Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը կեանքի ճամբուն մէջ

Եհովան կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը կեանքի ճամբուն մէջ

«Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք» (ԵՍԱ. 30։21

ԵՐԳԵՐ. 65, 48

1, 2. ա) Ո՞ր ցուցանակները շատերու կեանքը փրկած են (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Աստուծոյ ժողովուրդին ի՞նչ առաջնորդութիւն տրուած է, որ կրնայ իրենց կեանքը ազատել։

«ԿԵՑԻ՛Ր, ՆԱՅԷ՛, ԱԿԱ՛ՆՋ ՏՈՒՐ»։ Այս բառերը շատերու կեանքը փրկած են։ Աւելի քան 100 տարի առաջ, այս բառերը կրող հսկայ ցուցանակներ զետեղուած էին Հիւսիսային Ամերիկայի շոգեկառքի խաչմերուկներուն քով։ Ի՞նչ պատճառով։ Որպէսզի ինքնաշարժ քշողները ճամբան սխալ պահուն չկտրէին եւ զարնուէին սրընթաց շոգեկառքին։ Այո, այդ ազդարարութեան ուշադրութիւն դարձնելը կեանքեր փրկած է։

2 Եհովան անվտանգութեան ցուցանակներ զետեղելէն աւելի լաւ բան մը կ’ընէ։ Ան իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ, որ կարենան յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել եւ հեռու մնալ վտանգներէն։ Եհովան սիրալիր հովիւի մը պէս է, որ իր ոչխարները կ’ուղղէ եւ կը զգուշացնէ, որպէսզի վտանգաւոր տեղեր չերթան (կարդա՛ Եսայի 30։20, 21

ԵՀՈՎԱՆ ՎԱՂԵՄԻ ՕՐԵՐԷՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԾ Է ԻՐ ԾԱՌԱՆԵՐԸ

3. Մարդկային ցեղը ինչպէ՞ս սկսաւ մահացու ճամբու մը մէջ քալել։

3 Մարդկային պատմութեան սկիզբէն իսկ, Եհովան մասնայատուկ ցուցմունքներ կամ ուղղութիւններ տուած է։ Օրինակի համար, ան Եդեմի պարտէզին մէջ յստակ ցուցմունք մը տուաւ, որուն միջոցով մարդկային ցեղը կրնար յաւիտեան եւ ուրախ ապրիլ (Ծն. 2։15-17)։ Բայց Ադամն ու Եւան իրենց սիրալիր Հօր ուղղութիւնը մերժեցին։ Եւան ականջ տուաւ այն խրատին, որ ըստ երեւոյթին օձի մը բերնէն կ’ելլէր, իսկ Ադամ ականջ տուաւ իր կնոջ, որ մահկանացու էր։ Հետեւանքը եղաւ որ երկուքն ալ տառապեցան, եւ առանց յոյսի մեռան։ Ասկէ զատ, ամբողջ մարդկութիւնը անոնց անհնազանդութեան պատճառով սկսաւ քալել ճամբու մը մէջ, որ դէպի մահ կ’առաջնորդէ։

4. ա) Ջրհեղեղէն ետք ինչո՞ւ յաւելեալ ուղղութիւններու պէտք եղաւ։ բ) Նոր պարագաներու բերումով, Աստուծոյ տեսակէտը ինչպէ՞ս յստակացաւ։

4 Աստուած Նոյին ուղղութիւններ տուաւ, որոնց միջոցով կեանքեր փրկուեցան։ Ջրհեղեղէն ետք, Եհովան իր ծառաներուն պատուիրեց որ արիւն չուտեն կամ չխմեն։ Ինչո՞ւ։ Պարագաները փոխուած էին։ Եհովան մարդոց արտօնութիւն պիտի տար որ միս ուտէին։ Ուստի նոր ուղղութիւններու պէտք կար։ Աստուած ըսաւ. «Միսը ողջութիւնովը, այսինքն անոր արիւնովը մի՛ ուտէք» (Ծն. 9։1-4)։ Նոր պարագաներու բերումով, կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը աւելի յստակացաւ։ Ան Ստեղծիչն ու կեանքի Աղբիւրն է, ուստի իրաւունք ունի կեանքի նկատմամբ կանոններ սահմանելու։ Օրինակի համար, ան պատուիրեց որ մարդիկ իրենց ընկեր արարածը չսպաննեն։ Աստուծոյ աչքին, կեանքը եւ արիւնը սուրբ բաներ են, եւ ան պիտի պատժէ ոեւէ անձ, որ այս բաները կը չարաշահէ (Ծն. 9։5, 6

