Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ադամանդէն աւելի արժէքաւոր յատկութիւն մը

Ադամանդէն աւելի արժէքաւոր յատկութիւն մը

Հինէն ի վեր ադամանդը թանկագին քար կը նկատուի։ Ոմանք միլիոնաւոր տոլար կ’արժեն։ Բայց կրնա՞յ ըլլալ որ կան բաներ, որ Աստուծոյ աչքին աւելի արժէքաւոր են քան՝ ադամանդը կամ ուրիշ թանկագին քարեր։

Հայաստանի մէջ ապրող չմկրտուած հրատարակչուհի մը՝ Հայկանոյշ, իր տան մօտ գտաւ անցագիր մը։ Ատոր մէջ կային քանի մը ելեկտրոնային վճարման քարտեր եւ մեծ գումար մը։ Ան լուր տուաւ իր ամուսինին, որ իրեն պէս չմկրտուած հրատարակիչ մըն էր։

Այս զոյգը դրամական շատ լուրջ խնդիրներ եւ պարտքեր ունէր։ Ասով հանդերձ, անոնք որոշեցին դրամը տանիլ անցագիրին մէջ նշուած հասցէին։ Ատոր տիրոջ եւ իր ընտանիքին բերանը բաց մնաց։ Հայկանոյշ եւ իր ամուսինը բացատրեցին, թէ Սուրբ Գիրքէն սորված են պարկեշտ ըլլալ։ Անոնք այս առիթը գործածեցին որ Եհովայի վկաներուն մասին խօսին եւ ընտանիքին կարգ մը հրատարակութիւններ տան։

Ընտանիքը ուզեց դրամով վարձատրել Հայկանոյշը, բայց ան մերժեց։ Յաջորդ օրը, կինը զոյգին տունը գնաց եւ որպէսզի արտայայտէ իր ընտանիքին գնահատանքը, Հայկանոյշին ներկայացուց ադամանդէ մատանի մը եւ պնդեց որ զայն ընդունի։

Շատեր այդ ընտանիքին նման պիտի զարմանային Հայկանոյշին եւ իր ամուսինին պարկեշտութեան վրայ։ Բայց արդեօք Եհովան կը զարմանա՞յ։ Ան իրենց պարկեշտութիւնը ի՞նչ աչքով կը դիտէ։ Իրենց պարկեշտութիւնը արժե՞ց։

ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԲԱՆԵՐԷ ԱՒԵԼԻ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Այդ հարցումներուն պատասխանները դժուար չեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայի ծառաները համոզուած են, որ իր յատկութիւնները ընդօրինակելը աւելի արժէքաւոր է իր աչքին քան՝ ադամանդը, ոսկին կամ ուրիշ նիւթական բաներ։ Ան մարդոց մեծամասնութենէն տարբեր կարծիք ունի արժէքաւոր եղող եւ արժէքաւոր չեղող բաներու մասին (Եսա. 55։8, 9)։ Իսկ երբ Եհովայի ծառաները ջանք թափեն որ իր յատկութիւնները ընդօրինակեն, ասիկա իրենց աչքին շատ մեծ արժէք ունի։

Այս խօսքին ճիշդ ըլլալը յայտնի է հետեւեալ համարներուն մէջ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ. վասն զի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն։ Անիկա գոհարներէն պատուական է եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ» (Առ. 3։13-15)։ Ուրեմն կասկած չկայ թէ այսպիսի յատկութիւններ Եհովայի աչքին աւելի արժէքաւոր են քան՝ բոլոր նիւթական գանձերը։

Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել պարկեշտութեան մասին։

Եհովան ինքնին պարկեշտ է. ան չի կրնար «սուտ» խօսիլ (Տիտ. 1։2)։ Եւ ան Պօղոս առաքեալը մղեց որ առաջին դարու հրեայ քրիստոնեաներուն գրէ. «Աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որովհետեւ համոզուած ենք թէ ունինք բարի խղճմտանք ու կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ» (Եբ. 13։18, ԱԾ

