«Մի՛ մոռնաք օտարներու հանդէպ ազնուութիւնը»
«Մի՛ մոռնաք օտարներու հանդէպ ազնուութիւնը» (ԵԲ. 13։2, ՆԱ, ստորանիշ)։
1, 2. ա) Շատ մը օտարներ ի՞նչ դժուարութիւններ կ’ունենան (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Սուրբ Գիրքը ի՞նչ յիշեցում կու տայ եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։
ԱՒԵԼԻ քան 30 տարի առաջ, Օսէյ [1] Կանայէն ճամբորդեց Եւրոպա։ Այդ ժամանակ ան տակաւին Վկայ չէր։ Ան կը յիշէ. «Շատ չանցած անդրադարձայ որ մարդիկ ինձմով հետաքրքրուած չէին։ Կլիման ալ շատ անակնկալ էր ինծի համար։ Երբ օդակայանէն ելայ եւ կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով պաղութիւնը զգացի, սկսայ լալ»։ Օսէյ աւելի քան մէկ տարի յարմար գործ չգտաւ, քանի որ լեզուն լաւ չէր գիտեր։ Ան իր ընտանիքէն շատ հեռու ըլլալով՝ միայնակ եւ կարօտ զգաց։
2 Մտածէ թէ եթէ այսպիսի պարագայի մը մէջ ըլլայիր, ինչպէ՞ս կ’ուզէիր որ մարդիկ հետդ վարուէին։ Չէի՞ր ուրախանար երբ ջերմօրէն քեզ բարեւէին Թագաւորութեան սրահին մէջ, չնայած թէ ուրկէ ես կամ գոյնդ ինչ է։ Սուրբ Գիրքը ճշմարիտ քրիստոնեաներուն կ’ըսէ. «Մի՛ մոռնաք օտարներու Եբ. 13։2, ՆԱ, ստորանիշ)։ Լաւ, նկատի առնենք այս հարցումները. Եհովան ի՞նչ աչքով կը նայի օտարներուն, ինչո՞ւ թերեւս պէտք է փոխենք մեր նայուածքը օտարներուն հանդէպ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք օտար երկրէ եղողին օգնել որ հանգիստ զգայ մեր ժողովքին մէջ։
հանդէպ ազնուութիւնը» (ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՆԱՅԻ ՕՏԱՐՆԵՐՈՒՆ
3, 4. Ըստ Ելից 23։9–ին, Աստուած կ’ուզէր որ իսրայէլացիները ինչպէ՞ս վարուէին օտարներուն հետ, եւ ինչո՞ւ։
3 Եհովան իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ազատագրելէ ետք, անոնց տուաւ շատ մը օրէնքներ, որոնք իրենց սորվեցուցին ազնիւ ըլլալ այն օտարներուն հանդէպ որ իրենց հետ ելած էին (Ել. 12։38, 49. 22։21)։ Եհովան սիրալիրօրէն հոգ տարաւ օտարներուն, քանի որ շատ անգամներ իրենց կեանքը դժուար կ’ըլլայ։ Օրինակ՝ անոնք կրնային գետին ինկած կամ հնձողներուն չհնձած բաները հաւաքել (Ղեւ. 19։9, 10)։
4 Փոխանակ իսրայէլացիներուն հրամայելու որ օտարները յարգեն, Եհովան իրենց խիղճը արթնցուց (կարդա՛ Ելից 23։9)։ Անոնք գիտէին թէ ի՛նչ ըսել է օտար ըլլալ։ Նոյնիսկ առաջ որ անոնք ստրուկ դառնան Եգիպտոսի մէջ, եգիպտացիները չէին սիրեր զիրենք, քանի որ իրենցմէ տարբեր էին (Ծն. 43։32. 46։34. Ել. 1։11-14)։ Իսրայէլացիները նեղ օրեր ունեցած էին որպէս օտարներ։ Եհովան կ’ուզէր որ անոնք ասիկա յիշէին եւ ազնիւ ըլլային (Ղեւ. 19։33, 34)։
5. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ Եհովային պէս ազնուութեամբ վարուինք օտարներուն հետ։
5 Ներկայիս, Եհովան նոյնչափ հետաքրքրուած է այն օտարներով որ մեր ժողովներուն կու գան (Բ. Օր. 10։17-19. Մաղ. 3։5, 6)։ Պահ մը մտածէ թէ անոնք ի՛նչ դժուարութիւններ կրնան ունենալ։ Օրինակ, թերեւս անոնք նոր լեզուն շատ լաւ չեն հասկնար կամ մարդիկ անարդարօրէն կը վարուին իրենց հետ։ Ջանք թափենք որ իրենց օգնենք եւ ազնիւ ըլլանք իրենց հանդէպ (Ա. Պետ. 3։8)։
