Թագաւորութեան ետեւէ եղիր, եւ ոչ թէ՝ նիւթական բաներու
«Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին» (ՂՈՒԿ. 12։31)։
1. Ի՞նչ տարբերութիւն կայ մեր պէտքերուն եւ մեր ուզած բաներուն միջեւ։
Կ’ԸՍՈՒԻ թէ մարդ արարածին պէտքերը քիչ են, բայց ուզածները՝ շատ։ Այնպէս կ’երեւի թէ շատեր չեն գիտեր տարբերութիւնը՝ իրենց նիւթական պէտքերուն եւ իրենց ուզածներուն միջեւ։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը։ «Պէտք»ը բան մըն է որ ապրելու համար շատ կարեւոր է, ինչպէս՝ ուտելիք, հագուելիք եւ պատսպարան։ Իսկ մեր «ուզած»ը բան մըն է որ կը փափաքինք ունենալ, բայց ատոր պէտք չունինք որպէսզի ապրինք։
2. Օրինակներ տուր թէ մարդիկ ի՛նչ բաներ կ’ուզեն ունենալ։
2 Մարդիկ տարբեր–տարբեր բաներ կ’ուզեն ձեռք ձգել, կախում ունենալով իրենց ապրած տեղէն։ Հարուստ չեղող երկիրներու մէջ, շատեր թերեւս պարզապէս ուզեն բաւարար դրամ ունենալ, որպէսզի գնեն բջիջային հեռաձայն մը, շարժանիւ մը կամ պզտիկ արտ մը։ Իսկ հարուստ երկիրներու մէջ, մարդիկ թերեւս ուզեն ունենալ շատ մը սուղնոց հագուստներ, աւելի մեծ տուն մը կամ ամենավերջին նորոյթ ինքնաշարժը։ Ինչ ալ ըլլայ պարագան, վտանգը այն է որ կրնանք ծակաչք դառնալ եւ ուզել ա՛լ աւելի բաներ ունենալ, նոյնիսկ եթէ
ատոնց պէտք չունինք կամ կարողութիւն չունինք գնելու։ՆԻՒԹԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՓՈՍԸ ՉԻՅՆԱ՛Ս
3. Նիւթապաշտութիւնը ի՞նչ է։
3 Նիւթապաշտութիւնը ի՞նչ է։ Նիւթապաշտ անձը հոգեւոր բաներէն աւելի նիւթական բաներով հետաքրքրուած կ’ըլլայ։ Ան չի բաւարարուիր իրեն պէտք եղածը ունենալով, հապա՝ միշտ կ’ուզէ աւելին ունենալ։ Նոյնիսկ անոնք որոնք շատ դրամ չունին կամ սուղնոց բաներ չեն գներ, կրնան նիւթապաշտ դառնալ եւ այլեւս Թագաւորութիւնը առաջին տեղը չդնել (Եբ. 13։5)։
4. Սատանան «աչքերու ցանկութիւնը» ինչպէ՞ս կը գործածէ։
4 Սատանան կ’ուզէ որ հաւատանք, թէ կեանքէն հաճոյք առնելու համար չի բաւեր որ մեզի պէտք եղած բաները ունենանք, հապա նաեւ պէտք է ուրիշ շատ մը նիւթական բաներ ձեռք ձգենք։ Ան այս աշխարհը եւ «աչքերու ցանկութիւնը» կը գործածէ, որպէսզի իր այս նպատակին հասնի (Ա. Յովհ. 2։15-17. Ծն. 3։6. Առ. 27։20)։ Աշխարհը ամէն տեսակի նիւթական բաներ կը դնէ մեր առջեւ, ամենալաւէն բռնէ մինչեւ ամէնէն անիմաստը, եւ ատոնցմէ ոմանք իսկապէս ուշադրութիւն կը գրաւեն։ Երբեք եղա՞ծ է որ գնած ես բան մը, որ պէտք չունէիր՝ բայց գնեցիր, քանի որ ծանուցումի մը մէջ կամ խանութի մը մէջ աչքիդ զարկաւ։ Լաւ, ետքը անդրադարձա՞ր որ առանց ատոր ալ կրնայիր ապրիլ։ Այսպիսի կարեւոր չեղող բաներ մեր կեանքը աւելի խրթին կը դարձնեն եւ աւելորդ բեռ կը դնեն մեր վրայ։ Ատոնք կրնան մեր հոգեւոր յայտագիրները խանգարել, ինչպէս՝ Սուրբ Գիրքը սերտել, ժողովներու պատրաստուիլ ու երթալ, եւ քարոզչութեան կանոնաւորաբար ելլել։ Մի՛ մոռնար որ Յովհաննէս առաքեալ զգուշացուց. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ»։
5. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ անոնց՝ որոնք խելքերնին–միտքերնին աւելի բաներ ունենալ է։
