Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ջանա՛ եղբայրներուդ եւ քոյրերուդ գործնական, զգացական եւ հոգեւոր պէտքերը հասկնալ

Կրնա՞ս օգնել քու ժողովքիդ մէջ

Կրնա՞ս օգնել քու ժողովքիդ մէջ

ՆԱԽՔԱՆ երկինք համբառնալը, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք. . . մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Անոնք ինչպէ՞ս պիտի կարենային այս մէկը իրագործել։

Օքսֆորտ համալսարանի փրոֆէսոր Մարթին Կուտման կ’ըսէ, թէ «նախկին Հռոմէական կայսրութեան մէջ, քրիստոնեաները զանազանուեցան միւս կրօնական խումբերէն, ներառեալ՝ հրեաներէն, իրենց ունեցած յանձնարարութեան զգացումով»։ Յիսուս տեղէ տեղ ճամբորդեց քարոզելու համար։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները իր օրինակին հետեւելով հասկցած ըլլալու էին, թէ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» տարածելու համար պէտք է գտնեն մարդիկ, որոնք կ’ուզեն ճշմարտութիւնը գիտնալ (Ղուկ. 4։44)։ Այս պատճառով էր որ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքը ունէր առաքեալներ, որ բառացիօրէն կը նշանակէ՝ քարոզելու ղրկուած անհատներ (Մար. 3։14)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» (Մատ. 28։18-20

Ներկայիս, Յիսուսի 12 առաքեալներէն ո՛չ մէկը ողջ է երկրի վրայ, բայց Եհովայի ծառաներէն շատեր նոյն միսիոնարական ոգին կը ցուցաբերեն։ Երբ իրենցմէ խնդրուի որ իրենց ծառայութիւնը ընդարձակեն, անոնք կը պատասխանեն. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» (Եսա. 6։8)։ Ոմանք հեռաւոր երկիրներ փոխադրուած են, ինչպէս օրինակ՝ Գաղաադի դպրոցին հազարաւոր շրջանաւարտները։ Ուրիշներ իրենց հայրենիքին մէջ տարբեր շրջան մը փոխադրուած են։ Շատեր նոր լեզու մը սորված են, որպէսզի օտարալեզու ժողովքներու եւ խումբերու մէջ օգտակար դառնան։ Միշտ դիւրին չէ եղած, բայց բոլոր այս եղբայրներն ու քոյրերը յօժարած են զոհողութիւններ ընել, որպէսզի Եհովային եւ ընկերին հանդէպ իրենց սէրը ցոյց տան։ Ուստի ուշադրութեամբ ծրագրած են եւ իրենց ժամանակը, կորովը եւ դրամը գործածած են քարոզելու հոն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ (Ղուկ. 14։28-30)։ Այսպիսի քայլեր նետող հաւատակիցներուն ըրածը իրապէս արժէքաւոր է։

Բայց քանի որ ամէն մէկուն պարագան տարբեր է, ամէն Վկայ չի կրնար նոր լեզու մը սորվիլ կամ փոխադրուիլ հոն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ։ Ուստի կրնա՞նք մեր իսկ ժողովքին մէջ միսիոնարական ոգի ցուցաբերել։

ՄԻՍԻՈՆԱՐ ԵՂԻՐ ՔՈՒ ԺՈՂՈՎՔԻԴ ՄԷՋ

Հիմակուան վիճակդ օգտագործէ, որպէսզի իսկապէս օգտակար դառնաս

Թէեւ առաջին դարու քրիստոնեաներուն մեծ մասը միսիոնար չէր եւ իրենց հայրենիքէն դուրս չփոխադրուեցան, սակայն բոլորն ալ նախանձախնդիր քարոզիչներ էին։ Պօղոս Տիմոթէոսին ըսաւ. «Աւետարանիչի գործ գործէ՛, քու պաշտօնդ կատարէ՛» (Բ. Տիմ. 4։5)։ Այդ խրատը թէ՛ նախկին քրիստոնեաներուն կիրարկուեցաւ, եւ թէ մեզի կը կիրարկուի։ Բոլորս ալ պէտք է Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզենք եւ մարդիկ աշակերտենք։ Եւ մեր իսկ ժողովքին մէջ միսիոնարական ոգի ցոյց տալու շատ մը կերպեր կան։

Օտար երկիր փոխադրուած միսիոնար մը, զոր օրինակ, պէտք է նոր պայմաններուն վարժուի։ Շատ մը բաներ տարբեր են իր նոր նշանակումին մէջ։ Իսկ ի՞նչ ըսել մեր մասին, եթէ չենք կրնար փոխադրուիլ հոն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ։ Պէ՞տք է ենթադրենք թէ ամէն բան գիտենք մեր ժողովքի թաղամասին մասին, թէ ոչ կրնանք նոր կերպեր գտնել մարդոց քարոզելու։ Օրինակի համար, 1940 թուականին, եղբայրներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ իրենց յայտագրին մէջ շաբաթը մէկ օր փողոցի վկայութիւն ընեն։ Կրնա՞յ ըլլալ որ այս երեսակին կրնաս մասնակցիլ։ Իսկ ի՞նչ կը խորհիս հրատարակութիւններու սայլակներ գործածելուն մասին։ Գլխաւոր կէտը այս է. անձամբ մտածա՞ծ ես բարի լուրի քարոզչութեան այսպիսի երեսակներու մէջ բաժին բերել, որոնք թերեւս նորութիւն են քեզի համար։

