Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւորապէս առողջ մնա, մինչ օտար դաշտի մը մէջ կը ծառայես

Հոգեւորապէս առողջ մնա, մինչ օտար դաշտի մը մէջ կը ծառայես

«Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ» (ՍԱՂ. 119։11

ԵՐԳԵՐ. 142, 92

1-3. ա) Մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը ի՞նչ պէտք է դնենք։ բ) Նոր լեզու սորվողները ի՞նչ մասնայատուկ դժուարութիւններ ունին, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին (տե՛ս բացման պատկերը)։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ, հազարաւոր Եհովայի վկաներ կ’օգնեն որ «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն» քարոզուի բարի լուրը (Յայտ. 14։6)։ Անոնցմէ՞ ես որ ուրիշ լեզու մը կը սորվին։ Կամ թերեւս օտար երկրի մը մէջ միսիոնար ես կամ կը ծառայես ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Կամ ալ թերեւս երկրիդ մէջ օտար լեզու գործածող ժողովքի մը ժողովներուն սկսած ես երթալ։

2 Աստուծոյ բոլոր ծառաները պէտք է առաջին տեղը դնեն իրենց եւ իրենց ընտանիքին հոգեւոր առողջութիւնը (Մատ. 5։3)։ Սակայն, ատեններ դժուար կ’ըլլայ որ իմաստալից անձնական ուսումնասիրութիւն ընենք, քանի որ զբաղած կ’ըլլանք։ Բայց ան որ օտար դաշտի մը մէջ կը ծառայէ, ուրիշ դժուարութիւններ ալ կ’ունենայ։

3 Անոնք որոնք օտար դաշտի մը մէջ կը ծառայեն պէտք է նոր լեզու սորվին, բայց նաեւ ջանք թափեն որ կանոնաւորաբար սերտեն հոգեւոր խորունկ բաները (Ա. Կոր. 2։10)։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնան ասիկա ընել, եթէ ժողովքին մէջ խօսուած լեզուն լման չեն հասկնար։ Եւ քրիստոնեայ ծնողները ինչո՞ւ պէտք է ջանք թափեն որ Աստուծոյ Խօսքը հասնի իրենց զաւակներուն սրտին։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՎՏԱՆԳ ՄԸ

4. Ի՞նչը կրնայ մեր հոգեւորութիւնը վտանգել. օրինակ մը տուր։

4 Մեր հոգեւոր առողջութիւնը վտանգի մէջ կ’ըլլայ, երբ Աստուծոյ Խօսքը օտար լեզուով չենք հասկնար։ Ք.Ա. հինգերորդ դարուն, Նէեմիան մտահոգուեցաւ երբ տեսաւ որ Երուսաղէմի մէջ կարգ մը պզտիկներ չէին կրնար եբրայերէն խօսիլ (կարդա՛ Նէեմիա 13։23, 24)։ Եհովային եւ Իր ժողովուրդին հետ ունեցած իրենց փոխյարաբերութիւնը տկարացած էր, քանի որ չէին հասկնար Աստուծոյ Խօսքը (Նէ. 8։2, 8

5, 6. Օտար դաշտի մէջ ծառայող կարգ մը ծնողներ ի՞նչ բանի անդրադարձած են, եւ խնդիրը ի՞նչ է։

5 Օտար դաշտի մէջ ծառայող կարգ մը ծնողներ անդրադարձած են, որ իրենց պզտիկները ճշմարտութեան մէջ պաղած են։ Ժողովին ընթացքին, քանի որ անոնք տրուած տեղեկութիւնները չեն հասկնար, իրենց լսածները չեն ազդեր իրենց։ Փետրօ [1] անունով հայր մը իր ընտանիքին հետ փոխադրուեցաւ Հարաւային Ամերիկայէն Աւստրալիա։ Ան կ’ըսէ. «Երբ հոգեւոր բաներու մասին կը խօսիս, սիրտը եւ զգացումները պէտք է դեր ունենան» (Ղուկ. 24։32

6 Երբ օտար լեզուով կարդանք, մեր կարդացածը մեր սրտին այնքան չ’ազդեր, որքան կ’ազդէ երբ կարդանք մեր լեզուով։ Ասկէ զատ, երբ չկրնանք օտար լեզուն լաւ խօսիլ, մտային եւ հոգեւոր գետնի վրայ շատ կը յոգնինք։ Ուրեմն, պէտք է ուշադիր ըլլանք որ հոգեւորապէս առողջ մնանք, մինչ զօրաւոր կը պահենք մեր փափաքը որ օտար դաշտի մէջ Եհովային ծառայենք (Մատ. 4։4

ԻՐԵՆՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀԵՑԻՆ

7. Բաբելոնացիները ինչպէ՞ս փորձեցին Դանիէլը ստիպել որ իրենց մշակոյթն ու կրօնքը ընդունի։

7 Երբ Դանիէլ եւ իր ընկերակիցները Բաբելոն աքսորուած էին, բաբելոնացիները փորձեցին զիրենք պարտադրել որ իրենց մշակոյթն ու կրօնքը ընդունին։ Ինչպէ՞ս։ Անոնք ‘քաղդէացիներու լեզուն’ սորվեցուցին եւ բաբելոնական անուններ տուին անոնց (Դան. 1։3-7)։ Դանիէլի նոր անունը կապ ունէր Բէլի հետ, որ Բաբելոնի գլխաւոր չաստուածն էր։ Այսպիսով, Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հաւանաբար ուզեց Դանիէլին հասկցնել, թէ Բաբելոնի աստուածը աւելի զօրաւոր է Դանիէլի Աստուծմէ՝ Եհովայէն (Դան. 4։8

8. Ի՞նչը Դանիէլին օգնեց որ հոգեւորապէս առողջ մնայ օտար երկրի մը մէջ։

8 Թէեւ Դանիէլ առիթը ունէր որ թագաւորին համով ճաշերէն ուտէր, բայց ան իր սրտին մէջ «որոշեց» որ «ինքզինք չպղծէ» (Դան. 1։8)։ Ան հոգեւորապէս առողջ մնաց այդ օտար երկրին մէջ, քանի որ մայրենի լեզուով կը սերտէր սուրբ «գրքեր»ը (Դան. 9։2)։ Այսպիսով, ան Բաբելոն գալէ շուրջ 70 տարի ետք, տակաւին կը ճանչցուէր իր եբրայական անունով (Դան. 5։13

9. Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս ազդեց 119–րդ սաղմոսը գրողին վրայ։

9 119–րդ սաղմոսը գրողը ունէր դժուարութիւն մը. պալատին մէջ կարգ մը իշխաններ իրեն դէմ կը խօսէին։ Բայց ան զօրութիւն առաւ Աստուծոյ Խօսքէն, եւ ասիկա իրեն օգնեց որ միւսներէն տարբեր ըլլայ (Սաղ. 119։23, 61)։ Ան թոյլ տուաւ որ Աստուծոյ ըսածները դպչին իր սրտին (կարդա՛ Սաղմոս 119։11, 46

ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ԱՌՈՂՋ ՄՆԱ

10, 11. ա) Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր նպատակը երբ Աստուծոյ Խօսքը կը սերտենք։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք մեր նպատակին հասնիլ. օրինակ մը տուր։

10 Թէեւ կրնայ ըլլալ որ շատ զբաղած ենք ժողովքային եւ գործին պատասխանատուութիւններով, բայց բոլորս պէտք է ժամանակ տրամադրենք անձնական ուսումնասիրութեան եւ ընտանեկան պաշտամունքին (Եփ. 5։15, 16)։ Սակայն մեր նպատակը պէտք չէ ըլլայ շատ էջեր կարդալ կամ պարզապէս պատասխաններ պատրաստել ժողովներուն համար։ Պէտք է ջանանք թոյլ տալ որ Աստուծոյ Խօսքը հասնի մեր սրտին եւ զօրացնէ մեր հաւատքը։

11 Այս նպատակին հասնելու համար պէտք է հաւասարակշռուած ըլլանք։ Երբ կը սերտենք, չի բաւեր միայն ուրիշներուն պէտքերուն մասին մտածելը, հապա պէտք է մե՛ր հոգեւոր պէտքերուն մասին ալ մտածենք (Փլպ. 1։9, 10)։ Պէտք է հասկնանք որ երբ կը պատրաստենք ծառայութեան կամ ժողովներուն նիւթերը կամ ալ դասախօսութիւն մը, ասիկա ըսել չէ որ մեր կարդացածը անպայման կիրարկեցինք մեզի։ Օրինակ՝ ճիշդ է որ խոհարար մը իր պատրաստած ճաշերը կը համտեսէ առաջ որ զանոնք հրամցնէ, բայց ան չի կրնար այդ պատառներով շարունակել ապրիլ։ Եթէ ան կ’ուզէ առողջ մնալ, պէտք է սննդարար ճաշեր պատրաստէ իրեն համար։ Նմանապէս, եթէ կ’ուզենք հոգեւորապէս առողջ մնալ, պէտք է կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը սերտենք եւ այսպիսով մեր անձնական պէտքերը գոհացնենք։

