Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անձնական որոշումներդ ինչպէ՞ս կ’առնես

Անձնական որոշումներդ ինչպէ՞ս կ’առնես

«Իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը» (ԵՓ. 5։17

ԵՐԳԵՐ. 69, 57

1. Աստուածաշունչի կարգ մը օրէնքները ի՞նչ են, եւ անոնց հնազանդելով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

ԵՀՈՎԱՆ իր Խօսքին միջոցաւ շատ մը մասնայատուկ պատուէրներ տուած է։ Օրինակ՝ ան կ’արգիլէ սեռային անբարոյութիւնը, կռապաշտութիւնը, գողութիւնը եւ գինովութիւնը (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, հետեւեալ մասնայատուկ պատուէրը տուաւ իր հետեւորդներուն. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։19, 20)։ Աստուծմէ եւ Յիսուսէն եկած օրէնքներն ու պատուիրանները որքա՜ն պաշտպանած են մեզ։ Ատոնց մտիկ ընելով մեր ինքնայարգանքը աւելցած է, մեր առողջութիւնը լաւացած է եւ մեր ընտանեկան կեանքը աւելի ուրախ դարձած է։ Աւելի կարեւորը, Եհովայի պատուէրներուն հնազանդելով, մէջը ըլլալով քարոզելու պատուէրը, իր հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը շահած ենք։

2, 3. ա) Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ իւրաքանչիւր պարագայի համար կանոններ չի տար։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք (տե՛ս բացման պատկերը)։

2 Բայց շատ մը պարագաներ կան, որոնց մասին Աստուածաշունչին մէջ մասնայատուկ պատուէր չկայ։ Օրինակ՝ Սուրբ Գիրքին մէջ մանրամասն կանոններ չենք գտներ, թէ ո՛ր հագուստները պատշաճ են քրիստոնեային համար։ Ասիկա ինչպէ՞ս մէջտեղ կը հանէ Եհովայի իմաստութիւնը։ Հագուելաձեւերը եւ սովորութիւնները ոչ միայն կը տարբերին տեղէ տեղ, այլեւ՝ տարուէ տարի։ Եթէ Սուրբ Գիրքը ցանկ մը տուած ըլլար, թէ ո՛ր հագուելաձեւերը եւ արդուզարդերը ընդունելի են, հիմա ատիկա ժամանակայարմար պիտի չըլլար։ Այսպիսի պատճառներով, Աստուծոյ Խօսքը շատ կանոններ չի տար, թէ ի՛նչ գործ կամ ժամանց պէտք է զատենք, կամ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի առողջ մնանք։ Ուրեմն, անհատը կամ ընտանիքի գլուխը կրնա՛յ այս նիւթերուն շուրջ որոշումներ առնել։

3 Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ երբ մեր կեանքին ազդող կարեւոր որոշումներու առջեւ ըլլանք, Եհովային քով տարբերութիւն չ’ըներ թէ ի՛նչ որոշում կ’առնենք։ Արդեօք մեր երկնաւոր Հայրը կ’ընդունի՞ որեւէ որոշում որ կ’առնենք, այնքան ատեն որ Աստուածաշունչի մէկ օրէնքը չի կտրեր։ Երբ որոշ հարցի մը շուրջ մասնայատուկ պատուէրներ չըլլան, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ Եհովան ո՛ր որոշումներով ուրախ պիտի ըլլայ։

ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ Կ’ԸՆԷ՞ ԹԷ Ի՛ՆՉ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ Կ’ԱՌՆԵՆՔ

4, 5. Մեր որոշումները ինչպէ՞ս կ’ազդեն մեզի եւ ուրիշներուն։

4 Ոմանք կը զգան որ տարբերութիւն չ’ըներ թէ ի՛նչ կ’որոշեն ընել։ Բայց որպէսզի Եհովան հաճեցնող որոշումներ առնենք, պէտք է իր Խօսքին օրէնքներն ու սկզբունքները նկատի առնենք եւ ատոնց ենթարկուինք։ Օրինակ՝ Աստուած հաճեցնելու համար, պէտք է արեան նկատմամբ իր օրէնքին համաձայն գործենք (Ծն. 9։4. Գործք 15։28, 29)։ Աղօթքը մեզի պիտի օգնէ, որ առնենք այնպիսի որոշումներ, որոնք Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն եւ օրէնքներուն դէմ չեն։

