Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է»

«Մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է»

«Ո՛վ Իսրայէլ, մտի՛կ ըրէ. մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է» (Բ. ՕՐ. 6։4, ՆԱ

ԵՐԳԵՐ. 138, 112

1, 2. ա) Բ. Օրինաց 6։4–ի բառերը ինչո՞ւ հռչակաւոր են։ բ) Մովսէս ինչո՞ւ ըսաւ այդ խօսքերը։

ԴԱՐԵՐԷ ի վեր, հրեայ ժողովուրդը Բ. Օրինաց 6։4–ի եբրայերէն վեց բառերը կը գործածէ որպէս յատուկ աղօթքի մը մէկ մասը։ Անոնք ամէն օր, առաւօտուն եւ իրիկունը կ’ըսեն այդ աղօթքը, որ համարին առաջին բառով կոչուած է Շէմա։ Շատ մը հրեաներ այս աղօթքով կը ցուցնեն, թէ բացարձակապէս Աստուծոյ նուիրուած են։

2 Այդ բառերը Մովսէսի վերջին խօսքերէն էին, որ իսրայէլ ազգին ըսաւ։ Ք.Ա. 1473–ին, ազգը Մովաբի երկիրն էր եւ պատրաստ էր, որ Յորդանան գետը կտրելով գրաւէր Աւետեաց երկիրը (Բ. Օր. 6։1)։ Մովսէս 40 տարի առաջնորդած էր ժողովուրդը եւ կ’ուզէր որ անոնք քաջ ըլլային գալիք դժուարութիւններուն դիմաց։ Անոնք պէտք էր որ Եհովային՝ իրենց Աստուծոյն, վստահէին եւ հաւատարիմ ըլլային։ Յստակ է որ Մովսէսի խօսքերը շատ պիտի ազդէին ժողովուրդին վրայ։ Տասը պատուիրանները եւ Եհովային կողմէ ուրիշ կանոններ նշելէ ետք, Մովսէս Բ. Օրինաց 6։4, 5–ի զօրաւոր խօսքերը ըսաւ (կարդա՛

3. Այս յօդուածին մէջ ո՞ր հարցումներուն պատասխանները պիտի առնենք։

3 Իսրայէլացիները չէի՞ն գիտեր, թէ իրենց Աստուածը՝ Եհովան «մէկ Եհովա» է։ Անշո՛ւշտ գիտէին։ Հաւատարիմ իսրայէլացիները միայն մէկ Աստուած գիտէին եւ կը պաշտէին,– իրենց նախահայրերուն՝ Աբրահամին, Իսահակին եւ Յակոբին Աստուածը։ Լաւ, Մովսէս ինչո՞ւ յիշեցուց որ իրենց Աստուածը՝ Եհովան «մէկ Եհովա» է։ Ի՞նչ է կապը այս խօսքին եւ 5–րդ համարի խօսքին միջեւ, թէ մեր ամբողջ սրտով, հոգիով եւ զօրութիւնով Աստուած սիրենք։ Իսկ ներկայիս Բ. Օրինաց 6։4, 5–ի խօսքերը մեզի համար ի՞նչ իմաստ ունին։

ՄԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԸ «ՄԷԿ ԵՀՈՎԱ» Է

4, 5. ա) «Մէկ Եհովա» արտայայտութեան իմաստներէն մէկը ի՞նչ է։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս տարբեր է ազգերուն աստուածներէն։

4 Յատուկ։ Եբրայերէն լեզուով եւ շատ մը ուրիշ լեզուներով՝ «մէկ» բառը պարզ թիւէ մը շատ աւելի բան կրնայ նշանակել։ Ատիկա կրնայ նշանակել «յատուկ ըլլալ»՝ «միակը»։ Այնպէս չ’երեւիր թէ հոս Մովսէս կը փորձէր փաստել թէ երրորդութեան մը հաւատալը սխալ է։ Եհովան է երկինքն ու երկիրը Ստեղծողը եւ տիեզերքին Գերիշխանը։ Իրմէ զատ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած չկայ, եւ ո՛չ մէկ աստուած իրեն պէս է (Բ. Թագ. 7։22)։ Ուրեմն, Մովսէս իսրայէլացիներուն կը յիշեցնէր, որ միայն Եհովան պէտք է պաշտեն։ Անոնք պիտի չհետեւէին իրենց շուրջը եղող ժողովուրդներուն, որոնք զանազան չաստուածներ ու չաստուածուհիներ ունէին, եւ կը հաւատային որ անոնցմէ ոմանք կրնային բնութեան որոշ մասերը ղեկավարել։