ԿՐՆԱ՞Յ ԸԼԼԱԼ ՈՐ ՊԷՏՔ Է ՓՈԽԵՆՔ ՄԵՐ ՆԱՅՈՒԱԾՔԸ ՕՏԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ
6, 7. Ի՞նչը կը ցուցնէ թէ առաջին քրիստոնեաները սորվեցան մէկ կողմ դնել զօրաւոր նախապաշարումները։
6 Առաջին քրիստոնեաները սորվեցան մէկ կողմ դնել այն զօրաւոր նախապաշարումները որ հրեաներուն մէջ սովորական էին։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, Երուսաղէմի քրիստոնեաները հիւրասէր գտնուեցան եւ սիրալիրօրէն հետաքրքրուեցան նոր քրիստոնեայ դարձած անհատներով, որոնք տարբեր երկիրներէ էին (Գործք 2։5, 44-47)։ Ասիկա ցուցուց թէ հրեայ քրիստոնեաները հասկցած էին թէ ի՛նչ ըսել է «հիւրասիրութիւն», այսինքն՝ «օտարներու հանդէպ ազնուութիւն»։
7 Սակայն այդ ժամանակ բան մը պատահեցաւ։ Յունարէն խօսող հրեաները գանգատեցան որ իրենց որբեւայրիներուն հանդէպ անարդարութիւն կ’ըլլար (Գործք 6։1)։ Առաքեալները այս խնդիրը լուծելու համար եօթը հոգի ընտրեցին, որպէսզի անոնք երթան ու վստահ ըլլան որ մէկը պիտի չանտեսուի։ Առաքեալները զատեցին յունական անուն ունեցող տղամարդիկ, թերեւս որպէսզի որբեւայրիները աւելի հանգիստ զգան (Գործք 6։2-6)։
8, 9. ա) Ի՞նչը կրնայ ցուցնել որ նախապաշարում կամ ազգային հպարտութիւն ունինք։ բ) Ի՞նչ բան պէտք է մէկ կողմ դնենք (Ա. Պետ. 1։22)։
8 Բոլորս մեր մշակոյթէն շատ կ’ազդուինք, ասոր գիտակից ըլլանք կամ ոչ (Հռով. 12։2)։ Նաեւ, շատ հաւանաբար կը նկատենք որ մեր դրացիները, գործակիցները կամ դասընկերները գէշ բաներ կ’ըսեն այն մարդոց մասին որ տարբեր տեղէ, ազգէ կամ գոյնէ են։ Այսպիսի գաղափարներէ որքա՞ն ազդուած ենք։ Եւ ի՞նչ կ’ընենք երբ մէկը խնդայ մեր ազգութեան կամ մեր մշակոյթին վրայ։
9 Որոշ ժամանակ մը Պետրոս առաքեալ նախապաշարուած էր հրեայ չեղողներուն հանդէպ։ Բայց ան երթալէն սորվեցաւ իր սրտէն հանել այս գէշ զգացումները (Գործք 10։28, 34, 35. Գաղ. 2։11-14)։ Նմանապէս, եթէ նախապաշարումին կամ ազգային հպարտութեան հետքը զգանք մեր մէջ, պէտք է շատ ջանք թափենք որ զայն ջնջենք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։22)։ Ասոր մէջ ի՞նչը մեզի կ’օգնէ։ Պէտք է յիշենք թէ անկատար ենք, չնայած թէ ո՛ր երկրէն ենք, եւ թէ ո՛չ մէկս արժանի է փրկուելու (Հռով. 3։9, 10, 21-24)։ Ուրեմն, ինչո՞ւ կարծենք որ ուրիշէն աւելի լաւ ենք (Ա. Կոր. 4։7)։ Պէտք է Պօղոս առաքեալին պէս զգանք, որ օծեալ քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ա՛լ ասկէ յետոյ դուք օտար ու պանդուխտ չէք, հապա. . . Աստուծոյ ընտանիքը» (Եփ. 2։19)։ Բոլորս պէտք է շատ ջանք թափենք որ նախապաշարումները մէկ կողմ դնենք, որպէսզի կարենանք նոր անձնաւորութիւնը ունենալ (Կող. 3։10, 11)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՕՏԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ԱԶՆԻՒ ԸԼԼԱԼ
10, 11. Բոոս ինչպէ՞ս Եհովային աչքով նայեցաւ օտարներուն։
