Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրիշներուն սխալներէն մի՛ գայթակղիր

Ուրիշներուն սխալներէն մի՛ գայթակղիր

‘Իրարու ներեցէք’ (ԿՈՂ. 3։13

ԵՐԳԵՐ. 121, 75

1, 2. Սուրբ Գիրքին մէջ ինչպէ՞ս մարգարէացուած էր, թէ Եհովայի ժողովուրդին թիւը պիտի շատնար։

ԱՇԽԱՐՀԻՆ մէջ կայ կազմակերպութիւն մը որ կազմուած է անհատներէ, որոնք Եհովան կը սիրեն եւ կ’ուզեն իրեն ծառայել։ Անոնք Եհովայի վկաներն են։ Թէեւ անոնք անկատար են եւ սխալներ կ’ընեն, բայց Եհովան իր սուրբ հոգիին միջոցաւ կ’առաջնորդէ զիրենք։ Լաւ, տեսնենք թէ Եհովան ի՛նչ կարգ մը կերպերով օրհնած է իր ծառաները։

2 1914–ին, Եհովայի ծառաները թիւով քիչ էին, բայց ան շարունակեց օրհնել իրենց քարոզչութիւնը։ Յաջորդ տարիներուն ընթացքին, միլիոնաւորներ սորվեցան Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնները եւ Եհովայի վկայ եղան։ Եհովան մարգարէացած էր թէ իր ծառաները պիտի շատնային, ըսելով. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա» (Եսա. 60։22)։ Այսօր յստակօրէն կը տեսնենք, թէ այս մարգարէութիւնը կատարուած է։ Ներկայիս, բազմաթիւ երկիրներ կան, որոնց ամէն մէկուն բնակչութիւնը աւելի քիչ է, քան՝ Աստուծոյ ժողովուրդին թիւը։

3. Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս սէր ցուցուցած են։

3 Այս վերջին օրերուն ընթացքին, Եհովան նաեւ իր ժողովուրդին օգնած է, որ իրարու հանդէպ իրենց սէրը զօրացնեն (Ա. Յովհ. 4։8)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք. . . Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։34, 35)։ Վերջերս, Եհովայի ծառաները այս սէրը ցուցուցած են, նոյնիսկ երբ երկիրներ իրարու հետ պատերազմած են։ Օրինակ՝ միայն Համաշխարհային Բ. պատերազմին, շուրջ 55 միլիոն անհատներ սպաննուեցան, բայց Եհովայի վկաները մարդ մը չմեռցուցին (կարդա՛ Միքիա 4։1, 3)։ Ասիկա իրենց օգնած է որ ‘անպարտ ըլլան ամենուն արիւնէն’ (Գործք 20։26

4. Եհովայի ժողովուրդին թիւին շատնալը ինչո՞ւ աչքառու է։

4 Աստուծոյ ժողովուրդը կը շարունակէ թիւով շատնալ այս գէշ աշխարհին մէջ, որ «այս աշխարհի աստուծոյն»՝ Սատանային իշխանութեան տակ է (Բ. Կոր. 4։4)։ Սատանան կ’ազդէ քաղաքական կազմակերպութիւններուն ու լրատուամիջոցներուն, եւ ասոնք կը գործածէ որպէսզի բարի լուրի քարոզչութիւնը կեցնէ, բայց յաջողութիւն չի գտներ։ Իսկ գիտնալով որ շատ քիչ ժամանակ ունի, ան զանազան կերպեր կը գործածէ որպէսզի մեզ հեռացնէ ճշմարտութենէն (Յայտ. 12։12

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՊԻՏԻ ՄՆԱ՞Ս

5. Ատեններ ուրիշներ ինչո՞ւ թերեւս մեր զգացումները վիրաւորեն (տե՛ս բացման պատկերը)։

5 Աստուծոյ ծառաները կը սորվին թէ շատ կարեւոր է որ սիրեն Աստուած եւ ուրիշներ։ Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’» (Մատ. 22։35-39)։ Բայց Սուրբ Գիրքին մէջ յստակօրէն կը տեսնենք, թէ բոլորս անկատար կը ծնինք, քանի որ Ադամ մեղք գործեց (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։12, 19)։ Այս պատճառով, թերեւս ատեններ ժողովքին մէջ ոմանք ըսեն կամ ընեն բան մը որ մեզ կը վիրաւորէ։ Այսպիսի պարագաներու յայտնի կ’ըլլայ, թէ Աստուած եւ իր ժողովուրդը կը սիրենք կամ ոչ։ Ուստի ի՞նչ պիտի ընես։ Տեսնենք թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ Աստուծոյ կարգ մը հաւատարիմ ծառաներուն մասին, որոնք ուրիշները վիրաւորեցին իրենց խօսքերով կամ գործերով։