5 Սատանան կ’ուզէ որ Աստուծոյ տեղ դրամին ծառայ ըլլանք (Մատ. 6։24)։ Անոնք որոնք խելքերնին–միտքերնին աւելի բաներ ունենալ է, անիմաստ կեանք մը պիտի ունենան, ո՛չ աւելի, քանի որ անձնասիրաբար կ’ուզեն իրենց անձը գոհացնել։ Իսկ ասկէ աւելի գէշը, անոնք թերեւս յուսախաբ ըլլան, դրամական խնդիրներու մէջ թաղուին, կամ նոյնիսկ Եհովային եւ իր Թագաւորութեան հանդէպ իրենց հաւատքը կորսնցնեն (Ա. Տիմ. 6։9, 10. Յայտ. 3։17)։ Յիսուս ըսաւ որ «ուրիշ բաներու ցանկութիւններ»ը փուշերու պէս են, որ չեն ձգեր որ սերմը աճի եւ պտուղ տայ (Մար. 4։14, 18, 19)։
6. Բարուքէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։
6 Օրինակ՝ նկատի առ Երեմիա մարգարէին քարտուղարը՝ Բարուք։ Երբ ան սկսաւ ‘մեծ բաներ փնտռել’, Եհովան իրեն յիշեցուց որ մօտ ատենէն Երուսաղէմը պիտի կործանէր, բայց իրեն խօսք տուաւ որ իր կեանքը պիտի փրկէր (Եր. 45։1-5)։ Բարուք ասկէ աւելի բան մը պէտք չէր ակնկալէր, քանի որ Եհովան մարդոց ունեցածը–չունեցածը պիտի չազատէր (Եր. 20։5)։ Այսօր ալ ժամանակը չէ որ ա՛լ աւելի նիւթական բաներ հաւաքենք, քանի որ երթալէն աւելի կը մօտենանք Սատանայի աշխարհի վերջին։ Պէտք չէ ակնկալենք որ մեզի հետ մեր ունեցած բաներն ալ ազատին մեծ նեղութենէն, որքան ալ արժէքաւոր ըլլան (Առ. 11։4. Մատ. 24։21, 22. Ղուկ. 12։15)։
7. Հիմա ի՞նչ նկատի պիտի առնենք, եւ ինչո՞ւ։
7 Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր ընտանիքին հոգ տանիլ, բայց նոյն ատեն կեդրոնացած մնալ հոգեւոր բաներու վրայ,– նիւթապաշտ չըլլալ կամ չափէ դուրս չմտահոգուիլ։ Յիսուս Լերան քարոզին մէջ լաւագոյն խրատը տուաւ, թէ ինչպէ՛ս ասոր մէջ կրնանք յաջողիլ (Մատ. 6։19-21)։ Մատթէոս 6։25-34–ը կարդանք եւ վերլուծենք, որպէսզի համոզուինք թէ պէտք է ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրենք’ եւ ո՛չ թէ նիւթական բաներ (Ղուկ. 12։31)։
ԵՀՈՎԱՆ ՊԷՏՔ ԵՂԱԾԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԵԶԻ
8, 9. ա) Ինչո՞ւ պէտք չէ չափէ դուրս մտահոգ ըլլանք մեր պէտքերուն մասին։ բ) Յիսուս ի՞նչ գիտէր մարդոց եւ իրենց պէտքերուն մասին։
8 Կարդա՛ Մատթէոս 6։25։ Յիսուսի աշակերտները անտեղիօրէն հոգ կ’ընէին, թէ ի՛նչ պիտի ուտէին, խմէին եւ հագուէին։ Ասոր համար, ան անոնց ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար»։ Ան գիտէր թէ անոնք ինչո՛ւ պէտք չէր որ հոգ ընէին այսպիսի բաներու վրայ։ Երբ մէկը անտեղիօրէն մտահոգուի, նոյնիսկ բաներու վրայ որ շատ պէտք ունի, իր միտքը կրնայ ցրուիլ, մէկ կողմ դնելով աւելի կարեւոր եղող հոգեւոր բաները։ Յիսուս այնքա՛ն հետաքրքրուած էր իր աշակերտներով, որ Լերան քարոզին մէջ՝ ասկէ զատ չորս անգամ ալ զգուշացուց զիրենք այս վտանգէն (Մատ. 6։27, 28, 31, 34)։
9 Լաւ, Յիսուս ինչո՞ւ մեզի ըսաւ որ հոգ չընենք, թէ ի՛նչ պիտի ուտենք, խմենք կամ հագուինք։ Չէ՞ որ ասոնք կեանքին մէջ ամէնէն շատ պէտք եղած բաներէն են։ Չե՞նք մտահոգուիր եթէ դրամ չունենանք այս բաները գնելու։ Անշուշտ կը մտահոգուինք։ Յիսուս ասիկա շատ լաւ գիտէր։ Ան գիտէր թէ մարդիկ օրը–օրին ի՛նչ բաներու պէտք ունէին։ Ասկէ աւելին, ան գիտէր որ իր աշակերտները շատ դժուար ժամանակներու մէջ պիտի ապրէին «վերջին օրեր»ուն (Բ. Տիմ. 3։1)։ Այսօր շատեր անգործ են, ինչպէս նաեւ սղութիւն ու աղքատութիւն կայ։ Բայց Յիսուս նաեւ գիտէր, թէ «կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը հագուստէն»։
