Մարգարէներուն ոգին ընդօրինակենք
ՔՈՒ եւ վաղեմի մարգարէներուն միջեւ հասարակաց բան մը կա՞յ։ Նոր աշխարհի թարգմանութեան 2013–ի հրատարակութիւնը, «Աստուածաշնչական արտայայտութիւններու բառարան»ին մէջ հետեւեալ կերպով կը սահմանէ «մարգարէ» բառը. «Անձ մը, որուն միջոցով կը գիտցուին Աստուծոյ նպատակները։ Մարգարէները ծառայեցին որպէս Աստուծոյ խօսնակներ, ոչ միայն ապագայ դէպքերը կանխաւ նշելով, այլեւ՝ Եհովայի ուսուցումները, պատուէրները եւ դատաստանները փոխանցելով»։ Թէեւ դուն չես մարգարէանար, սակայն Աստուծոյ խօսնակը կ’ըլլաս, երբ Աստուածաշունչին ըսածները կը ծանուցանես (Մատ. 24։14)։
Ի՜նչ հիանալի առանձնաշնորհում է, որ ուրիշներուն խօսինք մեր Եհովա Աստուծոյն մասին, եւ սորվեցնենք թէ ի՛նչ է իր կամքը մարդկութեան նկատմամբ։ Մենք այս գործը կը կատարենք ուս–ուսի ծառայելով այն «հրեշտակ»ին հետ, որ «կը թռչ[ի] երկնքի մէջ» (Յայտ. 14։6)։ Սակայն, կրնայ ըլլալ որ ունենանք խնդիրներ, որոնց պատճառով թերեւս չտեսնենք թէ մեր գործը հիանալի առանձնաշնորհում է։ Այդ խնդիրներէն ոմանք ի՞նչ են։ Թերեւս յոգնինք, վհատինք կամ զգանք թէ անարժէք ենք։ Վաղեմի հաւատարիմ մարգարէները մեզմէ տարբեր չէին, բայց չյանձնուեցան։ Եւ Եհովան օգնեց որ իրենց նշանակումը կատարեն։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ, եւ տես թէ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք ընդօրինակել։
ԺՐԱՋԱՆՕՐԷՆ ԱՇԽԱՏԵՑԱՆ
Թերեւս ատեններ յոգնինք մեր առօրեայ գործունէութիւններուն պատճառով, եւ սիրտ չունենանք ծառայութեան մասնակցելու։ Ճիշդ է որ հանգիստի պէտք ունինք. նոյնիսկ Յիսուս եւ առաքեալները պէտք ունէին (Մար. 6։31)։ Բայց պահ մը խորհէ Եզեկիէլի մասին, որ Բաբելոնի մէջ էր, եւ մտածէ թէ ի՛նչ նշանակում ստացաւ Երուսաղէմէն տարագրուած իսրայէլացիներուն մէջ։ Օր մը Աստուած Եզեկիէլին ըսաւ որ աղիւս մը առնէ, վրան Երուսաղէմը փորագրէ եւ ապա քաղաքին դէմ այլաբանական պատնէշ մը կանգնեցնէ՝ 390 օր իր ձախ կողմը պառկելով, եւ ետքը՝ 40 օր իր աջ կողմը պառկելով։ Եհովան Եզեկիէլին ըսաւ. «Ահա քու վրադ կապեր պիտի դնեմ, որպէս զի մէկ կողմէդ միւս կողմը չդառնաս, մինչեւ քու պաշարման օրերդ լմնցնես» (Եզեկ. )։ Ասիկա աքսորուած իսրայէլացիներուն ուշադրութիւնը գրաւած ըլլալու էր։ Եզեկիէլ ինչպէ՞ս կրնար մէկ տարիէ աւելի այս յոգնեցուցիչ նշանակումը կատարել։ 4։1-8
Եզեկիէլ հասկցաւ թէ ինչո՛ւ մարգարէ նշանակուած էր։ Աստուած զինք ղրկելու ատեն ըսած էր. «[Իսրայէլացիները] թէ՛ լսեն եւ թէ՛ զանց ընեն. . . պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կայ» (Եզեկ. 2։5)։ Ան իր մտքին մէջ վառ պահեց իր յանձնարարութեան նպատակը։ Ուստի կամովին կատարեց իր նշանակումը՝ այլաբանօրէն պաշարելով Երուսաղէմ քաղաքը։ Ան փաստեց թէ իսկական մարգարէ է։ Իր եւ միւս աքսորեալներու ականջին լուր մը հասաւ, որ կ’ըսէր. «Քաղաքը զարնուեցաւ»։ Իսրայէլացիները արդարեւ անդրադարձան, թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կար (Եզեկ. 33։21, 33)։