12, 13. Շատեր ինչո՞ւ կ’օգտուին երբ Սուրբ Գիրքը կը սերտեն իրենց մայրենի լեզուով։

12 Օտար դաշտի մէջ ծառայողներէն շատեր կ’օգտուին երբ Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար սերտեն այն «լեզուովը՝ որուն մէջ ծնած են» (Գործք 2։8)։ Նոյնիսկ միսիոնարները կ’անդրադառնան որ որպէսզի իրենց օտար նշանակումին մէջ զօրաւոր մնան, չեն կրնար միայն ժողովներուն մէջ իրենց լսածներուն վստահիլ։

13 Ալան, որ գրեթէ ութ տարի է պարսկերէն կը սորվի, կը խոստովանի. «Երբ պարսկերէնով պատրաստեմ ժողովին նիւթերը, ինքնաբերաբար կը կեդրոնանամ լեզուին վրայ։ Միտքս գրեթէ զբաղած կ’ըլլայ այդ վարժութեան վրայ եւ այսպիսով դժուար կ’ըլլայ որ իմ կարդացած հոգեւոր բաներս ազդեն սրտիս։ Այս պատճառով միշտ ժամանակ կը տրամադրեմ որ մայրենի լեզուովս սերտեմ Սուրբ Գիրքը եւ ուրիշ հրատարակութիւններ»։

ՊԶՏԻԿՆԵՐՈՒԴ ՍՐՏԻՆ ՀԱՍԻՐ

14. Ծնողները ինչի՞ համար ջանք պէտք է թափեն, եւ ինչո՞ւ։

14 Ծնողները պէտք է ջանք թափեն որ ճշմարտութիւնը իրենց պզտիկներուն մտքին եւ սրտին հասնի։ Նկատի առ Սերժին եւ իր կնոջ՝ Միուրիըլին օրինակը, որոնք աւելի քան երեք տարի ծառայեցին օտար դաշտի մը մէջ։ Անոնք նկատեցին որ իրենց 17 տարեկան տղան հաճոյք չէր առներ ծառայութենէն կամ ժողովներէն։ Միուրիըլ կ’ըսէ. «Իրեն համար նեղացուցիչ էր ուրիշ լեզուով քարոզելը, մինչ առաջ հաճոյքով կը քարոզէր ֆրանսերէնով՝ իր մայրենի լեզուով»։ Սերժ կը բացատրէ. «Երբ անդրադարձանք որ այս պարագան չէր ձգած որ մեր տղան հոգեւորապէս յառաջդիմէ, որոշեցինք մեր առաջուան ժողովքին վերադառնալ»։

Ջանք թափէ որ ճշմարտութիւնը հասնի պզտիկներուդ սրտին (տե՛ս պարբերութիւն 14, 15)

15. ա) Ի՞նչը կ’օգնէ ծնողներուն որ որոշեն թէ արդեօք պէտք է փոխեն իրենց ժողովքը կամ ոչ։ բ) Բ. Օրինաց 6։5-7–ն ի՞նչ խրատ կու տայ ծնողներուն։

15 Ի՞նչը կ’օգնէ ծնողներուն որ որոշեն թէ արդեօք պէ՞տք է փոխադրուին ժողովք մը որ կը գործածէ իրենց պզտիկներուն հասկցած լեզուն։ Առաջին, անոնք պէտք է նկատի առնեն որ բաւարար ժամանակ եւ կորով ունի՞ն որ իրենց պզտիկներուն մէջ ցանեն Եհովան սիրել եւ միեւնոյն ատեն անոնց սորվեցնեն օտար լեզու մը։ Երկրորդ, անոնք թերեւս նկատեն որ իրենց պզտիկները չեն հետաքրքրուած հոգեւոր գործունէութիւններով կամ օտար դաշտի մէջ ծառայելով։ Այսպիսի պարագաներու մէջ, ծնողները թերեւս որոշեն վերադառնալ ժողովքի մը, որ իրենց պզտիկներուն հասկցած լեզուն կը գործածէ, մինչեւ որ պզտիկները զօրաւոր փոխյարաբերութիւն զարգացնեն Եհովային հետ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։5-7

16, 17. Ի՞նչը օգնած է կարգ մը ծնողներու որ իրենց պզտիկներուն սորվեցնեն Եհովային մասին։

