Սուրբ Գիրքը մինչեւ հիմա կեանքդ կը փոխէ՞
«Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք» (ՀՌՈՎ. 12։2)։
1-3. ա) Մկրտուելէ ետք, ո՞ր փոփոխութիւնները ընելը կրնայ դժուար ըլլալ։ բ) Երբ յառաջդիմելը մեր ակնկալածէն աւելի դժուար ըլլայ, թերեւս ի՞նչ հարցնենք (տե՛ս բացման պատկերը)։
ՀԱԶԻՒ որ Քեւըն [1] ճշմարտութեան ծանօթացաւ, ամբողջ սրտով ուզեց Եհովայի հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Բայց ան տարիներէ ի վեր բախտախաղ կը խաղար, կը ծխէր, չափազանց ալքոլ կը խմէր եւ թմրեցուցիչ կը գործածէր։ Քեւըն պէտք էր որ այս գէշ սովորութիւններէն վազ անցնէր, որպէսզի Աստուծոյ հաճութիւնը ունենար։ Ան կրցաւ Եհովային օգնութեամբ եւ Իր Խօսքին զօրութեամբ փոփոխութիւններ ընել (Եբ. 4։12)։
2 Իր մկրտութենէն ետք, Քեւըն այլեւս փոփոխութիւններ չըրա՞ւ իր կեանքին մէջ։ Ըրա՛ւ, քանի որ տակաւին պէտք էր որ իր անձնաւորութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնէր, որպէսզի աւելի լաւ քրիստոնեայ մը ըլլար (Եփ. 4։31, 32)։ Օրինակ՝ ան անդրադարձաւ որ իրեն համար շատ դժուար է որ իր ջղայնութիւնը զսպէ։ Քեւըն խոստովանեցաւ. «Իրականութեան մէջ, ջղայնութիւնս զսպելը աւելի դժուար էր, քան՝ առաջուան սովորութիւններս ձգելը»։ Շատ աղօթելով եւ Աստուածաշունչը խորապէս ուսումնասիրելով, ան պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրաւ։
3 Մեզմէ շատեր մկրտուելէ առաջ պէտք էր որ Քեւընին պէս մեծ փոփոխութիւններ ընէին, որպէսզի կարենային ապրիլ այնպէս՝ ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ապրինք։ Մկրտուելէ ետք, անդրադարձանք որ պէտք է շարունակենք փոփոխութիւններ ընել,– աւելի պզտիկ փոփոխութիւններ,– որպէսզի կարենանք աւելի նմանիլ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի (Եփ. 5։1, 2. Ա. Պետ. 2։21)։ Օրինակ՝ թերեւս նկատած ենք որ շատ կը գանգատինք, մարդոց հանդէպ վախ ունինք, կը բամբասենք կամ ուրիշ տկարութիւն մը ունինք։ Կրնայ ըլլալ որ այս կէտերուն վրայ աշխատիլը մեր ակնկալածէն աւելի դժուար եղած է։ Այս պարագային թերեւս հարցնես. ‘Եթէ արդէն իսկ մեծ փոփոխութիւններ ըրած եմ, ինչո՞ւ համար շատ դժուար է պզտիկ փոփոխութիւններ ընելը։ Ի՞նչ պէտք է ընեմ որ Սուրբ Գիրքին ըսածները կիրարկեմ, որպէսզի շարունակեմ անձնաւորութիւնս բարելաւել’։
ԿՐՆԱՍ ԵՀՈՎԱՆ ՀԱՃԵՑՆԵԼ
4. Ինչո՞ւ չենք կրնար Եհովան հաճեցնել ամէ՛ն բանի մէջ։
4 Մենք Եհովան կը սիրենք եւ սրտանց կ’ուզենք զինք հաճեցնել։ Բայց այս փափաքը որքան ալ զօրաւոր ըլլայ, միշտ չենք կրնար Աստուած հաճեցնել, քանի որ անկատար ենք։ Շատ անգամներ Պօղոս առաքեալի պէս կը զգանք, որ ըսաւ. «Կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար» (Հռով. 7։18. Յակ. 3։2)։
5. Մկրտուելէ առաջ ի՞նչ փոփոխութիւններ ըրինք, բայց ի՞նչ տկարութիւններ տակաւին կրնան մնալ։
5 Առաջ որ ժողովքի անդամ ըլլանք, դադրեցանք Եհովային ատած բաները ընելէ (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Բայց դե՛ռ անկատար ենք (Կող. 3։9, 10)։ Ուրեմն, տրամաբանական չէ ակնկալել որ մկրտուելէ ետք, կամ նոյնիսկ ատկէ տարիներ ետք, այլեւս սխալ պիտի չգործենք, գէշ ցանկութիւններ կամ զգացումներ պիտի չունենանք կամ մեր անձնաւորութեան մէջ տկարութիւն մը պիտի չգտնուի։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը տկարութիւններ տարինե՜ր կը տեւեն։
