Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեծ Բրուտին թոյլ կու տա՞ս որ քեզ ձեւաւորէ

Մեծ Բրուտին թոյլ կու տա՞ս որ քեզ ձեւաւորէ

«Ահա ինչպէս է կաւը բրուտին ձեռքին մէջ, դուք ալ իմ ձեռքիս մէջ այնպէս էք» (ԵՐ. 18։6

ԵՐԳԵՐ. 60, 22

1, 2. Դանիէլը Աստուծոյ աչքին ինչո՞ւ «սիրելի մարդ» էր, եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոր պէս հնազանդ ըլլալ։

ԵՐԲ հրեաները Բաբելոն գերի տարուեցան, տեսան թէ քաղաքը լեցուն էր կուռքերով եւ չար ոգիներ պաշտող մարդոցմով։ Բայց Դանիէլի եւ իր երեք ընկերակիցներուն պէս հաւատարիմ հրեաներ թոյլ չտուին, որ Բաբելոնը զիրենք ձեւաւորէ (Դան. 1։6, 8, 12. 3։16-18)։ Դանիէլին եւ իր ընկերակիցներուն համար Եհովա՛ն էր իրենց Բրուտը եւ անոնք շարունակեցին միայն զինք պաշտել։ Թէեւ Դանիէլ գրեթէ իր ամբողջ կեանքը գէշ միջավայրի մը մէջ անցուց, բայց Աստուծոյ հրեշտակը ըսաւ որ ան «սիրելի մարդ» մըն էր, կամ շատ թանկագին մարդ մը (Դան. 10։11, 19

2 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, թերեւս բրուտը կաւը ճնշէր կաղապարի մը մէջ, որպէսզի իր ուզած ձեւը տար ատոր։ Մենք գիտենք թէ Եհովան է տիեզերքի Գերիշխանը եւ հեղինակութիւն ունի որ ժողովուրդներ ու ազգեր ձեւաւորէ (կարդա՛ Երեմիա 18։6)։ Ան նաեւ հեղինակութիւն ունի որ ամէն մէկս ձեւաւորէ։ Բայց ան կը յարգէ մեր ազատ կամքը, եւ կը փափաքի որ մեր ուզելովը մեզ ձեւաւորէ։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ փափուկ կաւ մնալ։ Հետեւեալ երեք հարցումները նկատի պիտի առնենք. 1) Ինչպէ՞ս կրնանք հեռու մնալ յատկութիւններէ, որոնք մեզի արգելք կրնան ըլլալ Եհովային խրատը ընդունելու։ 2) Ինչպէ՞ս կրնանք զարգացնել յատկութիւններ, որոնք մեզի կ’օգնեն հնազանդ եւ փափուկ կաւ ըլլալու։ 3) Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան Աստուծոյ հնազանդիլ, երբ իրենց զաւակները կը ձեւաւորեն։

ՀԵՌՈՒ ԿԵՑԻՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ, ՈՐՈՆՔ ԱՐԳԵԼՔ ԿՐՆԱՆ ԸԼԼԱԼ

3. Ո՞ր յատկութիւնները կրնան արգելք ըլլալ որ խրատ ընդունինք. օրինակ մը տուր։

3 «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են», կ’ըսէ Առակաց 4։23։ Ո՞ր յատկութիւններէն պէտք է հեռու մնանք։ Ատոնց մէջ կան՝ անպատշաճ հպարտութիւնը, դիտմամբ կրկին անգամ մեղք գործելը եւ հաւատքի պակասը։ Ասոնց պատճառաւ մեր սիրտը կրնայ անհնազանդ եւ ըմբոստ դառնալ (Դան. 5։1, 20. Եբ. 3։13, 18, 19)։ Այս էր Յուդայի Ոզիա թագաւորին պարագան (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 26։3-5, 16-21)։ Ան սկիզբը «Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ» եւ «Աստուած կը փնտռէր»։ Բայց «երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտացաւ», հակառակ որ իր ուժը Աստուծմէ էր։ Ան նոյնիսկ փորձեց տաճարին մէջ խունկ ծխել, ինչ որ քահանաներուն առանձնաշնորհումն էր։ Ետքը, երբ քահանաները իրեն դէմ կեցան, ան բարկացաւ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան Եհովային ձեռքով «կոտորած»ի հանդիպեցաւ՝ եւ մինչեւ կեանքին վերջը բորոտ մնաց (Առ. 16։18

