոճիրներ կը պատահին այդ քաղաքին մէջ, եւ տակաւին ամէն 100,000–էն 10–ն կը սպաննուի։ Լաւ, բռնութիւնը ինչպէ՞ս վերջնականապէս պիտի վերցուի։
Բռնութիւնը վերջնականապէս լուծուելու համար, ի վերջոյ պէտք է մարդոց կեցուածքն ու վարմունքը փոխուի։ Որպէսզի վայրագ անհատները փոխուին, պէտք է իրենց հպարտութեան, ագահութեան եւ անձնասիրութեան տեղը առնեն՝ սէրը, յարգանքը եւ ուրիշներով անկեղծօրէն հետաքրքրուիլը։
Ի՞նչ բաներ կը ձգեն որ մէկը այս մեծ փոփոխութիւնները ընէ։ Մտածէ Սուրբ Գիրքին այս սորվեցուցածներուն մասին.
-
«Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք» (Ա. Յովհաննէս 5։3)։
-
«Տէրոջը վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ» (Առակաց 8։13)։
Աստուծոյ հանդէպ սէրը եւ զինք նեղացնելու վախը
այնքա՛ն մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մէկու մը վրայ, որ նոյնիսկ վայրագ անձի մը կեանքը կրնայ փոխուիլ,– իր ամբո՛ղջ անձնաւորութիւնը։ Ասիկա իրապէս կը պատահի՞։Նկատի առ Ալեքս *, որ Պրազիլի մէջ վերջին 19 տարիները անցուցած է բանտը, քանի որ վայրագ արարքներ ըրած է։ Ան Եհովայի վկաներու հետ Սուրբ Գիրքը սերտեց եւ 2000–ին Եհովայի վկայ եղաւ։ Ան իրապէս փոխա՞ծ է իր վայրագ վարուելակերպը։ Այո՛, եւ ան շատ կը զղջայ բոլոր այն գէշ բաներուն վրայ որ ըրած է։ Ան կ’ըսէ. «Սկսայ Աստուծոյ հանդէպ սէր ունենալ, քանի որ զիս զգացուց որ իրապէս ներուած եմ։ Եհովայի հանդէպ երախտապարտութիւնս եւ սէրս ինծի օգնած են որ փոխուիմ»։
Սեզար, որ ինքն ալ Պրազիլի մէջ է, 15 տարի անցուցած է գողութիւն ընելով, նոյնիսկ ատեններ զինուած ըլլալով։ Ի՞նչը ձգեց որ փոխուի։ Մինչ բանտն էր, ինքն ալ Եհովայի վկաներու հետ Սուրբ Գիրքը սերտեց։ Սեզար կը բացատրէ. «Առաջին անգամ ըլլալով կեանքիս մէջ նպատակ ունեցայ։ Սորվեցայ Աստուած սիրել։ Նաեւ սորվեցայ իրեն հանդէպ վախ ունենալ,– վախ որ առաջուան պէս գէշ բաներ ընեմ եւ զինք նեղացնեմ։ Չուզեցի իր ազնուութեան դիմաց ապերախտ ըլլալ։ Այս սէրն ու վախը ձգեցին որ փոխուիմ»։
Այս փորձառութիւնները կը ցուցնեն, որ Սուրբ Գիրքը զօրութիւն ունի մարդոց կեանքը արմատէն փոխելու, իրենց մտածելակերպը փոխելով (Եփեսացիս 4։23)։ Ալեքս, որ վերը նշուեցաւ, կ’աւելցնէ. «Ի՛նչ որ Սուրբ Գիրքէն կը սորվէի, մաքուր ջուրի պէս մէջէս կ’անցնէր, եւ կամաց–կամաց զիս կը մաքրէր, գէշ մտածումները դուրս նետելով։ Բնա՛ւ չէի երեւակայեր որ օր մը օրանց պիտի կրնայի այս բաներէն ազատուիլ»։ Իրապէս, երբ մեր միտքը լեցնենք Սուրբ Գիրքին մաքուր պատգամով, ատիկա կրնայ գէշութիւնը դուրս վռնտել։ Աստուծոյ Խօսքը մաքրելու զօրութիւնը ունի (Եփեսացիս 5։26)։ Այսպիսով, անգութ եւ անձնասէր մարդիկ կրնան փոխուիլ եւ ազնիւ ու խաղաղարար ըլլալ (Հռովմայեցիս 12։18)։ Անոնք Սուրբ Գիրքին սկզբունքները կիրարկելով խաղաղութիւն կը վայելեն (Եսայի 48։18)։
240 երկիրներու մէջ աւելի քան ութ միլիոն Եհովայի վկաներ գտած են բռնութենէն ազատուելու բանալին։ Իրենց մէջ կան բոլոր ցեղերէն եւ տարբեր միջավայրերէ մարդիկ, որոնք սորված են Աստուած սիրել եւ իրեն հանդէպ վախ ունենալ, ինչպէս նաեւ իրար սիրել։ Այսպիսով անոնք խաղաղութեամբ կ’ապրին որպէս համաշխարհային ընտանիք մը (Ա. Պետրոս 4։8)։ Անոնք մեր աչքին առջեւ փաստ են, որ պիտի գա՛յ օր մը որ բռնութիւն չըլլայ։
ՄՕՏ ԱՏԵՆԷՆ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ
Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ որ Աստուած մօտ ատենէն բռնութիւնը պիտի վերցնէ։ Այս վայրագ աշխարհը պիտի դիմագրաւէ՝ Աստուծոյ կողմէ որոշուած «դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» (Բ. Պետրոս 3։5-7)։ Այլեւս վայրագ մարդիկ ուրիշներուն վնաս պիտի չհասցնեն։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած կ’ուզէ միջամտել եւ բռնութիւնը վերցնել։
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Աստուած «կ’ատէ. . . բռնութիւն սիրողը» (Սաղմոս 11։5)։ Մեր Ստեղծիչը կը սիրէ խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը (Սաղմոս 33։5. 37։28)։ Այս պատճառով, ան պիտի չձգէ որ վայրագ մարդիկը յաւիտեան ուզածնին ընեն։
Խաղաղ նոր աշխարհը գալու վրայ է (Սաղմոս 37։11. 72։14)։ Կ’ուզե՞ս գիտնալ թէ ինչպէ՛ս արժանի կ’ըլլաս որ այդ ապահով աշխարհին մէջ ապրիս։
^ պարբ. 14 Անունները փոխուած են։