Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»

«Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»

«Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (ՄԱՏ. 28։19, 20

ԵՐԳԵՐ. 141, 97

1, 2. Մատթէոս 24։14–ի խօսքին պատճառաւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

ՈՐՊԷՍ խումբ, Եհովայի վկաները ճանչցուած են իրենց քարոզչութեամբ, եւ գրեթէ բոլորը ասիկա կ’ընդունին, ըլլան մեզի ականջ տուողները կամ բիրտ հալածողները։ Թերեւս քարոզչութեան մէջ հանդիպած ես մարդոց, որոնք ըսած են թէ մեր ըրած գործին համար մեզ կը յարգեն, հակառակ որ մեր հաւատալիքներուն հետ համաձայն չեն։ Ինչպէս որ գիտենք, Յիսուս մարգարէացաւ որ Թագաւորութեան բարի լուրը ամբողջ աշխարհին մէջ պիտի քարոզուէր (Մատ. 24։14)։ Կ’ըսենք թէ մե՛նք ենք որ Յիսուսի ըսած գործը կը կատարենք։ Ասիկա ըսելու իրաւունքը ունի՞նք։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ Յիսուսի ըսած գործը՝ մեր քարոզչութիւնն է։

2 Կրօնական շատ մը խումբեր կ’ըսեն թէ աւետարանը կամ բարի լուրը կը քարոզեն։ Սակայն, իրենց քարոզչութիւնը պարզապէս քարոզ տալ է՝ ըլլայ եկեղեցիին, հեռատեսիլին կամ համացանցին մէջ, կամ թերեւս անհատապէս ուրիշներուն կը խօսին թէ ինչպէ՛ս Յիսուսը ճանչցան։ Ուրիշներ կը զգան թէ աղքատներուն օգնելով եւ կամ որպէս բժիշկ կամ ուսուցիչ ծառայելով, ձեւով մը քարոզչութեան մասնակցած կ’ըլլան։ Բայց ասո՞նք են այն գործունէութիւնը, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ։

3. Ըստ Մատթէոս 28։19, 20–ին, Յիսուսի հետեւորդները ի՞նչ չորս բաներ պէտք է ընեն։

3 Արդեօք Յիսուսի աշակերտները պէտք էր ձեռքերնին ծալած նստէին եւ մարդիկ իրենց քո՞վ գային։ Վստահաբար ո՛չ։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս հարիւրաւոր աշակերտներու ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատ. 28։19, 20)։ Ուրեմն չորս բան պէտք է ընել։ Պէտք է աշակերտենք, մկրտենք եւ սորվեցնենք, բայց ի՞նչ է առաջին բանը որ պէտք է ընենք։ Յիսուս ըսաւ. «Գացէ՛ք»։ Այս պատուէրին նկատմամբ Աստուածաշունչի ուսումնական մը ըսաւ. «Ամէ՛ն հաւատացեալի պարտականութիւնն է ‘երթալ’, կտրելով թաղեր կամ ովկիանոսներ» (Մատ. 10։7. Ղուկ. 10։3

4. «Մարդոց որսորդ» ըլլալը ի՞նչ կը պահանջէ։

4 Յիսուս ի՞նչ կ’ակնկալէր իր աշակերտներէն։ Ան կ’ուզէր որ անոնք առանձի՞ն քարոզեն, թէ ոչ՝ որպէս խումբ կազմակերպուած ըլլան։ Այս գործը կատարելու համար պէտք էր որ կազմակերպուած խումբ մը ըլլային, քանի որ անկարելի է որ մէկ անձ քարոզէ «բոլոր ազգերուն»։ Յիսուս ճիշդ ասիկա ըսել ուզեց, երբ իր աշակերտներուն ըսաւ որ «մարդոց որսորդ» ըլլան (կարդա՛ Մատթէոս 4։18-22)։ Ան հոս չէր խօսեր մէկ ձկնորսի մասին, որ թել եւ խայծ կը գործածէ, մինչ նստած կը սպասէ որ ձուկը բռնուի։ Յիսուս կը խօսէր ուռկանով ձկնորսութիւն ընելու մասին, որուն մէջ ծանր աշխատանք կայ եւ ատեններ պէտք կ’ըլլայ որ շատ մը անձեր իրարու օգնեն (Ղուկ. 5։1-11

5. Ո՞ր չորս հարցումները պէտք է պատասխանուին, եւ ինչո՞ւ։

5 Որպէսզի գիտնանք թէ ներկայիս որո՛նք բարի լուրը կը քարոզեն, ինչպէս որ Յիսուս մարգարէացաւ, պէտք է այս չորս հարցումներուն պատասխանը գտնենք.

