Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Էրիք եւ Էյմի

Անձնուրաց ծառայողներ. Կանա

Անձնուրաց ծառայողներ. Կանա

ԳԻՏԵ՞Ս եղբայր մը կամ քոյր մը, որ փոխադրուեցաւ օտար երկիր մը, ուր աւելի մեծ կարիք կայ Թագաւորութեան հրատարակիչներու։ Դուն քեզի հարցուցա՞ծ ես. ‘Ի՞նչը զիրենք կը մղէ որ օտար երկրի մը մէջ ծառայեն։ Անոնք ինչպէ՞ս կը պատրաստուին այս տեսակի ծառայութեան։ Կրնա՞մ ես ալ օտար երկիր մը ծառայել’։ Այսպիսի հարցումներու պատասխանները առնելու համար, անշուշտ լաւ կ’ըլլայ այս եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ խօսիլ։ Տեսնենք։

Ի՞ՆՉԸ ԶԻՐԵՆՔ ԿԸ ՄՂԷ

Ինչո՞ւ համար սկսար մտածել օտար երկիր մը ծառայելու մասին, ուր հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Էյմի անունով քոյր մը, որ Միացեալ Նահանգներէն է եւ հիմա իր երեսունական տարիքին մէջ է, կ’ըսէ. «Տարիներով կը մտածէի օտար երկրի մը մէջ ծառայել, բայց ասիկա անկարելի կը թուէր ինծի»։ Իր միտքը ինչպէ՞ս փոխուեցաւ։ «2004–ին, Պէլիզի մէջ ծառայող ամուսնացած զոյգ մը զիս հրաւիրեց որ իրենց այցելեմ եւ մէկ ամիս իրենց հետ ռահվիրայութիւն ընեմ։ Այնպէ՛ս ալ ըրի եւ շատ գոհ մնացի։ Մէկ տարի ետք, Կանա փոխադրուեցայ որպէսզի հոն ռահվիրայութիւն ընեմ»։

Արոն եւ Սթեֆանի

Սթեֆանի անունով քոյր մը, որ ինքն ալ Միացեալ Նահանգներէն է եւ հիմա իր քսանական տարիքին մէջ է, քանի մը տարի առաջ իր պայմանները ուշի–ուշով քննեց եւ ինքն իրեն ըսաւ. ‘Առողջութիւնս լաւ է եւ ընտանեկան պատասխանատուութիւններ չունիմ։ Ես իրապէս կրնա՛մ ծառայածէս շատ աւելի ծառայել Եհովային’։ Այս անկեղծ ինքնաքննութիւնը զինք մղեց որ Կանա փոխադրուի աւելի ծառայելու համար։ Ֆիլիփ եւ Այտա, որ միջին տարիքով զոյգ մըն են եւ Դանիայէն են, միշտ կ’երազէին փոխադրուիլ տեղ մը, ուր հրատարակիչներու աւելի կարիք կայ։ Անոնք մտածեցին թէ ինչպէ՛ս կրնան իրենց երազը իրականացնել։ Ֆիլիփ կ’ըսէ. «Երբ առիթը ելաւ առջեւնիս, կարծես թէ Եհովան մեզի ըսաւ. ‘Հի՛մա է ժամանակը’»։ 2008–ին, անոնք Կանա փոխադրուեցան եւ ծառայեցին աւելի քան երեք տարի։

Պրուք եւ Հանս

Հանս եւ Պրուք ռահվիրայ զոյգ մըն են եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը ծառայեն։ 2005–ին, Քաթրինա ծովամրրիկէն ետք, անոնք վնաս կրողներուն օգնեցին։ Յետագային, դիմում ներկայացուցին՝ միջազգային շինարարական ծրագիրներու մասնակցելու, բայց հրաւէր չստացան։ Հանս կը պատմէ. «Ետքը, համաժողովի դասախօսութեան մը մէջ ըսուեցաւ, թէ Դաւիթ թագաւոր ընդունեց որ ինքը չէր որ տաճարը պիտի շինէր, եւ ասոր համար իր նպատակակէտը փոխեց։ Այս կէտը մեզի օգնեց որ տեսնենք, թէ վնաս չէ եթէ մէկը իր հոգեւոր նպատակակէտերը փոխէ» (Ա. Մն. 17։1-4, 11, 12. 22։5-11)։ Պրուք կ’աւելցնէ. «Եհովան կ’ուզէր որ ուրիշ դուռ մը փորձենք»։

