ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Մայիս 2016

Այս թիւը կը բովանդակէ 2016–ի յունիս 27–յուլիս 31 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

Բախումները սէրէ մղուած լուծէ

Նպատակդ ի՞նչ պէտք է ըլլայ. իրաւունքո՞վ ելլել, դիմացինը ստիպե՞լ որ յանցանքը ընդունի, թէ ոչ ուրիշ բան մը։

«Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»

Չորս հարցումներու պատասխանները կը ցուցնեն թէ ներկայիս որո՞նք Յիսուսի մարգարէութիւնը կը կատարեն։

Անձնական որոշումներդ ինչպէ՞ս կ’առնես

Ի՞նչ պէտք է ընես, երբ ըլլաս պարագաներու մէջ, որոնց մասին Աստուածաշունչին մէջ մասնայատուկ պատուէր չկայ։

Սուրբ Գիրքը մինչեւ հիմա կեանքդ կը փոխէ՞

Անհատ մը մկրտուելու համար ձգեց բախտախաղը, ծխելը, չափազանց խմելը եւ թմրեցուցիչը, բայց ետքը տեսաւ թէ ուրիշ փոփոխութիւն մը պէտք էր ընէր, որ աւելի դժուար էր։

Լիովին օգտուէ Եհովային ըրած կարգադրութիւններէն

Ո՞ր մտածումին պատճառով կրնայ ըլլալ որ կարգ մը օգուտներ մեր վրայէն երթան։

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Գործը որո՛նց վստահուած է»

1919–ին բան մը պատահեցաւ, որուն շնորհիւ համաշխարհային գործ մը սկսաւ։

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Ի՞նչ բաներ կրնան քրիստոնեային օգնել, որ գիտնայ թէ կառավարական պաշտօնեաներուն նուէր կամ պախշիշ տալը յարմար է կամ ոչ։ Ժողովքը ինչպէ՞ս կրնայ իր ուրախութիւնը արտայայտել, երբ յայտարարուի որ անհատ մը վերահաստատուած է։ Երուսաղէմի Բեթհեզդա աւազանի «ջուրին խառնուելուն» պատճառը ի՞նչ կրնար ըլլալ։