6, 7. ա) Հակառակ որ անկատար ենք, ինչո՞ւ կրնանք Եհովային բարեկամը ըլլալ։ բ) Ինչո՞ւ պէտք չէ քաշուինք Եհովայէն ներում խնդրելու։
6 Թէեւ անկատար ենք, սակայն կրնա՛նք Եհովային բարեկամը ըլլալ եւ իրեն ծառայել։ Միշտ յիշենք որ երբ Եհովան մեզ քաշեց իր բարեկամը ըլլալու, գիտէր թէ ատեններ պիտի սխալէինք (Յովհ. 6։44)։ Ան նաեւ գիտէր թէ ի՛նչ թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունէինք, քանի որ հասկցած էր մեր բնաւորութիւնը եւ ամէն ի՛նչ որ մեր սրտին մէջ էր։ Հակառակ ասոր, Եհովան ուզեց որ իր բարեկամը ըլլանք։
7 Սէրէ մղուած, Աստուած թանկագին նուէր մը տուաւ մեզի,– իր սիրելի Որդին մեզի համար զոհուեցաւ (Յովհ. 3։16)։ Երբ սխալ մը ընենք, կրնանք Եհովայէն ներում խնդրել, եւ այս փրկանքին հիման վրայ ան մեզի պիտի ներէ եւ իր բարեկամը պիտի մնանք (Հռով. 7։24, 25. Ա. Յովհ. 2։1, 2)։ Միտքդ պահէ թէ Յիսուս զղջացող մեղաւորներուն համար մեռաւ։ Ուրեմն, երբ անմաքուր կամ մեղաւոր զգանք, պէտք չէ խորհինք որ արժանի չենք փրկանքէն օգտուելու։ Այլապէս, կարծես թէ կը մերժենք մեր աղտոտ ձեռքերը ջուրով լուալ։ Ուրեմն, Եհովայէն շնորհակալ ենք որ կարելի դարձուցած է որ իր բարեկամը ըլլանք, հակառակ որ անկատար ենք (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 1։15)։
8. Ինչո՞ւ պէտք է որ մեր տկարութիւնները չանտեսենք։
8 Անշուշտ, մեր տկարութիւններուն աչք Սաղ. 15։1-5)։ Նաեւ պէտք է որ մեր սխալ ցանկութիւնները զսպենք եւ ոմանք արմատէն հանենք։ Կարեւոր է որ շարունակենք ‘կատարեալ ըլլալու աշխատիլ’, չնայած թէ նոր մկրտուած ենք կամ տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ենք (Բ. Կոր. 13։11, ՆԹ)։
չենք խփեր։ Որպէսզի Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը զօրացնենք, պէտք է որ զինք եւ Քրիստոսը ընդօրինակենք եւ իրենց ուզած անձը ըլլանք (9. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ շարունակ կրնանք ‘նոր մարդը մեր վրայ հագնիլ’։
9 Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ձեր վրայէն հանէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր եւ ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք [«շարունակէք նորոգուիլ», ՆԱ] եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է» (Եփ. 4։22-24)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ պէտք է շարունակենք ջանք թափել որ փոխուինք եւ մեր վրայ հագնինք «նոր մարդը» կամ՝ նոր անձնաւորութիւնը։ Ասիկա քաջալերական է, քանի որ մեզի կը վստահեցնէ թէ միշտ կրնանք մեր բնաւորութեան մէջ փոփոխութիւններ ընելով լաւ յատկութիւններ ունենալ եւ Եհովային աւելի նմանիլ, չնայած թէ քանի՛ տարի է որ իրեն կը ծառայենք։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը կրնայ շարունակ մեր կեանքը փոխել։
ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԱՅՍՔԱՆ ԴԺՈՒԱՐ Է
10. Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի Աստուծոյ Խօսքին օգնութեամբ շարունակենք փոփոխութիւններ ընել, եւ ի՞նչ հարցումներ կրնանք հարցնել։