Հանս եւ Պրուք լսեցին ուրիշ երկիրներու մէջ ծառայող իրենց բարեկամներուն ունեցած խելք առնելիք փորձառութիւնները, եւ այսպիսով ուզեցին օտար երկրի մը մէջ ռահվիրայութիւն ընել։ 2012–ին, անոնք Կանա գացին եւ կրցան չորս ամիս ծառայել, նշանային լեզու գործածող ժողովքի մը օգնելով։ Թէեւ անոնք ստիպուեցան Միացեալ Նահանգներ վերադառնալ, բայց Կանայի մէջ ծառայելը իրենց փափաքը զօրացուց, որ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնեն։ Օրինակ՝ անոնք օգնեցին Միքրոնեզիայի մէջ մասնաճիւղի մը շինարարութեան։

ԱՆՈՆՔ ՔԱՅԼԵՐ Կ’ԱՌՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ

Ինչպէ՞ս պատրաստուեցար հրատարակիչներու աւելի կարիք ունեցող տեղ մը ծառայելու։ Սթեֆանին կ’ըսէ. «Պրպտում ըրի Դիտարան–ի այն յօդուածներուն մէջ, որ կը խօսին հրատարակիչներու աւելի կարիք ունեցող շրջաններուն մէջ ծառայելու մասին *։ Նաեւ օտար երկրի մը մէջ ծառայելու փափաքիս մասին խօսեցայ ժողովքի երէցներուն հետ եւ շրջանային տեսուչին ու իր կնոջ հետ։ Ամէնէն կարեւորը, շատ անգամներ աղօթեցի նպատակակէտիս մասին»։ Միեւնոյն ատեն, Սթեֆանին իր կեանքը պարզ պահեց, եւ այսպիսով կրցաւ դրամ շատցնել, որպէսզի կարենայ իր պէտքերը ապահովել, մինչ օտար երկրի մը մէջ կը ծառայէ։

Հանս կը պատմէ. «Աղօթքով Եհովային առաջնորդութիւնը խնդրեցինք, քանի որ կ’ուզէինք երթալ ո՛ւր որ ինք կ’ուղղէր։ Մեր աղօթքներուն մէջ նաեւ յիշեցինք այն թուականը, որ մեր ծրագիրը գործի պիտի դնէինք»։ Այս զոյգը նամակ գրեց չորս մասնաճիւղերու։ Կանայի մասնաճիւղէն շատ դրական պատասխան մը առնելէ ետք, անոնք հոն ճամբորդեցին եւ միտք ունէին երկու ամիս մնալ։ Հանս կ’ըսէ. «Ժողովքին հետ ծառայելը այնքա՛ն հաճելի էր, որ աւելի երկար մնացինք»։

Ատրիա եւ Ճորճ

Ճորճ եւ Ատրիա Քանատայէն են եւ իրենց երեսունական տարիքին մէջ են։ Անոնք իրենց միտքը պահեցին որ Եհովան լաւ միտումներէն աւելի կ’օրհնէ լաւ որոշումները։ Ասոր համար, անոնք կարգ մը որոշումներ առին, որպէսզի իրենց նպատակակէտին հասնին։ Անոնք կապ պահեցին քրոջ մը հետ, որ ծառայելու նպատակով Կանա փոխադրուած էր, եւ անոր շատ մը հարցումներ հարցուցին։ Անոնք նաեւ Քանատայի եւ Կանայի մասնաճիւղերուն նամակ գրեցին։ Ատրիան կ’ըսէ. «Նաեւ մեր կեանքը ա՛լ աւելի պարզացուցինք, հակառակ որ արդէն պարզացուցած էինք»։ Այս որոշումները իրենց օգնեցին որ 2004–ին Կանա փոխադրուին։