4, 5. Եթէ հպարտութենէն զգոյշ չըլլանք, ի՞նչ կրնայ պատահիլ. օրինակ մը տուր։

4 Եթէ հպարտութենէն զգոյշ չըլլանք, մենք ալ կրնանք սկսիլ մենք մեզ սեպել թէ ուրիշէն լաւ ենք, եւ թերեւս նոյնիսկ Աստուածաշունչին խրատը մերժենք (Առ. 29։1. Հռով. 12։3)։ Նկատի առ Ճիմ անունով երէցի մը փորձառութիւնը, որ ժողովքային հարցի մը շուրջ միւս երէցներէն տարբեր կարծիք մը ունէր։ Ան կը պատմէ թէ երէցներու ժողովին մէջ ինչ պատահեցաւ. «Եղբայրներուն ըսի թէ իրենց վարուած կերպը սիրալիր չէ, եւ ժողովը ձգեցի ելայ»։ Գրեթէ վեց ամիս ետք, ան մօտակայ ժողովք մը փոխադրուեցաւ, բայց հոն երէց չնշանակուեցաւ։ Ան կը խոստովանի. «Վրաս պաղ ջուր թափուեցաւ։ Իմ ինքնարդար կեցուածքս գլուխը առաւ գնաց, եւ այսպիսով ճշմարտութիւնը ձգեցի»։ Ճիմ տասը տարի հոգեւորապէս անգործունեայ մնաց։ Ան կ’ընդունի. «Զգացի թէ արժանապատուութիւնս վիրաւորուեցաւ եւ սկսայ եղածներուն յանցանքը Եհովային վրայ նետել։ Տարիներուն ընթացքին եղբայրները ինծի այցելեցին եւ փորձեցին հետս տրամաբանել, բայց իրենց օգնութիւնը մերժեցի»։

5 Ճիմին փորձառութիւնը կը ցուցնէ, թէ ինչպէ՛ս հպարտութեան պատճառով կրնանք սկսիլ մեր ըրածները արդարացնել, եւ այսպիսով անճկուն կաւ դառնալ (Եր. 17։9)։ «Ձեռքս չէր. չկրցայ ուրիշներուն սխալներուն վրայ չկեդրոնանալ», կը բացատրէ Ճիմ։ Պատահա՞ծ է որ եղբայր մը կամ քոյր մը քեզ վիրաւորած է կամ որոշ առանձնաշնորհումներ կորսնցնելով նեղացած ես։ Եթէ այո՛, ի՞նչ ըրիր։ Հպարտութիւնդ արթնցա՞ւ, թէ ոչ խելքդ–միտքդ էր որ եղբօրդ հետ խաղաղութիւնը պահպանես եւ Եհովային հաւատարիմ մնաս (կարդա՛ Սաղմոս 119։165. Եփեսացիս 4։32

6. Եթէ դիտմամբ կրկին անգամ մեղք գործենք, ի՞նչ կրնայ պատահիլ։

6 Անհատի մը համար դժուար կ’ըլլայ Աստուծոյ խրատը ընդունիլ, երբ դիտմամբ կրկին անգամ մեղք կը գործէ, թերեւս նոյնիսկ գաղտնի մեղքեր։ Այսպիսով՝ մեղք գործելը աւելի դիւրին կը դառնայ։ Եղբայր մը ըսաւ որ ժամանակի ընթացքին սկսաւ չնեղանալ իր անպատշաճ վարքէն (Ժող. 8։11)։ Ուրիշ եղբայր մը, որ պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութիւնը ունէր, յետագային խոստովանեցաւ. «Սկսայ օրէ օր աւելի քննադատական կեցուածք ունենալ երէցներուն հանդէպ»։ Իր սովորութիւնը իրեն հոգեւորապէս կը վնասէր։ Ի վերջոյ, իր ըրածը մէջտեղ ելաւ եւ պէտք եղած օգնութիւնը ստացաւ։ Անշուշտ, բոլորս ալ անկատար ենք։ Բայց եթէ սկսինք քննադատական ըլլալ կամ մեր ըրած սխալները արդարացնել, փոխանակ Աստուծմէ ներում եւ օգնութիւն խնդրելու, վախ կայ որ կարծր սիրտ ունենանք։

7, 8. ա) Իսրայէլացիները ինչպէ՞ս փաստեցին, որ հաւատքի պակասը կրնայ սիրտը կարծրացնել։ բ) Ի՞նչ դաս կը սորվինք։

