Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Ի՞նչ բաներ կրնան քրիստոնեային օգնել, որ գիտնայ թէ կառավարական պաշտօնեաներուն նուէր կամ ձեռաձիր (պախշիշ) տալը յարմար է կամ ոչ։
Քանի մը բաներ պէտք է մեր միտքը պահենք։ Քրիստոնեաները պէտք է պարկեշտ ըլլան։ Անոնք պատասխանատուութիւն ունին որ երկրին օրէնքներուն հնազանդին, այնքան ատեն որ ատոնք Եհովային օրէնքներուն հակառակ չեն (Մատ. 22։21. Հռով. 13։1, 2. Եբ. 13։18)։ Անոնք նաեւ ամէն ջանք կը թափեն որ յարգեն տեղական սովորութիւնները եւ զգայուն հարցերը ու ‘սիրեն իրենց ընկերը իրենց անձին պէս’ (Մատ. 22։39. Հռով. 12։17, 18. Ա. Թես. 4։11)։ Այս սկզբունքները շատ հաւանաբար պիտի օգնեն տարբեր երկիրներու քրիստոնեաներուն, որ գիտնան թէ նուէր եւ ձեռաձիր տալը յարմա՛ր է կամ ոչ։
Շատ մը երկիրներու մէջ, անհատը ստիպուած չէ բան մը տալ կառավարական պաշտօնեաներու, որպէսզի իր գործը քալեցնէ։ Պաշտօնեաները իրենց աշխատանքին համար կառավարութենէն ամսական կ’առնեն։ Անոնք իրենց ամսականին վրայ յաւելեալ բան մը չեն պահանջեր, ոչ ալ կ’ակնկալեն։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, անօրէն բան մըն է, որ պաշտօնեաները իրենց ըրած պաշտօնական ծառայութեան համար ուզեն կամ ընդունին արժէքաւոր բան մը։ Այսպիսի նուէր մը կաշառք կը հաշուըւի, նոյնիսկ եթէ պաշտօնեան պարզապէս իր պարտականութիւնը կատարեց։ Այս պարագային, քրիստոնեան պէտք չունի մտածելու թէ կառավարական պաշտօնեային նուէր կամ ձեռաձիր տայ կամ ոչ, քանի որ այդ նուէրները արդէն անյարմար կը նկատուին։
Սակայն այն երկիրներուն մէջ, ուր այսպիսի օրէնքներ չկան կամ խստօրէն չեն պարտադրուած, կառավարական պաշտօնեաները տարբեր աչքով կը դիտեն իրենց կատարած գործերը։ Անոնք իրենց դիրքը կ’օգտագործեն, որպէսզի դրամ կամ այլ բաներ խլեն այն անհատներէն՝ որոնց կը ծառայեն, եւ բան մը չեն ըներ մինչեւ որ նուէր ստանան։ Այսպէս, անոնք որոնք ամուսնութիւնները կ’օրինականացնեն, եկամուտի տուրքերը կ’ընդունին, շինարարութեան արտօնագիրներ կու տան, եւ այլն, ձեռաձիր կը պահանջեն։ Իսկ եթէ ձեռաձիր չտրուի, անոնք մասնաւոր խնդիրներ կը հանեն, որպէսզի մարդիկ իրենց իրաւունքը եղող բաները դժուարութեամբ ստանան կամ նոյնիսկ չստանան։ Կ’ըսուի որ երկրի մը մէջ, հրշէջները չեն սկսիր հրդեհը մարել, մինչեւ որ բաւարար ձեռաձիր չառնեն։
Ել. 23։8. Բ. Օր. 16։19. Առ. 17։23)։