Ներկայիս, մարդիկը կը զգուշացնենք գալիք կործանումէն, որ Սատանայի ամբողջ աշխարհը պիտի ոչնչացնէ։ Թէեւ մարմնով կրնանք յոգնած ըլլալ, սակայն մեր ուժն ու կորովը կը գործածենք Աստուծոյ Խօսքը քարոզելու, վերայցելութիւններ ընելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար։ Եւ մինչ այս չար աշխարհի վախճանին մասին մարգարէութիւնները կ’իրականանան, ներքին գոհունակութիւն ունինք, գիտնալով որ մենք ալ անձ մըն ենք, «որուն միջոցով կը գիտցուին Աստուծոյ նպատակները»։
ԱՆՈՆՔ ՎՀԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՑԻՆ
Թէեւ Եհովայի հոգին մեզի կ’օգնէ որ ժրաջանօրէն քարոզենք, սակայն երբեմն կը վհատինք, տեսնելով թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը հակազդեն մեր պատգամին։ Լաւ կ’ըլլայ որ Երեմիա մարգարէին օրինակը վերյիշենք։ Ան Աստուծոյ պատգամը իսրայէլացիներուն ծանուցանելուն համար ծաղրուեցաւ, նախատուեցաւ ու անարգուեցաւ։ Ան մինչեւ իսկ պահ մը ըսաւ. «Զինք պիտի չյիշեմ, կամ անգամ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ»։ Երեմիան մեզի պէս զգացումներ ունէր։ Այսուհանդերձ, ան շարունակեց Աստուծոյ պատգամը հռչակել։ Ինչո՞ւ։ Մարգարէն աւելցուց. «Այն ատեն սրտիս մէջ կրակ մը պիտի վառի, իմ ոսկորներուս մէջ պիտի բորբոքի. ես յոգնեցայ զանիկա կրելէն ու ա՛լ չեմ կրնար դիմանալ» (Եր. 20։7-9)։
Նմանապէս, եթէ մեր պատգամին շուրջ մարդոց հակազդեցութիւնը մեզ կը վհատեցնէ, կրնանք այդ զգացումը յաղթահարել՝ մեր հռչակած պատգամին վրայ խոկալով։ Ատիկա կրնայ ‘մեր ոսկորներուն մէջ բորբոքած կրակի’ պէս ըլլալ։ Աստուածաշունչը ամէն օր ընթերցելը սովորութիւն դարձնելը կրնայ այս կրակը բորբոքած պահել մեր սրտին մէջ։
ԱՆՈՆՔ ԺԽՏԱԿԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՑԻՆ
Քրիստոնեաներէն ոմանք կորսուած զգացին, երբ իրենց տրուած նշանակումը լիովին չհասկցան։ Ովսէէ մարգարէն թերեւս այդպիսի զգացում մը ունեցաւ։ Եհովան իրեն պատուիրեց. «Գնա՛, քեզի պոռնկութեան կին մը ու պոռնկութեան տղաքներ ա՛ռ» (Ով. 1։2)։ Երեւակայէ թէ ի՛նչ պիտի զգայիր, եթէ ամուսնանալու ըլլայիր, բայց Աստուած քեզի ըսէր թէ ապագայ կողակիցդ պոռնիկ կին մը պիտի ըլլայ։ Ովսէէ այդ նշանակումը ընդունեց։ Ան Գոմերը իրեն կին առաւ եւ որդի մը ունեցաւ։ Ետքը, կինը աղջիկ մը եւ ուրիշ տղայ մը ծննդաբերեց։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, այդ վերջին երկու զաւակները շնութեան արդիւնքն էին։ Եհովան Ովսէէին ըսած էր որ իր կողակիցը «իր տարփածուներուն [կամ սիրեկաններուն] ետեւէն պիտի երթայ»։ Նկատի առ որ յոգնակիով գրուած է՝ «տարփածուներ»։ Ետքը, կինը պիտի փորձէր Ովսէէին վերադառնալ։ Լաւ, եթէ դուն այդ մարգարէին տեղը ըլլայիր, կինդ կ’ընդունէի՞ր։ Եհովան ճիշդ այս մէկը պատուիրեց որ Ովսէէ ընէ։ Մարգարէն նոյնիսկ մեծ գումար մը վճարեց, որպէսզի Գոմեր դարձեալ իր կինը ըլլար (Ով. 2։7. 3։1-5)։