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ

Փոխադրուելէ ետք ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցար, եւ անոնց հետ ինչպէ՞ս գլուխ ելար։ Էյմիին համար սկիզբը դժուար եղաւ ընտանիքէն հեռու ըլլալը։ «Ամէն ինչ իմ գիտցածէս շատ տարբեր էր»։ Ի՞նչը իրեն օգնեց։ «Ընտանիքիս հետ խօսիլը։ Անոնք ինծի ըսին որ շա՜տ կը գնահատեն ծառայութիւնս, եւ ասիկա օգնեց որ միտքիս մէջ պահեմ գալուս նպատակը։ Ետքը, համացանցին միջոցաւ սկսանք զիրար տեսնելով խօսակցիլ։ Այսպիսով, այլեւս ընտանիքէս շատ հեռու չէի զգար, քանի որ կրնայինք զիրար տեսնել»։ Էյմին կը բացատրէ թէ տեղացի քրոջ մը հետ բարեկամանալով, սկսաւ աւելի լաւ հասկնալ օտար սովորութիւնները։ «Երբոր չհասկնայի թէ մարդիկ ինչո՛ւ որոշ մէկ ձեւով կը վարուէին, բարեկամուհիիս խրատը կը փնտռէի։ Ան ինծի օգնեց որ գիտնամ ի՛նչ ընել եւ ի՛նչ չընել։ Ասիկա շատ նպաստեց որ ուրախութեամբ ծառայեմ»։

Ճորճ եւ Ատրիա կը պատմեն թէ երբ Կանա փոխադրուեցան, սկիզբը զգացին թէ ժամանակը ետեւ գացած է։ Ատրիան կ’ըսէ. «Լուացքի մեքենայ գործածելու տեղ դոյլեր կը գործածէինք։ Ճաշ պատրաստելը տասը անգամ աւելի ժամանակ կ’առնէր։ Բայց ատեն մը ետք, դժուար պայմանները մեզի համար նոր փորձառութիւններ եղան»։ Պրուք կ’ըսէ. «Մենք ռահվիրաներս մեր կեանքէն գոհ ենք, հակառակ որ դժուարութիւններ ունինք։ Երբ բոլոր մեր շինիչ փորձառութիւնները քով քովի դնենք, անոնք կը նմանին յիշատակներու գեղեցիկ փունջի մը, որուն վրայ կը գուրգուրանք»։

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ինչո՞ւ ուրիշներն ալ կը քաջալերես որ այս տեսակի ծառայութեան մասնակցին։ Սթեֆանին հրճուելով կ’ըսէ. «Շատ կ’ուրախանաս երբ կը քարոզես թաղամասի մը մէջ, ուր կը հանդիպիս անհատներու, որոնք այնքա՛ն խանդավառ են ճշմարտութիւնը սորվելու, որ կ’ուզեն ամէն օր Սուրբ Գիրքը սերտել։ Կեանքիս մէջ ամէնէն լաւ որոշումներէս մէկը եղած է՝ ծառայել ուր որ հրատարակիչներու աւելի կարիք կայ»։ 2014–ին, Սթեֆանին ամուսնացաւ Արոնին հետ, եւ այսօր անոնք Կանայի մասնաճիւղին մէջ կը ծառայեն։

Քրիսթին, որ Գերմանիայէն ռահվիրայ քոյր մըն է եւ հիմա իր երեսունական տարիքին մէջն է, կ’ըսէ. «Շատ աղուոր փորձառութիւն մըն է»։ Ան Պոլիվիոյ մէջ կը ծառայէր առաջ որ Կանա փոխադրուի։ Ան կ’աւելցնէ. «Միշտ Եհովայէն օգնութիւն կը խնդրեմ, քանի որ ընտանիքէս շատ հեռու եմ։ Ան որեւէ ժամանակէ աւելի իրական դարձած է ինծի։ Նաեւ կը համտեսեմ Եհովայի ժողովուրդին մէջ եղած հոյակապ միութիւնը։ Այս ծառայութիւնը կեանքս ճոխացուցած է»։ Վերջերս Քրիսթինը ամուսնացաւ Կիտեընին հետ եւ անոնք միասին կը շարունակեն Կանայի մէջ ծառայել։

