Պատանինե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք մկրտութեան նախապատրաստուիլ
«Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ» (ՍԱՂ. 40։8)։
1, 2. ա) Բացատրէ՛ թէ մկրտութիւնը ինչու լուրջ քայլ մըն է։ բ) Անհատ մը ի՞նչ բանէ վստահ պէտք է ըլլայ առաջ որ մկրտուի, եւ ինչո՞ւ։
ՄԿՐՏՈՒԻԼ ուզող պատանի՞ մըն ես։ Եթէ այո, ուրեմն մեծագոյն առանձնաշնորհումին առջեւն ես։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածը նշեց, մկրտուիլը լուրջ որոշում մըն է։ Մկրտուելով ցոյց կու տաս, թէ կեանքդ Եհովային նուիրած ես, այսինքն՝ իրեն խօսք տուած ես որ յաւիտեան իրեն պիտի ծառայես եւ թէ իր կամքը կատարելը առաջին տեղը պիտի դնես քու կեանքիդ մէջ։ Քանի որ Աստուծոյ տրուած այս խոստումը շա՜տ լուրջ է, պէտք է մկրտուիս միայն երբ բաւական հասունցած ըլլաս, անձա՛մբ փափաքիս մկրտուիլ եւ Աստուծոյ նուիրուելուն իմաստը հասկցած ըլլաս։
2 Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ վստահ չես թէ մկրտուելու պատրաստ ես. կամ՝ եթէ ունիս փափաքը մկրտուելու, բայց ծնողքդ կը խորհի որ պէտք է սպասես, թերեւս մինչեւ որ կեանքիդ մէջ հոգեւոր փորձառութիւն ձեռք ձգես։ Երկու պարագաներուն ալ՝ մի՛ վհատիր։ Փոխարէն, ասիկա առիթ սեպէ յառաջդիմելու, որպէսզի շատ չանցած՝ որակեալ ըլլաս մկրտութեան։ Ասիկա մտքիդ մէջ ունենալով, կրնաս հետեւեալ երեք մարզերուն մէջ նպատակակէտեր դնել. 1) համոզումներդ,
2) գործերդ, եւ 3) գնահատանքդ։ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐԴ
3, 4. Պատանիները ի՞նչ կրնան սորվիլ Տիմոթէոսէն։
3 Մտածէ թէ ի՛նչ պատասխան պիտի տայիր հետեւեալ հարցումներուն. Ինչո՞ւ կը հաւատամ, որ Աստուած գոյութիւն ունի։ Ի՞նչ բան կը ձգէ որ համոզուիմ, թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ներշնչուած Խօսքն է։ Ինչո՞ւ աշխարհի բարոյական չափանիշներուն չեմ հետեւիր, այլ՝ Աստուծոյ պատուիրաններուն կը հնազանդիմ։ Ասոնք չեն գրուած որ մտքիդ մէջ կասկածներ արթննան, հապա քեզի կ’օգնեն որ ականջ տաս Պօղոսի այս խրատին. «[Քննեցէք] թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (Հռով. 12։2)։ Ինչո՞ւ պէտք է քննես։
4 Աստուածաշունչէն օրինակ մը նկատի առ։ Տիմոթէոս Սուրբ Գրութիւնները շատ լաւ գիտէր, քանի որ իր մայրը եւ մեծ–մայրը ‘մանկութենէն’ սորվեցուցած էին իրեն։ Հակառակ ասոր, Պօղոս Տիմոթէոսին ըսաւ. «Հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր» (Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Բնագիր լեզուին մէջ, «հաւատացիր» թարգմանուած բառը կը նշանակէ՝ «բանի մը համոզուած ըլլալ կամ վստահ ըլլալ որ ճշմարիտ է»։ Ուստի Տիմոթէոս համոզուած էր որ գտած էր ճշմարտութիւնը։ Ան ընդունեց զայն ո՛չ թէ քանի որ իր մայրն ու մեծ–մայրը ըսին որ ընդունի, հապա՝ քանի որ իր սորվածներուն վրայ տրամաբանած եւ համոզուած էր (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։1)։