Եթէ Հեղիի եւ իր որդիներուն օրերուն ապրած ըլլայիր, ի՞նչ կ’ընէիր (տե՛ս պարբերութիւն 6)

6. Հեղին ի՞նչ իմաստով չկրցաւ իր որդիները կրթել։

6 Օրինակ՝ Հեղի քահանայապետը երկու որդի ունէր, որոնք Եհովային օրէնքներուն չէին հնազանդեր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Հեղիին որդիները չար մարդիկ ըլլալով՝ Տէրը չէին ճանչնար» (Ա. Թագ. 2։12)։ Անոնք շատ լուրջ մեղքեր գործեցին, բայց Հեղին աչք գոցեց փոխանակ զանոնք կրթելու։ Ժամանակ մը ետք, Աստուած պատժեց Հեղին եւ իր որդիները, եւ ետքը անոր սերունդը արգիլեց որ քահանայապետ ըլլան (Ա. Թագ. 3։10-14)։ Եթէ Հեղիի օրերուն ապրած ըլլայիր, կը գայթակղէի՞ր երբ նկատէիր թէ ան չտեսնելու կը զարնէր իր որդիներուն մեղքերը։ Հաւատքդ կը տկարանա՞ր այն աստիճան որ այլեւս չուզէիր Եհովային ծառայել։

7. Դաւիթ ի՞նչ լուրջ մեղքեր գործեց, եւ Աստուած ի՞նչ ըրաւ։

7 Դաւիթ շատ աղուոր յատկութիւններ ունէր, եւ ասոր համար Եհովան զինք շատ կը սիրէր (Ա. Թագ. 13։13, 14. Գործք 13։22)։ Բայց ետքը, մինչ Ուրիան կը պատերազմէր, Դաւիթ սեռային անբարոյութիւն գործեց անոր կնոջ՝ Բերսաբէէի հետ, եւ ան յղացաւ։ Դաւիթ հրամայեց որ Ուրիան իրեն գայ եւ փորձեց զինք համոզել որ տուն երթայ, յուսալով որ կնոջ հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ եւ այսպիսով կարծուի թէ մանուկին հայրը Ուրիան է։ Բայց Ուրիան չուզեց տուն երթալ. ուստի Դաւիթ կարգադրեց որ ան պատերազմին մէջ մեռնի։ Այս մեղքերը սուղի պայթեցան Դաւիթին եւ իր ընտանիքին գլուխը ցաւի գնաց (Բ. Թագ. 12։9-12)։ Սակայն Եհովան ողորմեցաւ եւ ներեց, գիտնալով որ Դաւիթ ընդհանրապէս հաւատարիմ էր (Գ. Թագ. 9։4)։ Եթէ Դաւիթի ժամանակ ապրած ըլլայիր, անոր ըրածներուն նկատմամբ ի՞նչ պիտի զգայիր։ Այլեւս Եհովային չէի՞ր ծառայեր։

8. ա) Պետրոս ինչպէ՞ս իր խօսքին տէրը չելաւ։ բ) Եհովան ինչո՞ւ շարունակեց Պետրոսը գործածել, հակառակ որ ան սխալներ ըրաւ։

8 Ուրիշ օրինակ մը առնենք՝ Պետրոսը։ Յիսուս զինք զատած էր որ առաքեալ ըլլայ, բայց ատեններ Պետրոս ըսաւ կամ ըրաւ բաներ, որոնց համար ետքը զղջաց։ Օրինակ՝ ան ըսաւ որ բնա՛ւ երեսի վրայ պիտի չձգէ Յիսուսը, նոյնիսկ եթէ բոլորը ձգէին (Մար. 14։27-31, 50)։ Բայց երբ Յիսուս ձերբակալուեցաւ, բոլոր առաքեալները,– մէջը ըլլալով Պետրոս,– առանձին ձգեցին Յիսուսը։ Պետրոս նոյնիսկ երեք անգամ ըսաւ որ Յիսուսը չէր ճանչնար (Մար. 14։53, 54, 66-72)։ Սակայն ան շատ գէշ զգաց եւ Եհովան իրեն ներեց ու շարունակեց գործածել։ Եթէ այդ ժամանակ աշակերտ մը ըլլայիր եւ գիտնայիր Պետրոսին ըրածները, պիտի շարունակէի՞ր Եհովային վստահիլ։