5 Օրինակ՝ եգիպտացիները կը պաշտէին արեւի աստուածը՝ Ռա, երկնքի աստուածուհին՝ Նութ, երկրի աստուածը՝ Կեպ, Նեղոսի աստուածը՝ Հափի եւ ուրիշ բազմաթիւ սուրբ անասուններ։ Երբ Եհովան Տասը պատուհասները բերաւ, ցուցուց թէ այս չաստուածներէն շատ աւելի բարձր էր։ Քանանացիներուն գլխաւոր չաստուածը Բահաղն էր։ Անոնք կը հաւատային որ ինքն էր որ կեանք կու տար, եւ երկնքի, անձրեւի ու փոթորիկի աստուածն էր։ Շատ մը շրջաններու մէջ, տեղական պաշտպան չաստուածը Բահաղն էր, ինչպէս՝ Փեգովրի Բահաղը (Թուոց 25։3, ԱԾ)։ Իսրայէլացիները պէտք էր որ յիշէին, թէ իրենց Աստուածը՝ ճշմարիտ Աստուածը, «մէկ Եհովա» էր (Բ. Օր. 4։35, 39

6, 7. «Մէկ» բառը ուրիշ ի՞նչ իմաստ ունի, եւ Եհովան ինչպէ՞ս փաստեց որ «մէկ» է։

6 Չի փոխուիր եւ հաւատարիմ է։ «Մէկ» բառը նաեւ կը նշանակէ միութիւն եւ կու տայ այն գաղափարը, թէ անձին նպատակը եւ ըրածները մէկ են։ Եհովա Աստուած երկմիտ չէ, ոչ ալ փոփոխամիտ է։ Ընդհակառակը՝ ան միշտ հաստատ, հաւատարիմ ու ճշմարիտ է։ Ան Աբրահամին խոստացաւ որ իր սերունդը պիտի ապրէր Աւետեաց երկրին մէջ, եւ որպէսզի այս խոստումին տէրը ելլէ՝ մեծ հրաշքներ ըրաւ։ Հակառակ որ խոստումին վրայ 430 տարի անցաւ, բայց Եհովային նպատակը չփոխուեցաւ (Ծն. 12։1, 2, 7. Ել. 12։40, 41

7 Դարեր ետք, Եհովան իսրայէլացիները իր վկաները կոչեց, եւ անոնց ըսաւ. «Ես եմ. ինձմէ առաջ Աստուած չեղաւ ու ինձմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ»։ Եհովան նաեւ յստակացուց թէ իր նպատակը չի փոխուիր, երբ աւելցուց. «Ես նոյնն եմ» (Եսա. 43։10, 13. 44։6. 48։12)։ Իսրայէլացիներուն համար ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մըն էր, որ ծառայէին Աստուծոյ մը, որ չի փոխուիր եւ միշտ հաւատարիմ է։ Մենք ալ այսօր նոյն առանձնաշնորհումը ունինք (Մաղ. 3։6. Յակ. 1։17

8, 9. ա) Եհովան իր երկրպագուներէն ի՞նչ կը պահանջէ։ բ) Յիսուս ինչպէ՞ս շեշտեց Մովսէսի խօսքերուն իմաստը։

8 Այո, Մովսէս ժողովուրդին յիշեցուց, որ Եհովան միշտ զիրենք պիտի սիրէր եւ հոգար։ Ասոր դիմաց Եհովան իրենցմէ կ’ակնկալէր, որ բացարձակապէս իրեն նուիրուած ըլլային եւ ամբողջ սրտով, հոգիով ու զօրութիւնով զինք սիրէին։ Ծնողները պէտք էր որ ամէն առիթով Եհովային մասին սորվեցնէին իրենց պզտիկներուն, որպէսզի անոնք ալ միա՛յն Եհովան պաշտէին (Բ. Օր. 6։6-9