Ուր որ այս նշուած բաները շատ կը պատահին, ոմանք կը զգան որ անպայման պէտք է ձեռաձիր տան։ Այսպիսի պարագաներու, քրիստոնեան թերեւս սեպէ, որ իր տուած ձեռաձիրը պարզապէս պահանջուած յաւելեալ վճարում մըն է, որպէսզի տուեալ սպասարկութիւնը կատարուի։ Սակայն ուր որ պարկեշտութիւն չկայ, քրիստոնեան պէտք է զգոյշ ըլլայ, որպէսզի իրեն համար յստակ ըլլայ թէ Աստուծոյ աչքին ի՛նչ բան ընդունելի է եւ ի՛նչ բան ընդունելի չէ։ Օրինաւոր կերպով բան մը ձեռք ձգելու համար ձեռաձիր տալը բան մըն է, իսկ բոլորովին ուրիշ բան մըն է՝ ձեռաձիր տալով ջանալ անօրէն սպասարկութիւն ստանալ։ Ոմանք պաշտօնեային ձեռաձիր կու տան, որպէսզի իրենց իրաւունքը չեղող բան մը ձեռք ձգեն, կամ ալ ոստիկանին կամ կառավարական քննիչին նուէր կու տան, որպէսզի տուգանք չվճարեն։ Անշուշտ, սխալ է «նուէր» տալով անպարկեշտութիւն քաջալերել, ճիշդ ինչպէս որ սխալ է այսպիսի «նուէր» առնել ու անպարկեշտ դառնալ։ Երկու բաներն ալ արդարութիւնը կը ծռեն (Հասուն քրիստոնեաները իրենց խղճմտանքը Աստուածաշունչին հիման վրայ մարզած են, եւ այսպիսով անոնց մեծամասնութիւնը չ’ուզեր պաշտօնեաներուն պահանջած ձեռաձիրը տալ։ Անոնք կը զգան որ ձեռաձիր տալով՝ քաջալերած կ’ըլլան անպարկեշտութիւնը։ Ուստի երբ անոնցմէ որեւէ նուէր պահանջուի, անոնք չեն ուզեր տալ։
Հասուն քրիստոնեաները գիտեն, թէ անօրէն ծառայութեան մը համար նուէր տալը կրնայ կաշառք տալու հաւասար ըլլալ։ Սակայն տեղական պարագաներուն պատճառաւ, ոմանք գնահատանքի պզտիկ նուէր մը կու տան, որպէսզի իրենց ծառայութիւն մը կատարուի կամ որպէսզի անարդարացի կերպով չուշանայ իրենց գործը։ Ուրիշ պարագաներու մէջ, կարգ մը քրիստոնեաներ հանրային հիւանդանոցի մը մէջ ձրիօրէն դարմանուելէ ետք, բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն նուէր կու տան, որպէսզի իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեն իրենց ստացած դարմանումին համար։ Անոնք ամենայն վստահութեամբ կ’ընեն ասիկա դարմանումը ստանալէ ետք, եւ ոչ թէ առաջ, որպէսզի չկարծուի թէ նուէրը տրուած է որպէս կաշառք կամ որպէսզի բժիշկները յատուկ կերպով վարուին իրենց հետ։
Անկարելի է որ բոլոր երկիրներուն բոլոր պարագաները նկատի առնենք հոս։ Ուրեմն ի՛նչ որ ալ ըլլան տեղական պարագաները, երբ քրիստոնեան պիտի որոշէ թէ ի՛նչ ընէ, պէտք է որոշում մը առնէ, որ իր խիղճը հանգիստ պիտի ընէ (Հռով. 14։1-6)։ Ան անօրէն բաներ պէտք չէ ընէ (Հռով. 13։1-7)։ Ան պէտք չէ ընէ բան մը, որ Եհովային անուան անարգանք կը բերէ կամ ուրիշները կը գայթակղեցնէ (Մատ. 6։9. Ա. Կոր. 10։32)։ Եւ ընկերին հանդէպ սէրը պէտք է ազդէ քրիստոնեային որոշումներուն (Մար. 12։31)։
Ժողովքը ինչպէ՞ս կրնայ իր ուրախութիւնը արտայայտել, երբ յայտարարուի որ անհատ մը վերահաստատուած է։