Ովսէէ թերեւս հարց տուած ըլլար թէ իր այս նշանակումը կատարելով ի՛նչ պիտի իրագործուէր։ Բայց եւ այնպէս, ան հաւատարմօրէն խաղցաւ այս թատերախաղը իր կեանքին մէջ, եւ այս դէպքը մեզի կ’օգնէ որ անդրադառնանք, թէ Ամենակա՛լը ինչ զգացած ըլլալու էր, երբ իսրայէլ իրեն դաւաճանեց։ Եւ իսկապէս ալ, կարգ մը բարեսիրտ իսրայէլացիներ վերադարձան Եհովային։
Ներկայիս, Աստուած ո՛չ ոքի կ’ըսէ, որ «պոռնկութեան կին մը» առնէ։ Բայց եւ այնպէս, այսպիսի նշանակում ընդունելու Ովսէէի կամաւոր կեցուածքէն կրնա՞նք դաս մը քաղել։ Այո, կրնանք։ Օրինակի համար, պէտք է յօժարակամ ըլլանք, նոյնիսկ եթէ անձամբ դժուարանանք Թագաւորութեան բարի լուրը «հրապարակաւ եւ տան մէջ» կամ տունէ տուն քարոզել (Գործք 20։20)։ Կրնայ ըլլալ որ Թագաւորութեան քարոզչութեան կարգ մը երեսակները դիւրին չեն քեզի համար։ Եհովայի վկաներուն հետ սերտող անհատներէն շատեր ըսած են, որ Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրութենէն հաճոյք կ’առնեն, բայց բնաւ դռնէ դուռի քարոզչութեան պիտի չմասնակցին։ Բայց անոնցմէ շատեր սկսան ընել այն ինչ որ ատենօք կը խորհէին որ անկարելի է ընել։ Կը տեսնե՞ս քաղելիք դասը։
Դժուար նշանակում մը ընդունելու Ովսէէի օրինակէն ուրիշ դաս մըն ալ կը քաղենք։ Ան կրնար Եհովային աղաչել, որ իր ամուսնութեան վերաբերող այս այլաբանական թատերախաղին չմասնակցի։ Եթէ Ովսէէ այս դէպքը գրի առած չըլլար, մարդոցմէ ո՞վ տեղեակ պիտի ըլլար այս յանձնարարութեան մասին։ Մենք ալ թերեւս գտնուինք իրավիճակի մը մէջ, ուր առիթը ունինք Եհովայի մասին խօսելու եւ մեզմէ զատ մէկը լուր չունի այս առիթէն։ Էննան, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի մըն է, այս իրավիճակին մատնուեցաւ։ Իր ուսուցչուհին դասարանէն խնդրած էր որ շարադրութիւն մը գրեն նիւթի մը կամ հարցի մը շուրջ, որուն նկատմամբ մեծ համոզումներ ունին, եւ ապա փորձեն անոր մասին դասարանը համոզել։ Էննա կրնար վկայութիւն տալու այս առիթը անտեսել։ Սակայն, ան զգաց թէ այս առիթը Աստուծմէ էր։ Անդրադառնալով որ ատոր հաւանական արդիւնքը ի՛նչ կրնայ ըլլալ, ան Եհովային աղօթեց եւ իր սրտին մէջ փափաք մը արթնցաւ այս առիթէն օգտուելու։ Իր գրած շարադրութեան վերնագիրն էր՝ «Բարեշրջութիւն. նկատի առ ապացոյցները»։
Երբ Էննան իր նիւթը դասարանին առջեւ ներկայացուց, բարեշրջութեան հաւատացող աղջիկ մը բազմաթիւ հարցումներով իր խօսքերուն հակադարձեց։ Իսկ Էննան յաջողապէս կրցաւ իր կեցուածքը պաշտպանել։ Ուսուցչուհին շատ տպաւորուեցաւ եւ զինք վարձատրեց՝ ամէնէն համոզիչ շարադրութիւնը ներկայացնելուն համար։ Անկէ ի վեր, Էննան շատ անգամներ ստեղծագործութեան մասին խօսած է իր շարադրութիւնը քննադատած աղջկան հետ։ Եհովայի կողմէ այս «նշանակումը» ընդունելուն առ ի արդիւնք, Էննան կ’ըսէ. «Այժմ բարի լուրը ինքնավստահ եւ առանց վախի կը քարոզեմ»։
Թէեւ բառին բուն իմաստով մարգարէներ չենք, սակայն Եզեկիէլի, Երեմիայի եւ Ովսէէի նման մարգարէներու անձնազոհ ոգին ընդօրինակելով, մենք ալ կրնանք յաջողապէս կատարել Եհովայի կամքը մեզի համար։ Ընտանեկան պաշտամունքին կամ անձնական ուսումնասիրութեան ատեն, ինչո՞ւ չէ ուրիշ վաղեմի մարգարէներու մասին ալ կարդաս ու խոկաս, թէ ինչպէ՛ս կրնաս զիրենք ընդօրինակել։