5. Ի՞նչ պիտի քննարկենք, եւ ինչո՞ւ։

5 Քննարկենք կարգ մը օրինակներ, թէ Աստուած ինչպէ՛ս շարունակեց ուղղութիւններ տալ դարերու ընթացքին։ Այս վերաքաղը մեր վճռականութիւնը պիտի զօրացնէ, որ հետեւինք Եհովայի առաջնորդութեան դէպի նոր աշխարհ։

ՆՈՐ ԱԶԳ, ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

6. ա) Ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր, որ Աստուծոյ ժողովուրդը հնազանդէր Մովսիսական օրէնքին։ բ) Իսրայէլացիները ի՞նչ կեցուածք պէտք էր ունենային։

6 Մովսէսի օրերուն, Աստուած իր ժողովուրդին նոր ուղղութիւններ տուաւ վարքի եւ պաշտամունքի շուրջ։ Ինչո՞ւ։ Կրկին՝ նոր պարագաներու բերումով։ Իսրայէլացիները աւելի քան երկու հարիւր տարի ստրկութիւն ըրած էին Եգիպտոսի մէջ, շրջապատուած ըլլալով կռապաշտ ազգով մը, որ մեռելները կը պաշտէր եւ Եհովան անարգող ուրիշ բաներ կ’ընէր։ Երբ Աստուծոյ ժողովուրդը եգիպտական ստրկատիրութենէն ազատեցաւ, պէտք ունեցաւ նոր ուղղութիւններու։ Իսրայէլացիները այլեւս ստրուկներ չէին, հապա ազատ ազգ մը, որ միմիայն Եհովայի Օրէնքով պիտի ապրէր։ Որոշ գիրքեր կ’ըսեն թէ «օրէնք» թարգմանուած եբրայերէն բառը կու գայ արմատէ մը, որուն իմաստն է՝ «ուղղել, առաջնորդել, սորվեցնել»։ Մովսիսական օրէնքը պաշտպանեց իսրայէլացիները իրենց շուրջի ազգերուն անբարոյութենէն եւ սուտ կրօնքներէն։ Երբ իսրայէլացիները Աստուծոյ մտիկ կ’ընէին, իր օրհնութիւնը կը վայելէին։ Իսկ երբ զինք կ’անտեսէին, ահռելի հետեւանքներ կը կրէին (կարդա՛ Բ. Օրինաց 28։1, 2, 15

7. ա) Բացատրէ թէ Եհովան ինչո՛ւ ուղղութիւններ տուաւ իր ժողովուրդին։ բ) Օրէնքը ինչպէ՞ս դաստիարակ մը եղաւ իսրայէլացիներուն։

7 Ուրիշ պատճառով ալ ուղղութիւններու պէտք կար։ Օրէնքին օգնութեամբ, իսրայէլացիները կրցան նախապատրաստուիլ կարեւոր դէպքի մը Եհովայի նպատակին մէջ,– Մեսիային՝ Յիսուս Քրիստոսին, գալուստը։ Օրէնքը շատ աւելի յստակացուց իսրայէլացիներուն անկատար ըլլալը։ Նաեւ իրենց օգնեց որ հասկնան թէ փրկանքի մը պէտք ունին, այսինքն՝ կատարեալ զոհի մը, որուն միջոցով մեղքը արմատէն պիտի վերցուի (Գաղ. 3։19. Եբ. 10։1-10)։ Ասկէ զատ, Օրէնքը պահպանեց Մեսիային ծննդաբանութիւնը եւ իսրայէլացիներուն օգնեց որ իր ինքնութիւնը գիտնան երբ յայտնուեցաւ։ Այո, Օրէնքը ծառայեց որպէս ժամանակաւոր պահապան կամ «դաստիարակ», առաջնորդելով դէպի Քրիստոս (Գաղ. 3։23, 24