Ղուկաս 15–րդ գլուխին մէջ Յիսուս առակ մը պատմեց, մարդու մը մասին որ 100 ոչխար ունէր։ Երբ ոչխարներէն մէկը կորսուեցաւ, մարդը 99 ոչխարները անապատին մէջ ձգեց եւ կորսուածին ետեւէն գնաց ‘մինչեւ որ զանիկա գտաւ’։ Յիսուս շարունակեց. «Երբ գտնէ, ուրախանալով իր ուսերուն վրայ կը դնէ զանիկա եւ տունը գալով, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները ու անոնց կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսուած ոչխարս գտայ’»։ Յիսուս որպէս եզրակացութիւն ըսաւ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ այսպէս աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ» (Ղուկ. 15։4-7)։
Շուրջի համարները կը ցուցնեն թէ Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ, որպէսզի շտկէ դպիրներուն ու փարիսեցիներուն մտածելակերպը, որոնք զինք կը քննադատէին՝ քանի որ մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն կ’ընկերակցէր (Ղուկ. 15։1-3)։ Յիսուս նշեց որ երկնքին մէջ ուրախութիւն կ’ըլլայ, երբ մեղաւոր մը զղջայ։ Լաւ, կրնանք հարցնել. ‘Եթէ երկնքի՛ն մէջ ուրախութիւն կ’ըլլայ, պէտք չէ՞ երկրի վրայ ալ ուրախութիւն ըլլայ երբ մեղաւոր մը զղջայ, դարձի գայ եւ շիտակ ճամբաներ փնտռէ իր ոտքերուն’ (Եբ. 12։13)։
Իրապէս ուրախ կ’ըլլանք, երբ մէկը վերահաստատուի ժողովքին մէջ։ Ճիշդ է որ ան պէտք է շարունակէ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ, բայց չմոռնանք թէ վերահաստատուելու համար պէտք էր զղջար, եւ ուրախ ենք որ զղջա՛ց։ Ուրեմն, երբ երէցները յայտարարեն թէ մէկը վերահաստատուեցաւ, ներկաները՝ եթէ ուզեն, կրնան պատշաճ կերպով ծափահարել։
Երուսաղէմի Բեթհեզդա աւազանի «ջուրին խառնուելուն» պատճառը ի՞նչ կրնար ըլլալ։
Յիսուսի օրերուն, Երուսաղէմի մէջ ոմանք կը կարծէին, որ երբ Բեթհեզդա աւազանին ջուրը ‘խառնուէր’, բժշկելու կարողութիւն կ’ունենար (Յովհ. 5։1-7)։ Այս պատճառով հոն հիւանդներ կը հաւաքուէին, յուսալով բժշկուիլ։
Գտնուած է աւազան մը, որ ծիսական մաքրութեան համար կը գործածուէր, եւ կը կարծուի թէ Բեթհեզդա աւազանն է։ Ատոր մէջ ջուր կը լեցուէր եւ կը պահպանուէր՝ ջուր քաշելով քովը եղող ջրամբարէ մը, որ նոյն կառոյցին մէկ մասն էր։ Վայրը քննելը մէջտեղ հանած է, որ երկու աւազաններուն միջեւ կար պատնէշ մը որ ջրանցք ունէր։ Երբ ջրանցքը բացուէր, ջուրը կը հոսէր ջրամբարէն դէպի աւազանին յատակը։ Այս պարագային, աւազանին երեսը վստահաբար կը շարժէր ջուրի հոսանքին պատճառաւ։
Ուշադրութեան արժանի է թէ Յովհաննէս 5։4–ը, որ կ’ըսէ թէ հրեշտակ մը ջուրը կը խառնէր, չենք գտներ շատ յարգուած յունական ձեռագիրներու մէջ, ինչպէս՝ չորրորդ դարու Սինայական ձեռագիր մատեանը։ Բայց Յիսուս Բեթհեզդա աւազանին քով մարդ մը բժշկեց, որ 38 տարի հիւանդ էր։ Ան անմիջապէս բժշկուեցաւ, նոյնիսկ առանց աւազանը մտնելու։