5, 6. Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ կանուխ տարիքէն սորվիս «բանաւոր» կերպով մտածել։
5 Ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։ Թերեւս ճշմարտութիւնը երկար ատենէ գիտես։ Եթէ այդ է պարագադ, մտածէ թէ ինչո՛ւ կը հաւատաս քու հաւատալիքներուդ։ Ասիկա ընելը քեզի պիտի օգնէ որ հաւատքդ զօրացնես եւ սխալ որոշումներ չառնես, երբ հասակակիցներդ, աշխարհի մտածելակերպը եւ նոյնիսկ զգացումներդ քեզ ճնշեն։
6 Եթէ կանուխ տարիքէդ սորվիս «բանաւոր» կերպով մտածել կամ տրամաբանել, պիտի կարենաս պատասխանել հասակակիցներուդ հարցումներուն, օրինակ՝ ‘Ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ, որ Աստուած մը կայ։ Եթէ Աստուած մեզ կը սիրէ, ինչո՞ւ կ’արտօնէ որ գէշ բաներ ըլլան։ Կարելի՞ բան է որ Աստուած միշտ գոյութիւն ունեցած ըլլայ’։ Երբ նախապատրաստուած ըլլաս, այսպիսի հարցումներ մտքիդ մէջ կասկածներ պիտի չարթնցնեն, հապա պիտի մղեն քեզ, որ Աստուածաշունչը աւելի լաւ սերտես։
7-9. «Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ» անունով ուղեցոյցները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել հաւատքիդ մէջ աւելի համոզուած ըլլալու. բացատրէ՛։
7 Աստուածաշունչի անձնական եւ ժրաջան ուսումնասիրութիւնը կրնայ քեզի օգնել, որ հարցումներու պատասխանես, ամէն կասկած մտքէդ հանես եւ հաւատքիդ մէջ աւելի համոզուած ըլլաս (Գործք 17։11)։ Շատ մը հրատարակութիւններ ունինք, որոնց օգնութեամբ կրնաս այս մէկը ընել։ Շատեր օգտակար գտած են սերտել Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել գրքոյկը (անգլերէն) եւ Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞ գիրքը (անգլերէն)։ Ասոնցմէ զատ, շատ մը պատանիներ օգտուած եւ հաճոյք առած են «Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ» յօդուածաշարքէն, որ լոյս կը տեսնէ jw.org կայքի BIBLE TEACHINGS բաժինին մէջ (անգլերէն)։ Ուսումնասիրութեան այդ ուղեցոյցներէն ամէն մէկը պատրաստուած է քեզի օգնելու, որ աւելի համոզուած ըլլաս Աստուածաշունչի նիւթի մը շուրջ։
8 Դուն արդէն Աստուածաշունչէն գաղափար ունիս եւ կրնաս անմիջապէս պատասխանել այդ ուղեցոյցներուն մէջ գրուած կարգ մը հարցումներու։ Բայց