5 Անձնական ծանր որոշումները կրնան շատ ազդել մեր հոգեւորութեան վրայ։ Շատ հաւանաբար, ի՛նչ որոշում որ առնենք, Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան վրայ պիտի ազդէ, կա՛մ լաւ եւ կամ գէշ կերպով։ Լաւ որոշում մը՝ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը պիտի զօրացնէ, իսկ գէշ որոշում մը՝ պիտի վնասէ։ Աւելին, տկար որոշում մը կրնայ ուրիշներուն հոգեւորապէս վնասել, զիրենք նեղացնելով կամ գայթակղեցնելով, կամ ալ ժողովքի միութիւնը խանգարելով։ Իսկապէս, տարբերութիւն կ’ընէ թէ ի՛նչ անձնական որոշում կ’առնենք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։19. Գաղատացիս 6։7, 8

6. Ի՞նչ կերպով պէտք է որոշումներ առնենք։

6 Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ որոշումներ առնել, եթէ Սուրբ Գիրքը ուղղակի չ’ըսեր թէ ի՛նչ պէտք է ընենք։ Այսպիսի պարագաներու, մեր անձնական պատասխանատուութիւնն է որ հարցին մանրամասնութիւնները նկատի առնենք, եւ փոխանակ պարզապէս մեր նախընտրած բանը ընելու՝ որոշում մը կայացնենք որ Եհովան պիտի հաճեցնէ (կարդա՛ Սաղմոս 37։5

ԻՄԱՑԻՐ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԱՄՔԸ

7. Երբ Սուրբ Գիրքը ուղղակի օրէնք մը չի տար, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ որոշ հարցի մը շուրջ Աստուած ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք։

7 Թերեւս հարցնես. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ գիտնալ թէ ի՛նչը Եհովան պիտի հաճեցնէ, եթէ իր Խօսքին մէջ ուղղակի պատուէր մը չկայ հարցին շուրջ’։ Եփեսացիս 5։17–ն կ’ըսէ. «Իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը»։ Երբ Սուրբ Գիրքը ուղղակի օրէնք մը չի տար, ինչպէ՞ս կրնանք իմանալ թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը։ Իրեն աղօթելով եւ ընդունելով իր առաջնորդութիւնը սուրբ հոգիին միջոցաւ։

8. Յիսուս ինչպէ՞ս իմացաւ որ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէր որ ինք ընէր. օրինակ մը տուր։

8 Նկատի առ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս իմացաւ որ իր Հայրը ի՛նչ կ’ուզէր որ ինք ընէր։ Օրինակ՝ երկու առիթով Յիսուս նախ աղօթեց, եւ յետոյ հրաշքով կերակրեց մեծ թիւով մարդիկ (Մատ. 14։17-20. 15։34-37)։ Սակայն երբ ան անօթի էր եւ անապատին մէջ Սատանային կողմէ կը փորձուէր, չուզեց քարերը հացի վերածել (կարդա՛ Մատթէոս 4։2-4)։ Յիսուս գիտէր թէ պէտք չէր որ քարերը հացի վերածէր, քանի որ ըմբռնած էր իր Հօր միտքը։ Ան հասկցաւ որ Աստուծոյ կամքը չէր որ այսպիսի զօրութիւն մը գործածէր իր անձնական շահին համար։ Այսպէս ան ցուցուց թէ վստահ էր որ իր Հայրը զինք պիտի առաջնորդէր եւ կերակրէր։

9, 10. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ իմաստուն որոշումներ առնենք. օրինակ մը տուր։