9. Ինչո՞ւ վստահ ես որ Աստուած միշտ արդար է։

9 Այս օրինակներէն կը տեսնենք թէ եղած են ժամանակներ, երբ Եհովայի կարգ մը ծառաները ուրիշները վիրաւորած են։ Եթէ նոյն բանը այսօր պատահի, ի՞նչ պիտի ընես։ Այլեւս ժողովի պիտի չերթա՞ս եւ լիովին պիտի ձգե՞ս Եհովան ու իր ժողովուրդը. թէ ոչ պիտի հասկնաս որ Եհովան ողորմած է, եւ թերեւս ժամանակ կու տայ սխալող անհատին որ զղջայ։ Բայց երբեմն լուրջ մեղք գործող անհատը կը մերժէ Եհովային ողորմութիւնը եւ չի զղջար։ Այսպիսի պարագաներու մէջ համոզուած պիտի ըլլա՞ս, որ Եհովան յարմար ժամանակին արդարութեամբ պիտի դատէ մեղանչողը, եւ թերեւս նոյնիսկ ժողովքէն վերցնէ զինք։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱ՛

10. Յուդային եւ Պետրոսին ըրած սխալներուն մասին ի՞նչ բան յստակ էր Յիսուսին համար։

10 Սուրբ Գիրքին մէջ կը կարդանք շատերու մասին, որոնք Եհովային եւ իր ժողովուրդին հաւատարիմ մնացին, հակառակ որ իրենց շուրջի մարդիկը սխալներ ըրին։ Ասոր մէջ Յիսուս լաւագոյն օրինակն է։ Ան լման գիշեր մը աղօթք ընելէ ետք, 12 առաքեալները ընտրեց։ Բայց յետագային անոնցմէ մէկը՝ Իսկարիովտացի Յուդան, զինք մատնեց, իսկ Պետրոս առաքեալն ալ զինք ուրացաւ։ Սակայն Յիսուս չձգեց որ այս բաները աւրեն իր փոխյարաբերութիւնը իր Հօր հետ (Ղուկ. 6։12-16. 22։2-6, 31, 32)։ Ան գիտէր որ ատոնք Եհովային կամ իր ժողովուրդին յանցանքը չէին։ Թէեւ ան յուսախաբ եղաւ իր կարգ մը հետեւորդներէն, բայց շարունակեց հաւատարմօրէն ծառայել Եհովային։ Ասոր համար, Եհովան զինք վարձատրեց, իրեն յարութիւն տալով եւ յետագային երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը ընելով (Մատ. 28։7, 18-20

11. Սուրբ Գիրքը Եհովայի հիմակուան ծառաներուն մասին ի՞նչ մարգարէութիւն տուած է։

11 Յիսուսի օրինակը մեզի կը սորվեցնէ որ հաւատարիմ ըլլանք Եհովային ու իր ժողովուրդին, եւ ասոր համար շատ լաւ պատճառներ ունինք։ Կը հիանանք երբ կը տեսնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ծառաները կ’առաջնորդէ այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Եհովայի միացած ժողովքէն զատ չկան ուրիշ մարդիկ, որոնք ճշմարտութիւնը կը քարոզեն ամբողջ աշխարհին մէջ։ Եսայի 65։14–ը նշեց, թէ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր վիճակը ի՛նչ պիտի ըլլար. «Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան»։

12. Ուրիշներուն սխալներուն նկատմամբ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք։

12 Իսկապէս ուրախ ենք որ Եհովան մեզ կ’առաջնորդէ եւ կ’օգնէ որ շատ աղուոր բաներ ընենք։ Ասոր հակառակը, Սատանայի աշխարհին մէջ մարդիկ կարծես թէ սուգի մէջ են, քանի որ ամէն ինչ երթալէն աւելի գէշ կ’ըլլայ։ Վստահաբար իմաստութիւն չէ, ոչ ալ արդարութիւն է, որ քանի մը հոգիի սխալներուն համար յանցաւոր հանենք Եհովան կամ իր ժողովուրդը։ Պէտք է Եհովային հաւատարիմ մնանք եւ իր ուղղութեան հետեւինք։ Նաեւ պէտք է գիտնանք ի՛նչ աչքով նայիլ ուրիշներուն սխալներուն եւ ի՛նչ ընել։

Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՆՔ

13, 14. ա) Ինչո՞ւ պէտք է մէկս միւսին համբերենք։ բ) Ո՞ր խոստումը պէտք է յիշենք։

13 Լաւ, ի՞նչ պէտք է ընես երբ եղբայրներէն մէկը ըսէ կամ ընէ բան մը, որ զգացումներդ կը վիրաւորէ։ Սուրբ Գիրքը այս խրատը կու տայ. «Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի» (Ժող. 7։9)։ Բոլորս անկատար ենք եւ սխալներ կ’ընենք։ Ասոր համար, չենք կրնար ակնկալել որ եղբայրները մի՛շտ ճիշդը ըսեն կամ ընեն. ոչ ալ պէտք է իրենց սխալներուն պատճառաւ մեր ուրախութիւնը կորսնցնենք Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Իսկ ասկէ աւելի մեծ սխալ մը կ’ընենք, երբ գայթակղինք եւ Եհովայի կազմակերպութիւնը ձգենք։ Այս պարագային, կը կորսնցնենք Եհովային ծառայելու առանձնաշնորհումը եւ իր նոր աշխարհին մէջ ապրելու յոյսը։

