ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Հոկտեմբեր 2016

Այս թիւը կը բովանդակէ 2016–ի նոյեմբեր 28–դեկտեմբեր 25 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ջանացած եմ լաւ օրինակներ ընդօրինակել

Թոմաս ՄքԼէյն կը պատմէ թէ ինչպէս ուրիշներուն լաւ օրինակները իրեն օգնեցին, որ լաւ նպատակակէտեր դնէ եւ իր կարգին ուրիշներուն օգնէ։

«Մի՛ մոռնաք օտարներու հանդէպ ազնուութիւնը»

Աստուած ի՞նչ աչքով կը նայի օտարներուն։ Ի՞նչ կրնաս ընել որպէսզի օտար մէկու մը օգնես որ հանգիստ զգայ ժողովքին մէջ։

Հոգեւորապէս առողջ մնա, մինչ օտար դաշտի մը մէջ կը ծառայես

Քրիստոնեան պէտք է կարեւոր սեպէ իր հոգեւորութիւնը պաշտպանելը։ Բայց եթէ օտար դաշտի մը մէջ կը ծառայես, յաւելեալ դժուարութիւններ ունիս։

«Իմաստութիւն»ը քովդ կը պահե՞ս

Ի՞նչ է տարբերութիւնը իմաստութեան եւ գիտութեան ու հասկացողութեան միջեւ։ Իրապէս կրնաս օգտուիլ եթէ տարբերութիւնը գիտնաս։

Յուսացած բաներուդ հանդէպ հաւատքդ զօրացուր

Կրնանք թէ՛ անցեալի եւ թէ այժմու հաւատքի տէր անհատներէ շատ լաւ օրինակ առնել։ Ինչպէ՞ս կրնաս քու հաւատքդ զօրաւոր պահել։

Եհովայի խոստումներուն հաւատա՛

Հաւատքը ճիշդ ի՞նչ է։ Եւ ասկէ կարեւորը, ինչպէ՞ս կրնաս քու հաւատքդ ցոյց տալ։

Գիտէի՞ր

Առաջին դարուն, Հռոմ որքա՞ն ազատութիւն տուած էր Հրէաստանի հրեայ իշխանութիւններուն։ Կարելի՞ էր որ անցեալին մէկը ուրիշին արտին մէջ իրապէս որոմ ցանէր։