10. Երբ Յիսուս իր հետեւորդներուն աղօթել սորվեցուց, ո՞ր բանին համար ըսաւ որ ամէնէն կարեւորը պէտք է ըլլայ իրենց կեանքին մէջ։
10 Յիսուս Լերան քարոզին մէջ իր աշակերտներուն ըսած էր, որ իրենց ֆիզիքական պէտքերուն համար աղօթեն իրենց երկնաւոր Հօր։ Անոնք կրնային ըսել. «Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր» (Մատ. 6։11)։ Ուրիշ առիթով, Յիսուս ըսաւ որ աղօթեն. «Մեր ամէն օրուան հացը օրէ օր մեզի տուր» (Ղուկ. 11։3)։ Բայց այս խրատը չի նշանակեր թէ նիւթական բաները պէտք է մեր խելքը–միտքը առնեն։ Այդ նոյն աղօթքին մէջ, Յիսուս յայտնեց թէ աւելի կարեւոր է որ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն մասին աղօթենք (Մատ. 6։10. Ղուկ. 11։2)։ Ատկէ ետքն է որ Յիսուս, իր աշակերտներուն օգնելու համար որ այլեւս չմտահոգուին, անոնց միտքը հանգստացուց, յիշեցնելով որ Եհովան իր ամբողջ ստեղծագործութեան հոգ կը տանի։
11, 12. Եհովան ինչպէ՞ս հոգ կը տանի թռչուններուն, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք (տե՛ս բացման պատկերը)։
11 Կարդա՛ Մատթէոս 6։26։ Պէտք է ‘նայինք երկնքի թռչուններուն’։ Անոնք շատ կ’ուտեն, որքան ալ պզտիկ ըլլան։ Օրինակ՝ եթէ պզտիկ թռչունը մարդու չափ մեծ ըլլար, պիտի նկատէինք որ մարդէն աւելի ճաշ կ’ուտէ։ Թռչունները պտուղ, հունտ, միջատ եւ որդ կ’ուտեն, բայց պէտք չունին սերմ ցանելու եւ իրենց ուտելիքը աճեցնելու։ Եհովան ամէն պէտք եղածը կու տայ իրենց (Սաղ. 147։9)։ Անշուշտ ան պատառը բռնելով իրենց բերանը չի դներ. իրենք են որ պէտք է երթան ու փնտռեն։ Բայց Եհովան լեփլեցուն ուտելիք դրած է առջեւնին։
12 Յիսուսի միտքէն իսկ չէր անցներ այն գաղափարը, որ իր երկնաւոր Հայրը թռչուններուն ուտելիք տայ, բայց մարդոց պէտքերուն հոգ չտանի (Ա. Պետ. 5։6, 7) [1]։ Եհովան ուտելիքը բռնելով մեր բերանը չի դներ, բայց կ’օրհնէ մեր ջանքերը երբ անձամբ կ’աճեցնենք մեր ուտելիքը, կամ դրամ կը շահինք որ մեր օրական պէտքերը գնենք։ Իսկ երբ բաւարար դրամ կամ ուտելիք չունենանք, ան կրնայ ուրիշները մղել որ պէտք եղածը տան մեզի։ Ան նաեւ ապրելու տեղ կու տայ թռչուններուն։ Հակառակ որ Յիսուս այս կէտը չնշեց, բայց Եհովան թռչուններուն տուած է պէտք եղած կարողութիւնները եւ նիւթերը որպէսզի բոյն շինեն։ Ան նմանապէս կրնայ մեզի օգնել, որ մեր ընտանիքին համար ապրելու յարմար տեղ մը գտնենք։
13. Ի՞նչ փաստ կայ թէ մենք երկնքի թռչուններէն աւելի լաւ ենք։
13 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Չէ՞ որ դուք [երկնքի թռչուններէն] լաւ էք»։ Անկասկած Յիսուսի միտքին մէջ կար այն գաղափարը, թէ ինք մօտ ատենէն իր կեանքը պիտի տար բոլոր մարդոց համար (համեմատէ՛ Ղուկաս 12։6, 7)։ Ան չմեռաւ թռչուններուն կամ ուրիշ կենդանիներու համար։ Ան մեզի՛ համար մեռաւ, որպէսզի կարենանք յաւիտեան ապրիլ (Մատ. 20։28)։