10 Բոլորս կ’ուզենք Աստուածաշունչին ըսածները ընել։ Բայց եթէ կ’ուզենք շարունակ փոխուիլ, պէտք է ծանր աշխատինք։ Այնքան ատեն որ Եհովան մեր ջանքերը կ’օրհնէ, ինչո՞ւ շատ ջանք պէտք է թափենք։ Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը աւելի դիւրին պէտք չէ՞ ըլլայ։ Եհովան չի՞ կրնար մեր սխալ ցանկութիւնները մէջտեղէն վերցնել եւ թոյլ տալ որ շատ քիչ ջանքով ունենանք լաւ յատկութիւններ։
11-13. Ինչո՞ւ Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ ջանք թափենք մեր տկարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար։
11 Երբ մտածենք տիեզերքին մասին, կ’անդրադառնանք որ Եհովան անսահման ոյժ ու զօրութիւն ունի։ Օրինակ՝ ամէն երկվայրկեան, արեւը հինգ միլիոն թոն նիւթ կը վերածէ ուժի։ Թէեւ ատկէ քիչ բան մը կը հասնի մեզի, սակայն բաւարար է որ երկրի վրայ կեանք ըլլայ (Սաղ. 74։16. Եսա. 40։26)։ Եհովան նաեւ որոշ չափով զօրութիւն կու տայ իր ծառաներուն, երբ պէտք ունենան (Եսա. 40։29)։ Իրականութեան մէջ, Աստուած կրնայ պէտք եղած զօրութիւնը տալ մեզի, որպէսզի մեր բոլոր տկարութիւնները յաղթահարենք առանց պայքարելու կամ մեր սխալներէն սորվելու։ Բայց Աստուած ինչո՞ւ այդպէս չ’ըներ։
12 Եհովան ազատ կամք տուած է մեզի։ Երբ ընտրենք իրեն հնազանդիլ եւ շատ ջանք թափենք որ իր կամքը կատարենք, ցոյց կու տանք որ զինք որքա՜ն կը սիրենք եւ կ’ուզենք զինք ուրախացնել։ Սատանան կ’ըսէ թէ Աստուած իշխելու իրաւունք չունի, բայց երբ Եհովային հնազանդինք՝ կը ցուցնենք թէ կ’ուզենք որ Ան մեր վրայ իշխէ։ Եւ կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր սիրալիր եւ գնահատող Հայրը կ’արժեւորէ մեր թափած ջանքերը (Յոբ 2։3-5. Առ. 27։11)։ Եթէ Եհովան թոյլ տար որ առանց որեւէ պայքար տանելու՝ մեր անկատար ցանկութիւնները զսպէինք, ոչ մէկ իմաստ պիտի ունենար ըսելը թէ իրեն հաւատարիմ ենք կամ կ’ուզենք որ մեր վրայ իշխէ։
13 Եհովան մեզի կ’ըսէ որ շատ ջանք թափենք որ իր յատկութիւնները ունենանք (Կող. 3։12. կարդա՛ Բ. Պետրոս 1։5-7)։ Ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ ծանր աշխատինք, որպէսզի մեր մտածումներն ու զգացումները կառավարենք (Հռով. 8։5. 12։9)։ Երբոր շատ ջանք թափենք որ փոփոխութիւն մը ընենք եւ ատոր մէջ յաջողինք, ծայր աստիճան կ’ուրախանանք։
ԹՈՅԼ ՏՈՒՐ ՈՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՔԵԶ ՓՈԽԷ
14, 15. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Աստուծոյ սիրած յատկութիւնները ունենանք (տե՛ս « Սուրբ Գիրքը եւ աղօթքը փոխեցին իրենց կեանքը» շրջանակը)։
14 Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Եհովային սիրած յատկութիւնները ունենանք։ Փոխանակ պարզապէս որոշելու թէ մեր մէջ ի՛նչ բաներ պէտք է փոխենք, պէտք է թոյլ տանք որ Աստուած մեզ առաջնորդէ։ Հռովմայեցիս 12։2–ը կ’ըսէ. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ Եհովան իր Խօսքին եւ սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզի կ’օգնէ որ իր կամքը գիտնանք եւ կատարենք, ինչպէս նաեւ կարելի եղածին չափ մեր կեանքը փոխենք, որպէսզի իրեն հաճելի եղող կերպով ապրինք։ Պէտք է Աստուածաշունչը օրական կարդանք, կարդացածնիս վրայ խոկանք եւ աղօթքով սուրբ հոգին խնդրենք (Ղուկ. 11։13. Գաղ. 5։22, 23)։ Այս կերպերով Եհովան մեզի կ’օգնէ որ հասկնանք թէ ի՛նչը զինք կը հաճեցնէ եւ կը սորվինք իրեն պէս մտածել։ Այսպիսով, մեր մտածումները, ըսածները եւ ըրածները իրեն աւելի հաճելի կ’ըլլան։ Բայց նոյնիսկ այս պարագային, պէտք է զգոյշ մնանք որ մեր տկարութիւններուն տեղի չտանք (Առ. 4։23)։