9 Եթէ կ’ուզենք Յիսուսի պէս իմաստուն որոշումներ առնել, պէտք է Եհովային առաջնորդութիւնը փնտռենք եւ հետեւեալ իմաստուն խօսքերուն համաձայն գործենք. «Բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։ Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար, Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ» (Առ. 3։5-7)։ Երբ Աստուածաշունչը սերտելով գիտնանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը մտածէ, կրնանք ըմբռնել թէ որոշ պարագայի մը մէջ ան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք։ Որքա՛ն աւելի գիտնանք Եհովային մտածումները, այնքան աւելի մեր սիրտը պիտի ընդառաջէ իր առաջնորդութեան (Սաղ. 119։11, 12

10 Օրինակ՝ երեւակայէ թէ ամուսնացած կին մը գնումի իջած է։ Ան կօշիկ մը կը տեսնէ եւ կ’ուզէ ունենալ, բայց ատոր գինը շատ սուղ է։ Ուստի ինքն իրեն կը հարցնէ. ‘Եթէ այսքան դրամ ծախսեմ, ամուսինս ի՞նչ պիտի ըսէ’։ Շատ հաւանաբար ան պատասխանը գիտէ, հակառակ որ ամուսինը իրեն հետ չէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ժամանակի ընթացքին ան հասկցած է, թէ ամուսինը ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ իրենց ունեցած դրամը ծախսեն։ Այս պատճառով, կինը կ’ըմբռնէ թէ իր ամուսինը ի՛նչ կը մտածէ շատ դրամ ծախսելուն շուրջ։ Նմանապէս, մինչ աւելի կը ծանօթանանք Եհովայի մտածելակերպին եւ ճամբաներուն, պիտի կարենանք աւելի ըմբռնել թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք տարբեր պարագաներու մէջ։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՄՏԱԾՈՒՄԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԳԻՏՆԱԼ

11. Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք կամ կ’ուսումնասիրենք, ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի հարցնել (տե՛ս « Երբ Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրես, դուն քեզի հարցուր» շրջանակը)։

11 Անձնական ուսումնասիրութիւնը պէտք է շատ կարեւոր տեղ մը գրաւէ մեր կեանքին մէջ, որպէսզի աւելի ծանօթանանք Եհովայի մտածելակերպին։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք կամ կ’ուսումնասիրենք, կրնանք հարցնել. ‘Կարդացածս ի՞նչ կը յայտնէ Եհովային, իր արդար ճամբաներուն եւ իր մտածելակերպին մասին’։ Պէտք է սաղմոսերգու Դաւիթի կեցուածքը ունենանք, որ երգեց. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։ Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի, քանզի դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը։ Ես քեզի կը սպասեմ ամէն օր» (Սաղ. 25։4, 5)։ Մինչ կարդացածիդ վրայ կը խոկաս, կրնաս այսպիսի հարցումներ հարցնել. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ այս տեղեկութիւնը ընտանիքիս մէջ կիրարկել։ Ո՞ւր կրնամ կիրարկել զայն. տո՞ւնը, գործի՞ն մէջ, դպրո՞ցը, ծառայութեա՞ն մէջ’։ Հազիւ որ որոշենք թէ տեղեկութիւնը ո՛ւր կրնանք կիրարկել, աւելի դիւրին կ’ըլլայ որոշել թէ ինչպէ՛ս կիրարկենք զայն։

12. Մեր հրատարակութիւնները եւ ժողովները ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի որ զանազան հարցերու շուրջ Եհովայի մտածումը գիտնանք։