7 Հաւատքի պակասն ալ կրնայ սիրտը կարծրացնել։ Նկատի առ Եգիպտոսէն ազատագրուած իսրայէլացիներուն օրինակը։ Անոնք տեսան թէ Աստուած ի՜նչ հրաշքներ ըրաւ իրենց համար, նոյնիսկ խելքէ–միտքէ վեր եղող հրաշքներ։ Բայց երբ անոնք Աւետեաց երկիրը մտնելու վրայ էին, հաւատքի պակաս ցուցուցին։ Անոնք սկսան վախնալ եւ Մովսէսին դէմ տրտնջալ, փոխանակ Եհովային վստահելու, եւ նոյնիսկ ուզեցին Եգիպտոս վերադառնալ, ուր ստրո՛ւկ էին։ Եհովան շատ նեղացաւ եւ ըսաւ. «Այս ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ զիս պիտի արհամարհէ» (Թուոց 14։1-4, 11. Սաղ. 78։40, 41)։ Այդ սերունդը անապատին մէջ մահացաւ, քանի որ անոնց սիրտը կարծր էր եւ հաւատքի պակաս ունէին։

8 Ներկայիս, մեր հաւատքը կը փորձուի, մինչ նոր աշխարհին կը մօտենանք։ Լաւ կ’ըլլայ որ մեր հաւատքին որակը քննենք։ Օրինակ՝ կրնանք նայիլ, թէ ի՛նչ կը մտածենք Մատթէոս 6։33–ի Յիսուսի խօսքին մասին։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Նպատակակէտերս եւ որոշումներս կը փաստե՞ն թէ իսկապէս կը հաւատամ Յիսուսի ըսածին։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ժողովի չերթամ կամ ծառայութեան չելլեմ, որպէսզի աւելի դրամ շահիմ։ Ի՞նչ պիտի ընեմ եթէ գործս աւելի ժամանակ եւ կորով պահանջէ ինձմէ։ Թոյլ պիտի տա՞մ որ աշխարհը կաղապարէ զիս եւ թերեւս նոյնիսկ ճշմարտութենէն դուրս նետէ’։

9. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակ քննենք թէ հաւատքին մէ՛ջն ենք կամ ոչ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։

9 Եթէ միշտ չընենք ի՛նչ որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ չար ընկերակցութիւններու, վտարումի կամ ժամանցի մասին, մեր սիրտը կրնայ կարծրանալ։ Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ ասիկա սկսի հետդ պատահիլ։ Առանց ուշացումի հաւատքդ քննէ։ Սուրբ Գիրքը կը խրատէ մեզ. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը» (Բ. Կոր. 13։5)։ Անձիդ հետ անկեղծ եղիր, եւ կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը գործածէ մտածելակերպդ ճշդելու համար։

ՓԱՓՈՒԿ ԿԱՒ ՄՆԱ՛

10. Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ Եհովային ձեռքերուն մէջ փափուկ կաւ մնանք։

10 Աստուած մեզի տուած է իր Խօսքը, ժողովքը եւ ծառայութիւնը, որպէսզի փափուկ կաւ մնանք։ Ջուրը փափուկ կը դարձնէ կաւը։ Նմանապէս, երբ օրական Սուրբ Գիրքը կարդանք եւ ատոր վրայ խոկանք, Եհովային ձեռքերուն մէջ դիւրաթեք պիտի ըլլանք։ Ան Իսրայէլի թագաւորներէն պահանջեց որ իր օրէնքներու գիրքը ընդօրինակեն եւ ամէն օր անկէ կարդան (Բ. Օր. 17։18, 19)։ Առաքեալները գիտէին որ Սուրբ Գրութիւնները կարդալը եւ ատոնց վրայ խոկալը շատ կարեւոր էր իրենց ծառայութեան համար։ Անոնք հարիւրաւոր անգամներ Եբրայերէն Գրութիւններէն մասեր գործածեցին իրենց գրութիւններուն մէջ, եւ երբ մարդոց կը քարոզէին, կը քաջալերէին որ Սուրբ Գրութիւնները գործածեն (Գործք 17։11)։ Ներկայիս, մենք ալ կ’ընդունինք թէ կարեւոր է որ Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդանք եւ ատոր վրայ խոկանք (Ա. Տիմ. 4։15)։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ Եհովային աչքին խոնարհ մնանք եւ իր ձեռքերուն մէջ դիւրաթեք ըլլանք։

Աստուծոյ կարգադրութիւնները գործածէ, որպէսզի դիւրաթեք մնաս (տե՛ս պարբերութիւն 10-13)

11, 12. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ ժողովքը գործածել որ մեզ ձեւաւորէ. օրինակ մը տուր։