Ուրիշները քաջալերել որ «աւետարանիչի գործ» գործեն

Դրական մտածելը կրնայ մեզի օգնել որ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր եւ խանդավառ ըլլանք։ Ուրիշ շրջան փոխադրուած կամ նոր լեզու մը սորված քարոզիչները յաճախ որակեալ հրատարակիչներ են եւ օգնութեան մեծ ձեռք մը կ’երկարեն ժողովքին մէջ։ Օրինակ, անոնք քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն։ Ասկէ զատ, միսիոնարները յաճախ ժողովքին մէջ ալ առաջնորդութիւն կ’առնեն, մինչեւ որ տեղացի եղբայրները որակեալ ըլլան այդ մէկը ընելու։ Եթէ մկրտուած եղբայր մըն ես, ‘կը ձգտի՞ս’, այսինքն՝ յօժա՞ր ես ժողովքիդ եղբայրներուն ու քոյրերուն ծառայելու որպէս օգնական ծառայ կամ երէց (Ա. Տիմ. 3։1, ՆԱ

«ԶՕՐԱՎԻԳ» ԵՂԻՐ

Գործնական օգնութիւն տալ

Նախանձախնդրութեամբ քարոզելէն եւ ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւն շալկելու յօժար ըլլալէն զատ, ուրիշ կերպեր ալ կան մեր ժողովքին օգնելու համար։ Ոեւէ անհատ,– երիտասարդ թէ տարեց, տղայ կամ աղջիկ,– կրնայ «զօրավիգ» ըլլալ կարիքի մէջ եղող հաւատակիցներուն (Կող. 4։11, ՆԱ, ստորանիշ)։

Մեր հաւատակիցներուն օգնելու համար, նախ պէտք է լաւ ճանչնանք զիրենք։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ «իրարու հոգ տանինք» երբ մէկտեղ կը հաւաքուինք (Եբ. 10։24)։ Ասիկա չի նշանակեր մեր քիթը խոթել ուրիշի կեանքին մէջ, հապա ըսել կ’ուզէ որ մեր եղբայրները ճանչնանք եւ փորձենք իրենց կարիքները հասկնալ։ Անոնք թերեւս գործնական, զգացական կամ հոգեւոր օգնութեան պէտք ունին։ Հաւատակիցներուն օգնելը միայն երէցներուն եւ օգնական ծառաներուն պատասխանատուութիւնը չէ։ Այո, կրնան ըլլալ պարագաներ, երբ յարմար կ’ըլլայ որ այդ եղբայրներէն մէկը օգնութեան հասնի (Գաղ. 6։1)։ Սակայն բոլորս ալ կրնանք օգնել խնդիրներ ունեցող տարեց եղբայրներու եւ քոյրերու, կամ նոյնիսկ՝ ընտանիքներու։

Զգացական գետնի վրայ աջակցիլ անոնց, որոնք կեանքի հոգերով լեցուած են

Օրինակի համար, երբ Սալվաթորէ անունով եղբայր մը նիւթական խնդիր մը ունեցաւ, որուն պատճառով ստիպուեցաւ իր գործը, տունը եւ ընտանիքին շատ մը ունեցուածքները ծախել, ան մտահոգ էր թէ իր ընտանիքը ասոր հետ ինչպէ՛ս գլուխ պիտի ելլէ։ Մինչ այդ, ուրիշ ընտանիք մը նկատեց անոնց կարիքը։ Անոնք դրամական օգնութիւն տուին, օգնեցին որ թէ՛ Սալվաթորէն եւ թէ իր կինը գործ ճարեն, ինչպէս նաեւ շատ մը երեկոներ անցուցին՝ ամբողջ ընտանիքին մտիկ ընելով եւ քաջալերելով։ Անոնք իրարու հետ սերտօրէն բարեկամացան։ Այժմ, երկու ընտանիքներն ալ ուրախութեամբ կը մտաբերեն այն օրերը, երբ իրարու հետ ժամանակ անցուցին այդ դժուար պարագային ատեն։

Ճշմարիտ քրիստոնեաները չեն վարանիր իրենց հաւատալիքները ուրիշներուն յայտնելու։ Յիսուսէն օրինակ պէտք է առնենք եւ ամէնուն խօսինք Աստուծոյ հիանալի խոստումներուն մասին։ Մեզմէ ոմանք կրնան փոխադրուիլ, մինչ ուրիշներ՝ չեն կրնար։ Սակայն բոլորս կրնանք մեր լաւագոյնը ընել մեր իսկ ժողովքի անդամներուն օգնելու մէջ (Գաղ. 6։10)։ Այսպիսով, տալուն ուրախութիւնը պիտի զգանք եւ պիտի շարունակենք «բարի գործերով պտղաբերի[լ]» (Կող. 1։10. Գործք 20։35