Քրիսթին եւ Կիտեըն

Ֆիլիփ եւ Այտա մեզի կը պատմեն թէ ի՛նչ ըրին, որպէսզի Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնեն որ յառաջդիմեն։ «Առաջ, 15 դաս ունէինք, կամ ալ աւելի, բայց չափ դրինք որ 10–էն աւելի չունենանք, որպէսզի կարենանք մեր դասերուն աւելի լաւ կերպով հոգ տանիլ»։ Լաւ, իրենց աշակերտները օգտուեցա՞ն։ Ֆիլիփ կ’ըսէ. «Սերտեցի Մայքլ անունով երիտասարդի մը հետ։ Ան ամէն օր կը սերտէր եւ այնքա՛ն լաւ կը պատրաստէր, որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը վերջացուցինք մէկ ամսուան մէջ։ Ատկէ ետք, Մայքլ չմկրտուած հրատարակիչ եղաւ։ Առաջին օրը որ ան ծառայութեան ելաւ, ինծի հարցուց. ‘Ինծի կ’օգնե՞ս որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններս վարեմ’։ Զարմանքով իրեն նայեցայ։ Ան բացատրեց որ երեք դաս սկսած էր եւ օգնութեան պէտք ունէր»։ Երեւակայէ, այնքա՛ն պէտք կայ Աստուածաշունչը սորվեցնողներու, որ նոյնիսկ Աստուածաշունչի աշակերտները՝ Աստուածաշունչի ուսուցիչներ են։

Այտա եւ Ֆիլիփ

Էյմի կը պատմէ թէ ինչպէ՛ս շուտով նկատի առաւ որ Կանայի մէջ մեծ կարիք կայ. «Կանա հասնելէս շատ չանցած, պզտիկ գիւղի մը մէջ քարոզեցինք եւ խուլ մարդիկը փնտռեցինք։ Ոչ թէ միայն մէկ խուլ գտանք, հապա՝ ութ, միայն այդ գիւղին մէջ»։ Յետագային, Էյմին ամուսնացաւ Էրիքի հետ եւ անոնք միասնաբար կը ծառայեն որպէս մասնաւոր ռահվիրայ, նշանային լեզու գործածող ժողովքի մը օգնելով։ Երկրին մէջ կան աւելի քան 300 խուլ հրատարակիչներ եւ հետաքրքրուող անհատներ։ Անդին, Կանայի մէջ ծառայելը ձգեց որ Ճորճը եւ Ատրիան համտեսեն թէ ի՛նչ ըսել է միսիոնար ըլլալ։ Ուստի որքա՜ն ուրախացան, երբ հրաւէր ստացան որ Գաղաադի 126–րդ դասարանին ներկայ ըլլան։ Ներկայիս, անոնք Մոզամպիկի մէջ որպէս միսիոնար կը ծառայեն։

ԱՆՈՆՔ ՍԷՐԷ ՄՂՈՒԱԾ ԵՆ

Սրտերնիս որքա՜ն կ’ուրախանան, տեսնելով որ ուրիշ երկիրներէ շատեր հնձելու գործին մէջ ծանր կ’աշխատին, Կանայի եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ մէկտեղ (Յովհ. 4։35)։ Միջին հաշուով, ամէն շաբաթ 120 հոգի կը մկրտուի Կանայի մէջ։ Կանա փոխադրուող 17 անհատները սէրէ մղուած Եհովային կը ծառայեն։ Նոյնն է պարագան աշխարհի չորս կողմը գտնուող այն հազարաւոր քարոզողներուն, որոնց սէրը Եհովայի հանդէպ զիրենք կը մղէ որ «յօժարակամ» ծառայեն։ Այսպիսի քարոզողներ վստահաբար Եհովային սիրտը կ’ուրախացնեն (Սաղ. 110։3. Առ. 27։11

^ պարբ. 9 Օրինակի համար, տե՛ս «Այս ամառ կրնա՞ք ծառայել հո՛ն ուր աւելի մեծ կարիք կայ» եւ «Կրնա՞ս ‘Մակեդոնիա անցնիլ’» յօդուածները, Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յուլիս 2001 եւ օգոստոս 2011 թիւերուն մէջ։