9 Եհովան բնա՛ւ չի փոխեր իր նպատակը, եւ ասոր համար ներկայիս նոյն գլխաւոր բաները կը պահանջէ իր երկրպագուներէն։ Եթէ կ’ուզենք որ ան մեր պաշտամունքը ընդունի, պէտք է բացարձակապէս իրեն նուիրուած ըլլանք եւ մեր ամբողջ սրտով, հոգիով ու զօրութիւնով զինք սիրենք։ Յիսուս ճիշդ ասիկա ըսաւ մէկու մը (կարդա՛ Մարկոս 12։28-31)։ Լաւ, տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք գործերով ցուցնել, թէ կը հաւատանք որ «մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է»։

ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՂԻՐ

10, 11. ա) Ի՞նչ իմաստով բացարձակապէս Եհովան կը պաշտենք։ բ) Բաբելոնի մէջ եբրայեցի երիտասարդներ ինչպէ՞ս փաստեցին որ բացարձակապէս Եհովային նուիրուած էին։

10 Եհովան մեր միակ Աստուածն է։ Ասոր համար, պէտք է բացարձակապէս իրեն նուիրուած ըլլանք։ Չենք կրնար ուրիշ որեւէ աստուած պաշտել, ոչ ալ կրնանք սուտ գաղափարներ կամ սովորութիւններ մտցնել մեր պաշտամունքին մէջ։ Պէտք է մտքերնիս պահենք, որ միայն Եհովան պէտք է պաշտուի, եւ պէտք չէ սեպենք որ իրմէ զատ ուրիշ աստուածներ կան եւ թէ ինք անոնցմէ մէկն է եւ պարզապէս անոնց մէջ ամէնէն բարձրը կամ զօրաւորն է (կարդա՛ Յայտնութիւն 4։10բ

11 Դանիէլ գիրքին մէջ կը կարդանք եբրայեցի չորս երիտասարդներու մասին՝ Դանիէլ, Անանիա, Միսայէլ եւ Ազարիա։ Անոնք փաստեցին թէ բացարձակապէս Եհովային նուիրուած էին, երբ անմաքուր կերակուրներ չկերան։ Եւ Դանիէլի երեք ընկերները Նաբուգոդոնոսոր թագաւորի ոսկի արձանին երկրպագութիւն չըրին։ Իրենց համար Եհովան կը գրաւէր իրենց կեանքին առաջին տեղը եւ իրեն լման հաւատարիմ էին (Դան. 1։1–3։30

12. Ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք, որպէսզի Եհովան մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը գրաւէ։

12 Եհովային պէտք է բացարձակապէս նուիրուած ըլլանք։ Ասոր համար, պէտք է ուշադիր ըլլանք որ իր տեղը բան մը չգրաւէ։ Ինչպիսի՞ բաներ օրինակ։ Եհովան Տասը պատուիրաններուն մէջ յստակացուց որ իր ժողովուրդը պէտք չէ իրմէ զատ ուրիշ աստուածներ ունենայ եւ որեւէ կուռք պաշտէ (Բ. Օր. 5։6-10)։ Ներկայիս կռապաշտութիւնը տեսակ–տեսակ է, եւ թերեւս դժուար է որ ատոնցմէ ոմանք գիտցուին թէ կռապաշտութիւն են։ Բայց Եհովային պահանջները դեռ նոյնն են,– ան տակաւին «մէկ Եհովա» է։ Տեսնենք թէ ասիկա ի՛նչ պէտք է նշանակէ մեզի համար։

13. Կրնայ ըլլալ որ ի՞նչ բաներ սկսինք Եհովայէն աւելի սիրել։

13 Կողոսացիս 3։5–ի մէջ (կարդա՛), գրուած է բաներու մասին, որոնք կրնան Եհովային հետ մեր ունեցած բացարձակ բարեկամութիւնը քանդել։ Կը տեսնենք որ ագահութիւնը կապ ունի կռապաշտութեան հետ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մէկը ինչ բանի որ ցանկայ, ինչպէս՝ հարստութիւն կամ ճոխութիւն, ատիկա իրեն համար կրնայ այնքա՜ն կարեւոր դառնալ, որ կը սկսի իր վրայ իշխել եւ իրեն համար աստուած մը ըլլալ։ Բայց երբ լման համարին նայինք, դիւրաւ պիտի տեսնենք թէ միւս մեղքերը ձեւով մը կապ ունին ագահութեան հետ, եւ այսպէս՝ կռապաշտութեան հետ։ Եթէ այդպիսի բաներու շատ ցանկանք, կրնանք սկսիլ Աստուծմէ աւելի զանոնք սիրել։ Այս պարագային, Եհովան այլեւս մեզի համար «մէկ Եհովա» չ’ըլլար։ Բնա՛ւ չենք ուզեր որ այս մէկը պատահի մեզի։