  • Քարոզչութեան պատգամը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

  • Այս գործը կատարելու մեր շարժառիթը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

  • Ի՞նչ մեթոտներ պէտք է գործածուին։

  • Քարոզչութեան տարողութիւնը որքա՞ն պէտք է ըլլայ եւ մինչեւ ե՞րբ պէտք է շարունակուի։

Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի օգնեն մեզի, որ գիտնանք թէ որո՛նք կը կատարեն այս փրկարար գործը, եւ մեր փափաքը պիտի զօրացնեն որ շարունակենք քարոզել (Ա. Տիմ. 4։16

ՊԱՏԳԱՄԸ

6. Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովայի վկաները Յիսուսի ըսած պատգամը կը քարոզեն։

6 Կարդա՛ Ղուկաս 4։44։ Յիսուս Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեց, եւ ան կ’ակնկալէ որ իր աշակերտներն ալ նոյնը ընեն։ Ո՞ր խումբը այս պատգամը կը քարոզէ «բոլոր ազգերուն»։ Պատասխանը յստակ է. միայն Եհովայի վկաները։ Նոյնիսկ մեր հակառակորդներէն ոմանք ասիկա կ’ընդունին։ Օրինակ՝ անգամ մը միսիոնար քահանայ մը Վկայի մը ըսաւ, որ ինք շատ մը երկիրներու մէջ ապրած էր եւ թէ ամէն երկրի մէջ հարցուցած էր Վկաներուն թէ ի՛նչ պատգամ կը քարոզեն։ Պատասխանը ի՞նչ եղած էր։ Քահանան ըսաւ. «Բոլորը այնքան անմիտ էին, որ նոյն պատասխանը տուին՝ ‘Թագաւորութեան բարի լուրը’»։ Սակայն այդ Վկաները ոչ թէ «անմիտ» էին, հապա՝ միութեամբ կը խօսէին, ճիշդ ինչպէս որ ճշմարիտ քրիստոնեաները պէտք է ըլլան (Ա. Կոր. 1։10)։ Եւ Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը ունի նոյն պատգամը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Այս պարբերաթերթը մատչելի է 254 լեզուներով եւ իւրաքանչիւր թիւէն միջին հաշուով՝ 59 միլիոն օրինակ կը հրատարակուի, եւ այս պատճառով աշխարհի ամէնէն շատ տարածուած պարբերաթերթն է։

7. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ քրիստոնէական աշխարհի կղերները Յիսուսի ըսած պատգամը չեն քարոզեր։

7 Քրիստոնէական աշխարհի կղերները չեն քարոզեր Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, իսկ երբ խօսին ատոր մասին՝ շատեր կ’ըսեն թէ ատիկա քրիստոնեային սրտի վիճակը կամ զգացումն է (Ղուկ. 17։21)։ Անոնք մարդոց չեն օգներ որ հասկնան, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է՝ Յիսուս Քրիստոսի գլխաւորութեամբ, թէ ատիկա մարդոց բոլոր խնդիրներուն միակ լուծումն է, եւ թէ մօտ ատենէն մէջտեղէն պիտի վերցնէ բոլոր չարութիւնները (Յայտ. 19։11-21)։ Փոխարէն, անոնք կը նախընտրեն Յիսուսը յիշել Սուրբ Ծնունդին եւ Զատիկին առթիւ։ Անոնք ո՛չ մէկ գաղափար ունին, թէ Յիսուս ի՛նչ պիտի ընէ որպէս աշխարհին նոր Կառավարիչը։ Եւ քանի որ անոնք չեն գիտեր թէ ի՛նչ պատգամ պէտք է քարոզեն, չենք զարմանար թէ անոնք նաեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ շարժառիթով պէտք է քարոզեն։