Յիսուս Քրիստոս պարկեշտութեան լաւ օրինակ ձգեց մեզի։ Օրինակի համար՝ երբ Կայիափա քահանայապետը ըսաւ. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ», ան պարկեշտօրէն ըսաւ որ ինք Մեսիան էր։ Ան ճիշդը ըսաւ, հակառակ որ այս խօսքին ետեւէն Սենետրիոնը կրնար զինք հայհոյիչ սեպել եւ մահապատիժի դատապարտել (Մատ. 26։63-67

Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Պարկեշտ պիտի ըլլա՞նք այն պարագաներուն մէջ, ուր քանի մը բառ պակաս ըսելով կամ բառախաղ ընելով կրնանք նիւթական շահ ընել։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԴԺՈՒԱՐ Է ՊԱՐԿԵՇՏ ԸԼԼԱԼ

Խոստովանինք որ դժուար է պարկեշտ ըլլալ այս օրերուն մէջ, երբ մարդիկ «անձնասէր, արծաթասէր» են (Բ. Տիմ. 3։2)։ Երբ ոմանք դրամական նեղութիւն ունենան կամ չկրնան դիւրին–դիւրին գործ գտնել, կը կարծեն որ պատճառ ունին գողնալու, խաբելու կամ ուրիշ անպարկեշտ բաներ ընելու։ Այս մտածելակերպը այնքա՛ն տարածուած է, որ երբ հարցի մը մէջ դրամական շահ ըլլայ՝ շատերու քով պարկեշտութիւնը տեղ չ’ունենար։ Նոյնիսկ կարգ մը եղբայրներ անյարմար որոշումներ առած են եւ ժողովքին մէջ իրենց ունեցած լաւ անունը աւրած են՝ «անարգ շահախնդրութեան» համար կամ դրամական շահ ընելու համար (Ա. Տիմ. 3։8. Տիտ. 1։7

Սակայն քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը Յիսուսը կ’ընդօրինակէ։ Անոնք համոզուած են որ լաւ յատկութիւններ ունենալը աւելի կարեւոր է քան՝ բոլոր հարստութիւնները կամ շահերը։ Այս պատճառով, քրիստոնեայ պատանիները լաւ նիշեր առնելու համար խարդախութիւն չեն ըներ (Առ. 20։23)։ Ճիշդ է որ ամէն անգամ որ պարկեշտ գտնուինք չենք վարձատրուիր Հայկանոյշին պէս, բայց Աստուծոյ աչքին ճիշդ բանը ըրած կ’ըլլանք եւ մեր խիղճը հանգիստ կ’ըլլայ, ինչ որ շատ արժէքաւոր բան մըն է։

Ասիկա յստակ կը դառնայ Գագիկ անունով եղբօր մը օրինակով։ Ան կ’ըսէ. «Առաջ որ ճշմարտութեան գամ, մեծ ընկերութեան մը մէջ կ’աշխատէի, ուր ընկերութեան տէրը շահին միայն պզտիկ մասը կ’արձանագրէր եւ այսպիսով տուրքերէն կը փախչէր։ Ես գործադիր տնօրէն էի եւ ինձմէ կը պահանջէին որ տուրքի պաշտօնեային կաշառք տալով իրեն հետ ‘համաձայնութեան գայի’, որպէսզի աչք գոցէ ընկերութեան ըրած խարդախութիւններուն։ Այսպէս ճանչցուած էի որպէս անպարկեշտ անձ մը։ Երբ ճշմարտութեան եկայ, չուզեցի նոյն կերպով շարունակել, հակառակ որ շատ դրամ կը շահէի։ Ատոր տեղ, անձնական գործ բացի եւ առաջին օրէն իսկ՝ օրինաւոր կերպով արձանագրեցի հաստատութիւնս եւ բոլոր տուրքերը վճարեցի» (Բ. Կոր. 8։21