14. Յովհաննէս առաքեալ ի՞նչ բանէ զգուշացուց։

14 Յովհաննէս առաքեալ այս կէտին նման բան մը ըսաւ, երբ զգուշացուց որ եթէ մէկը կը սիրէ ի՛նչ որ աշխարհին մէջ է, այսինքն՝ «մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը», ուրեմն իր մէջ «Հօրը սէրը չկայ» (Ա. Յովհ. 2։15, 16)։ Ասոր համար, պէտք է միշտ մեր սիրտը քննենք, որպէսզի տեսնենք թէ արդեօք աշխարհային ժամանցը, ընկերակցութիւնները, հագուելաձեւի եւ արդուզարդի ոճերը մեզ մագնիսի պէս կը քաշե՞ն։ Կամ, թերեւս «մեծ բաներ» կը փնտռենք, օրինակ՝ բարձրագոյն ուսումի միջոցաւ (Եր. 45։4, 5)։ Շատ կարեւոր է որ Մովսէսի ազդու խօսքերը մտքերնիս պահենք, քանի որ նոր աշխարհը շատ մօտ է։ Եթէ յստակօրէն կը հասկնանք եւ իսկապէս կը հաւատանք որ «մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է», մեր ամէն կարելին պիտի ընենք որ բացարձակապէս իրեն նուիրուած ըլլանք եւ իր ուզած կերպով իրեն ծառայենք (Եբ. 12։28, 29

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԷ

15. Պօղոս ինչո՞ւ քրիստոնեաներուն յիշեցուց, որ Աստուած «մէկ Եհովա» է։

15 «Մէկ Եհովա» արտայայտութիւնը մեզի կ’օգնէ որ հասկնանք, թէ Եհովան կ’ուզէ որ իր ծառաները միացած ըլլան եւ կեանքի մէջ նոյն նպատակը ունենան։ Առաջին դարու ժողովքին մէջ կային հրեաներ, յոյներ, հռոմայեցիներ եւ ուրիշ ազգերէ մարդիկ։ Անոնք տարբեր–տարբեր կրօնքներէ եկած էին, զանազան սովորութիւններ եւ նախընտրութիւններ ունէին։ Ասոր համար, ոմանց համար դժուար էր պաշտամունքի նոր ձեւը ընդունիլ կամ առաջուան սովորութիւնները ձգել։ Ուստի, Պօղոս առաքեալ յարմար տեսաւ որ իրենց յիշեցնէ, թէ քրիստոնեաները մէ՛կ Աստուած ունին՝ Եհովան (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 8։5, 6

16, 17. ա) Մեր օրերուն ի՞նչ մարգարէութիւն կը կատարուի, եւ արդիւնքը ի՞նչ է։ բ) Ի՞նչ բան կրնայ մեր միութեան վնասել։

16 Ներկայիս քրիստոնէական ժողովքին պարագան ի՞նչ է։ Եսայի մարգարէն ըսաւ որ «վերջին օրերը», բոլոր ազգերէն մարդիկ մէկտեղ պիտի գային Եհովան պաշտելու։ Անոնք պիտի ըսէին. «Մեզի իր ճամբաները [պիտի] սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ [պիտի] քալենք» (Եսա. 2։2, 3)։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ ներկայիս այս մարգարէութիւնը մեր աչքերուն առջեւ կը կատարուի։ Այս պատճառով, շատ մը ժողովքներու մէջ կան տարբեր–տարբեր տեղերէ, լեզուներէ եւ մշակոյթներէ եկող անհատներ, որոնք միութեամբ Եհովան կը պաշտեն։ Բայց ատեններ այս տարբերութիւնը կրնայ դժուարութիւններ պատճառել։