ՄԵՐ ՇԱՐԺԱՌԻԹԸ

8. Քարոզելու սխալ շարժառիթը ի՞նչ է։

8 Պէտք չէ քարոզենք դրամ շահելու կամ գեղեցիկ շէնքեր շինելու համար։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատ. 10։8)։ Աստուծոյ Խօսքը պէտք չէ ‘վաճառքի հանել’ (Բ. Կոր. 2։17, ՆԹ)։ Քարոզողները պէտք չէ նիւթական շահ փնտռեն (կարդա՛ Գործք 20։33-35)։ Թէեւ Յիսուսի տուած ուղղութիւնը յստակ է, բայց եկեղեցիներուն մեծամասնութիւնը զբաղած է դրամ հաւաքելով, որպէսզի շէնքերը նորոգեն ու վճարեն կղերականներուն եւ ուրիշ պաշտօնեաներու։ Այս պատճառաւ, քրիստոնէական աշխարհի շատ մը առաջնորդները դրամ դիզած են (Յայտ. 17։4, 5

9. Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս ցուցուցած են, թէ ճիշդ շարժառիթով կը քարոզեն։

9 Եհովայի վկաները դրամ կը հաւաքե՞ն Թագաւորութեան սրահներուն մէջ կամ համաժողովներու ատեն։ Ո՛չ։ Իրենց գործը կամաւոր նուիրատուութիւններով կ’օժանդակուի (Բ. Կոր. 9։7)։ Միայն անցեալ տարի, Եհովայի վկաները 1,93 միլիառ ժամ տրամադրեցին բարի լուրը քարոզելու եւ ամէն ամիս աւելի քան 9 միլիոն ուսումնասիրութիւն վարելու։ Հետաքրքրական է որ անոնք ոչ միայն դրամ չեն առներ իրենց կատարած գործին համար, այլեւ՝ ամենայն ուրախութեամբ իրենց ծախսերը անձնապէս կը գոցեն։ Հետազօտիչ մը Եհովայի վկաներուն գործին մասին ըսաւ. «Անոնց գլխաւոր նպատակն է՝ քարոզել եւ սորվեցնել։ . . .Անոնք կղերականներ չունին, ինչ որ իրենց ծախսերը բաւական չափով կը թեթեւցնէ»։ Լաւ, այս գործը ի՞նչ շարժառիթով կ’ընենք։ Մէկ խօսքով, այս գործը յօժարակամ կ’ընենք, քանի որ Եհովան կը սիրենք եւ մեր ընկերը կը սիրենք։ Այս կեցուածքը կը կատարէ Սաղմոս 110։3–ի մարգարէութիւնը (կարդա՛

ՄԵԹՈՏՆԵՐԸ

Կը քարոզենք ո՛ւր որ կրնանք մարդիկ գտնել (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10. Յիսուս եւ իր աշակերտները ի՞նչ մեթոտներ գործածեցին որ քարոզեն։

10 Յիսուս եւ իր աշակերտները ի՞նչ մեթոտներ գործածեցին, որ բարի լուրը քարոզեն։ Անոնք գացին ո՛ւր որ կրնային մարդիկ գտնել, ինչպէս՝ շուկաները եւ տուները։ Քարոզչութեան գործին մէջ կար՝ տունէ տուն փնտռել արժանաւորները (Մատ. 10։11. Ղուկ. 8։1. Գործք 5։42. 20։20)։ Այս մեթոտը կազմակերպուած կերպ մըն էր ամէն տեսակ մարդոց հասնելու։

11, 12. Բարի լուրի քարոզչութեան առնչութեամբ, քրիստոնէական աշխարհի եւ Եհովայի ժողովուրդին ըրածներուն տարբերութիւնը ի՞նչ է։