8. Ինչո՞ւ պէտք է Մովսիսական օրէնքի սկզբունքներով առաջնորդուինք։

8 Որպէս քրիստոնեաներ, մենք ալ կրնանք օգտուիլ իսրայէլ ազգին տրուած Օրէնքի ուղեցոյցներէն։ Ինչպէ՞ս։ Կրնանք կենալ եւ Օրէնքին ետին գտնուող սկզբունքներուն նայիլ։ Թէեւ այդ օրէնքներուն տակ չենք, սակայն կրնանք ատոնցմէ շատերը վստահելի ուղեցոյց սեպել մեր առօրեայ կեանքին եւ սուրբ Աստուծոյ՝ Եհովայի պաշտամունքին մէջ։ Ան այդ օրէնքները Աստուածաշունչին մէջ գրել տուաւ, որպէսզի ատոնցմէ դասեր քաղենք, սկզբունքներով առաջնորդուինք եւ գնահատենք քրիստոնեաներուն բարոյական բարձր չափանիշները։ Ակա՛նջ տուր Յիսուսի այս խօսքին. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ, ‘Շնութիւն մի՛ ըներ’, բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ’»։ Արդ, պէտք է խուսափինք ոչ միայն շնութենէն, այլեւ՝ անբարոյութիւն գործելու սեռային ցանկութենէն (Մատ. 5։27, 28

9. Ի՞նչ նոր պարագաներու բերումով պէտքը եղաւ Եհովայէն նոր ուղղութիւններ ստանալու։

9 Որպէս Մեսիա Յիսուսի գալուստէն ետք, Եհովան նոր ցուցմունքներ տուաւ եւ աւելի յստակացուց իր նպատակը մարդկութեան վերաբերեալ։ Պատճառը ի՞նչ էր։ Անգամ մը եւս, նոր պարագաներու բերումով։ Ք.Ե. 33–ին, Եհովան մերժեց իսրայէլ ազգը եւ ընտրեց քրիստոնէական ժողովքը որ իր ժողովուրդը ըլլայ։

ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՀԱՄԱՐ

10. ա) Քրիստոնէական ժողովքին ինչո՞ւ նոր օրէնքներ տրուեցան։ բ) Հոգեւոր իսրայէլին տրուած օրէնքները ինչպէ՞ս կը տարբերին մարմնաւոր իսրայէլին տրուած օրէնքներէն։

10 Առաջին դարուն, Աստուծոյ քրիստոնէացած ժողովուրդը նոր կամ ընդլայնուած ուղղութիւններ ստացաւ պաշտամունքի եւ վերաբերմունքի շուրջ։ Աստուծոյ այս նուիրեալ ծառաները նոր ուխտի մը մէջ մտան։ Մովսիսական օրէնքը տրուած էր միայն մարմնաւոր իսրայէլ ազգին։ Սակայն հոգեւոր իսրայէլը բաղկացած էր շատ մը ազգերէ եւ ենթահողերէ։ Արդարեւ, «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։ Մովսիսական օրէնքը մարմնաւոր իսրայէլը Աւետեաց երկրին մէջ առաջնորդեց օրէնքներով, որոնք քարերու վրայ փորագրուած էին։ Անդին, հոգեւոր իսրայէլացիները «Քրիստոսին օրէնքը» ունէին՝ իրենց սրտերուն մէջ գրուած, որ գլխաւորաբար սկզբունքներու վրայ հիմնուած էր։ «Քրիստոսին օրէնքը» պիտի կիրարկուէր եւ օգտէր բոլոր քրիստոնեաներուն, ուր որ ալ ապրէին (Գաղ. 6։2

11. Նշէ քրիստոնէական կեանքի երկու երեսակներ, որոնց վրայ «Քրիստոսին օրէնքը» ազդեցութիւն կը բանեցնէ։