վստա՞հ ես քու պատասխաններէդ։ Ուսումնասիրութեան ուղեցոյցները քեզի պիտի օգնեն, որ որոշ համարներու վրայ տրամաբանես եւ ատոնց շուրջ քու կարծիքդ գրես։ Ասիկա կրնայ քեզի օգնել, որ գիտնաս ինչպէ՛ս բացատրել հաւատալիքներդ ուրիշներուն։ Եթէ «Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ» ուղեցոյցները բանալու յարմարութիւնը ունիս, կրնաս անձնական ուսումնասիրութեանդ մէջ ատոնք գործածել եւ այսպիսով՝ հաւատքիդ մէջ աւելի համոզուիլ։9 Դուն քեզի պէտք է փաստես, որ ասիկա է ճշմարտութիւնը։ Եւ ասիկա քեզի պիտի օգնէ մկրտութեան նախապատրաստուելու։ Պատանուհի քոյր մը ըսաւ. «Առաջ որ որոշեմ մկրտուիլ, Սուրբ Գիրքը սերտեցի եւ հասկցայ, թէ ասիկա է ճշմարիտ կրօնքը։ Եւ ամէն օր որ անցնի, աւելի համոզուած կը զգամ ասոր շուրջ»։
ԳՈՐԾԵՐԴ
10. Ինչո՞ւ տրամաբանական է որ չմկրտուած անհատ մը գործերով ցուցնէ իր հաւատքը։
10 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է» (Յակ. 2։17)։ Եթէ շատ լաւ համոզուած ես որ հաւատալիքներդ ճշմարտութիւնն են, տրամաբանական է որ այս մէկը գործերով ցուցնես։ Ի՞նչ տեսակ գործերով։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ» (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։11)։
11. Բացատրէ «սուրբ վարմունքով» արտայայտութիւնը։
11 «Սուրբ վարմունք» ցուցնելու համար, պէտք է բարոյապէս մաքուր ըլլաս։ Օրինակի համար, մտածէ անցած վեց ամիսներուն մասին։ Երբ սխալ բան մը ընելու փորձութեան ատեն պէտք էր որ որոշում առնէիր, ուշադրութեամբ մտածեցի՞ր թէ ինչն է բարին եւ ինչն է չարը (Եբ. 5։14)։ Կը յիշե՞ս մասնայատուկ պահեր, երբ փորձութեան կամ հասակակիցներու ճնշումին տեղի չտուիր։ Դպրոցին մէջ, վարքդ օրինակելի՞ է։ Եհովային հաւատարիմ կը մնա՞ս, թէ ոչ կը փորձես դասընկերներուդ պէս ըլլալ որպէսզի չծաղրուիս (Ա. Պետ. 4։3, 4)։ Անշուշտ, ամէնքս անկատար ենք։ Նոյնիսկ անոնք որոնք երկար տարիներէ ի վեր Եհովային կը ծառայեն, կրնան ատեններ քաշուիլ եւ դժուարանալ ուրիշներուն քարոզել։ Բայց Աստուծոյ նուիրուած անձը կը պարծենայ Եհովայի վկայ ըլլալով եւ այս մէկը յայտնի կ’ընէ իր մաքուր վարքով։
12. «Բարեպաշտ» գործերէն ոմանք ի՞նչ են, եւ ասոնց հանդէպ ի՞նչ պէտք է զգանք։
12 Իսկ ի՞նչ ըսել «բարեպաշտութիւն» բառին մասին։ Բարեպաշտութեան մէջ կ’իյնան ժողովքային գործունէութիւններ, ինչպէս՝ ժողովներու երթալ եւ քարոզել։ Բարեպաշտ գործերուն մէջ նաեւ կան բաներ, որոնք ուրիշները չեն տեսներ, ինչպէս՝ անձնական աղօթքներ եւ անձնական ուսումնասիրութիւն։ Եհովային նուիրուած անձը այս գործերը պարտականութիւն չի սեպեր, հապա Դաւիթ թագաւորին պէս կը զգայ, որ ըսաւ. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է» (Սաղ. 40։8)։
13, 14. ա) Ի՞նչ վարժութիւն մը կայ, որ կրնայ քեզի օգնել «բարեպաշտ» գործեր ընելու։ բ) Պատանիներէն ոմանք այս վարժութենէն ինչպէ՞ս օգտուած են։