Ժողովքին միութիւնը կը պահպանե՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 16-19)

17 Օրինակ՝ ի՞նչ կը զգաս քեզմէ շատ տարբեր մշակոյթ ունեցող եղբայրներու եւ քոյրերու հանդէպ։ Թերեւս անոնց լեզուն, հագուելաձեւը, բնաւորութիւնները եւ ուտելիքները քեզի համար նորութիւն են։ Այս անհատները կ’անտեսե՞ս եւ ժամանակդ կ’անցընե՞ս միայն անոնց հետ որ քեզի պէս են։ Ի՞նչ կը զգաս շրջանիդ երէցներուն հանդէպ, որոնք քեզմէ պզտիկ են կամ տարբեր ազգերէ ու մշակոյթներէ են։ Թոյլ կու տա՞ս որ այսպիսի բաներ վրադ ազդեն եւ ժողովքին միութեան վնասեն։

18, 19. ա) Եփեսացիս 4։1-3–ի մէջ ի՞նչ խրատ տրուած է։ բ) Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի ժողովքը միացած մնայ։

18 Ինչպէ՞ս կրնանք այդ դժուարութիւններէն հեռու մնալ։ Նկատի առ թէ Պօղոս ի՛նչ գործնական խրատ տուաւ Եփեսոսի քրիստոնեաներուն,– Եփեսոսը որ հարուստ քաղաք մըն էր, ուր տեսակ–տեսակ մարդիկ կային (կարդա՛ Եփեսացիս 4։1-3)։ Պօղոս նախ նշեց յատկութիւններ, ինչպէս՝ խոնարհութիւն, հեզութիւն, երկայնմտութիւն եւ սէր։ Ասոնք կը նմանին տունի մը սիւներուն, որոնք հաստատ կը պահեն զայն։ Բայց ասոնք չեն բաւեր. նաեւ պէտք է կանոնաւորաբար շատ ջանք թափուի տան նորոգութեան համար։ Պօղոս կ’ուզէր որ եփեսացի քրիստոնեաները շատ ջանք թափեն, որ «սուրբ հոգիին միաբանութիւնը» պահեն։

19 Ամէն մէկս պէտք է իր լաւագոյնը ընէ, որպէսզի ժողովքը միացած մնայ։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։ Նախ՝ աշխատէ որ ունենաս եւ ցուցնես Պօղոսի ըսած յատկութիւնները՝ խոնարհութիւն, հեզութիւն, երկայնմտութիւն եւ սէր։ Ետքը, շատ ջանք թափէ որ «խաղաղութեան կապով» պահպանես միութիւնը։ Երբ անհատներ զիրար սխալ հասկնան, ասիկա կը նմանի պատին վրայի ճեղքերուն։ Ասոր համար պէտք է շատ ջանք թափենք, որ այսպիսի հարցեր լուծենք, որպէսզի մեր ունեցած արժէքաւոր խաղաղութիւնն ու միութիւնը պահպանենք։

20. Ինչպէ՞ս կրնանք փաստել, որ հասկցած ենք թէ «մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է»։

20 «Մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է»։ Ի՜նչ զօրաւոր խօսք մը։ Այս յիշեցումը իսրայէլացիները զօրացուց որ իրենց առջեւ եղած դժուարութիւններուն դիմանային, մինչ կը գրաւէին Աւետեաց երկիրը։ Այդ խօսքը մեզ ալ կրնայ զօրացնել, որ կարենանք մեր առջեւ եղող մեծ նեղութեան դիմանալ եւ ապագայ Դրախտին մէջ խաղաղութիւնն ու միութիւնը պահպանել։ Շարունակենք բացարձակապէս Եհովային նուիրուած մնալ։ Նաեւ պէտք է մեր ամբողջ հոգիով Եհովան սիրենք ու իրեն ծառայենք, եւ շատ ջանք թափենք որ եղբայրներուն հետ խաղաղութիւնն ու միութիւնը պահպանենք։ Եթէ շարունակենք ասոնք ընել, Յիսուս մեզ պիտի դատէ որպէս ոչխարներ եւ իր հետեւեալ խօսքին իրականանալը պիտի տեսնենք. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք» (Մատ. 25։34