11 Հոգեւոր իսրայէլը մեծապէս օգտուեցաւ Յիսուսի միջոցով տրուած Եհովայի առաջնորդութենէն։ Յիսուս նոր ուխտը հաստատելէն քիչ առաջ, երկու կարեւոր պատուիրաններ տուաւ։ Մէկը կապ ունէր քարոզչութեան հետ, իսկ միւսը՝ քրիստոնեաներուն վարմունքին հետ, թէ ինչպէ՛ս իրարու հետ պէտք է վարուին։ Այս ուղղութիւնները բոլոր քրիստոնեաներուն համար էին, ուստի բոլորիս կը կիրարկուին, ըլլանք օծեալնե՛ր թէ երկրային յոյս ունեցողներ։

12. Քարոզչութեան մէջ ի՞նչ նորութիւն մը կար։

12 Անցեալին, ազգերը պէտք էր Իսրայէլ գային Եհովային ծառայելու համար (Գ. Թագ. 8։41-43)։ Բայց ետքը, Յիսուս բան մը պատուիրեց Մատթէոս 28։19, 20–ի մէջ (կարդա՛)։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ որ բոլոր ազգերուն ‘երթան’։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, Եհովան ցոյց տուաւ, թէ կ’ուզէր որ բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ քարոզուի։ Այդ օրը, նոր ժողովքին շուրջ 120 անդամները սուրբ հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով քարոզել հրեաներուն եւ նորահաւատներուն (Գործք 2։4-11)։ Ետքը, քարոզչական թաղամասը մեծցաւ եւ սամարացիներն ալ պարփակեց։ Յետագային, Ք.Ե. 36–ին, թաղամասը ա՛լ աւելի ընդլայնուեցաւ, անթլփատ օտարազգիները պարփակելով։ Կրնաս ըսել որ քարոզչական աշխատանքը անցաւ հրեաներու «լիճ»էն դէպի մարդկութեան «ովկիանոսը»։

13, 14. ա) Յիսուսի «նոր պատուիրան»ը ի՞նչ կը պարփակէ։ բ) Ի՞նչ կը սորվինք Յիսուսի օրինակէն։

13 Յիսուս նաեւ «նոր պատուիրան մը» տուաւ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք մեր հաւատակիցներուն հետ (կարդա՛ Յովհաննէս 13։34, 35)։ Այդ պատուիրանին համաձայն, մենք ոչ միայն մէկզմէկ պէտք է սիրենք մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, այլեւ՝ պատրաստ պէտք է ըլլանք մեր հաւատակիցին համար մեր կեանքը տալու,– պատուէր մը, որ չէր պահանջուած Մովսիսական օրէնքին մէջ (Մատ. 22։39. Ա. Յովհ. 3։16

14 Յիսուս մեծագոյն օրինակը հանդիսացաւ այս մարզին մէջ։ Ան իր աշակերտները անձնուրացօրէն սիրեց։ Ան զանոնք այնքան սիրեց, որ իրենց համար յօժար սրտով մեռաւ։ Եւ ան իր բոլոր հետեւորդներէն նոյն բանը կ’ակնկալէ։ Ուստի յօժար պէտք է ըլլանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար դժուարութիւններու համբերելու եւ մինչեւ իսկ մահանալու (Ա. Թես. 2։8

ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԻՄԱԿՈՒԱՆ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ

15, 16. Ներկայիս ի՞նչ նոր պարագաներ ունինք եւ Աստուած մեզ ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ։

15 Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» նշանակած է, իր հետեւորդներուն ատենին հոգեւոր կերակուր տալու համար (Մատ. 24։45-47)։ Այս կերակուրը կը պարփակէ կարեւոր ուղղութիւններ, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդը կը ստանայ երբ պարագաները փոխուին։ Մեր պարագաները ինչպէ՞ս փոխուած են։

16 Ըստ Աստուածաշունչին, կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ, եւ մեր դիմաց կայ այնպիսի նեղութիւն մը, որուն նմանը բնաւ չէ եղած (Բ. Տիմ. 3։1. Մար. 13։19)։ Աւելին, Սատանան ու իր դեւերը երկինքէն վար ձգուած են երկրի վրայ, ինչ որ մեծ տառապանք կը պատճառէ մարդկութեան (Յայտ. 12։9, 12)։ Ասկէ զատ, հնազանդելով Յիսուսի պատուէրին, մենք պատմական եւ աննախընթաց քարոզարշաւի մը կը մասնակցինք, հասնելով աշխարհի չորս ծագերը, որեւէ ժամանակէ աւելի շատ լեզուներով։

