Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը յիշե՞ս

Կը յիշե՞ս

Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Աստուած ինչո՞ւ կ’արտօնէր որ վաղեմի իսրայէլը պատերազմէր։

Եհովան սիրալիր է, բայց որոշ առիթներով՝ ան իր ժողովուրդին կ’արտօնէր որ պատերազմի, երբ չարութիւնն ու կեղեքումը իրենց սպառնային։ Միայն Աստուած կ’որոշէր թէ ո՛վ պիտի պատերազմէր եւ ե՛րբ (դ15 11/1, էջ 4-5

Ծնողները ի՞նչ կարեւոր բաներ կրնան ընել, որպէսզի իրենց պատանիները մարզեն Եհովային ծառայելու։

Շատ կարեւոր է որ ծնողքը սիրէ իր պատանի զաւակները եւ անձամբ խոնարհ ըլլայ։ Նաեւ կարեւոր է որ անոնք խորատես ըլլան եւ ջանան իրենց պատանիները հասկնալ (դ15 11/15, էջ 9-11

Ինչո՞ւ համար պէտք չէ համարենք որ պապը Պետրոսին յաջորդն է։

Մատթէոս 16։17, 18–ը չ’ըսեր որ Պետրոս առաքեալ պիտի ըլլար քրիստոնէական ժողովքին գլուխը։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ փոխանակ Պետրոս առաջին տեղը գրաւելու, Յիսուս ինք պիտի ըլլար ժողովքին անկիւնաքարը (Ա. Պետ. 2։4-8. դ15 12/1, էջ 12-14

Առաջ որ խօսինք, ի՞նչ բաներ պէտք է նկատի առնենք։

Որպէսզի մեր լեզուն շինիչ ըլլայ, պէտք է գիտնանք՝ 1) ե՛րբ խօսիլ (Ժող. 3։7), 2) ի՛նչ խօսիլ (Առ. 12։18) եւ 3) ինչպէ՛ս խօսիլ (Առ. 25։15. դ15 12/15, էջ 19-22

Անպարկեշտութեան կարգ մը տեսակները ի՞նչ են, որ քրիստոնեան պէտք չէ ընէ։

Ճշմարիտ քրիստոնեաները թէ՛ չեն ստեր, թէ ալ չեն զրպարտեր։ Անոնք ուրիշին վնաս հասցնելու համար իրողութիւնները սխալ կերպով չեն ներկայացներ, ոչ ալ զանոնք կը խեղաթիւրեն։ Անոնք ո՛չ խարդախութիւն կ’ընեն, ոչ ալ կը գողնան (դհ16.1, էջ 5

Սուրբ Գիրքին մէջի «քահանայապետները» որո՞նք էին։

«Քահանայապետներ» բառը բացայայտօրէն կ’ակնարկէ քահանայութեան գլխաւոր անդամներուն, մէջը ըլլալով պաշտօնանկ եղած նախկին քահանայապետներ (դհ16.1, էջ 10

Ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք անձի մը հետ, որ Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն կը մասնակցի։

Քրիստոնեաները այսպիսի անհատներ ուրիշներէ բարձր չեն դասեր։ Ան որ իսկապէս օծեալ է, յատուկ վերաբերմունք չ’ակնկալեր մարդոցմէ, ոչ ալ կ’ուզէ արար–աշխարհին հռչակել թէ ինք օծեալ է (Մատ. 23։8-12. դ16.01, էջ 23-24

Ինչպէ՞ս կրնանք Աբրահամին պէս Աստուծոյ բարեկամը դառնալ։

Աբրահամ Աստուծոյ մասին գիտութիւն առաւ, թերեւս Սէմին միջոցաւ։ Ան նաեւ փորձառաբար տեսաւ, թէ Աստուած ինչպէ՛ս իր եւ իր ընտանիքին հետ վարուեցաւ։ Մենք ալ կրնանք փորձել նոյնը ընել (դ16.02, էջ 9-10

Սուրբ Գիրքին գլուխներն ու համարները ինչպէ՞ս դրուեցան։

13–րդ դարուն, Սթիվըն Լէնկթըն կղերականը Սուրբ Գիրքը բաժնեց գլուխներու։ Առաջին անգամ հրեայ ընդօրինակիչները համարներու բաժնեցին Եբրայերէն Գրութիւնները, իսկ 16–րդ դարուն՝ Ռոպէր Էթիէն ուսումնականը Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները բաժնեց համարներու (դհ16.2, էջ 14-15

Յիսուսը փորձելու համար, Սատանան զինք ֆիզիքապէ՞ս տաճար տարաւ։

Չենք կրնար վստահ պատասխան մը տալ։ Մատթէոս 4։5–էն եւ Ղուկաս 4։9–էն կրնանք հասկնալ, թէ Յիսուս կա՛մ տեսիլքով մը հոն տարուեցաւ, կամ ալ տաճարէն ներս բարձր տեղ մը կեցաւ (դ16.03, էջ 31-32

Մեր քրիստոնէական ծառայութիւնը ի՞նչ կերպերով կրնայ ցօղի նմանիլ։

Ցօղը աստիճանաբար կը կազմուի, թարմացուցիչ է եւ ապրելու համար կարեւոր է։ Ծառայութեան մէջ Աստուծոյ ծառաներուն միացեալ ջանքերն ալ նոյնն են։ Ատոնք ցօղի նման Աստուծմէ օրհնութիւն մը կրնան ըլլալ (Բ. Օր. 33։13. դ16.04, էջ 4