13 Որպէսզի քեզի օգնենք նպատակակէտեր դնելու, ունինք վարժութիւն մը, որ պատրաստուած է Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գրքին երկրորդ հատորին մէջ, էջ 308-309 (անգլերէն)։ Այդ էջերուն մէջ կրնաս պատասխաններդ գրել այսպիսի հարցումներու. «Աղօթքներուդ մէջ մասնայատուկ բաներ կ’ըսե՞ս։ Աղօթքներէդ յայտնի կ’ըլլա՞յ, որ Եհովան կը սիրես»։ «Անձնական ուսումնասիրութեանդ մէջ ի՞նչ կը պարփակես»։ «Ծառայութեան կ’ելլե՞ս, նոյնիսկ եթէ ծնողքդ չելլէ»։ Վարժութեան մէջ նաեւ պարապ տողեր կան, որոնց վրայ կրնաս գրել որեւէ նպատակակէտ, որ կ’ուզես դնել աղօթքներուդ, անձնական ուսումնասիրութեանդ եւ ծառայութեանդ մէջ։
14 Մկրտուիլ ուզող պատանիներէն շատեր այս վարժութիւնը շատ գործնական կը գտնեն։ Թիլտա անունով պատանուհի քոյր մը ըսաւ. «Այս վարժութեան միջոցով կրցայ նպատակակէտեր դնել։ Մէկ առ մէկ հասայ այդ նպատակակէտերուն եւ տարի մը ետք արդէն պատրաստ էի մկրտութեան»։ Փաթրիք անունով պատանի եղբայր մը համանման կերպով օգտուած է։ Ան ըսաւ. «Ես արդէն նպատակակէտեր ունէի, բայց զանոնք գրի առնելը պատճառ եղաւ որ աւելի՛ ջանք թափեմ ատոնց հասնելու համար»։
15. Բացատրէ թէ ինչու անհատը ի՛նք պէտք է որոշէ նուիրուիլ Եհովային։
15 Վարժութեան մէջ տպուած ամէնէն մտածել տուող հարցումներէն մէկն է՝ «Պիտի ծառայէի՞ր Եհովային, նոյնիսկ եթէ ծնողքդ եւ ընկերներդ այլեւս չծառայէին»։ Երբ կեանքդ Եհովային նուիրես ու մկրտուիս, դո՛ւն քու անձիդ պատասխանատու կ’ըլլաս Եհովայի առջեւ։ Ուստի Եհովայի համար ի՛նչ որ ընես, կախեալ պէտք չէ ըլլայ ծնողներէդ կամ ուրիշ ոեւէ անձէ։ Սուրբ վարմունքով եւ բարեպաշտութեամբ ըրած գործերդ ցոյց կու տան, թէ համոզուած ես որ այս է ճշմարտութիւնը եւ կ’ուզես Աստուծոյ չափանիշներուն հետեւիլ։ Այսպիսով, կը մօտենաս մկրտութեան։
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԴ
16, 17. ա) Ի՞նչ բան պէտք է անհատը մղէ Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալու։ բ) Փրկանքին հանդէպ գնահատանք ունենալը ի՞նչ օրինակով կրնանք բացատրել։
16 Մովսիսական օրէնքը շատ լաւ գիտցող մարդ մը Յիսուսին հարցուց. «Ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մատ. 22։35-37)։ Յիսուս բացատրեց թէ Եհովայի հանդէպ սէրն է, որ անհատը կը մղէ մկրտուելու եւ քրիստոնեայ դառնալու։ Իսկ Եհովայի հանդէպ սէրդ զօրացնելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է՝ փրկանքին մասին խոկալ, որ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրն է՝ մարդկութեան տրուած (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 5։14, 15. Ա. Յովհաննէս 4։9, 19)։ Երբ ասիկա ընես, պիտի ուզես այս հոյակապ նուէրին հանդէպ գնահատանքդ ցոյց տալ։