17, 18. Ներկայիս տրուած ուղղութիւններուն ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք։

17 Աստուծոյ կազմակերպութիւնը քարոզչական շատ մը գործիքներ կը տրամադրէ մեզի։ Կը գործածե՞ս զանոնք։ Մեր ժողովներուն ընթացքին ուղղութիւններ կը ստանանք, թէ ինչպէ՛ս ազդուօրէն գործածենք այդ միջոցները։ Այդ ուղղութիւնները կը սեպե՞ս որ Աստուծմէ են։

18 Արդարեւ, Աստուծոյ օրհնութիւնը շարունակ վայելելու համար, հարկ է որ ուշադրութիւն դարձնենք բոլոր այն ուղղութիւններուն, որոնք կը տրուին քրիստոնէական ժողովքին միջոցով։ Հիմակուընէ հնազանդ ոգի ունենալը մեզի պիտի օգնէ, որ նոյնպէս հետեւինք Աստուծոյ ուղղութիւններուն ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին, որ Սատանայի ամբողջ չար աշխարհը մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Մատ. 24։21)։ Անկէ ետք, նոր ուղղութիւններու պէտք պիտի ունենանք, որպէսզի ապրինք արդար նոր աշխարհի մը մէջ, որ բոլորովին զերծ պիտի ըլլայ Սատանայի ազդեցութենէն։

Երկրային Դրախտին մէջ գիրքեր պիտի բացուին, որպէսզի ուղղութիւններ ստանանք նոր աշխարհին մէջ ապրելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 19, 20)

19, 20. Ի՞նչ գիրքեր պիտի բացուին, եւ արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

19 Մովսէսի օրերուն, իսրայէլ ազգը նոր ուղղութիւններու պէտք ունեցաւ, ուստի Աստուած Մովսիսական օրէնքը տուաւ։ Յետագային, քրիստոնէական ժողովքը պէտք էր որ «Քրիստոսին օրէնքին» հետեւէր։ Նմանապէս, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ նոր աշխարհին մէջ, գիրքեր պիտի բացուին որպէսզի նոր ուղղութիւններ ստանանք (կարդա՛ Յայտնութիւն 20։12)։ Այդ գիրքերը շատ հաւանաբար պիտի բովանդակեն Եհովայի պահանջները այդ ատենուան մարդկութեան համար։ Զանոնք սերտելով, բոլոր մարդիկը, ներառեալ՝ յարուցեալները, պիտի կարենան գիտնալ թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը իրենց համար։ Գիրքերը վստահաբար պիտի օգնեն, որ աւելի՛ հասկնանք Եհովայի մտածելակերպը։ Աստուածաշունչը եւ նոր գիրքերուն բացայայտելիք բաները աւելի լաւ հասկնալով, երկրային Դրախտին բոլոր բնակիչները անկասկած սիրով, յարգանքով եւ արժանապատուութեամբ պիտի վարուին իրարու հետ (Եսա. 26։9)։ Երեւակայէ այն կրթական ծրագիրը, որ տեղի պիտի ունենայ Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսին առաջնորդութեամբ։

20 Եթէ «գրքերուն» մէջ գրուած ուղղութիւններուն հետեւինք եւ վերջին փորձին ատեն Եհովային հաւատարիմ մնանք, ան մեր անունները մշտնջենապէս պիտի գրէ «կեանքի գիրք»ին մէջ։ Կրնանք յաւիտենակա՛ն կեանք ստանալ։ Ուստի եթէ ԿԵՆԱՆՔ՝ Աստուծոյ Խօսքը կարդալու համար, ՆԱՅԻՆՔ՝ ատոր իմաստը հասկնալու համար, եւ ԱԿԱՆՋ ՏԱՆՔ՝ հիմակուընէ Աստուծոյ առաջնորդութեան հնազանդելով, պիտի կարենանք մեծ նեղութենէն անցնիլ եւ յաւիտենապէս սորվիլ մեր ամէնէն իմաստուն եւ սիրալիր Աստուծոյն՝ Եհովային մասին (Ժող. 3։11. Հռով. 11։33