16 Անդին, կարգ մը ծնողներ գտած են կերպեր, որ իրենց պզտիկներուն սորվեցնեն Եհովային մասին իրենց մայրենի լեզուով, մինչ օտար լեզու գործածող ժողովքի մը կամ խումբի մը ժողովներուն կ’երթան։ Չարլ անունով հայր մը ունի երեք աղջիկներ, 9–էն 13 տարեկան, եւ կը ծառայեն լինկալա լեզուն գործածող խումբի մը մէջ։ Ան կը բացատրէ. «Որոշում առինք որ պզտիկներուն հետ մեր մայրենի լեզուով սերտենք եւ ընտանեկան պաշտամունք ընենք։ Բայց նաեւ լինկալա լեզուով վարժութիւններ եւ խաղեր կ’ընենք, որպէսզի անոնք հաճոյքով սորվին այս լեզուն»։

Ջանք թափէ որ տեղական լեզուն սորվիս եւ ժողովներուն մէջ պատասխանես (տե՛ս պարբերութիւն 16, 17)

17 Քեւընը երկու աղջիկ ունեցող հայր մըն է, մէկը՝ հինգ տարեկան իսկ միւսը՝ ութ։ Ան շատ ջանք կը թափէ որ անոնց սորվեցնէ ճշմարտութիւնը, քանի որ անոնք ժողովը լման չեն հասկնար օտար լեզու գործածող ժողովքին մէջ։ Ան կը բացատրէ. «Կինս ու ես ամէն մէկուն հետ կը սերտենք ֆրանսերէնով՝ իրենց մայրենի լեզուով։ Նաեւ նպատակ դրինք որ ամիսը անգամ մը ֆրանսերէն լեզուով վարուող ժողովի ներկայ ըլլանք։ Նաեւ մեր արձակուրդները կ’օգտագործենք որ մեր լեզուով եղող համաժողովներու ներկայ ըլլանք»։

18. ա) Հռովմայեցիս 15։1, 2–ը ինչպէ՞ս կ’օգնէ քեզի որ որոշես թէ պզտիկներուդ համար լաւագոյնը ի՛նչ է։ բ) Ուրիշ ծնողներ ի՞նչ առաջարկներ տուած են (տե՛ս ծանօթագրութիւնը)։

18 Անշուշտ, իւրաքանչիւր ընտանիք ինք պէտք է որոշէ, թէ ինչը պզտիկներուն հոգեւոր շահերուն համար է (Գաղ. 6։5) [2]։ Միուրիըլ կ’ըսէ թէ ինքը եւ իր ամուսինը ստիպուեցան զոհողութիւն ընել եւ իրենց ժողովքը փոխել՝ իրենց տղուն հոգեւոր լաւութեան համար (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։1, 2)։ Սերժ ետեւ նայելով համոզուած է թէ ճիշդ որոշումը առին։ Ան կ’ըսէ. «Ֆրանսախօս ժողովք գացինք–չգացինք՝ մեր տղան հոգեւորապէս ծաղկեցաւ եւ մկրտուեցաւ։ Հիմա ան կանոնաւոր ռահվիրայ է եւ նոյնիսկ կը մտածէ վերադառնալ օտար լեզու գործածող խումբի մը»։

ԹՈՂ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ՍՐՏԻԴ ՀԱՍՆԻ

19, 20. Ինչպէ՞ս կը ցուցնենք թէ կը սիրենք Աստուծոյ Խօսքը։

19 Եհովան սէրէ մղուած առիթ տուած է որ Սուրբ Գիրքը հարիւրաւոր լեզուներով մատչելի ըլլայ, որպէսզի ‘բոլոր մարդիկ ճշմարտութիւնը ճանչնան’ (Ա. Տիմ. 2։4)։ Ան գիտէ թէ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը զօրանայ, երբ Սուրբ Գիրքը կարդանք մեր հասկցա՛ծ լեզուով։

20 Բոլորս պէտք է շատ ջանք թափենք որ հոգեւորապէս առողջ մնանք։ Ասոր մէջ կը յաջողինք երբ կանոնաւորաբար սերտենք Սուրբ Գիրքը մեր հասկցած լեզուով։ Այսպիսով մեր ընտանիքն ալ հոգեւորապէս առողջ պիտի մնայ եւ պիտի ցուցնենք թէ իրապէս կը սիրենք Աստուծոյ Խօսքը (Սաղ. 119։11

^ [1] (պարբերութիւն 5) Անունները փոխուած են։

^ [2] (պարբերութիւն 18) Որպէսզի ընտանիքիդ օգնող սուրբգրային սկզբունքներ գտնես, տե՛ս «Օտար երկրի մը մէջ պզտիկներ մեծցնելու դժուարութիւնները եւ վարձատրութիւնները» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 հոկտեմբեր 2002 թիւին մէջ (անգլերէն)։