12 Նաեւ երբ շատ ուշադիր կ’ըլլանք թէ Եհովայի կազմակերպութիւնը ի՛նչ կը սորվեցնէ մեզի Սուրբ Գիրքին հիման վրայ, աւելի կը ծանօթանանք Եհովայի մտածելակերպին։ Օրինակ՝ Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ը եւ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար գիրքը մեզի կ’օգնեն, որ շատ մը պարագաներու նկատմամբ Եհովայի միտքը ըմբռնենք, երբ անձնական որոշում պէտք է առնենք։ Նաեւ շատ կ’օգտուինք, երբ ժողովներու ընթացքին ուշի–ուշով մտիկ կ’ընենք եւ կը մասնակցինք։ Երբ մեր լսածներուն վրայ խոկանք, աւելի պիտի ճանչնանք Եհովային մտածելակերպը եւ պիտի սկսինք նոյն ձեւով մտածել։ Այսպիսով պիտի կարենանք անձնական լաւ որոշումներ առնել, եւ Եհովան պիտի օրհնէ զանոնք։

ԹՈՂ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԴ ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ

13. Օրինակ մը տուր, թէ ինչպէ՛ս Եհովային մտածումը հաշուի առնելը մեզի կ’օգնէ որ իմաստուն որոշում առնենք։

13 Նկատի առնենք օրինակ մը որ ցոյց կու տայ, թէ Եհովային մտածումը ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ որ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Թերեւս կ’ուզես ռահվիրայ ըլլալ։ Ասոր համար կը սկսիս քայլեր առնել որ կեանքդ պարզացնես։ Սակայն նոյն ատեն թերեւս հոգ ընես, թէ աւելի քիչ նիւթական բաներ ունենալով, իսկապէս ուրախ պիտի ըլլաս կամ ոչ։ Անշուշտ, Սուրբ Գիրքը չի հրամայեր որ ռահվիրայութիւն ընենք. կրնանք որպէս հրատարակիչ շարունակել հաւատարմօրէն ծառայել։ Սակայն, Յիսուս մեզի կը վստահեցնէ, թէ անոնք որոնք Թագաւորութեան համար զոհողութիւններ կ’ընեն, շա՜տ օրհնութիւններ պիտի քաղեն (կարդա՛ Ղուկաս 18։29, 30)։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Եհովան կը հաճի, երբ «կամաւոր զոհեր» տանք իրեն եւ մեր ամէն կարելին ընենք, որպէսզի ուրախութեամբ իրեն ծառայենք (Սաղ. 119։108. Բ. Կոր. 9։7)։ Այս կէտերուն վրայ խոկալով եւ անոնց մասին աղօթելով, չե՞նք կրնար Եհովային միտքը հասկնալ։ Այո՛, ասոնք մեզի կ’օգնեն որ առնենք որոշում մը, որ մեզի համար գործնական է եւ Աստուծոյ օրհնութեան պիտի արժանանայ։

14. Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ թէ հագուելաձեւի որոշ ոճ մը Եհովային աչքին հաճելի է։

14 Ուրիշ օրինակ մը նկատի առ. ըսենք թէ հագուելու որոշ ոճ մը կը սիրես, բայց ատիկա հաւանաբար ժողովքի կարգ մը անդամներուն քով հարցման նշան է։ Սակայն Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ օրէնք կ’արգիլէ այդ ոճը։ Այս հարցին շուրջ Եհովային մտածումը ի՞նչ է։ Պօղոս առաքեալ այս խրատը տուաւ. «Կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով, հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն» (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Սկզբունքով, այս խրատը նոյնքան կը կիրարկուի քրիստոնեայ տղամարդոց։ Եհովայի նուիրուած ծառաներ ըլլալով, մեր խելքը–միտքը չեն մեր անձնական նախընտրութիւնները. մեզի համար կարեւոր է նաեւ թէ մեր հագուելաձեւը եւ արդուզարդը ինչպէ՛ս կ’ազդեն ուրիշներուն։ Եւ քանի որ համեստ եւ սիրալիր ենք, հաւատակիցներուն կարծիքը հաշուի կ’առնենք, որպէսզի նեղութիւն չպատճառենք իրենց (Ա. Կոր. 10։23, 24. Փլպ. 3։17)։ Սուրբ Գիրքին ըսածները մեր միտքը պահելով, պիտի կարենանք այս նիւթին շուրջ Եհովային մտածումը գիտնալ եւ զինք հաճեցնող որոշումներ առնել։