10 Հաւատարիմ Բոոս Եհովային աչքով կը նայէր օտարներուն։ Ինչպէ՞ս։ Երբ ան գնաց որ իր արտերը քննէ հունձքի ժամանակ, նկատեց Հռութը, որ Մովաբի երկրէն եկած օտար մըն էր։ Ան ծանր կ’աշխատէր որ գետնէն հասկ հաւաքէր։ Մովսիսական օրէնքին մէջ, ասիկա Հռութին լման իրաւունքն էր։ Բայց երբ Բոոս լսեց որ ան հրաման առած էր որ հաւաքէ, շատ տպաւորուեցաւ եւ իրեն արտօնեց որ որաներուն մէջէն ալ հաւաքէ (կարդա՛ Հռութ 2։5-7, 15, 16)։
11 Ինչ որ ետքը պատահեցաւ, յստակօրէն կը ցուցնէ թէ Բոոս հետաքրքրուած էր Հռութով, քանի որ որպէս օտար անոր պարագան դժուար էր։ Ան Հռութին ըսաւ որ իր քովի աղջիկներուն հետ կենայ, որպէսզի արտին մէջ աշխատող տղամարդիկը նեղութիւն չտան իրեն։ Ան նաեւ ուտելիք եւ ջուր ապահովեց Հռութին, ճիշդ ինչպէս որ իր քով աշխատողներուն կ’ընէ։ Ասկէ զատ, Բոոս յարգանքով խօսեցաւ այս աղքատ օտար կնոջ հետ եւ զինք քաջալերեց (Հռութ 2։8-10, 13, 14)։
12. Ազնուութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ օտարներուն։
12 Բոոս Հռութին հետ ազնուօրէն վարուեցաւ ոչ միայն քանի որ Հռութ հաւատարիմ սէր ցուցուցած էր իր կեսուրին հանդէպ, հապա նաեւ քանի որ ան սկսած էր Եհովան պաշտել։ Բոոսին ազնուութիւնը կը ցուցնէր Եհովային հաւատարիմ սէրը այս կնոջ հանդէպ, որ եկած էր ‘Իր թեւերուն տակ ապաստանարան մը գտնելու’ (Հռութ 2։12, 20. Առ. 19։17)։ Նմանապէս այսօր, երբ ազնիւ ըլլանք, կրնանք ամէն տեսակ մարդոց օգնել որ ճշմարտութիւնը գիտնան եւ զգան թէ Եհովան որքա՜ն կը սիրէ զիրենք (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։
13, 14. ա) Թագաւորութեան սրահին մէջ ինչո՞ւ պէտք է սրտանց ջանանք բարեւել օտարները։ բ) Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ չամչնաս օտար մշակոյթէ եղող անհատի մը հետ խօսելու։
13 Օտարներուն հանդէպ ազնիւ կ’ըլլանք, սրտանց զիրենք բարեւելով Թագաւորութեան սրահին մէջ։ Թերեւս նկատած ենք որ նոր գաղթականները ատեններ ամչկոտ կ’ըլլան եւ կը քաշուին։ Անոնք թերեւս ուրիշ ազգէ կամ երկրէ եղողներէն աւելի ցած զգան, քանի որ տարբեր մշակոյթի կամ շրջանակի մէջ մեծցած են։ Ասոր համար, պէտք է առաջին քայլը մե՛նք առնենք եւ ցուցնենք թէ սրտանց եւ անկեղծօրէն հետաքրքրուած ենք իրենցմով։ JW Language գործիքը կրնայ քեզի օգնել որ սորվիս ինչպէս նորեկները բարեւել իրենց լեզուով (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։3, 4)։
14 Թերեւս կ’ամչնաս կամ չես գիտեր ինչպէս մօտենաս ուրիշ մշակոյթէ եղող անհատի մը։ Որպէսզի այս զգացումներէն ազատիս, կրնաս քու մասիդ բան մը ըսել անոր, եւ պիտի տեսնես թէ կարծածէդ աւելի նմանութիւններ կան քու եւ իր մշակոյթներուն միջեւ։ Յիշէ թէ ամէն մէկ մշակոյթ ունի իր զօրաւոր կէտերը եւ տկար կէտերը։
ԲՈԼՈՐԻՆ ՕԳՆԷ ՈՐ ՀԱՆԳԻՍՏ ԶԳԱՆ
15. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ հասկնանք այն անհատները որ կը փորձեն նոր երկրի մը վարժուիլ։
