Գիտէի՞ր
Կարելի՞ էր որ անցեալին մէկը ուրիշին արտին մէջ իրապէս որոմ ցանէր։
ՄԱՏԹԷՈՍ 13։24-26–ին մէջ Յիսուս կ’ըսէ. «Երկնքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ բարի սերմ ցանեց։ Երբ մարդիկ կը քնանային իր թշնամին եկաւ ու ցորենին մէջ որոմ ցանեց եւ գնաց։ Երբ խոտը բուսաւ ու պտուղ բերաւ, անկէ յետոյ որոմն ալ երեւցաւ»։ Կարգ մը գրողներ կը կասկածին որ կարելի է այս օրինակը սեպել իրական կեանքէ առնուած։ Բայց ըստ հռոմէական օրինական գրութիւններու, ասիկա կարելի է։
Աստուածաշունչի բառարան մը կ’ըսէ. «Հռոմէական օրէնքին մէջ ոճիր կը սեպուէր. . . վրէժ առնելու նպատակով արտի մը մէջ որոմ ցանելը։ Այս նիւթին շուրջ օրէնք ըլլալը կը ցուցնէ, թէ ատիկա շատ անգամներ կը պատահէր»։ Օրինագէտ Էլըսդըր Քէր կը բացատրէ, թէ Ք.Ե. 533–ին՝ հռոմայեցի Յուստինիանոս կայսրը հրատարակեց իր Օրինագիրք–ը, որ կը բովանդակէր հռոմէական օրէնքին ամփոփումը եւ մէջբերումներ իրաւագէտներէ, օրէնքին դասական ժամանակներէն (շուրջ Ք.Ե. 100-250)։ Ըստ այս աշխատասիրութեան (Օրինագիրք, 9.2.27.14), իրաւագէտ Ըլբիան նշեց երկրորդ դարու հռոմայեցի դիւանագէտ Սեղիոսի յանձն առած մէկ պարագան։ Անհատ մը որոմ ցանած էր ուրիշի մը արտին մէջ, եւ այս պատճառով հունձքը աւրուեցաւ։ Օրինագիրք–ը նկատի կ’առնէ թէ արտին տէրը, կամ վարձակալ հողագործը, ի՛նչ օրինական կերպերով կրնար հասած վնասին հատուցումը ստանալ չարագործէն։
Ուրեմն, այսպիսի չարիքներ կը պատահէին Հռոմէական կայսրութեան մէջ, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ Յիսուսին նշած պարագան, իրական կեանքէ առնուած էր։
Առաջին դարուն, Հռոմ որքա՞ն ազատութիւն տուած էր Հրէաստանի հրեայ իշխանութիւններուն։
ԱՅԴ ժամանակ, հռոմայեցիները կ’իշխէին Հրէաստանի վրայ։ Անոնք կը նշանակէին կառավարիչ մը, որ իր ձեռքին տակ զօրագունդեր կ’ունենար։ Անոր բուն պարտականութիւնն էր՝ Հռոմին համար տուրքեր հաւաքել եւ կարգ ու կանոնը պահել։ Հռոմայեցիները կը խափանէին անօրէն գործունէութիւնները եւ կը պատժէին ո՛վ որ խանգարումներ կը պատճառէր։ Այլապէս, անոնք երկրին ամէնօրեայ կառավարումը ընդհանրապէս կը ձգէին տեղական առաջնորդներու ձեռքին մէջ։
Սենետրիոնը հրեաներուն բարձրագոյն ատեանն էր, եւ յանձն կ’առնէր ամէն ինչ որ հրէական օրէնքին հետ կապ ունէր։ Հրէաստանի տարածքին կային նաեւ աւելի ցած ատեաններ, որոնք հաւանաբար յանձն կ’առնէին քաղաքային եւ ոճրային հարցերուն մեծամասնութիւնը, եւ հռոմայեցի կառավարիչները չէին խառնուեր այսպիսի հարցերու։ Բայց ոճրագործները մահապատիժի ենթարկելը, ընդհանրապէս հռոմայեցիներուն իրաւունքն էր։ Ատոր մէկ բացառութիւնն էր, երբ Սենետրիոնի անդամները դատեցին Ստեփանոսը եւ ձգեցին որ քարկոծուելով մեռցուի (Գործք 6։8-15. 7։54-59)։
Ուրեմն, Սենետրիոնը լայն իրաւասութիւններ ունէր։ Ուսումնական Էմիլ Շիւրըր կ’ըսէ. «Բայց ատոր ամէնէն մեծ սահմանափակումը այն էր՝ թէ հռոմէական իշխանութիւնները որեւէ ժամանակ կրնային հարցը ձեռք առնել եւ իրենց ուզածին պէս վարուիլ, ինչպէս՝ երբ կասկածէին որ քաղաքական խնդիր կայ»։ Օրինակ՝ զօրապետ Կղօդիոս Լիւսիաս ինք հարցուփորձեց Պօղոս առաքեալը, որ Հռոմի քաղաքացի էր (Գործք 23։26-30)։