14. Հոգ ընող անձը ի՞նչ բան բնա՛ւ չի կրնար ընել։
14 Կարդա՛ Մատթէոս 6։27։ Յիսուս ետքը ինչո՞ւ ըսաւ որ հոգ ընող անձը չի կրնար իր հասակին կամ կեանքին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ Քանի որ մեր օրական պէտքերուն համար չափէ դուրս հոգ ընելով՝ աւելի երկար պիտի չապրինք։ Ընդհակառակը, անտեղի մտահոգութիւնը կրնայ մեր կեանքը կարճեցնել։
15, 16. ա) Եհովան շուշաններուն ինչպէ՞ս հոգ կը տանի, եւ ի՞նչ կը սորվինք ասկէ (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Ո՞ր հարցումը պէտք է մենք մեզի հարցնենք եւ ինչո՞ւ։
15 Կարդա՛ Մատթէոս 6։28-30։ Ո՞վ չ’ուզեր աղուոր հագուստներ հագնիլ, մանաւանդ երբ ծառայութեան կ’ելլէ կամ ժողովներու եւ համաժողովներու կ’երթայ։ Բայց պէտք ունի՞նք ‘հագուստի համար հոգ ընելու’։ Յիսուս դարձեալ իր աշակերտներուն յիշեցուց, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ստեղծագործութեան հոգ կը տանի։ Յիսուս գործածեց «դաշտի շուշաններուն» օրինակը։ Անոր միտքէն թերեւս կ’անցնէին շուշանի նմանող ծաղիկները, ինչպէս՝ թրաշուշան, յակինթ, հիրիկ եւ կակաչ, որոնք ամէն մէկը իր գեղեցկութիւնը ունի։ Ատոնցմէ ո՛չ մէկը պէտք ունի իրեն համար դերձանով հագուստ հիւսելու։ Ատոնք այնքա՛ն գեղեցիկ են, որ աչքերնիս չենք կրնար հանել իրենցմէ։ «Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ»։
16 Մտածէ Յիսուսի յաջորդ ըսածին մասին. «Եթէ դաշտի խոտը. . . Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա որչա՜փ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ»։ Աստուած անկասկած մեզ ալ պիտի հագուեցնէ։ Բայց Յիսուսի աշակերտները հաւատքի պակաս ունէին (Մատ. 8։26. 14։31. 16։8. 17։19)։ Անոնց հաւատքը պէտք էր աւելի զօրաւոր ըլլար եւ աւելի վստահէին Եհովային։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Որքա՞ն զօրաւոր հաւատք ունինք, թէ Եհովան կ’ուզէ եւ կարողութիւն ունի որ մեզի հոգ տանի։
17. Ի՞նչ բան Եհովային հետ մեր ունեցած փոխյարաբերութիւնը կ’աւրէ։
17 Կարդա՛ Մատթէոս 6։31, 32։ Պէտք չէ նմանինք այն մարդոց որ Եհովան չեն ճանչնար, ոչ ալ գիտեն թէ ան մեզ կը սիրէ եւ մեզի հոգ կը տանի։ Անոնց խելքը–միտքը նիւթական բաներ հաւաքել է։ Բայց եթէ մենք նոյնը ընենք, Եհովային հետ մեր ունեցած փոխյարաբերութիւնը կ’աւրուի։ Անդին, եթէ Եհովային խնդրածը ընենք, Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնելով, ան մեր բոլոր պէտքերը պիտի տայ մեզի, եւ նոյնիսկ շատ աւելի։ Գիտենք թէ Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւնը մեզ իսկապէս կ’ուրախացնէ, եւ ճիշդ ասիկա է որ մեզի կ’օգնէ գոհ ըլլալու՝ ուտելիք, հագուստ եւ պատսպարան ունենալով (Ա. Տիմ. 6։6-8)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵԱՆՔԻԴ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵ՞ՂՆ Է
18. Եհովան ամէն մէկուս մասին ի՞նչ գիտէ, եւ մեզի համար ի՞նչ պիտի ընէ։