11 Եհովան գիտէ թէ ամէն մէկս ինչի՛ պէտք ունի, եւ քրիստոնէական ժողովքը կը գործածէ որպէսզի մեզ ձեւաւորէ։ Օրինակ՝ Ճիմին կեցուածքը սկսաւ փափկանալ, երբ երէց մը իրմով հետաքրքրուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Երէցը ո՛չ մէկ անգամ յանցաւոր հանեց կամ քննադատեց զիս իմ վիճակիս համար։ Ընդհակառակը, ան միշտ դրական էր եւ անկեղծօրէն ուզեց օգնել»։ Շուրջ երեք ամիս ետք, երէցը զինք հրաւիրեց ժողովի։ Ճիմ կ’ըսէ. «Ժողովքը ջերմօրէն դիմաւորեց զիս, եւ իրենց սէրը շատ մեծ փոփոխութիւն ըրաւ մէջս։ Սկսայ տեսնել թէ պէտք չունիմ զգացումներուս վրայ կեդրոնանալու։ Եղբայրներուն եւ կնոջս օգնութեամբ,– որ բնա՛ւ հոգեւորապէս չտկարացաւ,– կամաց–կամաց հոգեւորապէս զօրացայ առաջուան պէս։ Նաեւ շատ քաջալերուեցայ կարդալով ‘Եհովան մեղադրելի չէ’ եւ ‘Եհովային հաւատարմութեամբ ծառայենք’ յօդուածները, որոնք կը գտնուին Դիտարան–ի 15 նոյեմբեր 1992 թիւին մէջ»։

12 Ժամանակի ընթացքին, Ճիմ դարձեալ երէց նշանակուեցաւ, եւ ատկէ ի վեր ուրիշ եղբայրներու օգնած է, որ այսպիսի խնդիրներու հետ գլուխ ելլեն եւ իրենց հաւատքը զօրացնեն։ Ան կ’ըսէ. «Կը կարծէի որ Եհովային հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւն ունէի։ Բայց իրականութեան մէջ չունէի։ Կը զղջամ որ առիթ տուի որ հպարտութիւնս աչքս կուրցնէ, եւ ձգէ որ աւելի կարեւոր բաներուն վրայ կեդրոնանալու տեղ՝ ուրիշներուն սխալներուն վրայ կեդրոնանամ» (Ա. Կոր. 10։12

13. Ծառայութեան շնորհիւ ի՞նչ յատկութիւններ կրնանք ունենալ, եւ ասոր օգուտները ի՞նչ են։

13 Քարոզչութիւնն ալ կրնայ լաւ կերպով ձեւաւորել մեզ։ Բարի լուրը ուրիշներուն քարոզելը մեզի կ’օգնէ, որ մեր մէջ զարգացնենք խոնարհութիւն եւ Աստուծոյ հոգիին պտուղը (Գաղ. 5։22, 23)։ Մտածէ թէ ծառայութեան ելլելով ի՛նչ լաւ յատկութիւններ ունեցած ես։ Ասկէ զատ, Քրիստոսը ընդօրինակելով կը զարդարենք մեր տուած պատգամը, եւ այսպիսով ոմանք թերեւս մեզի հանդէպ իրենց կեցուածքը փոխեն։ Օրինակ՝ Աւստրալիոյ մէջ երկու Վկաներ յարգանքով մտիկ ըրին տանտիրուհիի մը, հակառակ որ անիկա բնա՛ւ ազնուութեամբ չէր խօսեր իրենց հետ։ Բայց ետքը, ան զղջաց իր ըրածին համար եւ մասնաճիւղին նամակ գրեց։ Ան ըսաւ. «Կ’ուզեմ այդ երկու համբերող եւ խոնարհ անհատներուն ներողութիւն ըսել, քանի որ իրենց հետ հպարտութեամբ եւ ինքզինքս տեսնելով խօսեցայ։ Իմ կողմէս անմտութիւն էր որ այդ կերպով վռնտէի անհատներ, որոնք Աստուծոյ Խօսքը կը քարոզէին»։ Տանտիրուհին ասիկա կը գրէ՞ր, եթէ ջղայնութեան հոտը առնէր հրատարակիչներուն վրայէն։ Հաւանաբար ո՛չ։ Իսկապէս ալ մեր ծառայութիւնը որքա՜ն օգտակար է թէ՛ մեզի եւ թէ ուրիշներուն։

ԶԱՒԱԿՆԵՐԴ ՁԵՒԱՒՈՐԵԼՈՒ ԱՏԵՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՆԱԶԱՆԴ ԵՂԻՐ