15 Որպէսզի ուրիշներուն օգնես որ ժողովքին մէջ հանգիստ զգան, դուն քեզի անկեղծօրէն հարցուր. «Եթէ օտար երկրի մը մէջ ըլլայի, ինչպէ՞ս պիտի ուզէի որ մարդիկ հետս վարուին» (Մատ. 7։12)։ Երկար շունչ ունեցիր այն անհատներուն հետ որ կը փորձեն նոր երկրի մը վարժուիլ։ Սկիզբը, թերեւս լման չհասկնանք իրենց մտածելակերպը կամ հակազդած կերպը։ Լաւ կ’ըլլայ որ զիրենք ընդունինք ինչպէս որ են, փոխանակ իրենցմէ ակնկալելու որ մեր մշակոյթին յարմարին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։7)։
16, 17. ա) Ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի աւելի մօտիկ զգանք ուրիշ մշակոյթէ եղողներուն։ բ) Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք օգնել մեր ժողովքին մէջի գաղթականներուն։
16 Եթէ օտարներուն երկրին եւ մշակոյթին մասին տեղեկութիւններ առնենք, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ իրենց մօտէն ծանօթանալը։ Կրնանք մեր ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին պրպտում ընել այն ազգերուն մասին, որ մեր ժողովքին կամ թաղամասին մէջ կան։ Նաեւ կրնանք գաղթականներուն աւելի մօտենալ, զիրենք հրաւիրելով որ մեզի հետ ճաշեն։ Եհովան «հեթանոսներուն հաւատքի դուռ բացեր է»։ Չե՞նք կրնար իրեն նմանիլ եւ մեր դուռը բանալ այն օտարներուն, որ մեր «հաւատքի ընտանիներ»էն են (Գործք 14։26. Գաղ. 6։10. Յոբ 31։32)։
17 Երբ գաղթական ընտանիքի մը հետ ժամանակ անցընենք, աւելի պիտի գնահատենք իրենց թափած ջանքերը որ Առ. 3։27)։
մեր մշակոյթին վարժուին։ Թերեւս անդրադառնանք որ անոնք օգնութեան պէտք ունին որ լեզուն սորվին։ Նաեւ կրնանք զիրենք ուղղել կազմակերպութիւններու, որոնք կ’օգնեն տուն կամ գործ գտնելու։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը իրապէս կրնան օգտուիլ այսպիսի գործնական օգնութիւններէ (18. Գաղթականները որո՞ւն պէս կրնան յարգանք ցուցնել եւ շնորհակալ ըլլալ։
18 Անշուշտ, լաւ կ’ըլլայ որ գաղթականները իրենց լաւագոյնը ընեն որ նոր երկրին մշակոյթին վարժուին։ Հռութ այս կէտին մէջ լաւ օրինակ ձգեց։ Առաջին՝ ան հրաման առաւ որ հասկ հաւաքէ, եւ այսպիսով յարգեց իր նոր երկրին սովորութիւնները (Հռութ 2։7)։ Ան չօգտագործեց այս իրաւունքը, ոչ ալ հաշուեց որ ուրիշներ իրեն պարտական էին օգնելու։ Երկրորդ, ան շուտով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց երբ Բոոս ազնիւ գտնուեցաւ իրեն հանդէպ (Հռութ 2։13)։ Երբ գաղթականները այսպէս վարուին, եղբայրներն ու քոյրերը եւ ուրիշ տեղացի մարդիկ աւելի պիտի յարգեն զիրենք։
19. Ինչո՞ւ պէտք է հանգիստ զգացնենք օտարները։
19 Որքա՜ն ուրախ ենք որ Եհովան իր շնորհքին միջոցաւ թոյլ տուած է որ տեսակաւոր մարդիկ լսեն բարի լուրը։ Թերեւս ոմանք առիթը չեն ունեցած որ իրենց երկրին մէջ Սուրբ Գիրքը սերտեն կամ ժողովի երթան։ Բայց հիմա որ առիթը ունին մեզի հետ հաւաքուելու, պէտք չէ՞ իրենց օգնենք որ օտար չզգան։ Թերեւս շատ դրամ չունինք կամ չենք կրնար բաւարար գործնական օգնութիւն տալ, բայց երբ օտարներուն հետ ազնուօրէն վարուինք, ցուցուցած կ’ըլլանք թէ Եհովան որքա՜ն կը սիրէ զիրենք։ Թող որ «Աստուծոյ նմանող» ըլլանք եւ մեր լաւագոյնը ընենք որ օտարները հանգիստ զգան մեր մէջ (Եփ. 5։1, 2)։
^ [1] (պարբերութիւն 1) Անունը փոխուած է։