18 Կարդա՛ Մատթէոս 6։33։ Եթէ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք, Եհովան մեր բոլոր պէտքերը պիտի հոգայ։ Յիսուս մէկ համար առաջ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ կրնանք այս վստահութիւնը ունենալ, ըսելով. «Ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են», այսինքն՝ մեր բոլոր պէտքերը։ Եհովան մեզմէ առաջ գիտէ թէ ինչի՛ պէտք ունինք (Փլպ. 4։19)։ Ան գիտէ թէ մեր ո՛ր հագուստը պիտի հիննայ։ Ան նաեւ գիտէ թէ ի՛նչ ուտելիքի պէտք պիտի ունենանք եւ ո՛ր տունը յարմար է մեր ընտանիքին։ Եհովան անպայման պիտի տայ մեզի ի՛նչ որ իսկապէս պէտք ունինք։
19. Ինչո՞ւ պէտք չէ մտահոգուինք ապագայով։
19 Կարդա՛ Մատթէոս 6։34։ Յիսուս նորէն կ’ըսէ. «Հոգ մի՛ ընէք»։ Ան կ’ուզէ որ օրուան հոգէն զատ աւելին չշալկենք, վստահ ըլլալով որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ։ Եթէ մէկը ապագայով չափէ դուրս մտահոգուի, թերեւս փորձէ իր անձին վստահիլ, փոխանակ Աստուծոյ վստահելու։ Ասիկա կրնայ Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան վնասել (Առ. 3։5, 6. Փլպ. 4։6, 7)։
ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԴԻՐ ԵՒ ՏԵՍ ԹԷ ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՀՈԳ ՊԻՏԻ ՏԱՆԻ
20. ա) Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՞նչ նպատակակէտ կրնաս դնել։ բ) Կեանքդ պարզացնելու համար ի՞նչ կրնաս ընել։
20 Թագաւորութեան շահերը մէկ կողմ դնելով՝ նիւթական բաներու ետեւէն վազելը անօգուտ է։ Ատոր տեղ, պէտք է Եհովային մեր լաւագոյնը տանք։ Օրինակ՝ կրնա՞ս փոխադրուիլ ժողովքի մը, որ հրատարակիչներու պէտք ունի։ Կրնա՞ս ռահվիրայ ըլլալ։ Եթէ ռահվիրայ ես, կը մտածե՞ս Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը երթալ։ Կրնա՞ս շաբաթը քանի մը օր օգնել Բեթէլին մէջ կամ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակի մը մէջ։ Կրնա՞ս Տեղական ծրագրման/շինարարութեան կամաւոր ըլլալ, եւ ժամանակէդ մաս մը տրամադրել Թագաւորութեան սրահներ շինելու համար։ Մտածէ թէ կեանքդ պարզացնելու համար ի՛նչ կրնաս ընել, որպէսզի աւելի ժամանակ եւ կորով ունենաս հոգեւոր բաներու։ Աղօթքով նկատի առ « Կեանքդ պարզացնելու կերպեր» շրջանակը, եւ սկսէ պէտք եղած քայլերը առնել։
21. Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ Եհովային աւելի մօտենաս։
21 Ուրեմն Յիսուս լաւ պատճառներ ունէր սորվեցնելու, որ Թագաւորութեան ետեւէն ըլլանք եւ ոչ թէ՝ նիւթական բաներու։ Երբ իր ըսածը ընենք, պէտք չենք ունենար մեր նիւթական պէտքերուն մասին մտահոգուելու։ Եհովային աւելի կը մօտենանք, երբ իրեն կը վստահինք եւ չենք գներ ամէն ինչ որ մեր սիրտը կ’ուզէ կամ այս աշխարհը կը հրամցնէ, նոյնիսկ եթէ կարողութիւնը ունինք գնելու։ Եթէ հիմա պարզացնենք մեր կեանքը, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ «յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգ[ենք]» (Ա. Տիմ. 6։19)։
^ [1] (պարբերութիւն 12) Որպէսզի հասկնաս թէ Եհովան ատեններ ինչո՛ւ թոյլ կու տայ որ քրիստոնեան բաւարար ուտելիք չունենայ, տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 սեպտեմբեր 2014 թիւին մէջ, էջ 22։