14. Ծնողները ի՞նչ պէտք է ընեն, եթէ կ’ուզեն լաւ կերպով ձեւաւորել իրենց պզտիկները։

14 Պզտիկներուն մեծամասնութիւնը հեզ կ’ըլլայ եւ կը սիրէ սորվիլ (Մատ. 18։1-4)։ Ասոր համար, իմաստուն ծնողները ճշմարտութիւնը կը ցանեն իրենց պզտիկներուն մտքին եւ սրտին մէջ, եւ անոնց կ’օգնեն որ զայն սիրեն (Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Անշուշտ ասիկա յաջողապէս ընելու համար ծնողները նա՛խ պէտք է իրենց սրտին մէջ ցանեն ճշմարտութիւնը, եւ զայն կիրարկեն իրենց կեանքին մէջ։ Երբ անոնք ասիկա ընեն, ճշմարտութիւնը զաւակներուն մէկ ականջէն մտնելով միւսէն պիտի չելլէ։ Ասկէ զատ, զաւակները պիտի հասկնան թէ ծնողքը զիրենք կը կրթէ, քանի որ զիրենք կը սիրէ ինչպէս որ Եհովան կը սիրէ։

15, 16. Եթէ ծնողքի մը զաւակը վտարուի, անոնք ինչպէ՞ս պէտք է փաստեն որ Աստուծոյ կը վստահին։

15 Նոյնիսկ երբ ծնողներ ճշմարտութիւնը սորվեցնեն իրենց պզտիկներուն, անոնցմէ ոմանք ճշմարտութիւնը կը ձգեն կամ կը վտարուին, եւ ընտանիքին սիրտը կտոր–կտոր կ’ըլլայ։ Հարաւային Ափրիկէի մէջ քոյր մը ըսաւ. «Երբ եղբայրս վտարուեցաւ, զգացի թէ մեռաւ։ Սիրտս արիւն լացաւ»։ Քոյրը եւ իր ծնողքը ի՞նչ ըրին։ Անոնք Սուրբ Գիրքին ուղղութեան հետեւեցան (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 5։11, 13)։ Ծնողքը ըսաւ. «Մտքերնիս դրինք որ Սուրբ Գիրքին ըսածը ընենք, գիտնալով որ Աստուծոյ ըսածը ընելը պիտի հասցնէր լաւագոյն արդիւնքին։ Վտարելը նկատեցինք Աստուծոյ կրթութիւնը, եւ համոզուած էինք որ ան սէրէ մղուած կը կրթէ եւ չափը չ’անցըներ։ Ասոր համար մեր տղուն հետ կապ չպահեցինք, բացի երբ ընտանեկան շատ կարեւոր հարց մը ըլլար»։

16 Տղան ինչպէ՞ս զգաց։ Ան յետագային ըսաւ. «Գիտէի որ ընտանիքս զիս չէր ատեր. անոնք Եհովային եւ իր կազմակերպութեան կը հնազանդէին»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Երբ ստիպուիս Եհովային աղաչել որ քեզի օգնէ եւ ներէ, կ’անդրադառնաս որ իրեն շա՜տ պէտք ունիս»։ Երեւակայէ այս ընտանիքին ուրախութիւնը, երբ տղան վերահաստատուեցաւ։ Իրապէս, երբ մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ Աստուծոյ հնազանդինք, ուրախ պիտի ըլլանք եւ յաջողինք (Առ. 3։5, 6. 28։26

17. Ինչո՞ւ պէտք է մի՛շտ Եհովային հնազանդինք, եւ ասիկա ինչպէ՞ս օգտակար պիտի ըլլայ մեզի։

17 Եսայի մարգարէն ըսաւ թէ ժամանակ պիտի գար, երբ Բաբելոնի մէջ եղող զղջացող հրեաները պիտի ըսէին. «Ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։ Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։ Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք»։ Անոնք նաեւ պիտի աղաչէին. «Մեր անօրէնութիւնը յաւիտեան մի՛ յիշեր։ Ահա նայէ՛, կ’աղաչենք, ամէնքս քու ժողովուրդդ ենք» (Եսա. 64։8, 9)։ Երբ խոնարհ ըլլանք եւ միշտ Եհովային հնազանդինք, իր աչքին շատ թանկագին պիտի ըլլանք, ինչպէս որ Դանիէլ էր։ Ասկէ աւելի, ան պիտի շարունակէ մեզ ձեւաւորել իր Խօսքին, սուրբ հոգիին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ, որպէսզի ապագային «Աստուծոյ [կատարեալ] որդիներ» ըլլանք (Հռով. 8։21