11 Քրիստոնէական եկեղեցիները Յիսուսին կերպով քարոզա՞ծ են բարի լուրը։ Ընդհանրապէս, եկեղեցիին անդամները քարոզչութիւնը ձգած են կղերականներուն, որոնք դրամ կ’առնեն։ Բայց փոխանակ կղերականները «մարդոց որսորդ» ըլլալու, կ’երեւի թէ անոնք աւելի հետաքրքրուած են իրենց ունեցած «որս»ը պահելով։ Եղած են կղերականներ, որոնք իրենց անդամները քաջալերած են որ քարոզեն, բայց քիչեր հետեւած են իրենց քաջալերութեան։ Օրինակ՝ 2001–ի սկիզբը, Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը նամակի մը մէջ գրեց. «Տարիներու ընթացքին յաճախ նոր աւետարանացման մասին քարոզներ տուած եմ։ Հիմա՛ ալ նոյնը կ’ընեմ. . . Պէտք է մեր մէջ արթնցնենք Պօղոսի զօրաւոր համոզումը, որ բացագանչեց. ‘Վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ’»։ Ետքը պապը շարունակեց, ըսելով որ այս պաշտօնը «չի կրնար խումբ մը ‘մասնագէտներու’ ձգուիլ, հապա պէտք է որ ըլլայ Աստուծոյ Ժողովուրդին բոլոր անդամներուն պատասխանատուութիւնը»։

12 Ի՞նչ կրնանք ըսել Եհովայի վկաներուն մասին։ Անոնք միակ անձերն են որ կը քարոզեն թէ Յիսուս որպէս Թագաւոր կ’իշխէ 1914–էն ի վեր։ Անոնք Յիսուսին կը հնազանդին եւ քարոզչութիւնը առաջին տեղը կը դնեն (Մար. 13։10)։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Եհովայի վկաները ամէն բանէ աւելի կը կեդրոնանան միսիոնարութեան վրայ» (Pillars of Faith—American Congregations and Their Partners)։ Հիմնուելով Վկայի մը ըսածներուն վրայ, գրողը կը շարունակէ. «Երբ հանդիպին անօթութեան, մենակութեան եւ հիւանդութեան, կը փորձեն օգնել. . . բայց անոնք բնա՛ւ չեն մոռնար որ իրենց հիմնական պարտականութիւնն է՝ հոգեւոր պատգամ մը տալ, թէ աշխարհին վերջը մօտ է եւ փրկութիւնը անհրաժեշտ է»։ Եհովայի վկաները կը շարունակեն այդ պատգամը տալ, գործածելով այն մեթոտները որ Յիսուս եւ իր աշակերտները գործածեցին։

ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԻՆՉԵՒ Ե՛ՐԲ

13. Քարոզչութեան տարողութիւնը որքա՞ն պէտք է ըլլայ։

13 Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները «բովանդակ աշխարհի մէջ» պիտի քարոզէին եւ սորվեցնէին բարի լուրը։ Անոնք «բոլոր ազգեր»էն մարդիկ պիտի աշակերտէին (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ բարի լուրը աշխարհի չորս կողմը պէտք է քարոզուի։

14, 15. Ի՞նչ բան կը փաստէ թէ Վկաները կատարած են Յիսուսի մարգարէութիւնը, թէ բարի լուրը ամբողջ երկրագունդին մէջ պիտի քարոզուի (տե՛ս բացման պատկերը)։

14 Միայն Եհովայի վկաները կատարած են Յիսուսի մարգարէութիւնը, թէ բարի լուրը ամբողջ երկրագունդին մէջ պիտի քարոզուի։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Նկատի առ հետեւեալը. Միացեալ Նահանգներուն մէջ, շուրջ 600,000 կղերական կայ, մինչ անդին շուրջ 1,200,000 Եհովայի վկայ կայ։ Աշխարհի տարածքին Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին շուրջ 400,000 քահանայ ունի, մինչ անդին շուրջ 8,000,000 Վկաներ բարի լուրը կը քարոզեն 240 երկիրներու մէջ։ Ի՜նչ հոյակապ գործ մը կը տարուի, եւ ասիկա Եհովային փառք ու պատիւ կը բերէ (Սաղ. 34։1. 51։15