15, 16. ա) Եհովան ի՞նչ կը զգայ, եթէ շարունակ անբարոյ բաներու մասին մտածենք։ բ) Երբ ժամանց կը զատենք, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ ի՛նչը հաճելի է Եհովային։ գ) Լուրջ որոշումները ինչպէ՞ս պէտք է առնուին։

15 Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ Եհովան կը տրտմի, երբ մարդիկ գէշ ճամբայ երթան եւ ‘անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար ըլլան ամէն օր’ (կարդա՛ Ծննդոց 6։5, 6)։ Ասկէ կրնանք հասկնալ որ սեռային երեւակայութիւններ ընելը սխալ է, քանի որ կրնայ լուրջ մեղքի առաջնորդել. Եհովան կ’ուզէ որ մաքուր եւ լաւ բաներու մասին մտածենք։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ» (Յակ. 3։17)։ Ասիկա գիտնալը մեզ կը մղէ որ մերժենք այն ժամանցները, որոնք պենզին կը թափեն անմաքուր մտածումներուն եւ հակումներուն վրայ։ Եւ եթէ յստակօրէն հասկցած ենք թէ Եհովան ի՛նչը կը սիրէ եւ ի՛նչը կ’ատէ, դիւրաւ կը զատորոշենք թէ ո՛ր գիրքերը, ֆիլմերը կամ խաղերը ընդունելի են. պէտք չենք ունենար ուրիշներուն հարցնելու, քանի որ ատոնց նկատմամբ Եհովային մտածումը յստակ է իր Խօսքին մէջ։

16 Շատ անգամներ երբ որոշումի առջեւ ըլլանք, զանազան ընտրութիւններ կ’ըլլան, որոնք բոլորն ալ Աստուծոյ աչքին ընդունելի են։ Բայց երբ լուրջ որոշումներու առջեւ ըլլանք, ատեններ նախընտրելի է խրատ խնդրել երէցներէն կամ ուրիշ փորձառու քրիստոնեաներէ (Տիտ. 2։3-5. Յակ. 5։13-15)։ Անշուշտ յարմար չէ որ ուրիշներէն խնդրենք մեր տեղը որոշում առնել։ Քրիստոնեաները պէտք է իրենց ըմբռնողականութիւնը մարզեն, Աստուածաշունչէն իրենց գիտցածներուն վրայ լաւ մտածեն, եւ ապա որոշում առնեն (Եբ. 5։14)։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ», այսինքն՝ պատասխանատուութեան բեռը (Գաղ. 6։5

17. Երբ աստուածահաճոյ որոշումներ առնենք, ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

17 Երբ մեր որոշումները կը հիմնենք Եհովայի մտածելակերպին վրայ, իրեն աւելի կը մօտենանք եւ իր հաճութիւնն ու օրհնութիւնը կը վայելենք (Յակ. 4։8)։ Ասիկա իր կարգին, մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրացնէ։ Ուրեմն, թող որ Աստուածաշունչի օրէնքներն ու սկզբունքները մեզ առաջնորդեն, քանի որ Եհովայի մտածելակերպը կը յայտնեն։ Անշուշտ, Եհովայի մասին միշտ նոր բաներ պիտի սորվինք (Յոբ 26։14)։ Բայց նոյնիսկ հի՛մա, եթէ շատ ջանք թափենք, կրնանք խոհեմ որոշումներ առնելու հարկ եղած իմաստութիւնն ու գիտութիւնը ձեռք ձգել (Առ. 2։1-5)։ Անկատար մարդոց գաղափարներն ու ծրագիրները կը փոխուին, բայց «Տէրոջը խորհուրդը յաւիտեան կը մնայ ու անոր սրտին դիտաւորութիւնները՝ ազգէ մինչեւ ազգ» (Սաղ. 33։11)։ Յստակ է որ երբ Եհովային մտածելակերպը ունենանք եւ իրեն հաճելի եղող բաները ընենք, պիտի կարենանք լաւագոյն որոշումները առնել։