Գագիկ կը պատմէ. «Շահած դրամս կէսի իջաւ եւ սկսայ դժուարութեամբ հասնիլ ընտանիքիս ծախսերուն։ Բայց հիմա աւելի ուրախ եմ։ Եհովային առջեւ խիղճս հանգիստ է, երկու տղոցս լաւ օրինակ կը ձգեմ եւ ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ կը վայելեմ։ Այլեւս տուրքի քննիչները եւ ուրիշներ՝ որոնց հետ գործ կ’ընեմ, զիս որպէս պարկեշտ անձ գիտեն»։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ

Եհովան կը սիրէ անոնք որոնք իրեն փառք կը բերեն իր հոյակապ յատկութիւնները ընդօրինակելով, մէջը ըլլալով պարկեշտութիւնը (Տիտ. 2։10)։ Իր կարգին, Եհովան կը խոստանայ անոնց օգնել։ Ան Դաւիթ թագաւորը մղեց որ ըսէ. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող» (Սաղ. 37։25

Հռութի փորձառութիւնը ասիկա կը փաստէ։ Փոխանակ իր տարիքոտ կեսուրը՝ Նոեմին միայնակ ձգելու, ան հաւատարմօրէն անոր հետ մնաց։ Հռութ Իսրայէլ փոխադրուեցաւ, ուր կրնար ճշմարիտ Աստուածը պաշտել (Հռութ 1։16, 17)։ Ան պարկեշտ էր եւ աշխատասիրութեամբ հասկեր ժողվեց, հետեւելով Օրէնքին մէջ եղած ճռաքաղութեան կարգադրութեան։ Եհովան չձգեց որ Հռութը եւ Նոեմին բանի մը պէտք ունենան, ճիշդ ինչպէս որ յետագային նոյն բանը ըրաւ Դաւիթին (Հռութ 2։2-18)։ Ան միայն նիւթապէս չհոգաց Հռութը, այլեւ զինք ընտրեց որ Դաւիթ թագաւորին եւ նոյնիսկ խոստացեալ Մեսիային նախամայրը ըլլայ (Հռութ 4։13-17. Մատ. 1։5, 16

Եհովայի կարգ մը ծառաներուն համար թերեւս շատ դժուար է օրուան հացը ճարել։ Բայց փոխանակ այս խնդիրը դիւրաւ լուծելու համար անպարկեշտ ըլլալու, անոնք ծանր կ’աշխատին եւ կը ջանան աշխատասէր ըլլալ։ Այսպիսով անոնք կը փաստեն, որ Աստուծոյ հոյակապ յատկութիւնները՝ մէջը ըլլալով պարկեշտութիւնը, իրենց աչքին աւելի արժէքաւոր են քան՝ բոլոր նիւթական բաները (Առ. 12։24. Եփ. 4։28

Հռութին պէս, աշխարհին չորս կողմը եղբայրներ եւ քոյրեր ցուցուցած են, թէ կը հաւատան որ Եհովան օգնելու ոյժ ունի։ Անոնք լման կը վստահին Իրեն, ի՛նք որ կը խոստանայ. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (Եբ. 13։5)։ Եհովան շատ անգամներ ցուցուցած է, որ կրնա՛յ եւ պիտի օգնէ անոնց որ միշտ պարկեշտ են։ Ան իր խօսքին տէրը ելած է եւ իր ծառաներուն գլխաւոր պէտքերը հոգացած է (Մատ. 6։33

Մարդիկ արժէք կու տան ադամանդին եւ ուրիշ նիւթական բաներու։ Բայց մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ երբ պարկեշտ ըլլանք եւ մեր երկնաւոր Հօր յատկութիւնները ընդօրինակենք, ասիկա իր աչքին շատ աւելի արժէքաւոր է քան՝ բոլոր գոհարները։

Երբ պարկեշտ ըլլանք, մեր խիղճը հանգիստ կ’ըլլայ եւ ծառայութեան մէջ խօսելու ազատութիւն կ’ունենանք