15 Որպէս Եհովայի վկաներ, կ’ուզենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասցնել բարի լուրը, առաջ որ վերջը գայ։ Այս պատճառով, միայն մենք ենք որ ա՛յսքան հրատարակութիւններ կը թարգմանենք եւ ի լոյս կ’ընծայենք։ Ձրիօրէն բաժնած ենք միլիոնաւոր գիրքեր, պարբերաթերթեր, թերթիկներ եւ համաժողովի ու Յիշատակատօնի հրաւիրագիրներ, աւելի քան 700 լեզուներով։ Իսկ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութենէն հրատարակած ենք աւելի քան 200 միլիոն օրինակ, աւելի քան 130 լեզուներով։ Միայն անցեալ տարի, գրեթէ 4,5 միլիառ հրատարակութիւն հրատարակած ենք։ Մեր պաշտօնական կայքին մէջ աւելի քան 750 լեզուներով տեղեկութիւններ կան։ Ուրիշ ո՛չ մէկ կրօնական խումբ այսպիսի գործ մը կ’ընէ ներկայիս։

16. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Եհովայի վկաները ունին Աստուծոյ հոգին։

16 Քարոզչութիւնը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի։ Յիսուս ըսաւ որ ատիկա պիտի շարունակուէր մինչեւ վերջին օրերը, եւ ‘յետոյ վերջը պիտի գար’ (Մատ. 24։14)։ Ուրիշ ո՞ր կրօնական խումբը շարունակած է բարի լուրը քարոզել այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Ծառայութեան մէջ ոմանք մեզի կ’ըսեն. «Մե՛նք ենք որ սուրբ հոգին ունինք, բայց դո՛ւք էք որ գործը կը կատարէք»։ Բայց մենք կրցած ենք գործին մէջ յարատեւել, ինչ որ բաւարար փաստ չէ՞ թէ Աստուծոյ հոգին ունինք (Գործք 1։8. Ա. Պետ. 4։14)։ Ատեն–ատեն, կարգ մը կրօնական խումբեր փորձած են Եհովայի վկաներուն սովորական ըրածը ընել, բայց ընդհանրապէս ձախողած են։ Ուրիշներ որոշ ժամանակ մը կը մասնակցին միսիոնարական գործունէութիւններու, եւ յետոյ իրենց սովորական կեանքին կը վերադառնան։ Իսկ ոմանք նոյնիսկ կը փորձեն դռնէ դուռ երթալ, սակայն իրենց քարոզածը ի՞նչ է։ Այս հարցումին պատասխանը յստակ կը դարձնէ, թէ անոնք Յիսուսի ըրած գործը չեն կատարեր։

ՈՐՈ՞ՆՔ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԻՐԱՊԷ՛Ս ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ԿԸ ՔԱՐՈԶԵՆ

17, 18. ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովայի վկաներն են որ ներկայիս Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն։ բ) Ինչպէ՞ս կը յաջողինք այս գործը շարունակել։

17 Ուրեմն որո՞նք ներկայիս իրապէ՛ս կը քարոզեն Թագաւորութեան բարի լուրը։ Ամենայն վստահութեամբ կ’ըսենք. «Եհովայի վկաները»։ Ինչո՞ւ կրնանք այսքան վստահ ըլլալ։ Քանի որ Յիսուսի պատգամը կը քարոզենք՝ Թագաւորութեան բարի լուրը։ Նաեւ ճիշդ մեթոտները կը գործածենք, այսինքն՝ մարդոց կ’երթանք։ Ճիշդ շարժառիթով կը քարոզենք,– սէրը եւ ոչ թէ նիւթական շահը։ Մեր քարոզելու գործը ամէնէն մեծ տարողութիւնը ունի եւ կը հասնի բոլոր ազգերուն եւ լեզուներուն։ Եւ պիտի շարունակենք տարուէ տարի այս գործը ընել առանց տնտնալու, մինչեւ որ վերջը գայ։

18 Իրապէս կը հիանանք երբ կը տեսնենք թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ինչե՜ր կ’իրագործէ այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Բայց ինչպէ՞ս կը յաջողինք այս բոլորը ընել։ Պօղոս առաքեալ պատասխանը կու տայ. «Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար» (Փլպ. 2։13)։ Թող Եհովան շարունակէ մեզի զօրութիւն տալ, որպէսզի կարենանք մեր լաւագոյնը ընել ու մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարել (Բ. Տիմ. 4։5