17 Փրկանքին հանդէպ գնահատանքդ կարելի է այս օրինակով բացատրել։ Երեւակայէ թէ կը խեղդուիս, ու մէկը քեզ կ’ազատէ։ Ի՞նչ կ’ընես։ Տուն կ’երթաս, դուն քեզ կը չորցնես եւ կը մոռնա՞ս թէ ան ինչ ըրաւ քեզի համար։ Ո՛չ։ Անշուշտ պարտական կը զգաս անոր, որ կեանքդ ազատեց։ Իրականութեան մէջ, եթէ ինքը չըլլար, դուն մեռած պիտի ըլլայիր։ Մենք Եհովային եւ Յիսուսին շատ աւելի պարտական ենք։ Եթէ փրկանքը չըլլար,
յոյս պիտի չունենայինք մեղքէն ու մահէն ազատելու։ Բայց սիրոյ այս մեծ արարքին շնորհիւ, հիմա մենք յոյս ունինք դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու։18, 19. ա) Ինչո՞ւ պէտք չէ վախնաս Եհովային պատկանելու։ բ) Կեանքդ ինչպէ՞ս աւելի լաւ կ’ըլլայ, եթէ Եհովային ծառայես։
18 Կը գնահատե՞ս ինչ որ Եհովան ըրած է քեզի համար։ Եթէ այո, ուրեմն տեղին կ’ըլլայ որ կեանքդ Եհովային նուիրես ու մկրտուիս։ Յիշէ՛ որ նուիրուիլ կը նշանակէ Աստուծոյ խօսք տալ, որ յաւիտեան իր կամքը պիտի կատարես, ինչ որ ալ ըլլայ։ Պէ՞տք է վախնաս այս լուրջ խոստումը ընելու։ Ո՛չ։ Եհովան քեզի համար լաւագոյնը կ’ուզէ եւ «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (Եբ. 11։6)։ Երբ Եհովային նուիրուիս ու մկրտուիս, կեանքդ աւելի՛ լաւ պիտի ըլլայ, եւ ոչ թէ՝ աւելի գէշ։ 24 տարեկան եղբայր մը, որ պատանի ըլլալէն առաջ մկրտուեցաւ, կ’ըսէ. «Եթէ այդ ժամանակ տարիքով աւելի մեծ ըլլայի, թերեւս աւելի բաներ հասկնալով որոշումս առնէի, բայց Եհովային նուիրուիլս զիս պաշտպանեց որ աշխարհիկ բաներու ետեւէ չերթամ»։
19 Եհովան որքա՜ն տարբեր է Սատանայէն։ Սատանան անձնասէր է, քեզմով չէ հետաքրքրուած, եւ եթէ իրեն հետեւիս, լաւ բան մը չի կրնար տալ քեզի։ Արդէն ինչպէ՞ս կրնայ քեզի տալ բան մը որ ինք չունի։ Ան տալիք ուրախ լուր չունի, ոչ ալ որեւէ յոյս։ Ան քեզի միայն գէշ ապագայ մը կրնայ տալ, քանի որ իր ունեցած ապագան ալ գէշ է (Յայտ. 20։9, 10)։
20. Պատանի մը ի՞նչ կրնայ ընել, որպէսզի յառաջդիմելով պատրաստ ըլլայ Եհովային նուիրուելու ու մկրտուելու (տե՛ս նաեւ « Օգնական նիւթեր, որ յառաջդիմես» շրջանակը)։
20 Եհովային նուիրուիլը լաւագոյն որոշումն է որ կեանքիդ մէջ կ’առնես։ Պատրա՞ստ ես այս քայլը առնելու։ Եթէ այո, ուրեմն մի՛ վախնար այդ խոստումը ընելու։ Իսկ եթէ կը զգաս թէ պատրաստ չես, այս յօդուածին առաջարկած բաները ըրէ որ շարունակես յառաջդիմել։ Պօղոս առաքեալ փիլիպպեցիներուն գրեց. «Ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք», այսինքն՝ շարունակենք յառաջդիմել (Փլպ. 3։16)։ Եթէ այս խրատին հետեւիս, շուտով պիտի ուզես Եհովային նուիրուիլ ու մկրտուիլ։