14 Որպէսզի միշտ ուրախ ըլլանք Եհովայի ծառայութեան մէջ, լաւ կ’ըլլայ որ մեր միտքը պահենք իր մխիթարիչ խօսքը. «Ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Եսա. 65։17. Բ. Պետ. 3։13)։ Մի՛ ձգեր որ ուրիշներուն սխալները այսպիսի օրհնութիւններէ զրկեն քեզ։

15. Յիսուս ըսաւ որ ի՞նչ ընենք, երբ ուրիշները սխալին։

15 Անշուշտ, դեռ մենք նոր աշխարհին մէջ չենք։ Ուրեմն, երբ մէկը ըսէ կամ ընէ բան մը, որ մեր զգացումները կը վիրաւորէ, պէտք է նայինք թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք։ Օրինակ՝ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։ Նաեւ յիշէ թէ երբ Պետրոս Յիսուսի հարցուց, թէ «մինչեւ եօ՞թը անգամ» պէտք է ներենք, Յիսուս պատասխանեց. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը»։ Յստակ է թէ Յիսուս ըսել ուզեց, որ պէտք է մի՛շտ յօժար ըլլանք ներելու (Մատ. 6։14, 15. 18։21, 22

16. Յովսէփ ի՞նչ լաւ օրինակ դարձաւ։

16 Յովսէփ լաւ օրինակ է մեզի համար, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք երբ ուրիշներ սխալին։ Յակոբ եւ Ռաքէլ երկու տղայ ունէին եւ Յովսէփ անդրանիկն էր։ Յակոբ ուրիշ տասը տղաներ ալ ունէր, բայց ամէնէն շատ Յովսէփը կը սիրէր։ Ասոր համար, Յովսէփի եղբայրները իրեն կը նախանձէին։ Անոնք զինք որպէս գերի ծախեցին դէպի Եգիպտոս։ Տարինե՜ր ետք, Եգիպտոսի թագաւորը Յովսէփին տուաւ՝ իրմէ ետք ամէնէն կարեւոր դիրքը, քանի որ իր լաւ գործը տեսաւ։ Յետագային երբ սով եղաւ, Յովսէփին եղբայրները Եգիպտոս եկան ուտելիք գնելու։ Անոնք չճանչցան զինք, բայց ան ճանչցաւ իր եղբայրները, եւ կրնար իր դիրքը գործածել որ անոնցմէ վրէժ առնէր։ Ասոր տեղ, ան փորձեց իր եղբայրները, որպէսզի գիտնայ թէ արդեօք փոխուա՛ծ էին։ Երբ ան տեսաւ եղած փոփոխութիւնը, անոնց յայտնեց որ իրենց եղբայրն է։ Ան յետագային ըսաւ. «Հիմա մի՛ վախնաք, ես ձեզ ու ձեր ընտանիքները պիտի կերակրեմ»։ Պատմութիւնը կ’ըսէ. «Այսպէս մխիթարեց զանոնք քաղցրութեամբ խօսելով» (Ծն. 50։21

17. Ի՞նչ պէտք է ընես, երբ ուրիշներ սխալին։

17 Լաւ է որ յիշես թէ քանի որ բոլորս կը սխալինք, կրնայ ըլլալ որ դո՛ւն ալ մէկը նեղացնես։ Եթէ ասիկա պատահի, Սուրբ Գիրքին ըսածը ըրէ։ Գնա՛ եւ փորձէ եղբօրդ հետ հարցը լուծել (կարդա՛ Մատթէոս 5։23, 24)։ Ինչպէս որ կ’ուզենք որ ուրիշը մեր սխալները մեր երեսին չտայ, մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։ Կողոսացիս 3։13–ը մեզի կ’ըսէ. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս [«Եհովան», ՆԱ] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք»։ Եթէ իրապէս կը սիրենք մեր եղբայրները, պէտք չէ ‘վիրաւորանքները հաշուենք’ (Ա. Կոր. 13։5, ՆԱ)։ Եթէ ուրիշներուն ներենք, Եհովան ալ մեզի պիտի ներէ։ Ուրեմն, երբ ուրիշները սխալին, անոնց ողորմինք ճիշդ ինչպէս որ մեր Հայրը՝ Եհովան մեզի կ’ողորմի (կարդա՛ Սաղմոս 103։12-14