15 Չի բաւեր միայն Սուրբ Գիրքը օրական կարդալ։ Նաեւ պէտք է որ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրենք մեր հրատարակութիւններուն օգնութեամբ, ինչպէս՝ Դիտարան–ը եւ Զարթի՛ր–ը։ Այս պարբերաթերթերուն մէջ շատ մը յօդուածներ մեզի կը սորվեցնեն որ Եհովային յատկութիւնները ունենանք եւ մեր տկարութիւններուն դէմ պայքարինք։ Թերեւս տեսնենք թէ մասնաւորաբար կարգ մը յօդուածներ կամ համարներ մեզի համար օգտակար են, ուստի կրնանք զանոնք հաւաքել, որպէսզի ատեն–ատեն անոնց վրայէն անցնինք։
16. Ինչո՞ւ պէտք չէ յուսախաբ ըլլանք, եթէ արագօրէն փոփոխութիւններ չենք կրնար ընել։
16 Եթէ հոգեւոր գետնի վրայ ուզածիդ չափ արագ չես յառաջդիմեր, միտքդ պահէ որ հոգեւոր յատկութիւններ ձեռք ձգելը ժամանակ կ’առնէ։ Պէտք է համբերութիւն ունենաս, մինչ թոյլ կու տաս որ Սուրբ Գիրքը կեանքիդ մէջ լաւ փոփոխութիւններ մտցնէ։ Սկիզբը, թերեւս պէտք ունենաս դուն քեզ ստիպելու որ Սուրբ Գիրքին ըսածը ընես։ Բայց որքա՛ն աւելի մտածես եւ գործես Աստուծոյ ուզած կերպով, այնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ մտածելակերպը ունենաս եւ ճիշդը ընես (Սաղ. 37։31. Առ. 23։12. Գաղ. 5։16, 17)։
ՄԵՐ ՀՈՅԱԿԱՊ ԱՊԱԳԱՆ ՄԻՏՔԴ ՊԱՀԷ
17. Եթէ Եհովային հաւատարիմ ենք, առջեւնիս ի՞նչ հոյակապ ապագայ մը կայ։
17 Անհամբեր կը սպասենք այն ժամանակուան, երբ կատարեալ պիտի ըլլանք եւ Եհովային յաւիտեան ծառայենք։ Այդ ժամանակ պէտք պիտի չունենանք որ մեր տկարութիւններուն դէմ պայքարինք, եւ շատ աւելի դիւրութեամբ Եհովան պիտի ընդօրինակենք։ Մինչ այդ, Եհովայէն շնորհակալ ենք որ զինք կրնանք պաշտել, քանի որ փրկանքը հայթայթած է։ Թէեւ անկատար ենք, եթէ շարունակենք շատ ջանք թափել որ փոփոխութիւններ ընենք եւ հետեւինք Սուրբ Գիրքին ըսածներուն, կրնա՛նք զինք հաճեցնել։
18, 19. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Սուրբ Գիրքը զօրութիւն ունի որ շարունակ մեր կեանքը փոխէ։
18 Քեւըն, որ սկիզբը նշեցինք, շատ ջանաց իր ջղայնութիւնը զսպել։ Ան Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն վրայ խոկաց եւ զանոնք կիրարկեց, ինչպէս նաեւ եղբայրներուն տուած օգնութիւնը եւ խրատները ընդունեց։ Քանի մը տարուան մէջ, ան մեծ փոփոխութիւններ ըրաւ եւ ի վերջոյ օգնական ծառայ եղաւ։ Այժմ, 20 տարի է որ ան կը ծառայէ որպէս երէց։ Հակառակ ասոր, ան գիտէ թէ պէտք է շարունակէ իր տկարութիւններուն դէմ պայքարիլ։
19 Քեւընին փորձառութիւնը կը ցուցնէ, թէ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’օգնէ որ շարունակ լաւ փոփոխութիւններ մտցնենք մեր կեանքին մէջ։ Ուրեմն, թող որ միշտ թոյլ տանք որ Սուրբ Գիրքը շարունակ մեզ փոխէ եւ Եհովային աւելի մօտեցնէ (Սաղ. 25։14)։ Երբ տեսնենք թէ Եհովան մեր ջանքերը կ’օրհնէ, պիտի փաստենք որ Սուրբ Գիրքը միշտ կրնայ մեր կեանքը բարեփոխել (Սաղ. 34։8)։
^ [1] (պարբերութիւն 1) Անունը փոխուած է։